Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ձայներ Հալէպէն – 1 (արձագանգ սուրիահայ կեանքի)

 Լ. Շ.

March 17, 2026
in Գաղութային
0
Ձայներ Հալէպէն – 1 (արձագանգ սուրիահայ կեանքի)

Վերջին 15 տարիներուն Հալէպ բաւական շատ խօսեցուց իր մասին։ Սփիւռքահայ թերթերը ողողուեցան Հալէպի ու հալէպահայոց տխուր լուրերով։ Անշո՛ւշտ։ Հալէպ սովորական գաղութ մը չէր, այլ հոծ հայութեամբ բաբախուն հայախօս, աւանդապահ ու հայրենամերձ օճախ մը, ուր մեր դպրոցներն ու եկեղեցիները, մշակութային, մարզական, երիտասարդական ու հայրենակցական միութիւնները, հինէն իվեր, յառաջ կը տանէին սքանչելի գործունէութիւն։ Հայապահպանումը մի՛շտ գտնուած էր ու կը գտնուէր ապահով գնացքի մէջ։

Երկրին ներսը բռնկած պատերազմը շա՛տ բան քանդեց Հալէպէն։ Ծայր տուաւ գաղթի անկասելի ու խելայեղ ալիք մը, որ հետզհետէ… վարակիչ դարձաւ։ Հարիւրաւոր ընտանիքներ,– երբեմն առանց լուրջ դրդապատճառի, այլ պարզապէս ընդհանուր հոսանքին հետեւելով…,– ճամբայ ելան դէպի Գանատա, Աւստրալիա, Հոլանտա, Շուէտ եւ այլուր։ Ցրօ՜նք։ Եղան Հայաստան հաստատուողներ ալ։ Գաղութը նօսրացաւ։ Հալէպահայ դպրոցներէն իւրաքանչիւրը եթէ երէկ 900, 700 կամ 400 աշակերտի գիրկ կը բանար, այսօր այդ նոյն դպրոցը ունի հազիւ 300, 250 կամ 150 աշակերտ…։ Հալէպի երբեմնի հայահոծ թաղամասերը, ուր մի՛միայն հայերէն կը լսուէր գիշեր-ցերեկ, հայաթափուեցան, դիմագիծ փոխեցին…։

Երկրին իշխանափոխութիւնը (8 Դեկտեմբեր 2024-ին), բարեբախտաբար, իրականացաւ առանց մեծ կորուստներու, առանց աւերիչ նոր ցնցումներու, մա՛նաւանդ՝ առանց արիւնահեղութեան, որ անխուսափելի կը թուէր։ Այս իշխանափոխութեան պէտք է նայիլ դրականօրէն, սուրիացի արաբ ժողովուրդին մեծամասնութեան բաղձանքներուն եւ ձգտումներուն համահունչ կերպով։ Չմոռնալ, որ նոր ղեկավարութիւնը հաստատուն, համբերատար ու շրջահայեաց քայլերով առաջքն առաւ Սուրիոյ մասնատումին, յաջողապէս մայր երկրին ծոցը վերադարձնելով Եփրատի արեւելքը գտնուող սուրիական երեք մեծ նահանգները՝ Ռաքքան, Տէր Զօրը եւ Հասիչէն, որոնք 12-13 տարիէ իվեր ապօրինի կերպով կը գտնուէին քրտական անջատողական զինեալ խմբաւորումներու լուծին տակ։ Այս մեծ յաջողութեան շնորհիւ Սուրիոյ ազգային քարտէսը պահպանեց իր ամբողջականութիւնը։ (Ի դէպ, մեզի համար անբացատրելի կը մնայ հայկական մամուլի կարգ մը անուններուն այն անճիշդ պնդումը, թէ «սուրիական իշխանութիւնները քրտազերծման ու քրտաթափման արշաւ մը սանձազերծած են Հալէպի ու Ճէզիրէի շրջանին մէջ»։ Զարմանքով կարդացինք այս տողերը։ Նման երեւոյթ չկայ)։

Ամէն պարագայի, հակառակ լուրջ եւ շօշափելի բարեփոխումներու, դեռ երկիրը կը տուայտի ինչ-ինչ բնական դժուարութիւններու առջեւ, մա՛նաւանդ տնտեսական գետնի վրայ։ Այս ալ պատճառ մըն է, որ արտագաղթը չդադրի…։

Այս բոլորով հանդերձ՝ հալէպահայութիւնը դեռ կը շնչէ, կ՛ապրի իր համայնքային ու միութենական կեանքը հին ու երջանիկ օրերու աւանդապահութեամբ։ Ազգային գրեթէ բոլոր կառոյցներն ալ կը գործեն անկաշկանդ, երբեմնի կենսունակութեամբ ու թափով, սակայն մարդուժի զգալի պակասով…։

Սուրիոյ մէջ հայ մամուլի գլխաւոր ու գրեթէ միա՛կ անունը Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթն է։ Անիկա, իր ներկայ ձեւաչափով ու բնոյթով, անխափան կը հրատարակուի 1993-էն իվեր։ Ընթերցողներու մեծ զանգուած մը, երկրին ներսէն թէ արտասահմանէն, կանոնաւոր հետեւորդն է թերթին համացանցային կայքէջին ու դիմատետրին։

Այժմ, հասկաքաղ մը կը կատարենք վերջին շաբաթներու սուրիահայ լուրերէն.

ՀԱԼԷՊԻ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 10 Փետրուարին, աւանդական շուքով նշուած է Ղեւոնդեանքը, թեմէն ներս ծառայող գրեթէ բոլոր քահանաներուն մասնակցութեամբ։ Ս. Պատարագը մատուցած եւ քարոզած է Լաթաքիոյ եւ ծովափի շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Վազգէն աւ. քհնյ. Քէօշկէրեան։ Քահանաները իրե՛նք սպասարկած են Ս. Սեղանին։

Հաւատացեալներու շարքին՝ եկեղեցւոյ մէջ տեղ գրաւած են նաեւ յարակից Կրթասիրաց-Չէմպէրճեան երկրդ. վարժարանէն աշակերտներ։ Արարողութեան աւարտին ներկայ հոգեւորականները համախմբուելով առաջնորդ սրբազան հօր շուրջ՝ լուսանկարուած են հաւաքաբար։ Այս լուսանկարէն կը պարզուի արդէն, թէ ներկայիս Հալէպի մէջ կը ծառայեն հինգ քահանաներ՝ Տ. Նարեկ Զերենցեան, Տ. Մաշտոց Արապաթլեան, Տ. Արշակ Ալաճաճեան, Տ. Զարեհ Շաքարեան եւ Տ. Գառնիկ Չափանեան։ Ասոնցմէ զատ՝ մէկական քահանայ ունին Լաթաքիան եւ Գամիշլին։ Առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան Հալէպի մէջ ունի երկու երիտասարդ օգնականներ ալ՝ Մանուկ վրդ. Պարիխանեան եւ Արմէն աբղ. Գալաճեան, երկուքն ալ ձեռնադրուած 2019-ին։

ՀԱԼԷՊԻ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Նոր Գիւղ), 12 Փետրուարի առաւօտուն, Վարդանանքի առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագին ներկայ եղած են Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ու Ազգ. Միացեալ վարժարանէն մեծաթիւ աշակերտներ, իրենց տնօրէնուհիներուն եւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներուն գլխաւորութեամբ։

Նոյն օրը երեկոյեան, հայ երեք յարանուանութիւնները, ինչպէս սովորութիւն է տասնամեակներէ իվեր, միասնական յուշահանդէսով մը ոգեկոչած են Աւարայրի հերոսներուն յիշատակը Հայ Կաթողիկէ Զուարթնոց եկեղեցւոյ Աղաճանեան սրահին մէջ։ Հանդիսավարութիւնը կատարած է Սիւզան Տատաղլեան։ Ներկայացուած է «Աւարայրի ճակատամարտը» խորագրով մատուցում մը, մասնակցութեամբ Կոմիտաս վրդ. Տատաղլեանի, Նուէր Ներսէսեան-Տիրարեանի, Արփի Գրտանեանի եւ Սարգիս Սարգիսեանի։ Այնուհետեւ գործադրուած է երգերէ, շարականներէ ու երաժշտութենէ բաղկացած գեղարուեստական յայտագիր մը, մասնակցութեամբը համայնքին «Ալեմշահ» երգչախումբին (ղեկ.՝ Մարգարիտ Խաչատուրեան-Պանտաք)։ Հայ երեք յարանուանութեանց պետերը՝ Մակար արք. Աշգարեան, Պետրոս արք. Մրէաթեան եւ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հերթաբար խօսք առնելով՝ արտայայտած են իրենց մտորումները եւ կատարած պատշաճ խորհրդածութիւններ օրուան խորհուրդին մասին։

ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, որ հոգեւոր թարգմանական գրականութեան ինչ-ինչ երկեր առանձին հատորներով մատչելի կը դարձնէ ընթերցող հանրութեան, վերջերս (2026) Հալէպի մէջ լոյսին բերած է երկու սիրուն գիրքեր եւս՝ «Հոգեւոր սնուցում» եւ «Ծիսական կեանք»։ Երկու հատորներն ալ հեղինակութիւնն են նո՛յն անձին՝ Իուանիս եպիսկոպոսին, որ Եգիպտոսի Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ ժամանակակից դէմքերէն մէկն է (վախճանեալ)։

Մակար սրբազան հայացուցեր է այս գիրքերը (անգլերէն բնագրէն)՝ հայ ընթերցո՛ղն ալ մղելու դէպի հոգեւոր սնուցում եւ քրիստոնէավայել կեանք։ Առաջին գիրքը, որ 256 էջ է, առաւելաբար կ՛ուսուցանէ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է կարդալ Աստուածաշունչը եւ ինչպէ՞ս օգտուիլ անկէ։ Նաեւ՝ ինչպէ՞ս ծառայել մեր շրջապատին, աստուածահաճոյ արարքներով։ Երկրորդ գիրքը, որ 176 էջ է, կը կեդրոնանայ խոստովանութեան, ապաշխարութեան եւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդներուն վրայ, մանրամասն բացատրելով անոնց ընկերային, եկեղեցական ու աստուածաբանական յատկանիշերը, գործնական կիրառումները։

ՀԱԼԷՊԻ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 24 Փետրուարի առաւօտուն, Մեծ Պահոց Արեւագալի աւանդական ժամերգութեան աւարտին, Արմէն աբղ. Գալաճեան ներկաներուն ծանօթացուցեր է թեմին կողմէ հրատարակուած նորատիպ հատոր մը։ Գիրքը կը կոչուի «Խորհրդածութիւններ քառասնօրեայ պահեցողութեան» եւ որ Կիլիկեան Ս. Աթոռի երբեմնի աթոռակից կաթողիկոս Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեանի հին ու դաստիարակիչ գրութիւններէն ընտրանի մըն է։

Բաբգէն հայրապետ զանոնք լոյս ընծայած է «Հասկ»-ի մէջ եւ այլուր՝ «Դասեր Աւետարանէն», «Մեծ Պահոց քարոզներ» ու այլ վերնագրերու տակ։ Անթիլիասէն Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան ի՛նք խմբագրած է գիրքը ու հսկած անոր հրատարակութեան (142 էջ, տպ. Ոսկետառ, Հալէպ)։ Ազգ. Կրօնական Ժողովին թելադրութեամբ՝ ներկաներուն օրինակներ բաժնուած են օգտաշատ այս հատորէն։

Share67Tweet42
Previous Post

ՍԴՀԿ-ի Ներկայացուցիչներ Սարօ Մարտիրեան Եւ Լենա Մելքոնեան Կը Յաղթեն Ալֆորվիլի Ընտրութիւններուն

Next Post

Հայ Ինքնութեան Եւ Լեզուի Պահպանման Նուիրուած Երեկոյ Գահիրէի Մէջ

Next Post
Հայ Ինքնութեան Եւ Լեզուի Պահպանման Նուիրուած Երեկոյ Գահիրէի Մէջ

Հայ Ինքնութեան Եւ Լեզուի Պահպանման Նուիրուած Երեկոյ Գահիրէի Մէջ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.