Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հայ Ինքնութեան Եւ Լեզուի Պահպանման Նուիրուած Երեկոյ Գահիրէի Մէջ

March 17, 2026
in Մշակութային
0
Հայ Ինքնութեան Եւ Լեզուի Պահպանման Նուիրուած Երեկոյ Գահիրէի Մէջ

Շաբաթ, 7 Մարտ 2026-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հելիոպոլսոյ (Գահիրէի) «Պըլըքտանեան» սրահի մէջ, Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանին կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Եգիպտոսի Հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանի, տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ՝ նուիրուած Արաբական Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի՝ «Հայկական ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս» հատորի ներկայացումին։

Յայտագրի բացման խօսքը կատարեց տիկին Շաքէ Մարգարեան, որ բովանդակալից կերպով ներկայացուց դոկտ. Հրայրի բազմամեայ ու բազմաշերտ գործունէութիւնը։ Ան առանձնայատուկ կերպով մատնանշեց հեղինակին նուիրումը հայապահպանման գործին, մայրենի լեզուի պահպանման եւ Սփիւռքի տարբեր օճախներու մէջ հայ կեանքի ու մշակոյթի կենսունակութեան փաստագրման։

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ գիրքի խմբագիրն ու համադրողը՝ դոկտ. Արտա Պոյնէրեան-Ճէպէճեան։ Որպէս ընկերալեզուաբանութեան դոկտոր, ան խորացաւ հատորի ստեղծման դրդապատճառներուն եւ անոր կառուցուածքային առանձնայատկութիւններուն մէջ։ Դոկտ․ Արտան ահազանգային, բայց եւ յուսադրող շեշտադրումներով խօսեցաւ արեւմտահայերէնի պահպանման հրամայականին մասին։ Ան ընդգծեց, որ լեզուն սոսկ հաղորդակցութեան միջոց չէ, այլ՝ լեզուամտածողութիւն, որ պէտք է ամէն գնով փոխանցել նոր սերունդին՝ դիմագրաւելու համար համաշխարհայնացման բերած լեզուական եւ մշակութային ձուլման վտանգները։

Երեկոյի առանցքային պահը ինքնին հեղինակի՝ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի ելոյթն էր։ Ան ներկաներուն հետ բաժնեկցեցաւ հետաքրքրական զրոյց-քննարկում մը՝ «Հայ ըլլալու ընտրութիւնը համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ» խորագրով։ Հեղինակը անդրադարձաւ իր հեղինակած հայակերտումի երեք հատորներուն, որոնք կը հանդիսանան Սփիւռքի հայու կեանքի իւրայատուկ հայելին, սփիւռքահայութեան կեանքի առանձնայատկութիւններուն, հայապահպանումին, ազգային պատկանելիութեան, երկքաղաքացիութիւն ունեցող անհատներու մտածելակերպին, անհատի մը բազմաշերտ ինքնութեան եւ այլ խնդիրներու:  Իր խօսքին մէջ ան շեշտեց, որ այսօր հայ մնալը գիտակցուած ընտրութիւն է, որ կը պահանջէ կամքի ուժ, տեսիլք եւ անսպառ յոյս։

Զրոյցէն ետք տեղի ունեցաւ քննարկում եւ հարց-պատասխանի բաժին։

Հանդիսութեան աւարտին իր Հայրական պատգամը փոխանցեց Եգիպտոսի Հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանը։ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի տասնամեակներու վաստակը, զայն որակելով որպէս «տագնապող մտաւորականի եւ նուիրեալ հայու» տիպար։

Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ նմանատիպ հատորներու հրատարակութիւնը միայն մատենագիտական իրագործում չէ, այլ՝ հոգեւոր ու ազգային զարթօնքի կոչ։ Ան յորդորեց ներկաներուն տէր կանգնիլ հայկական արժէքներուն եւ պահպանել մեր ինքնութեան հիմնասիւն հանդիսացող լեզուն ու հաւատքը։

Ձեռնարկը աւարտեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»-ով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մակագրութիւն եւ հիւրասիրութիւն։ Ներկաները իրենց սրտագին մաղթանքները փոխանցեցին դոկտ. Ճէպէճեանին՝ մաղթելով անոր քաջառողջութիւն եւ նորանոր գրական ու ազգային նուաճումներ։

Share69Tweet43
Previous Post

Ձայներ Հալէպէն – 1 (արձագանգ սուրիահայ կեանքի)

Next Post

Փիլիսոփայական Մտորումներ 35. Կը Մտածեմ, Ուրեմն Կա՛մ

Next Post
Փիլիսոփայական  Մտորումներ 35. Կը  Մտածեմ, Ուրեմն Կա՛մ

Փիլիսոփայական Մտորումներ 35. Կը Մտածեմ, Ուրեմն Կա՛մ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.