Գարնանային պայծառ Կիրակի մըն էր։ Այն հազուագիւտ օրերէն մէկը, երբ բնութիւնը երկար ձմեռնաքունէ ետք կամաց-կամաց կ՚արթննայ, կը բանայ իր քնահար աչքերը ու կը քաշէ զարթօնքի նոր շունչ մը։ Ժընեւի եկեղեցիներու զանգերուն մեղմ եւ թախծոտ ղօղանջը տակաւին կը մնայ ականջներուս մէջ, երբ Ս. Պատարագէն ետք ընտանիքով դուրս եկանք քաղաքէն։ Ինքնաշարժին մէջ կինս կողքս նստած էր, իսկ ետեւի նստարանին՝ մեր երկու զաւակները․ փոքրիկ տղաս՝ Արեգը, հազիւ հինգ տարեկան, եւ դուստրս՝ Գառնին, որ արդէն տասնմէկ տարիքը նոր թեւակոխած էր։ Անոնցմէ ոչ ոք գիտէր, թէ ո՛ւր կ՚երթայինք այդ օրը։
Շաբաթ մը առաջ կրկին ձեռքս առած էի հայ ազգային-հասարակական գործիչ, մանկավարժ, հրապարակախօս, թարգմանիչ եւ ականաւոր գրող Արշակուհի Թէոդիկի (1875–1922) սրտառուչ գիրքը՝ «Ամիս մը ի Կիլիկիա»[1] խորագրով։ Հատորին ընթերցումը անգամ մը եւս աչքերուս առջեւ բացաւ այն դառն եւ արիւնոտ էջերը, որոնց վրայ ան իր զգայուն հոգիով ու նրբակերտ լեզուով արձանագրած էր Կիլիկիոյ հայութեան տառապանքը։ Սուլթանական նախընթաց կոտորածներու շարքին եւս սահմռկեցուցիչ աղէտ մը, որ 1909 թուականին առանձնապէս իրագործուած էր Ատանայի եւ Հալէպի վիլայէթներու հայ ազգաբնակչութեան դէմ՝ այս անգամ միանշանակ գաղտնի մէկ ձեռագործը երիտթրքական իշխանութեան։ Արդարեւ, այս զանգուածային սպանդը, որուն զոհ դարձաւ շուրջ 30.000 հայ եւ որոնցմէ աւելի քան 20.000-ը միայն Ատանայի վիլայէթին մէջ, աղէտագոյժ մըն էր այն մեծ եղեռնին, որ արեւմտահայութեան դէմ կը ծրագրուէր երիտթրքական «Միութիւն եւ Յառաջադիմութիւն» կուսակցութեան պարագլուխներուն կողմէ։
Արշակուհի Թէոդիկ, որ անդամակցած էր 11 Ապրիլ 1879-ին Զապէլ Ասատուրի (Սիպիլ, 1863–1934) նախաձեռնութեամբ Կ.Պոլսոյ մէջ հիմնադրուած «Ազգանուէր հայուհեաց ընկերութիւն» կրթական կազմակերպութեան, Ատանայի վերոգրեալ աղէտին ի լուր ուղղակի ինք անձամբ կը դիմէ երթալու ողբերգութեան վայրը՝ բերելով սպեղանի մը հազարաւոր կարեվէր ու անտերունչ որբերու, միաժամանկ միութեան անունով անոնց համար հիմնելու դպրոց մը։ Այս առնչութեամբ Զապէլ Ասատուր հետեւեալ վկայութիւնը կը հաղորդէ Արշակուհի Թէորդիկի յիշատակին ձօնած իր մահագրականին մէջ.
«Դեռահասակ օրիորդներու խումբ մը յանձն առաւ իսկոյն հանդէս մը սարքել ի նպաստ Ատանայի աղէտեալներուն, ինչ որ յաջողութեամբ գլուխ հանեց։ Բայց կը խորհէինք թէ մինչեւ հանդէսը պատրաստուէր, մինչեւ հասոյթը հանգանակուէր, ամիսներ պիտի անցնէին, եւ անդին հէգ որբեր աճիւններու մէջ կը մխային։ Տիկ. Թէոդիկը շատ քիչ կը ճանչնայի, երբ պահ մը քովս մօտենալով, իր համեստ ձեւովը ըսաւ […] ‘Թող օրիորդները իրենց հանդէսով զբաղին, բայց մենք անոր հասոյթին սպասելով ժամանակ չանցնենք։ Պէտք է մեզմէ մէկը անմիջապէս մեկնի Ատանա, անձամբ որբերը հաւաքէ, դպրոց մը բանայ եւ իր ձեռքովը կարգադրէ ինչ որ պէտք է’։ ‘Ո՞վ կ’երթայ’ ըսի սրտաբեկ։ – ‘Ես’ պատասխանեց […] ‘Դո՜ւք, գոչեցի զարմանքով, բայց ինչպէս պիտի երթաք այդ արիւնի եւ աւերակի երկիրը առանձին, առանց դրամի, առանց պաշտպանութեան’։ ‘Դրամի եւ պաշտպանութեան ի՞նչ պէտք կայ, շոգենաւային ընկերութեան մը կը դիմենք, ձրի տոմսակ մը ձեռք կը ձգենք. հոն հասնելէս ետքը Աստուած ողորմած է’։ Եւ ինք տոմսակը հայթայթեց ու մեկնեցաւ անձայն անշշուկ։ Ամիս մը ետքը երբ դարձաւ, արդէն Ատանայի մէջ դպրոցը բացուեր էր յարմար շէնքի մը մէջ, հարիւրաւոր տղաք հաւաքուեր կ’աշխատէին գրասեղաններու առջեւ […] Այս ամէնը տիկ. Թէոդիկ առանձին յաջողցուցեր էր աստին-անդին դիմումներ ընելով, գիշեր-ցորեկ աշխատելով, տքնելով, զրկանքի եւ յարատեւ յուզմունքի կեանք մը ապրելով այդ տառապանքի երկրին մէջ, ուր դարմաներ, սրտապնդեր, կազդուրեր էր ինչ որ գտեր էր խուսափած՝ հուրին ու սուրին հարուածներէն։ Ինք, միայնակ, մէկ ամսուան մէջ շատ աւելի գործունէութիւն ցոյց տուաւ քան ուրիշներ տարիներու ընթացքին»[2]։
Արդարեւ, Արշակուհի Թէոդիկ, 14 Հոկտեմբեր 1909 թուականին, ծովային ճանապարհով յօժարակամ մեկներ էր Ատանա, եւ նշուած թուականէն սկսեալ տեսակ մը օրագրութեան նման ճամբորդական ուղեգրութիւն մը գրի առած է եւ զայն, ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ, «Ամիս մը ի Կիլիկիա – Կցկտուր նօթեր» խորագրով հրատարակած է Վ. եւ Հ. Տէր Ներսէսեան տպարանէն, Կ.Պոլիս, 1910 թուականին։ Յատկանշական է, որ ան իր նկարագրութիւնները՝ դէմքերն ու դէպքերը, հանդիպումները, որբահաւաքի անդուլ աշխատանքը, արիւնալի կոտորածներէն ետք տարածաշրջանին մէջ առկայ իրավիճակը, ապա հետագայ իրադարձութիւնները չի նկարագրեր իբրեւ պատմական փաստերն ու երեւոյթները սառն առարկայականութեամբ դիտող պատմաբան մը, այլ որպէս ականատես հոգի մը, որ ամբողջ սրտով իր անձին վրայ կը կրէ իր ժողովուրդին արնածոր վէրքը։ Այնուամենայնիւ հատորին ընթերցանութիւնը լոկ Երեմիայի մը անվերջ ողբը ըլլալու տպաւորութիւնը չի ձգեր, այլ իր մէջ կը կրէ վճիտ լաւատեսութիւն մը, որ հակառակ բոլոր արհաւիրքներուն, հուրի ու սուրի անողոք հարուածներուն, հայ ցեղը նորէն ոտքի կը կանգնի, անոր ոգին կը տոկայ, կը յարատեւէ ու կ’երթայ միշտ յառաջ։
Յատկանշական ուրիշ առանձնայատկութիւն մըն ալ, որ զիս ամէնէն շատ կը հրապուրէ, լեզուի գեղեցկութեան համանուագն է. այն ազնիւ ու բարձր հնչիւնները, որոնցմով արեւմտահայերէնը իր ամբողջ գեղեցկութեամբ կը փայլի։ Հեղինակին գրիչին մէջ լեզուն կը դառնայ երաժշտութիւն․ ան կը հնչէ վեհ ու լուսեղէն, կը հոսի անխռով ու մաքրամաքուր՝ նման լեռնային այն բիւրեղ աղբիւրին, որ ժայռերու ծոցէն կը բխի եւ կարկաչահոս իր ճամբան կը հունաւորէ՝ ոռոգելով հայ գրականութեան անդաստանը։ Ամէն էջ կը դառնայ կամովին կանգ առնելու պահ մը, շունչ քաշելու եւ խոկալու վայր մը, ուր նախադասութիւնները կը ծաղկին իրենց քաղցրաբոյր բովանդակ հմայքով։ Հոն բառերու եւ ապրումներուն միջեւ տրոհում չկայ․ անոնք կը միաձուլուին ու կը կազմեն ներդաշնակ ամբողջութիւն մը, ուր լեզուն կը շնչէ, իսկ հոգին կը խօսի։
Արշակուհի Թէոդիկ կազմած է նաեւ «Արդի բարոյագիտութիւնը»[3] խորագրով դասագիրք մը միջին եւ բարձրագոյն դասընթացքներու համար, որ հրատարակուած է Կ.Պոլիս, 1911 թուականին։ Այսպիսով ան կը հանդիսանայ այն առաջին հեղինակներէն մին, որ ընդհանրապէս Օսմանեան կայսրութեան մէջ նախաձեռնած է նման ձեռնարկի մը հրատարակութեան։ Բացի ընտիր յօդուածներէ, որոնք հրապարակած է ան Կ.Պոլսոյ ժամանակի հայկական անուանի թերթերէն ոմանց մէջ, ինչպիսիք են՝ «Մանզումէ», «Սուրհանդակ», «Բիւզանդիոն» եւ «Ժամանակ», Անգլիոյ մէջ՝ Սքարպորօ, «Ուեսթլենտ հայ սքուլ» (The Westlands School – Scarborough) աղջկանց գիշերօթիկ դպրոցը աւարտելէ ետք, ուսումը շարունակելու նպատակով անցած է Փարիզ։ Այս միջոցին ան իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերած է Իշխան Գուիտոն Լուսինեանի երկհատոր ֆրանսերէն-հայերէն բառարանի[4] պատրաստութեան, որ հրատարակուած է Փարիզ, 1900 թուականին։ Սակայն իր ամենամեծ ներդրումը եղած է իր ամուսնոյն՝ Թէոդիկի հրատարակած գրական ստեղծագործութիւններու յօրինման գործուն մասնակցութիւնը, ապա ոչ միայն ներշնչողը, այլեւ գոնէ մինչեւ 1920 թուականը եռանդուն աշխատակիցը «Ամէնուն տարեցոյց»-ներու հրատարակութեան, որոնք իրենց հանրագիտական տեսակին մէջ ցայսօր կը մնան գրեթէ անգերազանցելի։
Վերոնշեալ «Ամիս մը ի Կիլիկիա» հատորի ընթերցումէն ետք հոգիս այլեւս խաղաղ չէր։ Անշուշտ գիտէի, որ այս տաղանդաւոր գրագիտուհին իր կեանքի վերջին օրերը անցուցած էր Զուիցերիոյ լեռներուն մէջ՝ Լէյզին (Leysin) անունով փոքրիկ գիւղը, ուր ան 2 Յունուար 1922 թուականին թոքախտի պատճառով հրաժեշտ տուած էր կեանքին։ Այդ օրերուն Լէյզինը Եւրոպայի նշանաւոր առողջարանային կեդրոններէն մէկն էր։ Հազարաւոր թոքախտաւոր հիւանդներ կը փութային հոն՝ փնտռելով լեռնային մաքուր օդին եւ արեւուն բուժիչ զօրութիւնը։ Բայց այդ լեռները, որոնք շատերուն համար յոյսի ապաստան էին, ուրիշներու համար տարաբախտօրէն դարձած են իրենց կեանքի վերջին հանգրուանը։
Օրեր շարունակ ներքին հեւք մը, պատասխանատւութեան անօրինակ զգացում մը կը ճնշէր միտքս։ Հակառակ անոր, որ ես այդ Կիրակի սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին առանձնակի աղօթքիս մէջ յիշեցի զինք, բայց միեւնոյնն է, ներքուստ կը զգայի, որ այդ բաւարար չէր։ Ներսիդիս հնչող կոչ մը զիս կը մղէր դէպի լեռնային այն հեռաւոր գիւղը, որու գերեզմանատան մէջ կ’ենթադրէի, թէ կը գտնուի անոր շիրիմը։ Այս միջոցին խորապէս համոզուած էի, որ ես ինծի բնաւ պիտի չներէի, եթէ գէթ անգամ մը չերթայի Լէյզին եւ այնտեղի գերեզմանատան մէջ հողակոյտին վրայ հոգեհանգստեան պաշտօն մը կատարելով՝ չաղօթէի անոր յոգնաբեկ ոսկորներու յաւիտենական հանգստեան եւ հոգւոյն լուսաւորութեան համար։
Արդէն դուրս եկած էինք մայրուղի։ Սովորաբար Ժընեւէն դէպի Լէյզին ճամբան մէկուկէսէն մինչեւ երկու ժամ կը տեւէ։ Գիւղը կը գտնուի Ռոն (Rhône) գետի լայն հովիտին վերեւ՝ ծովու մակերեսէն շուրջ 1260 մեթր բարձրութեան, լեռներու արեւոտ դարաւանդի մը վրայ։ Բայց այդ օրը գոնէ ինծի համար ճամբան պարզ երթեւեկութիւն մը չէր։ Ան լուռ ու խորհրդաւոր ուխտագնացութիւն մըն էր՝ յարգանքի տուրք մը հայ գրողի մը շիրիմին, որուն սիրտը ազգին համար բաբախած էր եւ աչքերը փակած հայրենիքի ազատութեան երազով։
Բնութիւնը նոր կը զարթնէր իր ձմեռնային երկար քունէն։ Ճամբան մեղմ ու լուռ կը սահէր մուգ կանաչ անտառներուն միջով, ուր եղեւնիներու խէժոտ բոյրը կը խառնուէր գարնան թարմ ու կենարար օդին։ Լեռնային ոլորապտոյտ ճամբաներու բարձունքին երբեմն կը բացուէին լուսաւոր մարգագետիններ՝ ծածկուած երփներանգ ծաղիկներով, որոնք հեռուէն կը փայլէին փոքրիկ աստղերու պէս՝ ցանուած կանաչ, փափուկ գորգերու վրայ։
Զաւակներս զարմանքով դուրս կը նայէին պատուհանէն։ Անոնց աչքերուն մէջ այս բոլորը պարզապէս հաճելի զբօսանք մըն էր։
Լսեցի, թէ ինչպէ՛ս անոնք զուարթ կը խօսէին իրարու հետ։
– Թերեւս փիքնիքի կ’երթանք,– ըսաւ Գառնին։
– Կամ գուցէ լեռնային գիւղի մը ճաշարանին մէջ ճաշելու,– մեղմ ժպիտով աւելցուց կինս։
Ես լուռ մնացի։ Նախընտրեցի, որ անոնք շարունակեն ապրիլ իրենց անմեղ ենթադրութիւններուն մէջ, մինչ մեր ինքնաշարժը հետզհետէ կը մօտենար լեռնային գիւղին։ Նախապէս երբեք չէի եղած Լէյզին, ուստի չէի ճանչնար այն ճամբան, որ մեզ պիտի տանէր դէպի գիւղին գերեզմանատունը։ Անցորդի կամ տեղացի բնակիչի մը գերեզմանատան տեղը հարցնելէ առաջ, յարմար սեպեցի ինքնաշարժը պահ մը կայանելու Լէյզընի մուտքին մօտ գտնուող փոքրիկ կայանատեղին, որպէսզի ի վերջոյ կնոջս եւ երեխաներուս բացատրեմ մեր ճանապարհորդութեան առաջնահերթ նպատակը՝ միաժամանակ խոստանալով անոնց, որ այս ուխտագնացութենէն ետք միասին պիտի նստինք ճաշարան մը՝ համտեսելու զուիցերիական խոհանոցի սիրուած ուտեստներէն պանիրի համեղ ֆոնտիւն։ Դժգոհութեան որեւէ նշան չերեւցաւ։ Ընդհակառակը՝ լուռ ու պարզ համաձայնութիւն մը կար անոնց հայեացքներուն մէջ։ Ներքին ուրախութիւն մը զգացի՝ համոզուելով, որ ընտանիքս արդէն լաւ կը ճանչնար նախասիրութիւններս եւ կ’ընդունէր երբեմն իմ անակնկալ, բայց սրտէ բխած որոշումներս։
Լէյզին խաղաղ կը հանգչէր արեւոտ լեռնային դարաւանդի մը վրայ։ Հեռուն կարելի էր տեսնել անտառներու մութ զանգուածները, կանաչ դաշտերը եւ կապոյտ մշուշով պատուած Ալպեան հեռաւոր լեռնաշղթաները։ Բնականաբար, մենք միայն այդ գեղեցիկ տեսարանը վայլելու համար չէինք եկած։ Ուստի գիւղի նեղ ու խաղաղ փողոցներուն մէջէն դանդաղօրէն անցնելով՝ հասանք եւ կանգ առինք Լէյզընի գերեզմանատան դարպասին առջեւ, այն լուռ ու խորհրդաւոր վայրին, ուր շուրջ դար մը առաջ իր վերջին հանգիստը գտած էր այն զգայուն հոգին, որուն գիրքը կրկին անգամ խորապէս յուզած եւ Կիլիկիոյ հայութեան համար իր ապրած ցաւերով ճմլած էր սիրտս։
Դանդաղ քայլերով ներս մտանք։ Գերզմանատունը ունէր նոր եւ ընդարձակ բաժին մը՝ բազմաթիւ հողակոյտերով եւ շիրմաքարերով։ Մենք ուղղուեցանք գերեզմանատան հին բաժինը, ուր հաւանական կը կարծէի գտնելու Արշակուհի Թէոդիկի շիրիմը։ Բայց այստեղ եւս տարածքը բաւական ընդարձակ էր՝ ծածկուած հարիւրաւոր գերեզմաններով եւ շիրմաքարերով, համեստ խաչերով կամ մաշած քարակոթողներով, որոնցմէ շատերուն վրայ ժամանակը մեղմօրէն ջնջած էր հանգուցեալներուն անուններն ու թուականները։ Ծառերուն տերեւները հազիւ կը շարժէին գարնան թեթեւ հովին տակ, եւ այդ լռութեան մէջ կը թուէր, թէ բնութիւնը ինք եւս յարգանքով կը պահէր այս վայրին խորհրդաւորութիւնն ու խաղաղութիւնը։
Կիրակի էր՝ ոչ-աշխատանքային օր մը, ուստի գերեզմանի պաշտօնեաներէն ոչ ոք կը գտնուէր հոն, որոնցմէ ոեւէ մէկուն դիմելով գուցէ կարենայի ունենալ որոշակի տեղեկութիւն Արշակուհի Թէոդիկի շիրիմին վերաբերեալ։ Մեր որոնումներուն դրական արդիւնք մը ապահովելու նպատակով որոշեցինք չորսով՝ իւրաքանչիւր ոք հին գերեզմանի տարածքի հիւսիսային, հարաւային, արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերը երթալ, եւ այդպէս շարժելով դէպի կեդրոնական մասը՝ շարունակել մեր փնտռտուքը։
Սկսանք ուշադիր կարդալ շիրիմներուն վրայ փորագրուած անունները, թէկուզ գտնել հայկական խաչի մը նշանը, որ արդէն ստոյգ ցուցանիշ մը պիտի ըլլար մեր փնտռած գերեզմանին։ Ամէն քարի վրայ կարծէք թաքնուած էր կեանքի մը պատմութիւնը՝ հեռու երկիրներէ եկած հիւանդներու կամ անծանօթ ճամբորդներու համառօտ կենսագրութիւնը, որոնք իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած էին այս լեռներու լռութեան մէջ։
Ժամերը սահեցան եւ վերջալոյսը սկսաւ հետզհետէ նուաղիլ լեռնաշղթային ոսկենշոյլ պաստառին վրայ։ Արեւի ջերմ ճառագայթներու հիւծումին հետ զգալի դարձաւ ցուրտը, իսկ մենք ինչքան ալ եռանդուն ճիգ կը գործադրէինք հասնելու համար մեր նպատակին, միեւնոյնն է, մեր ջանքերը մնացին ապարդիւն։ Արշակուհի Թէոդիկի անունը ոչ մէկ քարի եւ խոնարհած ոչ մէկ խաչի վրայ կարելի եղաւ գտնել։ Այդ պահուն զգացի, թէ ինչպէ՛ս լեռներու խոր լռութիւնը կը ծանրանար սրտիս վրայ եւ անճրկած ըլլալու շփոթ մը կը համակէր էութիւնս։ Կը ջանայի մնալ լաւատես, որովհետեւ միեւնոյն ատեն համոզուած էի, որ թէեւ շիրիմը կարելի չեղաւ գտնել, սակայն անոր աճիւնացած մարմինը տակաւին կը հանգչէր այս հողին մէջ, այս լեռներու խաղաղութեան տակ։ Հետեւաբար կանչեցի կինս եւ զաւակներս եւ մենք կեցանք Լէյզինի հին գերեզմանատան մէջտեղը՝ աղբիւրակի կողքին։ Բացատրեցի, որ թէպէտ ժամանակը քայքայումի իր բռնաւոր օրէնքով ջնջած է այն նշանները, որոնք պիտի վկայէին իր գերեզմանին գոյութիւնը, այնուամենայնիւ իր աճիւնէն անկորնչելի մաս մը մնացած ըլլալու էր հոն՝ խառնուած այն հողին, որուն վրայ կը գտնուէինք։ Մենք եկած էինք աղօթքով յարգելու յիշատակը այն կնոջ, որ իր գրիչով երբեմն ձայն տուած էր ամբողջ ժողովուրդի մը ցաւերուն։
Քահանայական ծառայութեանս երկար տարիներուն յուղարկաւորութիւններու առթիւ բազմիցս երգած էի հոգեհանգստեան շարականները եւ արտասանած «Հոգւոցն հանգուցելոց» աղօթքը։ Բայց այդ օրը, Լէյզինի լեռներու սրբազան վեհութեան մէջ, անոնք կարծես նոր իմաստ եւ ջերմեռանդ խորհրդաւորութիւն մը ստացան։ Երբեք մինչ այդ այդքան սրտառուչ ու գեղեցիկ չէին հնչած այդ շարականները, եւ երբեք այդքան ներշնչումով ու խորազգած չէի արտասանած հոգեհանգստեան այն աղօթքը, ինչպէս այդ պահուն։ Այդ խորհրդաւոր լռութեան մէջ մահուան տիեզերական եւ անխուսափելի օրէնքը աւելի խոր կերպով կը բացուէր գիտակցութեանս առջեւ՝ յիշեցնելով, թէ ան մշտապէս կը քալէ իւրաքանչիւրիս գոյութեան հետ, ան մեր մէջ կը գտնուի մեր ծննդեան իսկ օրէն՝ սկիզբէն մինչեւ վախճանը, իր անտեսանելի, բայց պարտադիր ներկայութեամբ։
Ընթրիքէն ետք, երբ տուն կը վերադառնայինք, ճամբուն երկայնքին կը մտածէի, թէ չի կրնար ըլլալ, որ բծախնդիր ու կարգապահ զուիցերիացիներուն քով արձանագրութիւն մը պահպանուած չըլլայ Արշակուհի Թէոդիկի մասին, երբ հայ գրականութիւնը բազմիցս կը վկայէ, որ ան 1920 թուականին Կ.Պոլսէն մեկնած է Լօզան, ապա՝ Լէյիզին, ուր, ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ, կը գտնուէին թոքախտաւորներու համար նախատեսուած հռչակաւոր առողջարանները։ 1890-ական թուականներէն սկսեալ Լէյզինի մէջ հիմնուած էին բազմաթիւ առողջարաններ, որոնց թիւը մինչեւ 1940-ական թուականները կը հասնէր ութսունի, ուր միաժամանակ կը բուժուէին շուրջ 3500 հիւանդներ։ Հետեւաբար անկարելի էր, որ արձանագրութիւն մը եղած չըլլար իր կեցութեան բուժարանին, ի վերջոյ, մահուան եւ թաղման պարագաներուն մասին։
[1] Արշակուհի Թէոդիկ, «Ամիս մը ի Կիլիկիա – Կցկտուր նօթեր», տպ. Վ. Եւ Հ. Տէր-Ներսէսեան, Կ.Պոլիս, 1910, 213 էջ։
[2] Հմմտ. Թէոդիկ, «Ամէնուն տարեցոյցը», ԺԷ. տարի, տպ. Մ. Յովակիմեան, Կ.Պոլիս, 1923, էջ 12։
[3] Տե՛ս Թէոդիկ, Արշակուհի, «Արդի բարոյագիտութիւնը (Միջին եւ բարձրագոյն Ա. դասընթացք)», հրտ. Յ. Գըլըճեան գրատուն, Կ.Պոլիս, 1911, 230 էջ։
[4] Լուսինեան, Գուիտոն, «Նոր բառագիրք, պատկերազարդ, ֆրանսահայ», Typographie Morris Père et Fils, Փարիզ, 1900։

