«Խանդավառուած մթնոլորտէն, ժողովուրդին բուռն փափաքին ընդառաջելով» (հայկական պարահանդէսներուն քլիշէ եղած արտայայտութիւն մը), շարունակենք բժիշկներուն հետ մեր երթը:
Հայերէնը կը պաշտէի, արաբերէնը կը սիրէի: Երկրորդական վարժարանի աշակերտ, ամէն օր կը ստանայի լիբանանեան ամէնէն նշանաւոր օրաթերթը՝ «Ալ-Նահար»:
Ունեցանք ուսուցիչ մը, որուն պատճառաւ ես եւ իմ սերնդակից դպրոցի ընկերներէս շատերը ատեցին արաբերէնը: Ամէն մէկս իր սիրած տարողութեան չափով ԱՏԵ՛Ց արաբերէնը: Առանց կմկմալու, ամենայն լկտիութեամբ, դասարանին մէջ կը յայտարարէր. «Ով որ կը վճարէ, կը յաջողի»:
Տարիներ ետք իմացանք թէ համալսարանական կեղծ վկայականներու առեւտուրով ալ կը զբաղի (եղեր):
Որոշ ժամանակ մըն ալ, լիբանանեան խորհրդարանի երեսփոխանական թեկնածու անգամ եղաւ:
Դասարանին 30-35 աշակերտներէն հազիւ քանի մը հոգին կը յաջողէին, կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել՝ թոյլ կու տար որ յաջողէին: Գիտէինք թէ դիտումնաւոր ձախող նիշ կու գար, որպէսզի տղաքը դասապահերէն ետք ստիպուին վճարովի յաւելեալ իր դասընթացքներուն հետեւիլ: Տասնեակներով կ’ըլլային սերտողութեան մնացողները: Իսկ մե՞նք, համեստ դասակարգի ուսանողներս, ի՞նչ յաւելեալ դաս, ի՞նչ վճարում: Մենք մեր դպրոցական հիմնական պարտաւորութիւններն անգամ լիովի չէինք կրնար կատարել, ուր մնաց յաւելեալը: Նմաններս դատապարտուած էինք ձախողելու:
Լեզուն գլխաւոր բանալին է բոլոր այլ դասընթացքներուն: Շատ-շատերուս համար ճակատագրական եղաւ իր այդ կեղտոտութիւնը: Բա՜յց… բա՛յց, ունեցաւ բժիշկ զաւակներ, որոնք ԵՐԲԵ՛Ք ալ կապ չունեցան իրենց հօր դրամասիրութեան կամ դրամապաշտութեան հետ: Երբ իրենց մօտիկ բարեկամի մը ծանօթին-ծանօ՛թ անձնաւորութիւն մը ներկայանար կտրուկ կերպով կը մերժէին այցեգինը գանձել:
Դրամապաշտ հայր ալ եղած էր, աչքը կուշտ, գովասանքի եւ օրհնութեան արժանի բժիշկ զաւակներ ալ:
Այնճարի հիւղաւան ու մայր:
Մտերիմ մօտիկ բարեկամի մը մօր պարագան է այս անգամ: Շաքարախտ, արեան գերճնշում, յօդացաւ, մաղձաճարպի (cholesterol) եւ այլ հիւանդութիւններու տէր: Հին սերունդի պատկանող, տիպար գանգատիլ-դժգոհիլ չգիտցող մայր մը: Դրացիներէն մին է որ կը կապուի Պէյրութ բնակող զաւկին հետ, տեղեկացնելու համար, որ մօրը ֆիզիքական վիճակը բաւականին յոգնած կը թուի ըլլալ:
Ուժասպառ, անզօր վիճակի մէջ, զինք կը փոխադրեն Պէյրութ, ուղղակի հիւանդանոց, յետոյ մէկ այլ հիւանդանոց, բժիշկէ-բժիշկ: Ըստ ընկալեալ սովորութեան կը կատարուի քննութիւններ քննութեանց: Բժշկապետին եզրակացութիւնը՝ վիրահատութիւն, որ արժէ տասը հազար տոլար:
Գումարը ապահովելը անկարելի: Ո՛չ պետական, ոչ ալ անձնական ապահովագրութիւն: Ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս դուրս գալ վիրահատութիւն ընել-չընելու երկսայրի ընտրութենէն: Մտահոգ, քունը կորսնցուցած է մեր բարեկամը:
Հիւանդանոցի հիւրասրահը առանձինն նստած, խորասուզուած, թաղուած է իր մտածումներուն եւ խոկումներուն մէջ: Իրեն կը մօտենայ նորաւարտ, փորձարական շրջանի մէջ եղող իրաքահայ երիտասարդ բժիշկ մը. «Ձեր մայրը մտահոգիչ լուրջ նորութիւն մը չունի, ոչ ալ վիրահատութեան կարիքը: Վայրկեան առաջ այս հիւանդանոցէն դուրս տարէք զինք»:
Կուտակուած ծախքերուն գումարը երեք հազար տոլարը անցած է արդէն: Կ’որոշեն Զահլէ փոխադրել զինք: Զահլէի հիւանդանոցի բժիշկները, շաքարի բովանդակութեան եւ արեան ճնշումը հաւասարակշռելէ ետք կ’ուղարկեն տուն: Մեր այնճարաբնակ տիպար մայրը երեք տարի եւս ապրելէ ետք միայն աւանդած էր հոգին:
Տասը հազար տոլարնոց, անտեղի վիրահատութեան կարիքը տեսնող «բժիշկ» ալ կար, փափուկ սրտով բարեխիղճ իրաքահայ բժիշկ ալ:
Չերկարենք այլեւս:
Չմանրամասնենք այն մանկաբարձ բժիշկներուն մասին, որոնք, իրենց հանգիստն ու հաճոյքը չզոհելու համար, կանխաւ կ’որոշեն ու կը «պարտադրեն» մայրութեան շեմին եղող տիկիններուն կայսերական վիրահատութեամբ կատարել ծննդաբերութիւնը, հեռու բնական պտղաբերումէ:
Չխօսինք բժիշկներու մասին, որոնք սխալ դեղեր յանձնարարելով պատճառ կ’ըլլան արեան ճնշման բարձրացումին, դուռ բանալով ճակատագրական ժխտական արդիւնքներու:
Մանրակրկիտ տեղեկութիւններով չյիշենք մանկամարդուհիի մը ու իր ծնողքին պարագան, որոնք, երկու տարի պատէ-պատ զարնուելէ ետք, կ’իմանան թէ եղածը պարզ հոգեկան ճնշումի (stress)-ի արդիւնք է:
Աղիքներու պարզ ցաւ ունեցող հիւանդին համոզող այն բժիշկը, որ վիրահատէ կուրաղիքը, նկատի ունենալով, որ ծախքը ապահովագրական ընկերութիւնն է որ պիտի հոգայ:
Մահացող այն սրտաբան բժիշկը, որ վերջին վայրկեաններուն աղաչած էր իր արհեստակից (արդեօ՞ք մրցակից) սրտաբան ընկերոջ, որ այդ երրորդ ասեղը սրսկած չըլլայ: Մասնագիտութեան տէրն ըլլալուն, վստահ գիտցած էր, թէ այդ «երրորդը» անդի աշխարհ պիտի տանի զինք:
Չմոռնանք նաեւ այն նշանաւոր տարրալուծարանը, որ արեան սխալ արդիւնքներու հիման վրայ, յղի որակած էր քահանայ հայր մը:
Շունչ մը առնենք:
Պիտի շարունակենք մեր յօդուածաշարքը, բժիշկներուն առջեւ գլխարկ խոնարհիլ տուող երկու դրուագներով, բայց աւարտենք ու փակենք կարգ մը բժիշկներուն մօտ գոյութիւն ունեցող զգայացունց եւ անընդունելի պատկերով մը:
Սպասեցէ՛ք, շատ շուտով կը հանդիպինք:
Կարդացէք նաեւ այս յօդուածաշարքին նախորդ յօդուածները.
ԱՍՏՈՒԱԾ ՓՐԿԷ՛ ԵՒ ՀԵՌՈՒ ՊԱՀԷ «ԲԺԻՇԿ»ՆԵՐԷՆ («Արարատ», 19 Փետրուար 2026)
«ԲԺԻՇԿ» ԿԱՅ, ԲԺԻՇԿ ԱԼ ԿԱՅ («Արարատ», 26 Փետրուար 2026)

