Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Նոր Գիրքեր. «Յուշիկք Հայրենեաց»

Աւետիս Ռազմիկ (Երեւան)

March 24, 2026
in Մշակութային
0
Նոր Գիրքեր. «Յուշիկք Հայրենեաց»

Զօրավար Անդրանիկի ամենահաւատարիմ, ամենաերկարակեաց եւ ամենավստահելի զինակիցն էր Մախլուտօն (1881-1956): Մարտական կեանքի երկար ճանապարհ անցած է ան: Հայ ազատագրական պայքարի բազում դիրքերու եւ ճակատներու վրայ գտնուելով՝ անոնց ականատեսն ու մասնակիցը եղած է Սմբատ Բորոյեանը:

Բնականաբար, այսպիսի անհատականութեան մը կեանքի յուշերը կը հետաքրքրեն ոչ միայն պատմաբանները, այլեւ՝ շարքային ընթերցողները, որոնք զինակիր մարտիկին ընդմէջէն հեշտութեամբ կրնան նշմարել առասպելական տիպարի մը անկոպար հայրենասիրութիւնն ու անձնազոհութիւնը. անոնք կը մնան ոգեշնչման աղբիւրներ՝ սերունդէ սերունդ:

Զէնքի մարտիկ ըլլալով, պարզ է, որ իր գրիչէն պէտք չէ ակնկալենք գեղարուեստին մօտեցող գրական ճաշակ, արուեստագէտի վայել յուզականութիւն կամ պատմագիտական վերլուծութիւններ: Իր յուշերը ապրուած կեանքի մը գլխաւոր անցքերը կրնան ըլլալ եւ փաստերու մէկտեղում մը պարզապէս:

Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանը շնորհակալ աշխատանք կատարած է Մախլուտոյի յուշերը դասաւորելու եւ հրապարակելու, 2021 թուականին: Անոր ձեռագիրը տպագրութեան պատրաստած են Սեդա Գալստեան եւ Տ. Ղանալանեան: Գիրքը կը բաղկանայ 262 էջէ:

Նախաբանին մէջ, թանգարանին նոր եւ նորագոյն պատմութեան բաժնի վարիչ Ս. Գալստեան մանրամասնօրէն կը պատմէ թէ ինչպէս Մախլուտոյի ձեռագիրն ու անձնական արժէքաւոր իրերը յայտնուած են թանգարան, որոնք մէյ մէկ նմոյշներ են ազատագրական պայքարին հետ կապուած: Ան կը գրէ. «Ընթերցողին ենք ներկայացնում մօտ եօթ տասնամեակ Հայաստանի պատմութեան թանգարանի ֆոնտերում պահուող գիտական ուսումնասիրութեան արժանի մի փաստաթուղթ, որի հիմքում ընկած է մշտարթուն հայկական հարցը»: Արխիւը թանգարանին նուիրուած է Խ. Հայաստանի Արդարադատութեան նախարարութեան Երեւանի պետական նոտարական գրասենեակի պատասխանատու Սաղաթէլեանի կողմէ, 1956-ի Մարտ 21-ին:

Հատորը ունի վեց մասեր: Պէտք է նշել, որ յուշագրողը չունենալով համապատասխան գիտական կրթութիւն, զգալի է նիւթերու խառնիխուռն վիճակ մը՝ ժամանակաշրջաններու եւ դէպքերու առնչութեամբ: Սակայն, գիրքի նախաբանին հեղինակը կը կատարէ ուշագրաւ դիտարկում մը՝ «Հրատարակութեան պատրաստելով Մախլուտոյի յուշերը՝ «Յուշիկք Հայրենեաց», ներքին հպարտութեան զգացումով կարող ենք փաստել, որ անձնազոհ հայդուկների կատարած յարգանքի եւ հիացումի արժանի արդար գործերը լոյս կը լինեն ապագայ սերունդների ճանապարհին՝ այսօրուայ կիսատ մնացած գործը յաղթական աւարտին հասցնելու համար»: Հատորի մուտքին կայ յուշերու մասին գրութիւն մը զինք մօտէն ճանչցողի մը գրիչով գրուած (Կ. Յովսէփեան) 1 Մայիս 1939-ին, Մարսէյլի մէջ (Ֆրանսա): Նշենք, որ Մախլուտօն արտասահմանեան աստանդական կեանքէ ետք Ֆրանսայէն ներգաղթեց Խ. Հայաստան՝ մնայուն բնակութեան, հաւատալով որ հայրենիքէն դուրս, կարօտը սիրտին, անհնար է ապրիլ:

Յուշերուն առաջին բաժինը (էջ 18-54) հայոց պատմութեան եւ մատենագրութեան հպանցիկ ակնարկ մըն է.- պատմական Հայաստան, հայոց ծագումը, Մեծն Տիգրան, գիրերու գիւտ, Ոսկեդար, Սահակ-Մեսրոպ, կրօնաքաղաքական հալածանքներ, Մամիկոնեանք, Վարդանանց, Բագրատունեաց հարստութիւն, Անիի անկում, Կիլիկիա, Ռուբինեանց, Լուսինեաններ, օսմանցիներ, Շահ Աբաս, Հայաստանի բաժանում, հայկական հարցի ծագում, Իսրայէլ Օրի, Ղարաբաղի մելիքներ, կարեւոր մատենագիրներ: Երկրորդ բաժինը (էջ 54-102) արդէն իր ժամանակակից դէպքերն են՝ իր իսկ մասնակցութեամբ: Մախլուտօն ծնած է Մուշ քաղաքի Սբ. Մարինէ թաղը, Հոկտեմբեր 1881-ին. Տարօն գաւառի հարազատ եւ մարտաշունչ զաւակներէն էր՝ հետեւապէս հետեւած հոն տեղի ունեցող յեղափոխական խլրտումներուն, թուրք-քրտական հարստահարութեանց, հայ յեղափոխականներու յարաբերութեանց ներքին ծալքերուն: Անդամակցած է ՀՅԴ-ին: Այս բաժինով կը կարդանք Սասնոյ Ա. ապստամբութեան, Զէյթունի 1895-ի ապստամբութեան, Պանք Օթօմանի, Խանասորի «արշաւանք»ին, Անդրանիկի, Առաքելոց վանքի կռիւներուն, իր մանկութեան, Սասնոյ Բ. ապստամբութեան եւ յաճախադէպ հայ-քրտական եւ հայ-թրքական բախումներու մասին: Պանք Օթօմանի մասին՝ «անտեղի ձեռնարկ մը ըրին, իրենց համար յաջողակ, բայց տեղւոյն հայ ժողովուրդին համար աղէտալի, որովհետեւ ինչպէս հնչակեաններու Պապ ալիի ցոյցը, այդ պանքայի դէպքն ալ պատճառ եղաւ հարիւրաւոր հայերու կոտորման եւ բանտարկութեան». ահա Խանասորի մասին՝ «նուաստ է, անարժէք, անժողովրդական ու եթէ իր բուն արժէքը կշեռքի առնելու ըլլանք, շռայլութեան ցոյց մի միայն կրնանք նկատել զայն եւ ուրիշ ոչինչ»: Հետաքրքրական մանրամասներ կը գրէ Սասունի դէպքերուն մասին, խոր ակնածանք Անդրանիկի եւ լայն տեղեկութիւններ Գէորգ Չաւուշի եւ անոր նահատակութեան շուրջ, որ շատերու կողմէ նկատուած է կողմնակալ. ըստ Մախլուտոյի, Գ. Չաւուշ սպաննուած է Ռուբէնի (Տէր Մինասեան) դաւադիր գնդակներով՝ «Գէորգ Չաւուշ՝ պարտականութեան բախտին վրայ կը մահանար վատ ու անխիղճ ընկերոջ մը զէնքովը»: Մախլուտօ արդէն Անդրանիկի հաւատարիմ զինուորն է եւ այնուհետեւ՝ միշտ ուղեկից: Սասնոյ ապստամբութենէն ետք կ’անցնին Աղթամար, Վան, Պարսկաստան եւ ապա Կովկաս՝ Թիֆլիս: Ան կը գրէ 1905-ի հայ-թաթարական կռիւներու մասին, ՀՅԴ-ն լրջօրէն պառակտած Միհրանեան շարժումին եւ ներքին մաքրագործումներուն, Վանայ Իշխանի շահատակութիւններուն՝ Աղթամարի մէջ եւ արեւելահայ ազգային կեանքի ուշագրաւ դէպքերու շուրջ:

Երրորդ եւ չորրորդ մասերը (էջ 103-196) բովանդակային իմաստով իրարմէ անքակտելիօրէն շաղկապուած են: Մարտական դէպքերու յաջորդական շղթայ մը՝ ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ: Թիֆլիսի, Ալեքսանդրապոլի եւ Պարսկաստանի մէջ ահաբեկումներ, Թաւրիզ, Խոյ, Սալմաստ, Ուրմիա, զինատարական գործեր, բախումներ, պարսկական եւ ասորի տարբեր պետերու հետ յարաբերութիւններ, քիւրտերու հետ խնդիրներ, միջկուսակցական տարակարծութիւններ, վերադարձ ծննդավայր Մուշ, Առաջին Աշխարհամարտ, կամաւորական շարժում, Զօրավար Անդրանիկի գործունէութիւնը, Մայիսեան դէպքեր, Կարսի անկումը: Այս ընթացքին, Մախլուտօ քանի մը անգամ ծանրօրէն կը վիրաւորուի. Ալագեազի կռիւին՝ «գլուխէս զարնուելով, զգայազուրկ գետին կ’իյնամ», ուշակորոյս եւ վիրաւոր նախ Էջմիածին եւ ապա Երեւանի հիւանդանոց կը փոխադրուի. «գանկէս եօթ կտոր ոսկոր հանած էին, ուղեղս դուրս ինկած էր»: Առաջին հանրապետութեան օրեր, Անդրանիկի հետ տարաձայնութիւններ, ապա վարչակարգի փոփոխութիւն եւ ՀՅԴ-ի ղեկավարներ կը փախչին Զանգեզուր. «Տաթեւի մէջ, մեր եօթը դաշնակցական շէֆերուն, եօթ հաւկիթ հազիւ հայթայթուած էր, որոնք մեծի պզտիկի կռիւ կ’ընէին, ինչ որ Վրացեան, իրեն բաժին ինկած փոքրիկ հաւկիթը ցասումէն, պատին զարկեր էր, անարգական նկատելով մեծ շէֆի մը պզտիկ հաւկիթ մը հրամցնելը»: Նժդեհի մասին՝ «Նժդեհի կրօնական ծէսերով սպարապետ օծուիլը, այդ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ, երբ զինքը տեսնել գացի, դուրս կ’ելլէր եւ Քաջազնունին անոր վերարկուն կը բռնէր, իսկ Նժդեհ աչքի նշանով կը հասկցնէր ինձ, թէ ինչպէս իրեն կը սպասաւորեն ահա մեծերը»: Դարձեալ Պարսկաստան, ապա Իրաք, որմէ ետք՝ Եգիպտոս, Փոր Սայիտ:

Հինգերորդ բաժինը (էջ 196-241) բոլորովին տարբեր նիւթ մըն է, աւելի ազգագրական-կենցաղային եւ աշխարհագրական տեղեկութիւններով յագեցած: Բացորոշ է, որ Մախլուտօ գերազանցապէս սիրահարուած է Տարօն գաւառին, Մշոյ դաշտին, անոր բնութեան, կլիմային՝ օդին ու ջուրին, անոր ժողովուրդին եւ մտաւորականութեան, տոհմիկ բարքերուն եւ աւանդութեանց: Իր գրիչը կը տառապի, կ’ողբայ եւ կը կսկծի հայրենի բնօրրանին կարօտով՝ որուն համար այնքա՜ն պայքարած էին ինք եւ իր զինակից ընկերները: Բծախնդրօրէն կը պատմէ Մուշ քաղաքին հայկական թաղերուն, վանքերուն եւ եկեղեցիներուն մասին: Շրջակայ գիւղերուն եւ Տարօն ծնած ականաւոր հայերու մասին՝ ըլլան գրողներ, հոգեւորականներ թէ հայդուկներ: Կը յիշատակէ գրեթէ բոլորին անունները՝ որոնք ծնած են Տարօն: Կը թուէ բոլոր գիւղերուն եւ աւաններուն անունները. կը խօսի Ախլաթի, Վանայ Բաղէշի, Սասնոյ եւ Կարինի մասին:

Վերջին՝ վեցերորդ բաժինը անոր արտասահմանեան կեանքն է որ կարելի է բաժնել երկուքի՝ ամերիկեան եւ ֆրանսական: 1921-ին Փոր Սայիտէն կը մեկնի Մարսէյլ, ապա Փարիզ՝ բուժման նպատակով, նկատի առնելով իր ստացած բազում վէրքերը: Ի տարբերութիւն իր կուսակիցներուն ան միշտ կը ջատագովէ հայրենիք վերադարձը՝ թէկուզ խորհրդային. «Առանց ժողովուրդի ըսի, Հայաստանը Հայաստան չի կրնար ըլլալ եւ մեր ազգային դատը մեռնելու կը դատապարտուի, ուստի մենք հոն մնալով եւ զօրաւոր դրացիին հետ լեզու գտնելով է որ պիտի կրնայինք մեր գոյութիւնը պահել, Հայաստան մը ունենալ, միայն թէ զօրաւորէն օգտուելու ճարպիկութիւնը պէտք է ունենայինք, փոխանակ անկախ բառին ետեւէն վազելու անէութեան մէջ»: Փարիզի մէջ հանդիպումներ հայ ազգային եւ պետական նախկին գործիչներու հետ: Փարիզէն կ’անցնի ԱՄՆ՝ Պոսթըն, Նիւ Եորք, ապա՝ Գանատա, անկէ՝ Տիթրոյթ, Գալիֆորնիոյ տարբեր քաղաքներ, կը հանդիպի Անդրանիկին, Լոս Անճելըսի մէջ սրճարան կը բանայ, ապա՝ գործաւոր. կը մասնակցի Անդրանիկի յուղարկաւորութեան՝ Ֆրեզնօ: Այնուհետեւ՝ 1933-ին, կը վերադառնայ Ֆրանսա, ուր ՀՅԴ-էն ներս տեղի կ’ունենային լուրջ խլրտումներ. կը մասնակցի անոնց,  կը դիրքորոշուի անոնց դէմ՝ որոնք կանգնած էին Խ. Հայաստանի դէմ եւ կը համակրէին ֆաշիզմին եւ հետագային պիտի գործակցէին Հիթլէրի հետ: Ֆրանսայի մէջ կ’ունենայ հասարակական աշխոյժ գործունէութիւն. հիմնադիրներէն կ’ըլլայ Նախկին Հայ Կամաւորներու Կազմակերպութեան, կը գործակցի խորհրդայնամէտ եւ հայրենասիրական կազմակերպութիւններու հետ: Կը մասնակցի նպաստից շարժումներու եւ հանգանակութեանց: Անոնք կը հրատարակեն «Հայ Մարտիկ» թերթը, որուն գոյառման մէջ իր զգալի ներդրումը կ’ունենայ հին ու բազմավաստակ ֆիտային: Երկրորդ Աշխարհամարտին կը մասնակցի ֆրանսական դիմադրական շարժման՝ նացիստական ուժերուն դէմ:  Եւ ի վերջոյ կ’որոշէ ներգաղթել հայրենիք: 1947-ին, կենսակոչելով իր երազը, կը հաստատուի Երեւան եւ կ’աշխատի Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ մինչեւ մահ:

Մախլուտօ կը թաղուի Վաղարշապատ քաղաքի Սբ. Գայիանէ վանքին բակը՝ կարկառուն եկեղեցականներու, զինուորականներու եւ իշխանազուններու կողքին: Հոն կը դառնայ ուխտատեղի եւ սրբավայր մը հայոց մարտական ոգիին հետեւորդներուն համար: Անոր շիրիմը կ’այցելեն Զօրավար Անդրանիկի եւ Զօրավար Մախլուտոյի մեծ առաքելութեան հաւատաւորները: Տեղին է նշել, որ հայրենի գրող Խաչիկ Դաշտենցի նշանաւոր «Ռանչպարների Կանչը» վիպասքին գլխաւոր հերոսը նոյնինքն Մախլուտօն է. համեստ, գեղջուկ եւ նուիրեալ այդ ռազմիկը:

Յօդուածին սկիզբը նշեցինք, թէ Մախլուտոյի յուշերը յանձնուած են Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանին. նաեւ յանձնուած են իր սեփական իրերը որպէս մասունքներ: Ահա թէ ինչ կը կարդանք Խ. Դաշտենցի գործին մէջ, որ, նկարագրելէ ետք Մախլուտոյի մահն ու թաղումը, կը գրէ.

«Կնիքը քանդեցին եւ ներս մտան:

Տունը դատարկ էր: Թախտի վրայ, բարձի տակ յայտնաբերեցին հնամաշ մի պայուսակ եւ մի նոյնքան հնամաշ զինուորական վերարկու: Նոտարական բաժնում պայուսակը բաց անելիս մէջը գտան պատմական Հայաստանի քարտէզը, պարսկական մի մաշուած ձիու սանձ դեղին ծոպերով, գէորգիեւեան երկու ոսկի խաչ, Աղբիւր Սերոբի, Գէորգ Չաւուշի եւ Անդրանիկի լուսանկարները, կամաւորական մի խմբանկար՝ Հայկ Բժշկեանը Անդրանիկի եւ իր կողքին նստած, Մուշ քաղաքի տեսարանը՝ Սիմ լեռը ետեւում, դաշտային մի հեռադիտակ, երեք արշին ճերմակ կտաւ եւ մի սեւացած փոքրիկ տուփ: Վերջինը Արաբոյի ծխատուփն էր: Այնտեղ գտան նաեւ Բդէի Միսակի «Յիշատակարանի» վերջին գլուխը եւ մի քանի հաստ տետրեր վրան գրած՝ «Ֆիտայի Մախլուտոյի թղթերը»:

Այդ ամէնը նոյն օրը յատուկ արձանագրութեամբ յանձնուեց Հայաստանի Պատմական Թանգարանին»:

Share68Tweet43
Previous Post

Կոյուղիի Հիմնախնդիրի Լուծում՝ Խալիլ Պատաուի Թաղամասին Մէջ

Next Post

Անմոռանալի Ձայն Մը Ալպեան Լեռներու Լռութեան Մէջ (Արշակուհի Թէոդիկի Յիշատակին) 2

Next Post
Անմոռանալի Ձայն Մը Ալպեան Լեռներու Լռութեան Մէջ (Արշակուհի Թէոդիկի Յիշատակին) 2

Անմոռանալի Ձայն Մը Ալպեան Լեռներու Լռութեան Մէջ (Արշակուհի Թէոդիկի Յիշատակին) 2

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.