Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան Հինշաբթի, 26 Մարտին, այցելեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոն, ուր, Հայաստանի հիւպատոս Սեդրակ Սարգիսեանի ընկերակցութեամբ, տեսակցեցաւ ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինին հետ, գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանին:
Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին դեսպան Պաղտասարեան ներկայացուց հայրենի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն: Ժողովականները արծարծեցին նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի բարդ իրավիճակներն ու Լիբանանի եւ Հայաստանի վրայ ռազմական առճակատումին ազդեցութիւնը, կեդրոնանալով մանաւանդ իսրայէլեան շարունակական ռմբակոծութեան լոյսին տակ ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւի գործադրութեան անհրաժեշտութեան վրայ:
ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի պատուիրակութիւնն ու Հայաստանի դեսպանը երկուստեք հաստատեցին խորհրդակցութիւնները շարունակելու պատրաստակամութիւնը եւ համատեղ աշխատանքի ձեռնարկումը՝ յանուն Հայաստանի եւ Սփիւռքի, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ համայնքի բարօրութեան:

