Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին Նախագահութեամբ Միջկուսակցական Խորհրդակցութիւններ

March 24, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին Նախագահութեամբ Միջկուսակցական Խորհրդակցութիւններ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով եւ նախագահութեամբ, Երկուշաբթի, 23 Մարտ 2026-ի առաւօտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։

Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին կուսակցութիւններուն համահայկական եւ լիբանանեան մարմիններու ներկայացուցիչները։ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութենէն՝ Ալեքսան Քէօշկէրեան եւ Վանիկ Տագէսեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն՝ Յակոբ Բագրատունի եւ Ալպէր Պալապանեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութենէն՝ տոքթ․ Աւետիս Տագէսեան եւ Յարութ Երկանեան։ Նիստին ներկայ էր նաեւ Կաթողիկոսութեան համահայկական խորհրդաժողովները համակարգող Շահան Գանտահարեան։

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ներկաները եւ վերլուծեց Միջին Արեւելքի պատերազմին բռնկման, զարգացման եւ առաջադրուած նպատակներուն հանգամանքները։ Ապա, ան զեկուցեց պատերազմական պայմաններու մէջ յայտնուած, ինչպէս Իրանի, այնպէս ալ արաբական երկիրներու մէջ գործող Կաթողիկոսութեան թեմերուն պարզած վիճակը եւ դիմագրաւած դժուարութիւնները, փոխանցելով տեղեկութիւններ հրթիռակոծումներու պատճառով ստեղծուած կացութեան եւ յատկապէս իրանահայ կառոյցներու կրած նիւթական վնասներու մասին։

Ապա, ժողովականները քննարկումի ճամբով արծարծեցին շրջանային իրավիճակին հետ կապուած ռազմական ու քաղաքական գործընթացները՝ կեդրոնանալով Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան վրայ։

Հաստատուեցաւ, որ տարածաշրջանային այս պատերազմին, Իրանէն ետք ամէնէն բռնկուն շրջանը Լիբանանն է, որուն ուղղութեամբ ձեռնարկուած իսրայէլեան յարձակումները խախտած են երկրին տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը։

Ժողովականները յատկապէս լուսարձակի տակ առին շրջանային պատերազմին քաղաքակրթական ու տնտեսական բնոյթը եւ անոր իբրեւ հետեւանք ստեղծուած մարդասիրական խոր ճգնաժամին հետ կապուած երեւոյթները։

Անդրադարձ կատարուեցաւ ներլիբանանեան գաղթականական աննախընթաց ալիքի բարձրացման, անոր իբրեւ արդիւնք ստեղծուող ժողովրդագրական փոփոխութեան, կենցաղային սուր խնդիրներուն, տնտեսական ահագնացող տագնապին եւ այդ բոլորին ունենալիք ժխտական ազդեցութեան լիբանանեան հասարակութեան եւ անոր բաղադրիչ հայ համայնքին վրայ։

Այս հանգամանքներու համակողմանի քննարկումներէն ետք, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց.-

ա) Միջին արեւելեան մակարդակով ընթացող պատերազմը, որ նպատակադրած է քաղաքական քարտէսի ամբողջ փոփոխութիւնը, կ՚ընթանայ ցնցումներով, որոնք կ՚ազդեն բնականաբար տեղւոյն հայ համայնքներուն վրայ։

բ) Թելադրուած է իւրաքանչիւր թեմի հոգեւոր եւ ազգային պատասխանատուներուն ըլլալ զգօն, հեռու մնալ վտանգաւոր կացութիւններէ եւ իւրաքանչիւրը տուեալ պետութեան հետ համադրել արտակարգ իրավիճակներու հետ կապուած նախազգուշական քայլերը։

գ) Լիբանանահայ համայնքը կառչած կը մնայ պետութեան որդեգրած սկզբունքներուն՝ գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, ներլիբանանեան ապահովութեան ու անդորրութեան պահմանման։

դ) Լիբանանի ստացած ծանրագոյն հարուածներու նկատառումով շարունակել համակարգուած աշխատանքները՝ հայահոծ թաղամասերու անդորրութեան պահպանման եւ բարեսիրական գործունէութեան շարունակման։

ե) Յատուկ զգօնութեամբ եւ սթափութեամբ չներքաշուիլ ներլիբանանեան բեւեռացումներու եւ լարուածութիւններու մէջ, պահպանելով լիբանանահայ համայնքին՝ երկխօսութեամբ հարցերը լուծելու աւանդական վարքագիծը։

զ) Մղել, որ հայկական բարեսիրական միութիւնները համակարգեն մարդասիրական կենցաղային մարզերու մէջ օժանդակութիւններու տրամադրման աշխատանքները։

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց հայ քաղաքական կուսակցութիւններու միացեալ նիստերը եւ կարեւոր նկատեց, յատկապէս նման ճգնաժամային պայմաններու մէջ, նման խորհրդակցական եւ աշխատանքային հանդիպումներու հետեւողական ընթացքը։

 

Share64Tweet40
Previous Post

Լուրեր. 24 Մարտ 2026

Next Post

Ձայներ Փարիզէն (արձագանգ Ֆրանսահայ կեանքի)

Next Post
Ձայներ Փարիզէն (արձագանգ Ֆրանսահայ կեանքի)

Ձայներ Փարիզէն (արձագանգ Ֆրանսահայ կեանքի)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.