Ռընէ Տեքարթ , որ 17-րդ դարու առաջին կէսին ապրած է, ներկայ գտնուած է գիտական արագ նուաճումներու շրջանին։ Բծախնդիր դիտարկումի եւ հետեւութեան վրայ հիմնուած բանականութիւնը, ինչպէս նաեւ փորձարկութեան կիրարկումը անբաղդատելի գիտական գործիքներ հանդիսացած են այդ շրջանին։ Տեքարթի համար գիտութիւնը ամէն բանէ առաջ մեր աշխարհը ըմբռնելու եւ ճանչնալու միջոցն է։ Ասոր համար մտածել անհրաժեշտ է, ուրկէ ծագում կ՛առնէ անոր այնքան ընդհանրացած բանաձեւը․ «կը մտածեմ, ուրեմն կա՛մ» (cogito, ergo sum):
Այս վերջինը Տեքարթի փիլիսոփայութեան 1637 թուականին լոյս տեսած «Կարգաւորման ատենախօսութիւն» (Discours de la méthode) երկասիրութեան հիմնական գաղափարը կը ներկայացնէ։ Այս բանաձեւը հիմնական յայտնաբերում մը կ՛ամփոփէ․ մտածող անհատին գոյութեան հաւաստիքը։ Տեքարթ բացարձայապէս աներկբայ ճշմարտութիւն մը կ՛որոնէ, այսինքն ճշմարտութիւն մը, որ կասկած չի վերցներ։ Այս ուղղութեամբ ան խստականոն կասկածը ի գործ կը դնէ, ուրիշ խօսքով՝ ան ամէն ինչ կասկածի տակ կ՛ընկալէ։ Ան կը կասկածի․
–զգայարաններէն,որովհետեւ անոնք կրնան սխալեցնել,
–արտաքին աշխարհէն, որ կրնայ ներկայանալ իբրեւ խաբէութիւն,
– տրամաբանութենէն, որովհետեւ ան կրնայ սխալիլ:
Իբրեւ եզրակացութիւն, կասկածը մտածելու ձեւ մըն է, հետեւաբար եթէ կը մտածէ, անհրաժեշտօրէն ան պարտի գոյութիւն ունենալ, գոնէ որպէս մտածող էութիւն, ուրկէ՝ «կը մտածեմ, ուրեմն կա՛մ»։
Իր հեղինակած «բնազանցական խոկումներ» (Méditations métaphysiques) գործը էութիւնը եւ իրականութիւնը ուսումնասիրող ամենաամբողջական եւ ամենալուրջ փիլիսոփայական աշխատութիւնն է։ Ան այս երկին մէջ բնութեան ուսումնասիրութեան ընդմէջէն գիտելիքներու սահմանները կ՛որոշէ։ Տեքարթի համաձայն մենք խաբէական (illusoire) աշխարհի մը մէջ կ՛ապրինք ։ Կարելի՞ է, որ աշխարհը զոր կը ճանչնանք, խորքին մէջ խաբէութիւն մը եղած ըլլայ։ Տեքարթն է, որ փիլիսոփայութեան մէջ «կասկած»-ը մտցուցած է։ Սակայն այս կասկածը «կարգաւոր կասկած» (doute méthodique) մըն է։ Անոր նպատակն է ապացուցել, որ եթէ նոյնիսկ բացարձակ սկեպտիկ (sceptique) դիրքորոշում իւրացնենք, ուրիշ խօսքով՝ կասկածինք ամէն ինչէ, կարելի է հասնիլ ծանօթութեան էութեան։
Ամէն ինչէ մեթոտաւոր ձեւով կասկածող Տեքարթ, իր խորհրդածութեանց աւարտին կը հասնի այն արդիւնքին, թէ կայ ստոյգ իրողութիւն մը, որմէ կասկածիլ անկարելի է․ իր իսկ գոյութիւնը, իր սեփական գոյութիւնն է ան։ Այս ուղղութեամբ ամէն ոք կարող է ըսել․ «ես եմ, ես կամ»։ Այս է ուրեմն, որ Տեքարթին ըսել կու տայ․ «կը մտածեմ, ուրեմն կա,մ»։
Տեքարթ ուզած է փիլիսոփայութեան ներմուծել մաթեմաթիկայի ճշգրտութիւնն ու ստուգութիւնը, գիտելիքները բանական հիմերու վրայ կառուցանելու նպատակաւ։ Ան մարմինը եւ ոգին զատորոշած է։ Անոր համար մարմինը եւ ոգին երկու տարբեր հասկացութիւններ են, առաջինը` նիւթական, երկրորդը՝ վերացական, այսուհանդերձ երկուքը կարող են հաղորդակցիլ։
Յամենայնդէպս, Տեքարթի մտածողութեան խստութիւնն ու ճշգրտութիւնը, ինչպէս նաեւ իր որեւէ իրողութեան ի յառաջագունէ չյանձնուելու վճռականութիւնը անոր գիտական եւ փիլիսոփայական ժառանգութիւնը կը հանդիսանան։

