ԿԱՐԳԸ ՀԱՍԱՒ ԿԱՄՈՒՐՋՆԵՐՈՒՆ
Երկօրեայ սպառնալիքներէն ետք, իսրայէլեան ուժերը երէկ կործանեցին Հարաւը արեւմտեան Պեքաային կապող Տալլաֆէ շրջանին կամուրջը, ինչպէս նաեւ հրետանիով ռմբակոծեցին սահմանային առաջին եւ երկրորդ գիծի գիւղերը: Նախանցեալ օր, իսրայէլեան օդանաւերը թիրախաւորած էին նաեւ Քասիմիէ շրջանին, Քաաքաահիէ գիւղին եւ Էրզի-Պուրժ Նահալի կամուրջները, որոնք կը հատեն Լիթանի գետը:
Իսրայէլեան օդուժը դիպուկ հարուած ուղղեց Հազմիէ շրջանի բնակարաններէն մէկուն, ապա յայտարարեց, թէ ահաբեկած է Իրանի յեղափոխական պահակագունդի «Երուսաղէմ» զօրախումբի անդամներէն մէկը:

Գետնի վրայ, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց Հըզպալլայի դէմ արշաւը շարունակելու եւ կուսակցութեան պատկանող զէնքեր գտնելու մասին: Ներթափանցող ուժերուն եւ Հըզպալլայի միջեւ առճակատումը անցնող երեք օրերուն կեդրոնացաւ հարաւի կեդրոնական Մարքապա գիւղին, արեւելեան Խիամ քաղաքին եւ անոնց շրջակայքին մէջ, սակայն երէկ իսրայէլեան ներթափանցումի փորձ եղաւ նաեւ արեւմտեան հատուածին մէջ՝ Նաքուրայի եւ Լապպունէի ուղղութեամբ:
Իսկ երեկոյեան, իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի վերստին սպառնալիքներ արձակեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններու բնակչութեան, անոնցմէ պահանջելով անյապաղ հեռանալ այդ շրջանէն եւ ապաստանիլ ապահով վայրերու մէջ:
Հըզպալլա միւս կողմէ յայտարարեց, թէ հրետանային եր հրթիռային միջոցներով կրակ բացած է լիբանանեան հողերուն եւ սահմանային գօտիին վրայ կուտակուած իսրայէլեան ուժերուն վրայ, պատճառելով մարդկային կորուստ եւ նիւթական ծանր վնաս: Անցնող օրերուն Հըզպալլայի հրապարակած հաղորդագրութիւնները խօսեցան նաեւ իսրայէլեան սահմանային բնակավայրերուն եւ զինուորական դիրքերուն ուղղութեամբ բազմաթիւ հրթիռարձակումներու մասին, հասնելով մինչեւ Հայֆա, Սաֆատ եւ այլ շրջաններ:
Արտակարգ իրավիճակները տնօրինող յանձնախումբը երէկ երեկոյեան հրապարակեց իր ամէնօրեայ զեկոյցը, որուն մէջ նշեց, թէ 20 հոգի եւս մահացած է իսրայէլեան հարուածներէն, զոհերուն ընդհանուր թիւը բարձրացնելով առնուազն 1039-ի: Երէկ վիրաւորուած է նաեւ 57 հոգի, ընդհանուր թիւը հասցնելով 2876-ի: Ըստ զեկոյցին, կառավարութեան բացած 644 ապաստարաններուն մէջ տեղաւորուած են շուրջ 34 հազար ընտանիքի աւելի քան 134.616 անդամներ:
ՍԱԼԱՄ. «ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐԸ ՄԵԶ ՉԵՆ ՎԱԽՑՆԵՐ»
Պատերազմական իրավիճակը եւ կառավարութեան ձեռնարկած քայլերը քննարկելու նպատակով, հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը: Անոնք արծարծեցին տեղահանուած քաղաքացիներուն օգնելու միջոցները եւ շեշտեցին մայրաքաղաքին ու այլ շրջաններուն մէջ անվտանգութիւնը ամրացնելու կարեւորութիւնը: Սալամ լրագրողներուն յայտնեց, որ կառավարութիւնը տապալած է Իսրայէլին հետ բանակցելու արգելքը, հաւաստիացնելով որ «Հըզպալլայի սպառնալիքները մեզ չեն վախցներ»: Դիտել տալով, որ Լիբանան պատերազմի մղուած էր Իրանի ահաբեկուած գերագոյն առաջնորդին վրէժը լուծելու նպատակով, մինչ լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը չունէին այդ որոշումը, վարչապետը մաղթեց, որ Լիբանանը պատերազմի մղողները խոհեմութիւն ցուցաբերեն, նախքան անգամ մը եւս նման արկածախնդրութեան դիմելը: Սալամի համաձայն, զէնքի մենաշնորհի ծրագրին գործադրութիւնը այսօր աւելի հրատապ է քան երբեք: Վարչապետը ահազանգեց, թէ յեղափոխական պահակագունդի անդամներ Լիբանանի մէջ կը գտնուին կեղծ անձնաթուղթերով եւ անոնց հետապնդումը կը շարունակուի:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ քննարկեց պատերազմական զարգացումները, մասնաւորաբար կեդրոնանալով կամուրջներու կործանումին վրայ, որ կրնայ ունենալ երկարատեւ լուրջ հետեւանքներ:
ԻՐԱՆԻ ՀՐԹԻՌՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ ՏԻՄՈՆԱ
Իսրայէլի Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ պատերազմի սկիզբէն ի վեր վիրաւորուած է շուրջ հինգ հազար մարդ: Իրանի զինուած ուժերն ու յեղափոխական պահակագունդը անցնող երեք օրերուն յաւելեալ հրթիռներ արձակեցին իսրայէլեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն վրայ, յայտարարելով նոր եւ աւելի ուժեղ հրթիռներու գործածութեան մասին, որոնք հասան Կազայի մերձակայ Աշքելոն բնակավայրը եւ հարաւային Տիմոնա շրջանը, ուր կը գտնուի հիւլէակայան մը, պատճառելով 40 վիրաւոր: Իսկ հարաւային Իրատ շրջանին վրայ ինկած 450 քիլոկրամնոց հրթիռին պայթումը պատճառեց շուրջ 90 վիրաւոր:

Թիրախաւորուեցաւ նաեւ Հայֆայի նաւահանգիստին մօտակայ վառելանիւթի համալիրը, ուր բռնկեցաւ մեծ հրդեհ, իսկ հրթիռներէն եւ անօդաչու սարքերէն ահազանգող շչակները անդադար հնչեցին Թել Աւիւի ու Երուսաղէմի մէջ: Երկար ժամանակ փակ մնաց նաեւ «Պեն Կորէոն» օդակայանը եւ կոչեր ուղղուեցան գործարկելու երկրորդական օդակայաններ: Իրանցի պատասխանատուներ իրենց կարգին նշեցին, որ իսրայէլեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի ձախողութիւնը կը յայտարարէ պատերազմի նոր փուլի մը սկիզբը, ուր նախաձեռնութիւնը անցած է Թեհրանին:

