Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 19 Մարտ 2026

March 19, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 19 Մարտ 2026

ՊԷՅՐՈՒԹՆ ՈՒ ԹԵԼ ԱՒԻՒԸ ԿՐԱԿԻ ՏԱԿ

Մայրաքաղաք Պէյրութի վարչական շրջանը երէկ արեւածագի ժամերէն սկսեալ ենթարկուեցաւ շարք մը ծանր հարուածներու, որոնք ուղղուած էին Հըզպալլայի անդամներու եւ կուսակցութեան հետ առնչուած կառոյցներու: Զոքաք Պլաթի մէջ երեք անգամ թիրախաւորուեցաւ շէնք մը, ուր մահացան «Մանար» հեռատեսիլի կայանի քաղաքական յայտագրերու տնօրէնը եւ քանի մը ուրիշներ: Կարճ ժամանակ ետք, մերձակայ Պաշուրա թաղամասին մէջ մէկ հրթիռով ամբողջութեամբ փլուզուեցաւ 15 յարկանի շէնք մը, որուն մէջ գտնուողները ժամը 5-ին ստացած էին իսկոյն փախուստ տալու ահազանգ: Ընդհանուր առմամբ, Պէյրութի մէջ մահացաւ 10 մարդ, վիրաւորուեցան 27 ուրիշներ:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ ծովուժը Պէյրութի մէջ թիրախաւորած է Հըզպալլայի գլխաւոր անձնաւորութիւն մը, ինչպէս նաեւ զինամթերանոցներ եւ կեդրոններ: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց երէկ սպառնաց կործանել Լիթանի գետին կամուրջները, հարաւի մէջ մնացած քաղաքացիներէն պահանջելով անյապաղ ուղղուիլ Զահրանի գետէն հիւսիս: Ժամեր անց, իսրայէլեան օդուժը կործանեց Լիթանիի կամուրջներէն երկուքը, ինչպէս նաեւ վառելանիւթի Ամանա կայանները՝ Հըզպալլան ֆինանսաւորելու մէջ մեղադրելով: Իսկ Թուլի մէջ ռումբեր ինկան Ռաղէպ Հարպի անուան հիւանդանոցին մօտ: Սայտայի մէջ ինքնաշարժի մը թիրախաւորումին հետեւանքով մահացան քանի մը անձեր՝ ներառեալ քաղաքացիական անվտանտութեան ծառայող մը: Պաալպաքի մէջ եւս մահացաւ երկու մարդ: Նախանցեալ օր, լիբանանեան բանակէն երեք զինուոր զոհուեցաւ եւ հինգ ուրիշներ վիրաւորուեցան Նապաթիէի մէջ: Բանակը տեղի ունեցածը համարեց միջազգային բոլոր կարգերու խախտում, պահանջելով յարգել 1701 բանաձեւը:

Հըզպալլա միւս կողմէ յայտարարեց, թէ Խիամի մէջ զսպած է իսրայէլեան ուժերու յառաջխաղացքի փորձ մը՝ պատճառելով ծանր վնասներ: Իսրայէլեան բանակը փորձած է մօտենալ նաեւ սահմանամերձ Թայպէի թաղերուն:

Անցնող երկու օրերուն Իրանն ու Հըզպալլան բազմացուցին Թել Աւիւի, Հայֆայի եւ Լիբանանի սահմանակից բնակավայրերուն ուղղութեամբ հրթիռարձակումներուն թիւը եւ ծանրացուցին ծաւալը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն ցուցադրած եւ համացանցին վրայ տարածուած բազմաթիւ տեսագրութիւններ ցոյց տուին Թել Աւիւի եւ այլ բնակավայրերու մէջ հրթիռներու պայթումին վնասները եւ ապաստարաններ փութալու հոլովոյթին ընթացքին այնտեղ յառաջացած աննախադէպ քաոսը: Իսրայէլեան օդակայանները տնօրինող մարմինը յայտարարեց, որ Թել Աւիւի «Պեն Կորիոն» օդակայանին մէջ ծանրօրէն վնասուած են անձնական երեք օդանաւեր: Հրթիռներ ինկած են նաեւ երկաթուղագիծին վրայ: Ըստ առնչակից մարմիններուն, 24 ժամուան ընթացքին երկու մարդ մահացած եւ 192 մարդ վիրաւորուած է հրթիռային հարուածներէն:

 

ՕՐԸՍՏՕՐԷ ԲԱԶՄԱՑՈՂ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐ

Արտակարգ իրավիճակը տնօրինող կեդրոնը յայտարարեց, թէ երէկ իսրայէլեան հարուածներէն մահացած է 56 հոգի, պատերազմի սկիզբէն ի վեր ընդհանուր թիւը բարձրացնելով 958-ի: Ցարդ վիրաւորուած է 2432 մարդ՝ ներառեալ 211 հոգի երէկ: Լիբանանի մէջ գործուած է իսրայէլեան 2627 գործողութիւն, բացուած է ժամանակաւոր 633 ապաստարան, ուր տեղաւորուած է 133.492 մարդ: Ընկերային հարցերու նախարար Հանին էլ-Սայէտ նշեց, թէ օրական 125 հազար ճաշ կը բաժնուի տեղահանուածներուն: Ներքին ապահովութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, թէ ձերբակալած է 1990-ի ծնունդ լիբանանցի մը, որ կը չարաշահէր քաղաքացիներու հարաւէն տեղահանումը՝ համացանցի վրայ տեղադրելով գոյութիւն չունեցող տուներ վարձով տալու գովազդներ: Նախնական հարցաքննութեան ընթացքին ան խոստովանած էր համացանցի ընկերային հաղորդակցութեանց հարթակներուն վրայ տուներու մասին սուտ տեղեկութիւններ տարածելու եւ տեղահանուածներ ներգրաւելու փորձերուն մասին:

Հըզպալլա երէկ տեսանիւթով մը դիմեց իր տեղահանուած հետեւորդներուն, կոչ ուղղելով «համբերելու եւ դիմանալու, որովհետեւ յաղթանակը մօտալուտ է»: Իսկ ընդհանուր քարտուղար Նայիմ Քասէմ պնդեց, որ առճակատումին ճակատագիրը պիտի վճռուի գետնի վրայ: ԵՈՒՆԻՖԻԼ յայտարարութեամբ մը մտահոգութիւն յայտնեց Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ սրող հակամարտութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան հողի վրայ իսրայէլեան ուժերու բազմացումին վերաբերեալ, հակամարտող բոլոր կողմերէն պահանջեց անյապաղ վերջ տալ հրաձգութեան եւ յարգել զինադադարը՝ խնայելով սահմանին երկու կողմը բնակող քաղաքացիներուն կեանքը: ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի հետաքննութիւնը ցոյց տուաւ, որ խաղաղապահներուն կեդրոն մը 6 Մարտին ենթարկուած էր իսրայէլեան հրասայլի կրակին:

 

ԿԱՌՉԱԾՈՒԹԻՒՆ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԱՌԱՋԱՐԿԻՆ

«Կառչած կը մնամ պատերազմին վերջ դնելու մասին հրապարկած նախաձեռնութեանս եւ յանձնառու եմ լիբանանեան ներքին համախոհութեան, պահանջելով նախ եւ առաջ վերջ տալ ռազմական գործողութիւններուն եւ ապա քննարկել մնացեալ նիւթերը»: Այս մասին յայտարարեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն, Պաապտայի պալատին մէջ գլխաւորերէ ետք ապահովական նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին դիմագրաւած պատերազմական վիճակը, տեղահանութեան խնդիրը, ներքին կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը եւ առնչակից այլ նիւթեր: Աուն ժողովականներուն յայտնեց, որ այս զգայուն փուլին անհրաժեշտ է ըլլալ զգօն եւ ազգային պատասխանատուութեան ոգիով զերծ մնալ ներքին խնդիրներէն:

Աուն ընդունեց նաեւ գիւղատնտեսութեան նախարար Նիզար Հանին, որուն հետ քննարկեց այս զգայուն փուլին գիւղատնտեսական ոլորտը աշխոյժ պահելու եւ արտադրանքը քաղաքացիներուն հասցնելու վերաբերեալ ձեռնարկուած քայլերը:

Կը սպասուի, որ Ֆրանսայի ատաքին գործերու նախարար Ժան Նուէլ Պարօ այսօր ժամանէ Լիբանան՝ քննարկելու տեղական ու տարածաշրջանային զարգացումները: Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան հարց տուաւ, որ եթէ Իսրայէլ չէ կրցած զինաթափել Հըզպալլան, ապա ինչպէս կարելի է ակնկալել, որ լիբանանեան բանակը այդ գործը ամբողջացնէ երեք օրուան ընթացքին:

 

ԱԼԻ ԼԱՐԻԺԱՆԻԻ ԵՒ ԱՅԼՈՑ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄ

Ամերիկեան ուժերը նախանցեալ օր դիպուկ հարուածներով ահաբեկեցին Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար եւ խորհրդարանի նախկին նախագահ Ալի Լարիժանին, որ կը համարուէր գերագոյն առաջնորդի մտերիմներէն եւ երկրի ամէնէն կարեւոր անձնաւորութիւններէն մէկը, ինչպէս նաեւ ներքին անվտանգութեամբ զբաղող Պասիժի միլիսին հրամանատար Ղուլամ Ռիտա Սուլէյմանին:

Իսկ Իսրայէլ յայտարարեց հետախուզութեանց նախարար Իսմայէլ Խաթիպի ահաբեկումը, բանակին արտօնելով անհրաժեշտ ահաբեկումներուն ձեռնարկել առանց վերադառնալու կառավարութեան: Հոգեւոր գերագոյն առաջնորդ Մուժթապա Խամինէի գուժեց Լարիժանիի մահը եւ հաւաստիացուց, որ «ոճրագործները շուտով պիտի վճարեն նահատակներուն թափած արեան գինը»: Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց իսրայէլեան եւ ամերիկեան թիրախներու դէմ յարձակումի 62-րդ ալիքը արձակելու մասին, մեկնարկելով «Խայպար-1» գործողութիւնը եւ գործածելով նոր զէնքեր:

 

ՈՒԺԱՆԻՒԹԱՅԻՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆ

Իրանի քարիւղի նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ հարաւային շրջանին մէջ գործող կազային Պարս տարածքի գլխաւոր ենթակառոյցներ վնասուած են թշնամական յարձակումներու հետեւանքով: Իրանի զինուած ուժերու պատասխանատու մը սպառնաց «ուժանիւթային ենթակառոյցներ հարուածել այնտեղ, ուրկէ թիրախաւորած էին մեր ենթակառոյցը» անուղղակի նշում կատարելով շրջակայ երկիրներուն: Ըստ զինուած ուժերուն, վերջ գտած է ամերիկեան մենատիրութեան ժամանակաշրջանը եւ ամերիկացիները պէտք է կա՛մ հեռանան տարածաշրջանէն, կա՛մ դիմագրաւեն մահը: Իսկ տեղական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ յեղափոխական պահակագունդը պահանջած է դատարկել սէուտական, էմիրաթական եւ քաթարեան ուժանիւթային շարք մը կեդրոններ: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արտաքին գործերու նախարարութիւնը դատապարտեց քաղաքացիական ենթակառոյցներու ռմբակոծումը, կոչ ուղղելով վերականգնելու տարածաշրջանին անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը:

Իրանի դէմ ամերիկեան ռազմական գործողութիւններուն լոյսին տակ, ամերիկեան պետական պարտքին հետեւող usdebtclock կայքը հաղորդեց, թէ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Ուաշինկթընի պարտքը հատած է 39 թրիլիոն տոլարի սահմանը, մինչ 21 Հոկտեմբերին ան 8 թրիլիոն տոլար էր: Իսկ նախագահ Տոնըլտ Թրամփ վերստին հանդէս եկաւ հակասական յայտարարութիւններով եւ շեշտեց, որ իրենք որեւէ օգնութեան կարիք չունին բանալու Հորմուզի նեղուցը: Յիշեցնենք, որ նախագահը տակաւին երեք օր առաջ նեղուցէն օգտուող բոլոր երկիրներուն յորդորած էր մասնակցիլ զայն բանալու եւ բաց պահելու ջանքին:

Share63Tweet39
Previous Post

Ճափոնական Ազնուական Եւ Նազելի Արուեստ. Քոթօ Նուագարան

Next Post

Գաղութային Առօրեային Մէջ Նշմարուող Ցաւալի Իրականութիւններ…

Next Post
Գաղութային Առօրեային Մէջ Նշմարուող Ցաւալի Իրականութիւններ…

Գաղութային Առօրեային Մէջ Նշմարուող Ցաւալի Իրականութիւններ...

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.