Քոթօն Ճափոնի աւանդական ամէնէն նախընտրելի երաժշտական գործիքն է, անիկա աւելին է քան պարզապէս նուագարան մը: Ճափոնցիները քոթօն կը նկատեն որպէս մշակութային խորհրդանիշ: Այս նուագարանին ծագումնաբանութիւնը կու գայ հին Չինաստանէն, ուր երաժշտութիւնը ոչ միայն խորապէս կապուած եղած է կրօնքին, այլ նաեւ շատ կարեւոր դեր խաղացած է աշխարհայեացքային առումով: Այս նուագարանը կը նոյնանայ քնարին հետ, որ դարերով հմայած է մարդկութիւնը:
Կոնֆուցիական պատկերացումով կը տարբերակեն ճշմարտացի եւ ոչ-ճշմարտացի երաժշտութիւն: Ճշմարտացի երաժշտութիւնը պէտք է իր մէջ կրէ ներդաշնակութիւն ու խօսի պետութեան ամրութեան ու ծաղկեցման ի շահ: Ոչ-ճշմարտացի երաժշտութիւնը կը նկատուէր նախայեղափոխական եւ օրէնքները վերացնող զէնք մը: Ըստ Կոնֆուցիուսի, եթէ մարդուն մէջ բացակայ է մարդասիրութիւնը, մարդկային որակները, ապա ինչ երաժշտութեան մասին կրնանք խօսիլ: Ոչ-բոլոր նուագարանները կրնան արտացոլել ճափոնական նրբագեղ ու շլացուցիչ արուեստը, իւրայատկութիւնն ու բարձրարժէք մշակոյթը:
Քոթօն ազնուական նուագարան մըն է, զայն կը նկատեն նազելի ու նրբագեղ, որ կապ ունի կառուցուածքին հետ:
Արդի քոթօն 13 մետաքսէ լարերով եւ տեղաշարժուող կամրջակ-հենակներով նուագարան մըն է, այժմ մետաքսէ լարերուն փոխարէն կը գործածեն նէյլոնի լարերը, որոնք կ’երկարին շարժական կամրջակներուն վրայէն, որոնցմով կը կատարուի ճշգրիտ լարումը։ Գործիքի իրանին երկարութիւնը 1.90 սմ է, լայնքը՝ 50 սմ: Կը պատրաստուի ադամածառի լաւ մշակուած փայտէն:
Քոթօն կը նուագեն աջ ձեռքին երեք մատներով՝ բութ մատ, մատնեմատ եւ միջնամատ, փղոսկրէ միջնորդներու օգնութեամբ: Հին ժամանակներուն կը նուագէին գետնին նստած՝ ծունկերուն յենած գործիքին յարմարելով: Ժամանակի ընթացքին զարգացում ապրելով՝ գործիքը կը դրուի յենակի վրայ, կը նուագեն նստած կամ կանգնած:
ԺԶ. դարէն ձախ ձեռքին կիրառումը աւանդական նուագելաոճին մէջ փոփոխութիւն է, որուն հիմքին՝ նուագողը դպչելով իւրաքանչիւր լարին կրնայ փոխել ձայնային թոնը եւ հնչիւնին տալ ելեւէջային տատանում, իւրաքանչիւր նոթային հաղորդելով զգացական խորութիւն:
Քոթօն ունի վիշապի գլուխ, վիշապի լեզու, վիշապի աչքեր, վիշապի եղջիւր: Գործիքին մասերուն անունները չինական աւանդութեան մէջ փոխկապակցուած են կենդանի արարածի եւ արտայայտելով կ’արտացոլեն հանգստացող վիշապի կերպարը:
Աւանդական արուեստը, այդ շարքին նաեւ երաժշտութիւնը, Չինաստանէն Ճափոն մուտք գործած է պուտտայականութեան հետ, Նարա դարաշրջանին (710-794թթ.):
Պատմական իրադարձութիւնները հնագոյն ժամանակահատուածին վերաբերեալ սակաւաթիւ են: Պատմիչներուն եւ գրականագէտներուն մատենագրութիւններուն մէջ կը մատնանշուի, որ եղած են դարեր առաջ գրուած մենակատարային ստեղծագործութիւններ:
Քոթօ նուագարանը յայտնուած է Ճափոնի արքունիքին մէջ Է. դարուն, Կակուսօ անուանումով եւ դարձած է ամենակարեւոր, գլխաւոր երաժշտական գործիքը: Այդ ժամանակաշրջանին Սյոսոյին գանձարանին մէջ կը պահուէր 5-լարանի քոթօ:

Հէիայի դարաշրջանը (794-1185թթ.) կը նկատուի ճափոնական մշակոյթին ծաղկման փուլը, կը նշմարուի իւրայատուկ ոճ պուտտայական գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան, որ յատուկ է միայն ճափոնական պուտտայական տաճարներուն: Նոյն ժամանակաշրջանին ի յայտ կու գայ քոթօ նուագելու մենակատարային արուեստի աւանդութիւնը: Առաջին պատկերները կրնանք գտնել պուտտայական տաճարներուն մէջ, ինչպէս նաեւ աշխարհիկ գեղանկարչութեան մէջ: Ասիկա կապ ունի գործիքին երկկողմանի դերին հետ: Պուտտայական մշակոյթին մէջ անիկա հանդէս կու գայ իբրեւ սրբապատկեր. տաճարներուն պատերուն պատկերուած քոթօն՝ պուտտայական էակներուն ձեռքին: Աշխարհիկ ազնուականներուն շրջանին քոթօ նուագելու մշակոյթը կը կապուի վեհութեան եւ մարդկային հոգեւոր որակներու բարձրագոյն արժէքին հետ: Հէնց այս դարաշրջանին անիկա հանդիսացած է որպէս ազնուական կրթութիւն: Այս ամէնը վառ արտայայտուած է տուեալ ժամանակաշրջանին գեղարուեստական գրականութեան մէջ: Պուտտայական դրախտ նկարը, որ նկարագրուած է հնագոյն գրականութեան բաւական շատ ստեղծագործութիւններուն մէջ, որոնցմէ կրնանք առանձնացնել Ուցուխօ-Մոնոկատորի գործը, ուր ներկայացուած է քոթօ նուագելը իբրեւ իւրայատուկ արարողութիւն: Երաժշտութեան կախարդանքը համեմատութեան մէջ եղած է սուրբ խօսքերուն ընթերցանութեամբ, մոգութեան, անէծքներու վերացման, ամպրոպ ու կայծակ յառաջացնելու, եւ հակառակ պատկերը եւս արտայայտուած է՝ հանգստացնել գագազած բնութիւնը եւ հզօր ազդեցութիւն թողուլ ունկնդիրին:
Այս ժամանակաշրջանին երաժշտութիւնը կը մատուցուի իբրեւ լրջագոյն հոգեբանական գործիք: Ցաւօք սրտի այդ ժամանակահատուածին երաժշտական ստեղծագործութիւնները չեն նօթագրուած: Քոթօ նուագելու օրինակ՝ յստակ կրնանք տեսնել շատ յայտնի ստեղծագործութեան մէջ՝ Ժ. դարու Մուրասաքիի «Արքայազն Գեձզի» վիպակին մէջ: Վէպին մէջ բաւական յիշատակումներ կան, ուր կը նշուի թէ առանց քոթոյի նուագարանին ոչ մէկ արքունական նկարագրութիւն կայ։ Վէպին հերոսները քոթոյի ձայնը համեմատած են քամիին հետ։ Երաժշտութեան աւելի խոր նրբերանգները կապուած են բնութեան հետ։ Այն ձայնը, որ կը հնչէ գործիքէն, կ’առանձնանայ իր մաքրութեամբ, զուլալութեամբ, ինչպէս ժայռէն բխող ջուրը։ Երաժշտութիւնը պատկերաւոր կը դառնայ արտացոլելով Զեն պարտէզի հանգստութիւնը, ծաղկած բալենիի անցողիկ գեղեցկութիւնը, աշնանային իրիկուններու մելամաղձութիւնը։
Մուրոմաչիի դարաշրջանին (1336-1573թթ.) անիկա յայտնութիւն գտած է Սամուրայներուն շրջանին մէջ եւ կապուած է թէյախմութեան արարողութիւններուն հետ՝ ստեղծելով իւրայատուկ մշակոյթ մը։
Պատերազմական ժամանակաշրջանը, թոհուբոհը չէին կրնար աննկատ անցնիլ մշակոյթին քովէն։ Էտոյի դարաշրջանին (1603-1868թթ.) տարածումը ընդլայնուեցաւ՝ դուրս գալով ազնուականներուն շրջանէն, հանդիսանալով կամուրջ մը աւանդականին ու արդի արուեստին միջեւ։
1614 թուականէն սկսեալ քոթօ նուագարանով մեծամասնութեամբ կը զբաղէին կիները։
Որպէս մասնագէտ երաժիշտ յայտնի է Եացուխասի Քենկյոն։ Ան եղած է նոր արուեստներու կիրարկողը՝ բաւական յայտնի իր մշակումներով, բարեփոխումներով։ Քենկյո Եացուխասին կոյր էր։ Այստեղէն եկած է կոյր երաժիշտներու կրթութիւնը քոթոյի նուագարանին վրայ։ Այս գործին մէջ, որոնք ի ցոյց կը բերէին յատուկ տաղանդ, հասնելով բարձրագոյն վարպետութեան աստիճանի՝ շնորհ կը ստանային տիտղոս, ի պատիւ այս ոճի հիմնադիրին։
Ալիտար համարուող այս գործիքը մատչելի չէ հասարակ մահկանացուներուն։ Խառունոպիւի արուեստին մէջ առաջին անգամ քոթօն հանդէս եկաւ լիիրաւ գործողութիւններու մասնիկ։ Երաժշտութիւնը համեմատելի է թռիչքի հետ նոյն հարթութեան վրայ դրուելով վիշապի կամ հազարան պլպուլի հետ։
19-րդ դարուն հետաքրքրութիւնը աւանդական մշակոյթին մէջ երաժշտական ու նկարչական լճացում ապրեցաւ։ Կը սկսի Արեւմտեան մշակոյթի թափանցումը, զարգացումը եւ անոր վերամշակումը ճափոնական լատային համակարգին մէջ, իբրեւ նորարարութիւն։
20-րդ դարուն կը ձեւաւորուի ճափոնական կոմպոզիտորական նոր դպրոց, համապատասխանելով եւրոպական չափանիշերուն, սակայն չխախտելով աւանդական ֆոլքլորային բնոյթը։ Բնականաբար, այս ամէնը իր կարեւոր ազդեցութիւնը ունեցաւ, անմասն չթողելով քոթոյի նուագարանային արուեստի զարգացումը։
Միյակի Միչիօն կը հանդիսանայ նոր ճափոնական երաժշտութեան հիմնադիրը, որ իր ոճով զարմանալի կերպով կը միաձուլէր եւրոպական եւ աւանդական երաժշտական աշխարհները։ Երբեք չվախնալով նորարարութիւններէ եւ ըլլալով արեւելեան երաժշտութեան սիրահար՝ գրած է ստեղծագործութիւն քոթոյի ու երգեհոնի համար, քոթոյի ու ջութակի համար։ Ստեղծած է 17 լարանի պաս քոթոն։ Իր հսկայական աւանդին շնորհիւ վերածնունդ ապրեցաւ արուեստը։ Քոթոյի արդի եւ միջազգային ճանաչման գործին մէջ մեծ եղած է Սաւայի կնոջ դերը։ Նոր գործիքաւորումները պաս քոթոյի համար դարձան նորակազմիկ դարաշրջանի երաժշտութիւն։
20-րդ դարուն լուսանկարչական ասպարէզ կու գան քոթոյի լուսանկարները։ Պէտք է նշել, որ այսօր Ճափոնի մէջ, ինչպէս նախապէս, պահպանողական մարտավարութիւն կայ օտարերկրացիներուն չթոյլատրել նուագել քոթօ, բայց շնորհիւ Իքուտա-Ռյուի դպրոցին, ամբողջ աշխարհի տարածումն ու կիրառումը ունի նուագարանը, ան վաղուց հատած է սրբազան մշակոյթի սահմանները։ Գործիքը թոյլ կու տայ կատարել ոչ միայն աւանդական, այլ նաեւ բարդ արուեստից մինչեւ հոգեթով մեղմ ու շշուկներ։ Մաքուր ու կատարեալ հնչիւններու խաղը հիփնոթիք մթնոլորտ մը կ’ապահովէ։ Ըլլալով իբրեւ ճափոնական ազգային երաժշտական գործիք, տարածուած եղած է ճափոնական երաժշտական պատմութեան ամենավաղ շրջանէն մինչեւ մեր օրերը։ Քոթոյի նուագարանը կը համարուի Ճափոնի ամենաարժէքաւոր, երաժշտական դիմագիծային առանձնայատկութեամբ ու կատարողական արուեստի մշակութային ինքնութեան խորհրդանիշը։ Այն բոլոր ճամբորդները, որոնք կը փնտռեն իսկական մշակութային հրավառութիւն, այս նուագարանը կը բանայ իր դրախտային աշխարհը, կախարդական երաժշտութեան գեղարուեստական հոգիի ներդաշնակութիւնն ու իմաստութիւնը բացայայտելու համար։ Անիկա ունի միջազգային ճանաչում, ընդգրկուած է տարբեր երկիրներու անսամպլներուն մէջ եւ կրնանք ուրախութեամբ նշել, որ Հայաստանի մէջ ալ կրնաք ունկնդիրը դառնալ ճափոնական աւանդական արուեստի։
Հայաստանի մէջ, քոթոյի նուագարանը կը կիրարկուի 2024 թուականէն, առաջին նուագողը համեստաբար կը հանդիսանայ սոյն տողերը գրող Մարիաննա Գէորգեանս (քանոնահար)։
Քոթօ նուագարանը ձեռք բերուեցաւ Երեւանի Պետական Թատրոնէն։ Այս երեւութական մտքին հեղինակն է ՀՀ վաստակաւոր գործիչ Գրիգոր Խաչատրեանը, որ արուեստի մէջ իր իւրայատուկ ստորագրութեամբ ու մարդկային վեհ կերպարով բազմաթիւ բացառիկ գաղափարներ կեանքի կոչեց։ Ինքնատիպ բեմադրիչի մտածողութեան արդիւնք է ճափոնական խոր արուեստի ներառումը Շէյքսփիրի Համլեթին մէջ, Գրիգոր Խաչատրեանի կողմէ։ Բեմադրիչը Գոնզակոյի սպանութիւնը փոխարինած է ճափոնցի յայտնի գրող Եուքիօ Միշիմայի «Հայրենասիրութիւն» վէպով։ Հոս հանդիսատեսը կրնայ մանրամասնօրէն ընկղմիլ ու մասնիկ դառնալ ճափոնական թատերական եւ երաժշտական արուեստին։ Ճափոնական աւանդական երաժշտարուեստի ամենասիրուած եւ յայտնի գործերն են, որոնք կը հնչեն քոթոյով՝ ռոքուտան, սակուրա եւ այլն։ Ռոքուտան կը համարուի քոթոյի համար դասական երաժշտութեան գլուխգործոց մը։ Քոթոյի նուրբ լարերէն արձակուած հիփնոսացնող երաժշտութիւնը, խառնուելով դերասանական արհեստավարժ խաղին, հանդիսատեսին կը փոխադրէ Ճափոնի հնագոյն դարաշրջան՝ դաստիարակելով իմաստութիւն, ազնուութիւն, բարոյականութիւն, մարդասիրութիւն, հաւատք, վստահութիւն, արարողակարգ, ազնուականութիւն, նրբագեղութիւն, խաղաղութիւն, ռազմական մարտավարութիւն, արիութիւն, հայրենասիրութիւն։

