Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ձայներ Հալէպէն – 2 (արձագանգ սուրիահայ կեանքի)

 Լ. Շ.

March 19, 2026
in Գաղութային
0
Ձայներ Հալէպէն – 2 (արձագանգ սուրիահայ կեանքի)

ՀԱԼԷՊԻ Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի կեդրոնին կից՝ Քրիստոսի եկեղեցւոյ մէջ, 26 Փետրուարին, Մեծ Պահոց առթիւ սարքելի լսարանի մը ծիրով՝ դասախօսութիւն մը տուած է Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան։ Ներկայ եղած են մեծաթիւ տիկիններ եւ օրիորդներ։ Երիտասարդ քահանան, որ բնիկ հալէպցի է, բայց քանի մը տարիէ իվեր կայք հաստատած է Հայաստան, հրահանգիչ բացատրութիւններ տուած է պահքի իմաստին ու զայն ճիշդ կերպով կիրարկելու օրէնքներուն մասին։

Ան շեշտած է որ պահեցողութեան նպատակը սնունդէ հրաժարիլը չէ, այլ հոգեպէս զօրանալն ու հոգեւոր զարթօնքի մը մատչիլը։ Նշենք, որ Ճինիշեան բարեսիրական հիմնարկութիւնը այս տարի կը բոլորէ իր 60-ամեակը (կեանքի կոչուած է 1966-ին)։ Այս առթիւ, «Գանձասար» շաբաթաթերթին հետ կատարուած հարցազրոյցի մը մէջ, հիմնարկութեան այժմու տնօրէնուհին՝ Լանա Պոյնարեան-Մալաքեան, բացատրած է որ Վարդան Ճինիշեանի կտակով հիմնուած այս հաստատութեան «հիմնական նպատակն ու առաքելութիւնն է օգնել կարօտեալ հայորդիներուն՝ առանց համայնքային կամ այլ խտրութեան, զանոնք չքաւորութենէ եւ յուսալքումէ առաջնորդելով դէպի արժանապատիւ կեանք»։

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի գործադիր մարմինը, 27 Փետրուարին, կազմակերպեր է արտասովոր ու աննախընթաց ձեռնարկ մը՝ Abaya night։ «Ապայա»-ն արաբական աւանդական լայնափէշ տարազն է, որ կը հագցուի մասնաւորաբար գաւառային աւանդապահ շրջաններու մէջ։ Այդ օր, Հ.Ե.Ը.-ի տղաքը ուզած են վերապրեցնել արաբական տոհմիկ բարքերն ու կենցաղը ու իրենց ակումբին մէջ երգել, պարել, զուարճանալ, ուտել-խմել՝ զուտ արաբական սովորութիւններով…։

«Եագուպեան» ակումբը այդ գիշեր զգեցած է տարբեր յարդարանք մը. գետինը ծածկուեր է գորգերով ու արաբական կարպետներով, պատերուն եզերքը զետեղուեր են բազմոցներ ու բարձիկներ, բերուեր են արաբական ազգային հին նուագարաններ, բայց ինչ որ ամէնէն ուշագրաւն ու «պարտադիր»-ն է՝ ամէն ոք (այր թէ կին) իր ուսին առեր է արաբական «ապայա» մը…։ Ներկաները անցուցեր են անմոռանալի ու «կախարդական» գիշեր մը…։

ՀԱԼԷՊԻ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Նոր Գիւղ), 27 Փետրուարին, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի դաստիարակչական յանձնախումբին հրաւէրով դասախօսութիւն մը տուած է նոյն եկեղեցիին հովիւը՝ Տ. Մաշտոց աւ. քհնյ. Արապաթլեան, ներկաներուն ծանօթացնելով Ժ. դարու հռչականուն սուրբը՝ Գրիգոր Նարեկացին։  Բացման խօսք արտասանած է Սոնա Չալօղլեան՝ անդրադառնալով Մեծ Պահոց շրջանին հոգեւորապէս կազդուրուելու անհրաժեշտութեան։

Դասախօս քահանան անդրադարձումներ կատարած է թէ՛ Նարեկացիի կեանքին ու վաստակին, թէ՛ ալ անոր նշանաւոր «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրքին մասին։ Ձեռնարկին փակման խօսքը արտասանած է Ս.Օ.Խ.-ի շրջանային վարչութեան ատենապետուհին՝ Զեփիւռ Գէորգեան։

ՀԱԼԷՊԻ «Եսայեան» հանդիսասրահին մէջ, 28 Փետրուարին, ընթացիկ եղանակի իր առաջին ելոյթը ունեցած է Համազգայինի «Շուշի» պարախումբը։

Տարիքային երեք խմբաւորումներու բաժնուած՝ «Շուշի»-ի անդամները հրամցուցած են մէկուկէս տասնեակի չափ պարեր, գունագեղ ու հմայիչ տեսարաններ պարզելով բեմին վրայ։ Խումբին գեղարուեստական ղեկավարներն են Ալիսա Լախոյեան եւ Լիլիթ Նալպանտեան։

ՃԷԶԻՐԷԻ (նստավայրը՝ Գամիշլի) հայոց առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան, 2 Մարտին, ազգային իշխանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան մը ուղեկցութեամբ այցելած է Հասիչէ (Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան ծայրամասի նահանգը՝ համանուն քաղաքով), շնորհաւորելու համար նորանշանակ նահանգապետը։

Այցը կարեւոր կը նկատուի, քանի որ Ռաքքայի ու Տէր Զօրի նահանգներէն ետք, ի վերջոյ, անցնող շաբաթներուն սուրիական բանակը յաջողած էր համաձայնութեան մը յանգիլ քրտական անօրինական զինեալ ուժերուն հետ ու անոնց միջնաբերդը նկատուող Հասիչէի նահանգը եւս ամբողջութեամբ առած էր կեդրոնական պետութեան հովանիին տակ։ Լեւոն վրդ. նախ ժամանած է Հասիչէի ազգային վարժարանը, ուր հանդիպում մը ունեցած է տեղւոյն թաղականութեան հետ։ Այնուհետեւ հայ պատուիրակութիւնը ուղղուած է նահանգապետարան, ուր ջերմօրէն դիմաւորուած է նահանգապետ Նուրէտտին Ահմատի եւ ներքին ապահովութեան պատասխանատու Մահմուտ Խալիլի կողմէ։ Փոխանակուած են բարեմաղթանքներ եւ հայ գաղութին զօրակցութիւնը յայտնուած է պետական իշխանութեանց շինիչ քայլերուն։ Նշենք, որ նշանակեալ նահանգապետը ծագումով քիւրտ բնիկ գամիշլիցի քաղաքական գործիչ մըն է, բարձր պաշտօններ վարած էր «Քասատ»-ի ղեկավար դիրքերուն վրայ, սակայն ջերմ կողմնակից մըն էր Դամասկոսի կեդրոնական իշխանութեանց հետ համախոհական լուծումի տեսակէտին։

ՏԷՐԻՔԻ (Հասիչէի նահանգ, Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան ծայրամասը, իրաքեան սահմանին մերձ) հայ փոքրաթիւ գաղութը, հակառակ քաղաքական ելեւէջներուն եւ բազմաբնոյթ դժուարութեանց՝ իր եկեղեցիին ու դպրոցին հովանիին տակ կ՛ապրի համայնքային համեստ կեանք մը։ Ճեզիրէի ազգ. փոխանորդարանը իր ուշադրութեան կիզակէտին տակ կը պահէ Տէրիքը, որ այսօրուան պայմաններուն մէջ՝ Գամիշլիէն ետք կը նկատուի երկրորդ հայաբնակ շրջանը Ճէզիրէի տարածքին։

Մեծ Պահոց Տնտեսի Կիրակիին՝ 8 Մարտին, Գամիշլիէն Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան այցելած է Տէրիք։ Ան պատարագած ու քարոզած է տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (եկեղեցին մնայուն հովիւ չունի։ Տ. Պսակ բովանդակ Ճէզիրէի շրջանի միա՛կ քահանան է)։ Նոյն օրը յետմիջօրէին Տէրիք ժամանած է նաեւ Ճէզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան, որ նախագահած է երեկոյեան ժամերգութեան եւ հսկումին։ Հոս պարզուած է գնահատելի եւ յուզիչ պատկեր մը՝ երբ Տէրիքի կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները հերթաբար ու մեծ համբերութեամբ ընթերցած են Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքը…։ Հ. Լեւոն գնահատած է Տէրիքի բնակչութեան տոկուն հաւատքը եւ շեշտած պահեցողութեան կարեւորութիւնը։

ՌԱՔՔԱ (Հալէպէն 160 քմ դէպի արեւելք) այցելած է, 10 Մարտին, առաջին անգամ ըլլալով, Բերիոյ Թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, շնորհաւորելու համար քիւրտ ապօրինի խմբաւորումներու լուծէն նորերս ազատագրուած քաղաքին նորանշանակ նահանգապետը։ Սրբազան հօր ընկերակցած է ազգ. իշխանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը։

Ռաքքայի նահանգապետարանի լրատուական կայքէջը լայնօրէն արձագանգ հանդիսացած է այս այցին։ Նահանգապետ Ապտիւլ Ռահման Սալամէ (որ հանրապետութեան նախագահ Ահմէտ Շարաայի մօտիկ գործակիցներէն եղած է անցեալին) ջերմօրէն ողջունած է հայ ներկայացուցիչները։ Սրբազան հայրը նահանգապետին անձին ընդմէջէն շնորհաւորած է իսլամ հայրենակիցներուն Ռամազանի (ծոմապահութեան) ամիսը եւ մաղթած որ քաղաքին ազատագրումով՝ ապահովութեան, անդորրութեան եւ վերաշինութեան շրջան մը կը սկսի Ռաքքայի համար։ Նշենք, որ Եփրատի արեւելեան ափին գտնուող այս քաղաքին մէջ ներկայիս հայեր չեն ապրիր, քանի որ սուրիական պատերազմի շրջանին անիկա բոյն դարձած էր ծայրայեղ իսլամիստ ահաբեկչական խմբաւորումներու, ինչ որ պատճառ դարձած էր որ բնակչութեան կարեւոր մէկ տոկոսը խոյս տայ քաղաքէն։ Անկէ առաջ, սակայն, 1920-ական թուականներէն, Ռաքքան միշտ ալ ունեցած էր հայ փոքրաթիւ գաղութ մը՝ եկեղեցիով ու դպրոցով։

ԳԱՄԻՇԼԻԻ Համազգայինի նախաձենութեամբ, 11 Մարտին, դասախօսութիւն մը տուած է Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան, «Քրիստոնէական բարոյագիտութեան հիմքերը» վերնագրով։ Ան բացատրած է որ նշեալ հիմքերը ունին երեք յենակէտեր՝ Ս. Գիրքը, աւանդութիւնը եւ մարդկային բանականութիւնը։ Ասոնցմէ առաջինը կը ներշնչէ մեզ, երկրորդը՝ ճամբայ ցոյց կու տայ, երրորդն ալ կ՛օգնէ չարը բարիէն զանազանելու հարկադրանքին։

ՀԱԼԷՊԻ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի «Ադամեան» թատերախումբը, Մարտի կէսերուն, միութեան հանդիսասրահին մէջ վարագոյր բացած է իր 101-րդ թատերախաղին, որ կը կոչուի «Երջանիկ մարդու անցեալը»։ Պէյրութէն Վաչէ Ատրունիի հեղինակութիւնն եղող փիէսը բեմադրուած է նոյնինքն հեղինակին ղեկավարութեամբ։

Հանդիսատեսները յուզումով դիտած են փիէսը, տրուած ըլլալով որ ան հարազատ պատկերներ կը փոխանցէր մեր առօրեայէն։ Հոն լուսարձակ բացուած էր հայ ընտանիքի մը վրայ, ուր երեք չափահաս զաւակներ տեւաբար կը խուսափին իրենց հիւանդ հայրը խնամելէ ու կ’աշխատին զայն յանձնել անկելանոցի մը կամ ծերանոցի մը հոգածութեան…։ Իսկ հիւանդ ծերունին կ’որոշէ զրկել իր որդիները հօրենական ժառանգէ ու առ այդ` կտակով մը իր ամբողջ հարստութիւնը կը փոխանցէ Անասուններու Պաշտպան Միութեան…։ Փիէսին դերերը մարմնաւորած են բժ. Սմբատ Երէցեան, Արմէն Ստամպուլեան, Սէրլի Գուզուեան, Ճորճ Համամճեան, Յովիկ Քէշիշեան եւ Զեփիւռ Նալպանտեան։

Share68Tweet42
Previous Post

Գաղութային Առօրեային Մէջ Նշմարուող Ցաւալի Իրականութիւններ…

Next Post

Անմոռանալի Ձայն Մը Ալպեան Լեռներու Լռութեան Մէջ (Արշակուհի Թէոդիկի յիշատակին)

Next Post
Անմոռանալի Ձայն Մը Ալպեան Լեռներու Լռութեան Մէջ (Արշակուհի Թէոդիկի յիշատակին)

Անմոռանալի Ձայն Մը Ալպեան Լեռներու Լռութեան Մէջ (Արշակուհի Թէոդիկի յիշատակին)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.