Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Ֆրանսայի շրջանի Վարիչ մարմինը հաղորդագրութեամբ մը անդրադարձաւ Փարիզի արուարձարանային հայաշատ Ալֆորվիլի մէջ տեղի ունեցած քաղաքապետական ընտրութիւններուն եւ կուսակցութեան թեկնածուներուն յաղթանակին: Հաղորդագրութիւնը ողջունեց Լիւք Քարվունասի գլխաւորած ընտրացանկին յաղթանակը, շնորհաւորեց քաղաքապետն ու խորհուրդին նորընտիր անդամները՝ բնակչութեան կողմէ իրենց տրուած վստահութեան համար:

«Հնչակեան կուսակցութիւնը հպարտ է, որ քաղաքապետական նորընտրիր խորհուրդի մեծամասնութեան կազմին մէջ ունի իր երկու ներկայացուցիչները՝ Լենա Մելքոնեանն ու Սարօ Մարտիրեանը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ, աւելցնելով որ անոնց նուիրուածութիւնը կը համապատասխանէ քաղաքացիական ներգրաւուածութեան եւ հանրային պատասխանատուութեան աւանդոյթին, որ բնորոշ է կուսակցութեան պատմութեան: «Այս յաղթանակը կը վկայէ համերաշխութեան, ընկերային արդարութեան եւ յառաջընթացի արժէքներու վրայ հիմնուած նախագիծի մասին, որուն մեր կուսակցութիւնը կը շարունակէ խորապէս հաւատարիմ մնալ: Ան կ’արտացոլէ նաեւ Ալֆորվիլի բնակչութեան ցանկութիւնը՝ շարունակել քաղաքացիներուն բարօրութեան, համախմբուածութեան եւ քաղաքի զարգացումին վրայ հիմնուած քաղաքապետական գործունէութիւնը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ, պատրաստակամութիւն յայտնելով համախոհութեամբ ծառայելու Ալֆորվիլի բոլոր բնակիչներուն:

