Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Մարմին Եւ Հոգի. Պղատոնէն Տեքարթ Եւ Աւելին

Անի Թորանեան (Երեւան)

March 19, 2026
in Յօդուածներ
0
Մարմին Եւ Հոգի. Պղատոնէն Տեքարթ Եւ Աւելին

«Ես աշխարհի ամէնէն իմաստուն մարդն եմ,

որովհետեւ մէկ բան գիտեմ. այն, որ ոչինչ գիտեմ»։

ՊՂԱՏՈՆ

 

Մարդը դարերէ ի վեր կը փորձէ հասկնալ իր գոյութեան երկակի բնոյթը։ Ան՝ մենք, ունինք տեսանելի, շoշափելի, նիւթեղէն մարմին, ունինք նաեւ հոգի եւ գիտակցութիւն՝ որոնք թէեւ անտեսանելի, բայց զգացուող են…։

Այս հակադրութիւնը փիլիսոփայութեան կարեւորագոյն խնդիրներէն է։ Մարդը միայն նիւթեղէն մարմի՞ն է, թէ՞ անոր մէջ պէտք է փնտռել նաեւ հոգին, որ նիւթեղէն չէ։

Ահա այս խնդրին խորքային ձեւակերպումն է, որ տուած են երկու մեծ մտածողներ՝ հին յոյն փիլիսոփայ Պղատոն եւ յարաբերաբար նոր ժամանակներու փիլիսոփայ՝ Ռընէ Տեքարթ։

Ըստ Պղատոնի, մարդ արարածին բուն էութիւնը հոգին է։ Ասիկա անոր փիլիսոփայութեան առանցքն է։ Մեծ մտածողը յստակօրէն կը նշէ, որ մարմինը նիւթեղէն ըլլալով ենթակայ է քայքայումի, մինչդեռ հոգին, որ նիւթեղէն չէ՝ անմահ է։ Մարմինը, ըստ անոր, կը պատկանի զգայական ոլորտին, մինչդեռ հոգին՝ գաղափարներու բարձրագոյն ոլորտին։

«Մարմինը հոգիին բանտն է», կ’ըսէ ան։ Հոգին ժամանակաւորապէս «կապուած» է մարմինին, բայց իր իրական տեղը գաղափարներու աշխարհն է՝ ճշմարտութեան, գեղեցկութեան եւ բարութեան յաւերժական ոլորտը։

Պղատոն զարգացուցած է նաեւ յիշողութեան տեսութիւնը։ Ան կ’ըսէ, թէ սորվիլ, իրականութեան մէջ կը նշանակէ յիշել։ Հոգին, մարմին չառած, տեսած է ճշմարտութիւնը, իսկ երկրային կեանքի ընթացքին պարզապէս կը փորձէ զայն վերյիշել…։

Այսպիսով, Պղատոն յստակօրէն ձեւաւորած է կրկնապաշտութիւնը՝ տուալիզմը՝ հոգի-մարմին։ Սակայն ասիկա ուսմունք ըլլալով հանդերձ առաւելաբար փոխաբերական եւ խորհրդանշական է, բայց ոչ երբեք գիտականօրէն ձեւակերպուած համակարգ։

Տեքարթ Պղատոնէն գրեթէ քսան դար ետք նոյն գաղափարը արծարծեց նոր մակարդակով՝ կիրառելով մաթեմաթիկական ճշգրտութիւն եւ տրամաբանական վերլուծութիւն։ Անոր գլխաւոր հարցադրումը եղաւ՝ «Ի՞նչը կրնամ հաստատապէս գիտնալ»։ Պղատոնի հոգիի եւ մարմինի տարբերութեան մասին հիմնարար ներըմբռնումը (intuition) ան ձեւակերպեց որպէս շատ տրամաբանական եւ ճշգրիտ փիլիսոփայական տեսութիւն։

Տեքարթ կասկածեցաւ ամէն ինչին՝ զգայարաններուն, աշխարհին, իր իսկ մարմինին, եւ հասաւ ճշմարտութեան մը, որ կարելի չէ ժխտել․ «Կը մտածեմ, ուրեմն՝ գոյութիւն ունիմ»։ Անոր այս միտքը թելադրեց եզրակացնել, որ մարդը նախ եւ առաջ մտածող էակ է։ Ան տարբերակեց երկու տեսակ գոյութիւն.

Ա. մտածող նիւթ (Res Cogitans), որ հոգին կամ գիտակցութիւնն է եւ չի չափուիր, մասերու չի բաժնուիր, կը մտածէ, կը կասկածի,  կը զգայ ու կը գիտակցի։

Բ. Տարածական նիւթ (Res Extensa), որ մարմինն է, ունի չափ ու ձեւ, տարածութիւն կը գրաւէ,  կ’ենթարկուի ֆիզիքական օրէնքներու, նաեւ գիտութեան միջոցով զայն կարելի է ուսումնասիրել։

Այսպիսով, Տեքարթ ձեւակերպեց տուալիզմը՝ այն, որ մարդը կազմուած է երկու տարաբնոյթ նիւթերէ։ Մեծ եղաւ այդ տեսութեան ազդեցութիւնը, որովհետեւ անով կարելի եղաւ բացատրել գիտակցութեան իւրայատկութիւնը, միտքերը, զգացմունքները եւ ինքնագիտակցութիւնը, որոնք, այլապէս, հնարաւոր պիտի չըլլար մեկնաբանել գոյութիւն ունեցող օրէնքներով։

Այս տեսութիւնը հիմք ստեղծեց գիտութեան զարգացման համար։ Տեքարթեան ուսմունքը պնդեց, որ մարդը նիւթեղէն «առարկայ» մը չէ, թէեւ մարմին-հոգի տուալիզմը խոշոր հարցականի առջեւ դրաւ մարդկութիւնը՝ «Ինչպէ՞ս կը փոխազդեն հոգին եւ մարմինը»։

Եթէ հոգին ոչ նիւթեղէն, իսկ մարմինը նիւթեղէն է, ուրեմն միտքը ինչպէ՞ս կրնայ շարժել… ձեռքը։

Տեքարթ կ’ենթադրէ, որ փոխազդեցութիւնը տեղի կ’ունենայ ուղեղի մէկ հատուածին մէջ, բայց չկրցաւ մատնանշել ենթադրեալ մեքանիզմ մը եւ ասիկա մնաց այն խնդիրը, որ մինչ օրս կը մնայ չլուսաբանուած։

Մեր օրերուն այնքա՜ն տարբեր են մարմին-հոգի հարցին շուրջ ձեւաւորուած տեսակէտները։

Եթէ միայն այս երկուքը նկատի ունենանք՝  «Արդեօ՞ք հոգին անմահ է» եւ «Մահէն ետք կեանք կա՞յ», ապա ըսենք, որ մեծ հաւանականութեամբ, երկու հարցադրումներն ալ կը շարունակեն մնալ մարդկութեան մտածողութեան կիզակէտին մէջ։ Ասոնք սոսկ տեսական հարցեր չեն, այլ կ’առնչուին մարդու ամէնէն խորունկ անհանգստութիւններուն, վախերուն եւ յոյսերուն հետ։

Մարդը կը գիտակցի, որ մահկանացու է, բայց միաժամանակ կը դժուարանայ ընդունիլ, որ իր «ես»-ը դատապարտուած է անհետացումի։ Այդ պատճառով տարբեր դարաշրջաններու մարդիկ տարբեր ձեւերով փորձած են պարզաբանել շարունակականութեան գաղափարը՝ հոգիի անմահութիւնը, կամ վերածնունդի մը հաւանականութիւնը…

Այս բոլորը կարեւոր են նաեւ բարոյական տեսանկիւնէն։ Մահէն ետք կեանքի գոյութիւնը մարդկային արարքներուն կու տայ յաւերժական նշանակութիւն։ Մինչդեռ գոյութեան բացակայութեան պարագային կեանքի իմաստը պէտք է փնտռել երկրային գոյութեան սահմաններուն մէջ։

Գիտութիւնը, կրօնը եւ փիլիսոփայութիւնը տարբեր պատասխաններ կ’առաջարկեն, սակայն վերջնական լուծում դեռ չկայ, եւ այս անորոշութիւնն է, որ հարցերը մշտապէս կը պահէ կենսունակ։

Մարդ արարածի էութեան մէկ մասը կը ձգտի հասկնալ՝ արդեօ՞ք ժամանակաւոր է  այս մոլորակին վրայ, թէ՞ յաւերժութեան մասնիկ։

Այլ կերպ սկսաւ մտածել Ֆրէօյտի աշակերտ, զուիցերիացի հոգեբան Քարլ Եունկ, որ վերլուծելով խօսքի հակազդեցութեան բովանդակութիւնը եւ երազները, հետազօտեց անգիտակցականին խորքը… Սակայն աւելի ուշ, անոր գաղափարները սկսան հակասել Ֆրէօյտի գաղափարներուն։ Ֆրէօյտ նոյնիսկ դատական գործ բացաւ անոր դէմ,  պահանջելով, որ Եունկ փոխէ իր մեթոտներուն անունը եւ աշխատութիւններուն մէջ դադրի գործածել «հոգեվերլուծութիւն» եզրը։ Եունկ ընդունեց Ֆրէօյտին պահանջքը եւ ստեղծեց իր ուղղութիւնը, որ կոչեց վերլուծական հոգեբանութիւն:

Հոգին, Եունկին համար, սոսկ անձնական երեւոյթ չէ։ Ըստ անոր, ամէն մարդու հոգին ունի իր իւրօրիակութիւնները՝ յիշողութիւններ, զգացումներ, երազներ, միտքեր, ինչպէս Նաեւ մշակութային, պատմական, տեսողական հաւաքական ենթագիտակցութիւն, որ կա՛մ փոխանցուած է սերունդներու միջոցաւ, կա՛մ բնազդական է։

Մարմին-հոգի խնդիրը միշտ պիտի պահէ իր արդիականութիւնը, որովհետեւ կապուած է մարդկային ամենակարեւոր խնդիրներուն։ Խնդիրներ, որոնք ոչ միայն գիտական, այլ նաեւ բարոյական են, հոգեւոր եւ անձնական։

Եզրափակելով այս ընդարձակ նիւթին վերաբերող մեր հպանցիկ ակնարկը, կրնանք ըսել, որ մարմին-հոգի խնդիրը կը մնայ մարդկութեան ամէնէն հին ու յաւերժական խնդիրներէն։

Պղատոն գերադասեց հոգին, Տեքարթ կառուցեց խստապահանջ տրամաբանական համակարգ, Եունկ բացաւ ներաշխարհը եւ երազին նշանակութիւնը, իսկ Ֆրէօյտ բացայայտեց ճնշուած ցանկութիւնները։

Իրարմէ այսքան տարբեր մտածողութիւններուն համադրութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ  մարդը միաժամանակ ֆիզիքական եւ հոգեկան էակ է, որուն  ներաշխարհը շատ աւելի խորունկ է, քան ի վիճակի է ընկալել գիտակցութիւնը։

Հոգին եւ մարմինը, գիտակցութիւնն ու չգիտակցուածը, երազները եւ հաւաքական միտքերը, մահն ու գոյութեան շարունակականութիւնը, այս բոլոր խնդիրները յաւերժ կը մնան մարդկութեան միտքին մէջ, քանի դեռ արթուն կը մնայ անոր հարցադրելու եւ մտածելու ունակութիւնը։

Իրականութեան մէջ մարդու երկակիութիւնը, անոր փիլիսոփայական ու հոգեբանական խորունկ կառուցուածքը այն է, ինչը մեզի կը դարձնէ մարդ, եւ այս է պատճառը, որ տուեալ նիւթը միշտ պիտի մնայ արդիական։

Ներկայիս, նոյնիսկ նեարդագիտութեան եւ արհեստական բանականութեան զարգացման մեր օրերուն, մարմին-հոգի խնդիրը կը շարունակէ մնալ ինքնաճանաչումի հիմնական հարցերէն։

Ուրեմն, մարդը մարմին եւ մտածող էակ է միաժամանակ, օժտուած հետազօտելու, բացայայտելու եւ ինքնաճանաչումի անսպառ կարելիութիւններով։

Շարունակենք բացայայտել…

Share62Tweet39
Previous Post

Անմոռանալի Ձայն Մը Ալպեան Լեռներու Լռութեան Մէջ (Արշակուհի Թէոդիկի յիշատակին)

Next Post

Լուրեր. 24 Մարտ 2026

Next Post
Լուրեր. 24 Մարտ 2026

Լուրեր. 24 Մարտ 2026

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.