Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Նախագահ Թրամփ, Ախորժակիդ՝ Քացախ

Ալեքսան Քէօշկէրեան

March 24, 2026
in Յօդուածներ
0
Նախագահ Թրամփ, Ախորժակիդ՝ Քացախ

Միջին Արեւելքի մէջ մոլեգնող պատերազմը արդէն թեւակոխած է իր 22-րդ օրը, առանց թուլացման նշաններու։ Կրակը կը շարունակուի նոյն ուժգնութեամբ՝ Լիբանանի եւ Պարսից ծոցի ճակատներուն վրայ, սպառնալով ամբողջ տարածաշրջանի կայունութեան։

Պատերազմի առաջին օրէն ակնյայտ էր, որ Իսրայէլ-ԱՄՆ դաշինքի երկու կողմերը միանշանակ չեն դիտարկեր այս պատերազմի թիրախները հաւասարապէս։ Աւելին՝ տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ Սպիտակ տան ղեկավարը այս հակամարտութեան մէջ իր ծրագրածէն առաջ ներքաշուեցաւ ոչ թէ ռազմավարական յստակ տեսլականով, այլ՝ Նեթանիահուի ճնշման եւ քաղաքական նենգ խաղերու ազդեցութեան տակ։

Իսրայէլի համար առաջնահերթութիւնը հիւսիսային սահմաններու անվտանգութիւնն է՝ Հըզպալլայի զինաթափման միջոցով։ Իսկ Ուաշինկթընը, աւելի լայն օրակարգով, կը ձգտի հարուածելու Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը՝ զայն զրկելով միջուկային հեռանկարներէն եւ տկարացնելով անոր տարածաշրջանային դերակատարութիւնը։

Սակայն 22 օրուան զարգացումները կը վկայեն, որ թէեւ ԱՄՆ-Իսրայէլ դաշինքը կը վայելէ հետախուզական գերազանցութիւն եւ օդային բացարձակ ուժ, այդ մէկը դեռ չէ վերածուած քաղաքական վերջնական յաղթանակի։ Իրանը, հակառակ ահռելի կորուստներուն, չէ փլած։ Հորմուզի նեղուցը լիովին անվտանգ չէ։ Իսկ Լիբանանի մէջ Հըզպալլան, ծանր հարուածներու տակ, կը շարունակէ դիմադրել։

Այսպիսով, «արագ յաղթանակ»-ի պատրանքը ցնդած է։ Այո՛, առաւելութեան նժարը Թրամփ-Նեթանիահու մարդակեր դաշինքի կողմն է, բայց պատերազմը դեռ աւարտած չէ, եւ վերջնական հաշիւները փակուած չեն։

Այս անորոշութեան մէջ առանձնայատուկ դեր ունի մէկ անձ՝ Տոնալտ Թրամփ։ Անկայուն, հակասական եւ յաճախ անկանխատեսելի իր վարքագիծով, ան կը մնայ այս պատերազմի ամենավտանգաւոր փոփոխականը։ Մէկ օր կ’արտայայտուի վարչակարգեր փոխելու մասին, յաջորդ օր կը հերքէ նոյնը։ Օր մը կը սպառնայ նոր ճակատներ բանալ, յետոյ կը նահանջէ։

Այսօր՝ Իրան, երէկ՝ Քուպա, անոր նախորդը՝ Վենեզուելա, իսկ աւելի առաջ՝ նոյնիսկ Կրինլանտ։ Աշխարհագրութիւնը կը դառնայ ցանկութիւններու քարտէզ։

Պարոն Թրամփ, որոշէ այլեւս ի՞նչ է ուզածդ, օր մը ախորժակդ Կրինլանտին վրայ բացուէր էր, չեղաւ, յանկարծ Վենեզուելան կերար: Իրանը դիւրին պատառ կարծեցիր, կոկորդիդ մնաց, դեռ չկլլած, աչքերդ Քուպային վրայ բացեր ես, անկուշտ ախորժակիդ՝ քացախ, փնտռածդ ի՞նչ է:

Երբ ախորժակը կը դառնայ անկառավարելի, ան կը կորսնցնէ ոչ միայն չափը, այլեւ՝ հետեւանքներու գիտակցութիւնը։

Իսկ մարդկութիւնը պարտաւոր չէ մարդակեր վաշխառուներու ախորժակներուն գինը վճարել։

Share63Tweet39
Previous Post

Անմոռանալի Ձայն Մը Ալպեան Լեռներու Լռութեան Մէջ (Արշակուհի Թէոդիկի Յիշատակին) 2

Next Post

Լուրեր. 28 Մարտ 2026

Next Post
Լուրեր. 28 Մարտ 2026

Լուրեր. 28 Մարտ 2026

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.