ՄՈՆՓԸԼԻԷԻ (հարաւային Ֆրանսա) Հայկական Բարեկամականի սրահին մէջ, 7 Փետրուարին, ֆրանսերէն դասախօսութիւն մը տուած է հայագէտ ու պատմագէտ փրոֆ. Ժերար Տէտէեան, «Գնդապետ Լուի Ռոմիէօ (1872-1943), Հայկական Լէգէոնը եւ Կիլիկիոյ վրայ ֆրանսական հոգատարութիւնը» նիւթով։

Լուսարձակ բանալով Մեծ Եղեռնին յաջորդող տարիներու իրադարձութիւններուն վրայ՝ դասախօսը պատմած է այն ատենուան Ֆրանսայի վարչապետ Քլեմանսոյի յանձնառութեան մասին՝ Կիլիկիոյ մէջ ինքնավար Հայաստան մը ստեղծելու վերաբերեալ։ Եւ հոս, ան երեւան հանած է հայասէր կերպարը գնդ. Ռոմիէոյի, որ սատարած է վերոնշեալ ծրագրին։
ԱԼՖՈՐՎԻԼԻ (փարիզեան արուարձան) Հայ Մշակոյթի Տան մէջ, 13 Փետրուարին, երիտասարդ լրագրող Տիգրան Եկաւեան (որդին՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի նախկին վարիչ Զաւէն Եկաւեանի) հանդէս եկած է դասախօսութեամբ մը (ֆրանսերէն), «Սփիւռքահայ մամուլի դերն ու մարտահրաւէրները» խորագրով։ Ձեռնարկը ընդգրկուած է Արմէն-Լիվրի (հայկական գրատարած) նախաձեռնած հրապարակային զրոյցներու ծիրին մէջ։ Բացման խօսք արտասանած է հիւրընկալ կեդրոնի տնօրէնուհին՝ Նորա Սարաֆեան-Թաշճեան։

Դասախօսը սահիկներու ցուցադրութեամբ եւ պատմական ակնարկով մը անդրադարձած է արեւմտահայ մամուլի պատմութեան՝ հինէն ցայսօր, արժեւորելով անոր դերը լեզուի պահպանումի պայքարին մէջ, նաեւ թուելով այն խոցելի կէտերը, որոնց դէմ-յանդիման կը գտնուի այսօրուան սփիւռքահայ մամուլը (հայատառ թէ օտարագիր)։ Ձեռնարկին գլխաւոր հարցադրումը եղած է հետեւեալը. «Ի՞նչ է հայ մամուլի առաքելութիւնը այսօր, ի՞նչ պատասխանատուութիւններ կը կրէ ան՝ որպէս հաւաքական միտք ձեւաւորող եւ հայ մշակոյթի արժէքները պահպանող հարթակ»։
ԱԼՖՈՐՎԻԼԻ Հայ Մշակոյթի Տան մէջ, 12-14 Փետրուարին, ցուցադրուած են հայ երիտասարդ գեղանկարիչներու գործերէն նմոյշներ։ Ցուցահանդէսին մասնակցութիւն բերած են 12 հոգի՝ Սեւակ Արմէնեան, Կասիա Արթին, Գայիանէ Աւետիսեան, Տելֆին Պառաւեան, Սամսոն Բասենցեան, Քրիստ Իսկէնտէրեան, Հրանդ Գալէմքէրեան, Հրանդ Խէկոյեան, Անահիտ Նիկողոսեան, Սուզ, Աստղիկ Պետրոսեան եւ Փաթի Դանիէլեան։

ՓԱՐԻԶԻ հռչակաւոր Պանթէոնին մէջ (ուր աւելի քան 200 տարիէ Ֆրանսայի մեծանուն դէմքերը կը հանգչին յաւիտենապէս), 21 Փետրուարին, Հայ Նախկին Ռազմիկներու եւ Դիմադրականներու Ազգ. Ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ յիշատակի արարողութիւն մը կայացած է՝ առ ի ոգեկոչում Միսաք Մանուշեանի (1906-1944) ու անոր կնոջ՝ Մելինէի (1913-1989)։ Ձեռնարկը սարքուած է Մանուշեան ամոլին պանթէոնականացման Բ. տարեդարձին առիթով։

Ներկայ եղած են ֆրանսական տեղական իշխանութիւններու եւ հայ համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ։ Օրուան խորհուրդին շուրջ պատշաճ ելոյթներ ունեցած են Լեւոն Յովնանեան (նախաձեռնող մարմինին անունով) եւ Ժան-Փիէռ Սաքուն (պանթէոնականացման յանձնախումբի նախագահ)։ Ուղերձ մը կարդացած է նաեւ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան, շեշտը դնելով Ֆրանքեւհայկական պատմական յարաբերութիւններուն եւ Բ. Աշխարհամարտի Ֆրանսական դիմադրական շարժումին վեհ նպատակներուն վրայ։ Յիշեցնենք, որ Մանուշեաններու աճիւնը Պանթէոն փոխադրուած էր 2024-ի Փետրուարին։ Հոս կը հանգչին Վոլթէր, Ժան-Ժագ Ռուսօ, Վիքթոր Հիւկօ, Մառի Քիւրի եւ բազմաթիւ երեւելի ուրիշներ։
ՓԱՐԻԶԻ Միջազգային Հետազօտութիւններու Կեդրոնին նախաձեռնութեամբ, 24 Փետրուարին, դասախօսութիւն-լսարան մը սարքուած է «Սիանս Փօ» համալսարանի երդիքին տակ՝ վերլուծելու համար հարաւային Կովկասի քաղաքական բարդ իրավիճակը։ Կեդրոնի աշխատակիցներէն թուրք հետազօտող Պայրամ Պալճը, այս առթիւ, յաջողած է ապահովել ներկայութիւնը հայ եւ ազերի երկու մտաւորականներու՝ Կայծ Մինասեանի ու Ալթայ Կէօյուշովի, որոնք կողք-կողքի նստած՝ վիճարկումի ենթարկած են հայ-ազրպէյճանական հակադրութիւնը…։

Մայր հարցումը եղած է հետեւեալը. «Կարելի՞ է մնայուն խաղաղութիւն հաստատել Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ»։ Ներկայ եղած է խուռներամ բազմութիւն մը, ի շարս այլոց՝ օտարեկրացի դիւանագէտներ ալ։ Հիմք ընդունելով 8 Օգոստոս 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած համաձայնագիրը՝ զրուցակիցները վերլուծած են հարցը իրենց դիտանկիւնէն, մատնանշելով շրջանային երկիրներու միջամտութեան պատճառած խանգարումները, նաեւ՝ հոգեբանական պատուարները, որոնք արգելք կ՛ըլլան հայ-ազերի մերձեցումին։ Նշենք, որ Կայծ Մինասեան քաղաքական գիտութեանց փորձագէտ է, թղթակից՝ «Լը Մոնտ»-ի եւ հեղինակ՝ Հայաստանի առնչուող ֆրանսերէն տասնեակ մը վերլուծական հատորներու։
ՓԱՐԻԶԻ Հայ Կաթողիկէ առաջնորդանիստ Ս. Խաչ մայր տաճարին Տիրամօր մատուռը, որ հիմնական վերանորոգութեան ենթարկուած էր վերջերս, իր դռները հաւատացեալներուն առջեւ բացած է 11 Մարտին։ Այս առթիւ, տաճարին մէջ տեղի ունեցած է բացման պաշտօնական հանդիսութիւն մը՝ Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկոյի ալ ներկայութեամբ, քանի որ քաղաքապետարանը նշանակալի ներդրում ունեցած է վերանորոգութեան աշխատանքներուն։ Խօսք առած են քաղաքապետուհին, թեմակալ առաջնորդ Եղիա եպս. Եղիայեան եւ Թեմական խորհուրդի անդամ Արա Ահարոնեան։

Գործադրուած է երաժշտական յայտագիր մըն ալ, մասնակցութեամբ «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբին, սոփրանօ Աննա Գասեանի, տուտուկի ու երգեհոնի ընկերակցութեամբ։ Նշենք, որ Ս. Խաչ տաճարը նախապէս եղած է Քափուչինեան վարդապետներու պատկանող ֆրանսական եկեղեցի մը, կառուցուած՝ 400 տարի առաջ, որ 1970-ին յանձնուած է Հայ կաթողիկէ համայնքին։ Մատռան վերանորոգութիւնը եղած է ամբողջական. մաքրագործուած են փայտեղէնները, գունաւոր ապակիները, քանդակներն ու որմնանկարները, պարզելով շքեղ երեւոյթ մը։
ՓԱՐԻԶԻ Ազգային Ժողովի «Գոլպէռ» սրահին մէջ, 11 Մարտին, քաղաքական բնոյթի համագումար-վիճարկում մը կազմակերպուած է, հիմնական նիւթ ունենալով Ֆրանսա-Հայաստան պետական գործընկերութիւնը եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Ձեռնարկը ծրագրած եւ իրագործած է նորակազմ «Անկախներ» կոչուած հայկական խմբաւորումը։ Խօսք առած կամ զեկուցած են հեղինակաւոր փորձագէտներ Ուիլիըմ էլ-Սայէտ (Mistral AI-ի կառավարական գործընկերութիւններու պատասխանատու), Կիյոմ Անսէլ (ցամաքային ուժերու նախկին սպայ) եւ Միւրիէլ Տոմենաք (ՕԹԱՆ-ի մէջ Ֆրանսայի նախկին դեսպան), որոնց հետ զրոյցը հերթաբար վարած են Ալպեր Գրիգորեան, Թալին Փափազեան եւ Կայծ Մինասեան։

Վիճարկումներուն մէջ գերիշխած են Եւրոպայի հետ Հայաստանի համարկումը, տնտեսութեան եւ արհեստագիտութեան մարզերուն յառաջընթացը, Հայաստանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հրատապ խնդիրները, նաեւ՝ Կովկասի աշխարհաքաղաքական ընդհանուր կացութիւնը։ Իւրաքանչիւր զեկոյցէ ետք՝ արտայայտուած տարբեր տեսակէտները ամփոփելու կամ համադրելու պարտականութիւնը կատարած է Փարիզի Իրաւաբաններու Պալատի անդամ Ալեքսանտր Գույումճեան։ Այս վերջինը դիտել տուած է որ Հայաստան Արցախի յաջորդական ողբերգութիւններով գրեթէ հասած էր կործանման եզրին, սակայն շնորհիւ արտաքին արթուն քաղաքականութեան մը (ուր մեծ եղաւ դերը Ֆրանսայի), կարելի դարձաւ փրկել կացութիւնը, գո՛նէ հեռացնել Սիւնիքի ռազմավարական տարածքին վրայ ատրպէյճանական նոր յարձակումի մը ուրուականը։
ՓԱՐԻԶԻ Սէնթ-Ժընըվիէվ գրադարանի յարկին տակ, 12 Մարտին, կատարուած է նշանաւոր դիմադրական Միսաք Մանուշեանի (նացիներու կողմէ գնդակահարուած՝ 1944-ին) Ֆրանսերէն «Carnets» («Օրատետրեր») նորատիպ գիրքին ներկայացումը։ Գործը լոյս ընծայուած է Փարանթէզ հրատարակչատան կողմէ (2026, 384 էջ)։ Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանած է գրադարանին գիտական տնօրէնը՝ Մարք Շերէր։

Յետոյ խօսք առած են նոյն գրադարանի պատասխանատուներէն տիկ. Անն Վեռն եւ թարգմանչուհի Հուրի Վարժապետեան։ Այս վերջինը ի՛նք է որ ուսումնասիրած եւ զտած է Մանուշեանի արխիւը, որ կը պահուէր Հայաստան։ Ան հետաքրքրական դրուագներով պատմած է նորատիպ հատորին ստեղծման ամբողջ պատմութիւնը։ Մանուշեանի այս օրատետրերը, որոնք գրի առնուած են 1927-39-ի շրջանին, կը պարունակեն երիտասարդ դիմադրականին առօրեայէն գողտրիկ արձանագրութիւններ, նամակներ, յաճախ՝ խոհեր եւ մտածումներ, գրական նշումներ։ Ձեռնարկին վայրը՝ Սէնթ-Ժընըվիէվ գրադարանը, յա՛տկապէս ընտրուեր է դիտաւորեալ կերպով, որովհետեւ Միսաք Մանուշեան յաճախակի հո՛ն կ՛այցելէ եղեր՝ ընթերցումներ կատարելու եւ գիրքեր սերտելու …։

