Արդարեւ, 24 Մայիս 2001 թուականին Ժընեւէն նամակ մը յղեցի Լէյզընի քաղաքապետարան՝ հետաքրքրուելով մասնաւորաբար Արշակուհի Թէոդիկի յուղարկաւորութեան պարագաներուն, անոր գերեզմանի ճշգրիտ թիւին եւ գտնուած վայրին վերաբերեալ։ Նամակիս մէջ նաեւ նշած էի, որ քաղաքապետարանի տոմարներուն մէջ իր մասին որեւէ արձանագրութիւն փնտռուի մեզի ծանօթ իր գրական Արշակուհի Թէոդիկ անունով։ Սակայն մեծ եղաւ յուսախաբութիւնս, երբ Լէյզինի համապատասխան պաշտօնէութենէն 14 Յունիս 2001 թուագրութեամբ ստացայ պատասխան մը, ուր կը հաղորդուէր, թէ նշուած անունով գերեզմանի մը գոյութիւնը արձանագրուած չէ իրենց տոմարներուն մէջ։ Այդ կարճ ու պաշտօնական տողերը, որոնք առաջին պահուն կարծէք կը փակէին յուսալի որոնումներուս դռները, լուռ ու ծանր ստուեր մը ձգեցին սրտիս մէջ։ Բայց այդ լռութեան մէջ անգամ ես կը զգայի, թէ փնտռելու եռանդս սա պահուս որքան ալ անթեղուած ըլլար, մոխիրներուն տակ տակաւին կը մնայ կայծ մը, որ նորէն հրդեհի կրնար վերածուիլ՝ լոյս սփռելով որոնումի ճամբաներուս վրայ։ Քանզի երբ մարդ ճշմարտութիւնը գտնելու համար կը հետեւի յիշողութեան հետքին, նոյնիսկ խաւարչտին հորիզոններու ետին յոյսի բարակ, բայց յամառ շող մը կը շարունակէ փայլփլիլ. մութ ամպերու ճեղքուածքէն աստղի մը շողարձակած լոյսի իւրաքանչիւր թրթռում սփոփանքի նոր ժպիտ մը կ’ուրուագծէ մեր դէմքին վրայ։
Այդպէ՛ս ալ եղաւ, երբ ատեն մը ետք նոյն հարցով կրկին դիմեցի Լէյզինի քաղաքապետութեան, բայց այս անգամ Արշակուհի Թէոդիկի գրական անունին փակագիծներու մէջ կցեցի նաեւ իր ամուսնական Լապճինճեան եւ օրիորդական Ճէզվէճեան մականունները։ Ուրախութիւնս մեծ եղաւ, երբ այս անգամ քաղաքապետարանէն ստացայ աւելի քաջալերական պատասխան մը․ ան կը տեղեկացէր, թէ որոշած է իր արխիւներուն մէջ վերստին հետազօտել Արշակուհի Թէոդիկի շիրիմին վերաբերեալ արձանագրութիւնները։

Այդ պահէն սկսեալ կը սպասէի նոր լուրի մը՝ այն ներքին համոզումով, թէ փաստացի տեղեկութիւններ պիտի հաղորդուին հանգուցեալ գրագիտուհիին մասին։ Թէպէտ սպասումը ակնկալուածէն աւելի երկարատեւ եղաւ, այնուամենայնիւ, սակայն, ան առթեց գոհունակութեան անսահման զգացում մը։ 6 Յունիս 2002 թուագրութեամբ նամակ մը կու գար՝ առաջին անգամ ըլլալով արխիւային կարեւոր տուեալներ յայտնելու Արշակուհի Թէոդիկի իջեւանած առողջարանին, մահուան, թաղման եւ շիրիմին մասին.
«Տիկին Արշակուհի Թէոդի Կեանի [Թէոդիկեան] գերեզմանին վերաբերեալ
Պարո՛ն,
Յղում ընելով մեր նախորդ նամակագրութեան եւ հիմք ընդունելով ձեր տրամադրած լրացուցիչ տեղեկութիւնները, թաղման գրանցամատեանին մէջ պարզեցինք, որ՝
- Տիկին Արշակուհի Թեոդի Կեանը, ծնած է 1875 թուականին Կ.Պոլիս, մահացած է Լէյզին՝ Տենթ [Տան] տիւ Միտի բուժարանը, թաղուած է 7 Յունուար 1922 թուականին, թիւ 666 գերեզմանին մէջ։
Այս գերեզմանը շահագործումէ դուրս հանուած է 1949 թուականին՝ համաձայն 21 Հոկտեմբեր 1948 թուականի քաղաքապետարանի որոշումին։
Շնորհակալութիւն յայտնելով, որ բարի ըլլաք նկատի առնելու մեր այս հաղորդագրութիւնը, կը խնդրենք ընդունիլ, Պարոն, մեր առանձնայատուկ յարգանաց հաւաստիքը։
Յանուն քաղաքապետարանի
Քաղաքապետ՝ Քարտուղար՝
Պ.-Ա. Լոմպարտի Պ. Իզենշմիտ»
Մասնաւոր ուշադրութեան արժանի են նաեւ այս նամակին կցուած երկու փաստաթուղթերը, որոնցմէ մին յստակ կը բացատրէ այն վարչական որոշումը, ըստ որու ընդհանրապէս հանուած կամ գործածութենէ դադրեցուած է Արշակուհի Թէոդիկի շիրիմը։

«ԼէՅԶԻՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆ
Գերեզմանոցի մասնակի փակման մասին։
21 Հոկտեմբեր 1948 թուականի իր նիստին մէջ Լէյզինի քաղաքապետարանը, նկատի առնելով Պետական խորհուրդին կողմէ 15 Հոկտեմբեր 1948 թուականին տրուած թոյլտւութիւնը, որոշեց 31 Մարտ 1949 թուականէն սկսեալ փակել Լարեթսի գերեզմանոցի վերին դարաւանդի արեւմտեան մասը, այսինքն՝ այն մասը, որ կը պարունակէ 590-էն մինչեւ 739 համարներով գերեզմանները (թաղումներ 9 Մարտ 1920-էն մինչեւ 13 Նոյեմբեր 1923 թուականը):
Այստեղ թաղուածներու հարազատները, որոնք կը փափաքին պահել տապանաքարերն ու [այդ գերեզմանները] շրջապատող [իրերը], կը խնդրուի զանոնք հեռացնել մինչեւ 31 Մարտ 1949 թուականը, որմէ ետք քաղաքապետարանը զանոնք պիտի վերացնէ առանց հետագայ ծանուցման:
Լէյզին, 21 Հոկտեմբեր 1948 թ.
Քաղաքապետարանի քարտուղարի գրասենեակ»։
Առկայ փաստաթուղթին մէջ կարեւոր նշումը «գործածութենէ դադրեցնել» հասկացութիւնն է, որ կը նշանակէ, թէ տուեալ շիրիմը այլեւս չի պահպանուիր անձնական կամ ընտանեկան խնամքի տակ ու կը դադարի ըլլալէ օրինական թաղման վայր մը։ Այսպիսի շիրիմներ կարելի չէ ծածկել նոր հողով կամ օգտագործել նոր թաղումներու համար՝ համաձայն տեղւոյն քաղաքապետարանի եւ գերեզմանատան կանոնակարգին, տրուած ըլլալով, որ այդ գերեզմաններուն հանդէպ երկար ժամանակ ընտանեկան խնամք կամ հետաքրքրութիւն չէ ցուցաբերուած։

Զուիցերիոյ գործող օրինակարգին համաձայն՝ նման ծանուցումներ սովորաբար նախօրօք կը հրապարակուին մամուլի էջերուն մէջ։ Թէոդիկ իր մահկանացուն կնքած էր Փարիզ, 24 Մայիս 1928 թուականին, իսկ դժուար է ըսել, թէ իրենց մէկ հատիկ զաւակը արդեօ՞ք ունէր կարելիութիւնը հետագային համապատասխան հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու իր մօր շիրիմը պահպանելու համար։ Ափսոս, որ այդ օրերուն Զուիցերիոյ հայ գաղութը, որքան ալ իր սրտին մէջ յարգանք ու սէր ունենար, ոչ միշտ զգօն գտնուած է պահպանելու համար այս մեծ գրագիտուհիին յիշատակը։ Մինչդեռ զուիցերիացի այն մեծ հայասէրը՝ Անթոնի Քրաֆթ-Պոննար (1869–1945), որ տարիներ շարունակ եղած էր Հայասիրութեան միջազգային լիկայի գործադիր յանձնաժողովի անդամ եւ բազմավաստակ տնօրէնը Ժընեւէն 30 քմ. հեռու՝ Լեման լիճի ափերուն մօտ գտնուող Պենիէն (Begnins) գիւղաքաղաքին մէջ հիմնադրուած հայկական որբանոցին, Արշակուհի Թէոդիկի մահուան գրեթէ նախօրեակին այցելելով իրեն՝ տուած է հետեւեալ փայլուն վկայութիւնը.
«Անցեալ Դեկտեմբեր 30-ին առիթ ունեցանք վերջին անգամ տեսնելու հայ քաջարի հայրենասէր ու գրող Տիկին Թէոդիկը, որուն անունը սիրով ու յարգանքով կը յիշեն բոլոր անոնք, որոնք ճանչցած են զինք։ Մեր լեռներուն մէջ գտնուող առողջարան մը ապաստանած, հեռու իր ընտանիքէն եւ իր ժողովուրդէն, զոր այնքան սիրած էր եւ որուն համար զոհաբերած էր իր անձը, սաստիկ կը տառապէր դաժան հիւանդութենէ մը, որ երկու օր ետք պիտի խլէր իր կեանքը։ Երբ տեսաւ, թէ մենք մտահոգ էինք իր վիճակով, ան իր ծայր աստիճան տկարութեան մէջ ջանք գործադրեց արտասանելու հետեւեալ քանի մը բառերը, որոնք մեզի մնացին իբրեւ հայոց տառապանքի եւ հայրենասիրութեան գերագոյն կոչ մը.
‘Իմ ճակատագրով մի՛ զբաղիք. ես պիտի մեռնիմ. զբաղեցէք Հայաստանով, ան պէտք չէ՛ մեռնի’։
Թող այս ձայնը լսուի մեռեալներուն, հայրենիքէ ու օճախէ զրկուած թափառական զոհերուն, քրիստոնէական հաւատքի նահատակներուն, այն զինուորներուն հետ, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին ժողովուրդներու իրաւունքին եւ ազատութեան, մարդկային համերաշխութեան եւ արդարութեան համար»[1]։
Այս ինքնատիպ եւ խօսուն վկայութիւնը, որ Անթոնի Քրաֆթ-Պոննար թողուց Արշակուհի Թէոդիկի մասին, կը հնչէ Լէյզինի լեռներուն մէջէն՝ իբրեւ վերջին արձագանգ մը այն ձայնին, որուն տառապահիւծ մարմինը հանգչեցաւ մոռցուած հողին տակ, բայց որուն պատգամը ո՛չ ժամանակի բռնաւոր մաշումը եւ ո՛չ սերունդներու փոփոխումը կրցաւ լռեցնել։ Շիրիմը այսօր այլեւս տեսանելի չէ, իսկ անունը փորագրուած չէ տապանաքարի մը վրայ։ Սակայն անոր ձայնը կը յարատեւէ իր գրական ստեղծագործութիւններուն եւ այն բառերուն մէջ, որ իր կենաց վերջին ժամերուն իբրեւ անլռելի ղօղանջ արտասանեց՝ ամբողջ ժողովուրդի մը ուղղուած իբրեւ վերջին պատգամ.
«Իմ ճակատագրով մի՛ զբաղիք. ես պիտի մեռնիմ. զբաղեցէք Հայաստանով, ան պէտք չէ՛ մեռնի»։
Այս պատգամը այսօր ալ կը հնչէ Ալպեան լեռներու լռութեան մէջ՝ միանալով հայոց բիւր-բիւրոց նահատակներու, տարագիրներու, արդարութեան եւ հայրենիքի ազատութեան համար զոհուածներու անլռելի ձայնին։ Եւ գուցէ ճիշդ հոն կը գտնուի Արշակուհի Թէոդիկի իսկական շիրիմը՝ ոչ թէ տապանաքարի կամ յուշարձանի մը տակ, այլ հայ ազգի հաւաքական յիշողութեան մէջ, ուր անոր ձայնը կը շարունակէ հրաւիրել մեզ յիշելու, խորհելու եւ զգալու իւրաքանչիւրիս անձնական պատասխանատւութիւնը պատմութեան առջեւ՝ հայրենիքի շինութեան, պետականութեան հզօրացման եւ ազգի բարօրութեան հանդէպ։
(Շար. 1 եւ վերջ)
[1] Krafft-Bonnar, Antony, « L’Heure de l’Arménie », Société Générale d’Imprimerie, Genève, 1922, p. 44.

