Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Գաղութային Առօրեային Մէջ Նշմարուող Ցաւալի Իրականութիւններ…

Ն. Ճէրէճեան

March 19, 2026
in Յօդուածներ
0
Գաղութային Առօրեային Մէջ Նշմարուող Ցաւալի Իրականութիւններ…

2025 թուականի Հոկտեմբերէն սկսեալ, մեր յօդուածագիրներէն Լեւոն Շառոյեանը «Արարատ»–ի ընթերցողներուն պարբերաբար կը ներկայացնէ գաղութային կեանքէն հաւաքուած լուրերու փունջեր ալ։ Ան իր սիւնակով ցարդ արձագանգեց փարիզահայ, յունահայ, եգիպտահայ, աւստրալահայ, թաւրիզահայ, իրաքահայ, սաղիմահայ կեանքէ փրցուած վերջին եղելութիւններու։

Անշուշտ սա շատ կարեւոր ճիգ մըն է, որ կը կատարէ մեր յարգելի յօդուածագիրը։ Ուստի այս շահեկան ու օգտաշատ աշխատանքին համար հարկ է նախ շնորհակալութիւն յայտնել իրեն։

Գաղութային իր այս սիւնակին մէջ մեր յօդուածագիրը արտատպումներ չի կատարեր։ Ան իր լուրերը կ’ընտրէ բծախնդրութեամբ, կը յղկէ, կը զտէ եւ ապա կարդացողին կը մատուցէ աւելի մատչելի ձեւով։ Երբեմն ալ, լուրերը աւելի հետաքրքրական դարձնելու համար` կը կցէ իր սեփական դիտարկումներն ու մատնանշումները, որոնք ընթերցողին կը փոխանցեն հարազատ պատկերացում մը գաղութային իրականութեան մասին։ Այս օգտաշատ եւ ճգնաջան պրպտումներուն ետին կայ նաեւ մէկ այլ կարեւոր հանգամանք․ յօդուածագիրը իր գրիչը կը շարժէ անաչառութեամբ եւ անկողմնակալութեամբ, փորձելով չվիրաւորել որեւէ կողմ, մանաւանդ երբ որոշ լուրեր կրնան զգայուն արձագանգներ յառաջացնել։ Վստահ ենք, որ աչալուրջ ընթերցողներ զարմանքով նկատած են, թէ «Արարատ»-ի էջերուն վրայ երբեմն ինչպիսի՜ անկաշկանդ համարձակութեամբ կը ներկայացուին որոշ անձանց համար այսպէս կոչուած «թապու» լուրեր ու լուսանկարներ, որոնց հրապարակումէն պիտի ուզէին խուսափիլ շա՜տ խմբագիրներ…։ Ահա այստեղ է մեր յօդուածագրին մեծութիւնը. ընթերցողին ճիշդ տեղեկութիւն փոխանցելէ զատ՝ մնալ անկողմնապահ եւ գործածել անխտրական գրիչ մը։

Թերթիս Երեքշաբթի, 10 Մարտի թիւով պրն. Շառոյեան իր աւանդական սիւնակը նուիրած էր յունահայ կեանքի արձագանգներուն, «Ձայներ Աթէնքէն» խորագրին տակ։ Հոն ներկայացուած էր յունահայ գաղութէն քաղուած լուրերու փունջ մը։

Հետաքրքրութեամբ ընթերցեցինք այդ բաժինը։ Անոր մէջ կը գտնուէին, օրինակ, Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեանի այցը Յունաստան, Ղեւոնդեանց տօնին առիթով յունահայ թեմի հոգեւորականներու միօրեայ համագումարը, Աթէնքի յունալեզու «Քաթիմերինի» օրաթերթին անդրադարձը Յունաստանի մէջ հրատարակուող օտարալեզու թերթերուն, Ֆիքսի Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Վարդանանց տօնախմբութիւնը, Հ.Յ.Դ.-ի 135-ամեակի գաղութային նշումը եւ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեանի հրապարակային զրոյցը այնտեղ, «Յունական եւ հայկական դիցաբանութիւնը երեխաներու աչքերով» խորագիրով ցուցահանդէսը Թեսաղոնիկէի մէջ, ինչպէս նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նախագահ Սէմ Սիմոնեանի Աթէնք այցելութիւնը։

Առաջին հայեացքով այս ութը լուրերը բնական պիտի թուին գաղութի մը համար, ուր տակաւին կը բաբախեն եկեղեցական եւ միութենական աշխոյժ կեանքի զարկերակները։

Սակայն, յարգելի յօդուածագրին ներկայացուցած փունջին մէջ նաեւ վրդովեցուցիչ եւ գաղութին ապագան մթագնող մտահոգիչ երեւոյթներ նկատեցինք։

Առաջին լուրը կը վերաբերէր Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեանի Աթէնք այցելութեան։ Պետական հանդիպումներէն դուրս, Յունաստանի Ս.Դ.Հ.Կ.-ի անունով Յովհաննէս Շահինեան, Մանուկ Գրգեաշարեան եւ Ռաֆֆի Թելվիզեան հանդիպած են նախագահին հետ՝ վերահաստատելով կուսակցութեան «պետականակեդրոն եւ պետականամէտ քաղաքական դիրքորոշումը»։ Միեւնոյն ժամանակ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր նշուած է, թէ «պատշաճ չեն նկատեր մասնակցութիւն բերել նախագահին հետ նախատեսուած հանդիպումներուն եւ ձեռնարկներուն, որովհետեւ անոր ներկայ կեցուածքը կը համընկնի գործող իշխանութեան քաղաքական ուղեգիծին՝ առանց ապահովելու անհրաժեշտ հաւասարակշռութիւն եւ համերաշխութիւն»։ Պրն. Շառոյեան այս մասին դիտել կու տայ, թէ նախագահին այցելութիւնը դարձեալ զգալի դարձուցած է յունահայ գաղութին պառակտուած իրավիճակը եւ իրերամերժ կեցուածքները։

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նոր նախագահ Սէմ Սիմոնեանի այցելութիւնը Աթէնք: Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նման հեղինակաւոր կազմակերպութեան մը ղեկավարին այցելութիւնը, բնականաբար, պէտք էր կարեւորութիւն ստանար ոչ միայն Բարեգործականի շրջանակներուն, այլեւ գաղութի բոլոր հայկական կառոյցներուն համար։ Սակայն այստեղ եւս նկատելի եղեր է որոշ շրջանակներու անտարբերութիւնը։ Լուրը արձագանգ գտեր է ՌԱԿ-ի տեղական «Նոր Աշխարհ» շաբաթաթերթին մէջ, մինչ «միւս կողմի» «Ազատ Օր» օրաթերթը այս մասին ընդհանրապէս նշում չէ կատարած…։

Աւելի՛ն, կը կարդանք, որ պրն. Սիմոնեան Բարեգործականի Արթաքի Գալփաքեան վարժարանը այցելելէ ետք` այցելած է նաեւ Յունահայ Թեմի էջմիածնական հատուածի առաջնորդարանը եւ հանդիպած առաջնորդ Խորէն եպս. Առաքելեանին։ Նմանօրինակ այց մը չէ՛ կատարուած կիլիկեան թեմի առաջնորդարան։ Զարմանալին այն է, որ Բարեգործականի նախկին նախագահ Պերճ Սեդրակեան վերջին տարիներուն բազմիցս այցելած է Լիբանան եւ ամէն անգամ ալ ջերմ ընդունելութեան արժանացած է Արամ Վեհափառին կողմէ, մինչ հիմա,  Յունաստանի մէջ, Միութեան նոր նախագահին ու տեղւոյն «Անթիլիասական» շրջանակներուն միջեւ կամուրջներ կամ դոյզն յարաբերութիւններ չեն նկատուիր…։

Երրորդ լուրը կը վերաբերէր Հ.Յ.Դ.-ի 135-ամեակին նուիրուած ձեռնարկի մը, Աթէնքի Զաւարեան կեդրոնին մէջ, 28 Փետրուարին։ Այս ձեռնարկին համար Լիբանանէն հրաւիրուեր է մեր պաշտօնակից «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեանը եւ հրապարակային զրոյց մը ունեցած է։ Այստեղ կարեւոր կէտ մը կը նկատենք: Ելոյթ ունեցած է նաեւ կուսակցութեան Յունաստանի կառոյցէն Սերգօ Գույումճեան, որ իր խօսքին մէջ ինքնաքննադատական շեշտադրումներով ուրուագծած է յունահայ գաղութին տխուր պատկերը։ Ան մատնանշած է մտահոգիչ երեւոյթներ՝ երիտասարդ սերունդի օտարացումը, հայկական վարժարաններու աշակերտութեան նուազումը, հայախօսութեան նահանջը, ինչպէս նաեւ «նոր տեսլականի մը բացակայութիւնը, որ պիտի միացնէ սերունդները եւ ուղղութիւն մը գծէ մեր ապագային համար»…։

Այս նշումներէն ետք յստակ կը դառնայ գաղութին պառակտուած վիճակը՝ հիմնականին մէջ կուսակցական անհանդուրժողութեան եւ եկեղեցական երկբեւեռութեան պատճառով։ Թէեւ նման վիճակ մը ժամանակին գոյութիւն ունեցած էր նաեւ լիբանանահայ գաղութին մէջ, սակայն այսօր, բարեբախտաբար, այդ երեւոյթը իր նախկին սրութիւնը չունի։ Բայց մենք Շառոյեանի յօդուածը կարդալով կը զարմանանք, որ տակաւին հին ցաւ մը կը շարունակէ տառապեցնել որոշ գաղութներ, որոնք կարծես կը յամառին առաջնորդուիլ մգլոտած ու մաշած գործելաոճով, մա՛նաւանդ «սերունդները միացնող նոր տեսլականի մը բացակայութեան» պայմաններուն մէջ…։

Յօդուածին վերջին բաժինին մէջ, ուր կը խօսուի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նախագահին այցելութեան մասին, գտանք հետաքրքրական կէտ մը։ «Ռոյալ Օլիմփիք» հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցած հաւաքին, ուր ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի դեսպանը, խօսք առած է Սէմ Սիմոնեան եւ ակնարկութիւն մը կատարած է Կիպրոսի Մելգոնեան փակեալ վարժարանին, նշելով թէ «կան միտքեր եւ ծրագրեր, որոնք անկասկած պիտի գոհացնեն Մելգոնեանցիներու մեծ ընտանիքը»։

Արդեօք ի՞նչ «գոհացում»-ի մասին է այս խօսքը, որ արտայայտութիւն կը գտնէ Բարեգործականի բարձրագոյն ամպիոնէն։ Տասնամեակներէ ի վեր աշխարհասփիւռ մելգոնեանցիները սպասումով կը հետեւին այս հարցին զարգացումներուն։ Մաղթենք, որ այդ ակնարկուած ծրագրերը շուտով վերածուին շօշափելի իրականութեան՝ առողջ եւ նոր հեռանկարներ բացող քայլերով։

Share62Tweet39
Previous Post

Լուրեր. 19 Մարտ 2026

Next Post

Ձայներ Հալէպէն – 2 (արձագանգ սուրիահայ կեանքի)

Next Post
Ձայներ Հալէպէն – 2 (արձագանգ սուրիահայ կեանքի)

Ձայներ Հալէպէն - 2 (արձագանգ սուրիահայ կեանքի)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.