Պէյրութի Խալիլ Պատաուի թաղամասի որոշ շրջաններ տարիներէ ի վեր կը տառապէին կոյուղիի լուրջ խնդիրներէ, որոնք յատկապէս կը սրուէին էշրէֆիէի բարձունքէն հոսող կոյուղաջուրերուն պատճառով, բնակիչներուն համար ստեղծելով անտանելի եւ առողջապահական վտանգներ պարունակող վիճակ մը։
Վերջապէս, շնորհիւ Ս.Դ.Հ.Կ. «Աղասի» մասնաճիւղի նախաձեռնութեան եւ Պէյրութի քաղաքապետարանի անդամՅովհաննէս Պչաքճեանի հետեւողական ջանքերուն, իրականացան վերանորոգման անհրաժեշտ աշխատանքներ։ Քանի մը օր տեւած միջամտութեամբ վերացուեցան կոյուղիի խողովակներու վնասուածքները՝ վերջ տալով տարիներ շարունակ տեւած անհանգստութեան։

Յովհաննէս Պչաքճեանի հետեւողական հսկողութիւնը, զուգորդուած «Աղասի» մասնաճիւղի կազմակերպուած եւ նուիրեալ աշխատանքով, դարձաւ վառ օրինակ մը, թէ համախմբուած կամքն ու համագործակցութիւնը ինչպէս կրնան շօշափելի փոփոխութիւն բերել եւ բարելաւել մեր թաղամասերու կեանքը։ Այս նուիրեալ ծառայութիւնը նաեւ կը վկայէ, որ նման գործիչներ իրենց պարտականութիւնը կը շարունակեն նոյնպիսի պատասխանատուութեամբ՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ երեսփոխանական ընտրութիւններ կան թէ չկան։

