ԾԱՆՐ ՄԱՐՏԵՐ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԳՕՏԻԻՆ ՄԷՋ
Տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ ընդդէմ Իրան-Հըզպալլա պատերազմի լիբանանեան ճակատին վրայ, անցնող քանի մը օրերուն համեմատաբար կրճատուեցաւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն ռմբակոծումի թափը, որուն դիմաց ընդարձակուեցան հարաւի առաջին ու երկրորդ գիծի գիւղերուն ուղղութեամբ իսրայէլեան ցամաքային ներթափանցումի փորձերը, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի լայնածաւալ հրթիռարձակումները իսրայէլեան բազմաթիւ թիրախներու վրայ: Հարաւի արեւելեան հատուածին՝ Խիամի ուղղութեամբ իսրայէլեան ցամաքային գործողութեան զուգահեռ, անցնող երկու օրերուն յառաջընթացի փորձեր նկատուեցան նաեւ արեւմտեան հատուածին մէջ՝ Քաուզահի եւ Պէյթ Լէյֆի ուղղութեամբ, ուր Հըզպալլա յայտարարեց հակահրասայլային հրթիռներով իսրայէլեան ներխուժող զրահապատ ուժերուն դէմ դնելու եւ շատ ծանր վնասներ պատճառելու մասին:

Ըստ Հըզպալլայի հաղորդագրութիւններուն, Պայյատա, Թայպէ, Տէյր Սըրիէն եւ Քանթարա շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած են բուռն մարտեր, որոնց ընթացքին Հըզպալլայի հակահրասայլային ուժերը կործանած են իսրայէլեան «Միրքաւա» տիպի աւելի քան 13 հրասայլ, ինչպէս նաեւ զրահապատ այլ մեքենաներ: Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց իր յառաջընթացի ուղիին վրայ զինամթերանոց եւ գետնափոր ուղիներ յայտնաբերելու մասին՝ ընդ որում Խիամի մէջ եկեղեցւոյ մը կողքին: Իսկ երէկ երեկոյեան, Հըզպալլա յայտարարեց Պէյրութի վերեւ իսրայէլեան օդանաւի ուղղութեամբ ցամաք-օդ հրթիռ արձակելու մասին: Նախացեալ օր յայտարարուած էր նաեւ հարաւային շրջաններէն իսրայէլեան ուղղաթիռներ հեռացնելու մասին: Ի տես իսրայէլեան ցամաքային յառաջընթացին, լիբանանեան բանակը երէկ սկսաւ տեղափոխել շարք մը անցարգելներ՝ մանաւանդ Քաֆրայի եւ Խարտալիի մէջ: Օդային հարուածներուն առումով, իսրայէլեան ռազմական օդանաւեր երէկ արեւածագին առանց նախազգուշացումի բնակարան մը թիրախաւորեցին Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ, որմէ ետք Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց երկու քաղաքացիի մահը, մինչ չհաստատուած լուրեր նշեցին, որ անոնք Հըզպալլայէն բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ են:
Հըզպալլա անցնող օրերուն գրեթէ անդադար հրթիռակոծեց իսրայէլեան կեդրոնական եւ հիւսիսային բոլոր շրջանները՝ ներառեալ զինուորական դիրքերը, հրամանատարական կէտերը եւ ռազմավարական շարք մը համալիրներ:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի ամէնօրեայ դրութեամբ քանի մը սպառնալիք արձակեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ մնացած քաղաքացիներուն՝ յորդորելով անյապաղ հեռանալ վտանգուած թաղամասերէն, «որովհետեւ իսրայէլեան ուժերը պիտի հարուածեն Հըզպալլային պատկանող ենթակառոյցներն ու զինամթերանոցները»: Սպայակոյտին պետը իր կարգին զինուորներուն տեղեկացուց, թէ տակաւին շատ ծրագրեր կան իրականացուելու: Իսկ բանակի հիւսիսային շրջանի հրամանատարը յայտնեց, որ ցամաքային գործողութիւնը ընդարձակած են ու կը ծրագրեն ապահովական գօտի հաստատել մինչեւ Լիթանի, աւելցնելով որ սպաննած են Հըզպալլայի 750 անդամ: Անցնող օրերուն օդային յարձակումներու թիրախ դարձան նաեւ Պաալպաք-Հըրմէլի բազմաթիւ վայրեր՝ ներառեալ այդ շրջանը սուրիական Հոմսին կապող մայրուղին՝ Պազալիէ գիւղին մէջ, ուր ճամբան ժամանակաւորապէս փակուեցաւ:
Հետաքրքրական զարգացումով մը, 24 Մարտին ռումբի բեկորներ ինկան Քսըրուէն գաւառի ծովեզերեայ ու լեռնային շարք մը շրջաններու մէջ: Լիբանանեան բանակը աւելի ուշ յայտարարեց, թէ Իրանէն արձակուած եւ Լիբանանէն դուրս գտնուող կէտ մը թիրախաւորող հրթիռ մը պայթած է կամ թեքնիք խանգարումի կամ հակաօդային հրթիռով մը, իսկ բեկորները ինկած են լիբանանեան գիւղերուն վրայ: Այսուհանդերձ, տարածուած լուրեր չբացառեցին, որ հրթիռին թիրախը ըլլար Համաթի օդակայանը, ամերիկեան դեսպանատունը կամ Կիպրոսը:

Ռազմական գործողութիւններուն զուգահեռ, ամէնօրեայ դրութեամբ կը բարդանայ տեղահանուած հազարաւոր լիբանանցի քաղաքացիներուն խնդիրը: Անոնց թիւը արդէն հասած է 140 հազարի: Եգիպտոս, Պելճիքա եւ շարք մը այլ երկիրներ անցնող օրերուն օգնութիւններ ուղարկեցին տեղահանուածներուն:
ՆԵՐՔԻՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ԿՈՉ
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալ այցելեց Պէյրութի եւ Սայտայի մէջ տեղակայուած զինուորական ուժերուն, ողջունեց անոնց ծառայութիւնները եւ շեշտեց ներքին անվտանգութեան որեւէ ցնցում կանխելու, ներլիբանանեան համագոյակցութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Հայքալ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց նաեւ շարք մը քաղաքական ու հասարակական պատուիրակութիւններ, որոնք իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին լիբանանեան բանակին, զայն համարելով լիբանանցիներու միասնականութիւնը պահպանող գլխաւոր ուժը:

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻ ՀԱՐՑ
Հիմնուելով դիւանագիտական յարաբերութիւններուն վերաբերող՝ Վիեննայի համաձայնութեան յօդուածներուն վրայ, եւ նկատի առնելով դիւանագիտական կարգերու խախտումը, Արտաքին գործերու նախարարութիւնը, 24 Մարտին, յետս կոչեց Պէյրութի մէջ Իրանի դեսպանին հաւատարմագրերուն վաւերացումը՝ բողոքելով Լիբանանի ներքին հարցերուն անոր միջամտութիւններէն եւ կուսակցական կողմերու հետ ունեցած ապօրինի հանդիպումներէն, պահանջելով որ դեսպան Մոհամմատ Ռիտա Ռաուֆ Շիպանի հեռանայ երկրէն: Անոնք պնդեցին, որ դեսպանին վտարումը եղած է նախարար Եուսէֆ Ռեժժիի ինքնագլուխ որոշումը: Նախարարին որոշումը արժանացաւ թեր ու դէմ կեցուածքներու: Մինչ Հըզպալլա եւ Ամալ քննադատեցին որոշումը եւ դեսպանէն պահանջեցին մնալ Լիբանանի մէջ, քաղաքական այլ ուժեր դրուատեցին եւ յանդուգն որակեցին նախարար Ռեժժիի քայլը, յիշեցնելով թէ այդ առնուած էր հանրապետութեան պետերուն հետ խորհրդակցութեամբ:
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորութեամբ, կառավարութիւնը գումարեց պատերազմական վիճակն ու անոր հետեւանքները արծարծելու նիստ մը, որմէ բացակայեցան Հըզպալլան ու Ամալը ներկայացնող նախարարները, բողոքելով Իրանի դեսպանը Լիբանանէն վտարելու որոշումէն: Իսկ շիի յարանուանութեան 5-րդ նախարարը՝ վարչական հարցերու պետական նախարար Ֆատի Մաքքին մասնակցեցաւ նիստին, պայմանաւ որ անոր ընթացքին չքննարկուի դեսպանին նիւթը: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ, իր կարգին, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի հետ ու խստիւ դատապարտեց հարաւի բնակչութիւնը տեղահանելու իսրայէլեան ծրագրերը, զանոնք համարելով խիստ վտանգաւոր:
ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Եգիպտոսի արտաքին գործերու նախարար Պատր Ապտէլ Աաթի այցելեց Լիբանան ու տեսակցեցաւ հանրապետութեան երեք պետերուն հետ, քննարելու լիբանանեան ու տարածաշրջանային զարգացումները: Նախարարը Գահիրէի ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին, կոչ ուղղեց անյապաղ վերջ տալու պատերազմին եւ աջակցելու զէնքի մենաշնորհին հարցով Լիբանանի կառավարութեան կայացուցած որոշումներուն:

