ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇՂԹԱՅԱԶԵՐԾՈՒՄ
Տարածաշրջանային պատերազմը արդէն մուտք գործած է իր երրորդ շաբաթը եւ անդուլ սաստկութեամբ կը շարունակուի Իրանի եւ Լիբանանի ճակատներուն վրայ: Թէեւ Պէյրութի եւ մերձակայ շրջաններու բնակիչները անցնող երկու օրերուն շատ յաճախ պայթումներու, անօդաչու սարքերու եւ օդանաւերու ձայներ չլսեցին Պէյրութի հարաւային արուարձաններէն, իրավիճակը աւելի քան բռնկած էր հարաւի սահմանային գօտիին վրայ, ուր իսրայէլեան բանակը կը շղթայազերծէ ցամաքային գրոհներ եւ արդէն իսկ յայտարարած է լիբանանեան հողի վրայ շուրջ 7 քիլոմեթր յառաջանալու մասին: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ 91-րդ զօրախումբը ցամաքային սահմանափակ գործողութիւններու սկսած է ձեռնարկել Լիբանանի հարաւային որոշ շրջաններու մէջ՝ պաշտպանողական գօտին ընդարձակելու նպատակով: Ըստ յայտարարութեան, ցամաքային գործողութիւնը կը ներառէ հարաւի որոշ շրջաններու մէջ Հըզպալլայի ենթակառոյցներուն կործանումը եւ զինեալներուն չէզոքացումը, որպէսզի իսրայէլացի սահմանային շրջաններու քաղաքացիները վայելեն յաւելեալ անվտանգութիւն: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ իրենց կարգին հաղորդեցին, որ բանակը կառավարութենէն պիտի պահանջէ պահեստային ուժերուն թիւը բարձրացնել 450 հազարի: Պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացի համաձայն, իրենց գիւղերէն տեղահանուած լիբանանցիները տուն պիտի չվերադառնան, մինչեւ որ երաշխաւորուի իսրայէլացի բնակիչներուն անվտանգութիւնը:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն հետեւանքով մահացած մարդոց թիւը հատած է 850-ի սահմանը, վիրաւորներուն թիւն ալ հասած է 2100-ի: Իսրայէլեան ռազմական օդանաւերն ու անօդաչու սարքերը Շաբաթ օր շարունակեցին Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն հետեւողական կործանումը, իսկ արեւածագին անգամ մը եւս թիրախաւորեցին Պուրճ Համուտի մերձակայ Նապաա թաղամասին մէջ գտնուող բնակարան մը, ուր մահացաւ անձ մը, վիրաւորուեցան երեք ուրիշներ: Ցամաքային գրոհներուն զուգահեռ, հարաւը ենթարկուեցաւ նաեւ օդային բազմաթիւ հարուածներու, որոնք թիրախաւորեցին հարաւային եւ Արեւմտեան Պեքաայի զանազան շրջաններ՝ հասնելու Պաալպաք-Հըրմէլ գաւառը: Իսրայէլեան օդուժը Շաբաթ օր շարք մը կամուրջներ կործանեց՝ խափանելու համար Հըզպալլայի շարժումները, իսկ բանակը երէկ վերաբացաւ ռմբակոծուած եւ փակուած ճամբաները: Սայտայի մէջ Շաբաթ արեւածագին ռմբակործուեցան քանի մը բնակարաններ, ուր մահացաւ առնուազն 14 մարդ՝ ներառեալ Համասի տեղական պատասխանատու մը: Քֆարսիրի ուղղութեամբ իսրայէլեան հարուածներուն հետեւանքով մահացան Հըզպալլայի շտապ օգնութեան ծառայութեան երեք փրկարարներ, մինչ կը փորձէին վերացնել փլուզուած կառոյցի մը բեկորները՝ վերապրողներ որոնելու նպատակով:
Հըզպալլա վերահաստատեց, որ հարաւային շարք մը շրջաններու մէջ կը մղէ իսրայէլեան շարժումները զսպող ծանր մարտեր եւ կը կործանէ հակառակորդին հրասայլերը՝ պատճառելով մարդկային եւ նիւթական ծանր վնասներ: Հըզպալլա նաեւ յայտարարեց հրթիռարձակումները շարունակելու մասին՝ թիրախաւորելով սահմանամերձ բնակավայրերու զինուորական կէտերը, ինչպէս նաեւ աւելի հեռաւոր շրջաններ՝ ներառեալ զէնքի արտադրութեան համալիրներ, Հայֆայի նաւահանգիստին մերձակայքը եւ հետախուզական ու դիտարկումի կայաններ:
ՊԸՐՐԻ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ԽՕՍԵՑԱՒ
ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու բանբեր Տանի Ղաֆրի հակամարտող կողմերուն յորդորեց մեղմել լարուածութիւնը եւ վերստին գործադրել զինադադարի համաձայնութիւնը: Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ շարունակուող պատերազմին եւ Լիբանանի մէջ յառաջացած տեղահանութեան ճգնաժամին զուգահեռ, ձայներ կը բարձրանան պահանջելով անյապաղ վերջ տալ մարտերուն եւ կազմակերպել լիբանանեան-իսրայէլեան բանակցութիւններ: Այսուհանդերձ, այդ առումով տակաւին չկան վճռական քայլեր, մանաւանդ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ժխտողական կեցուածքին պատճառով: Պըրրի երէկ յանձնառութիւն յայտնեց 2024-ի Նոյեմբերին կնքուած զինադադարի համաձայնութեան, շեշտելով որ բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին միջազգային «մեքանիզմի» յանձնախումբին միջնորդութեամբ, ինչպէս կը պատահէր անցնող տարիներուն: Միւս կողմէ, Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարարը շեշտեց, որ իրենք չեն պատրաստուիր բանակցելու Լիբանանի կառավարութեան հետ:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Փօլ Մարքոսը, որուն հետ քննարկեց պատերազմի օրերուն տեղեկատուական եւ լրատուական ոլորտներուն գործունէութիւնը: Զրուցակիցները յանձնառութիւն յայտնեցին ազատ խօսքի իրաւունքին, սակայն կարեւորեցին ներքին համագոյակցութեան եւ խաղաղութեան պահպանումը: «Բոլորը պէտք է զերծ մնան ատելութիւն սփռող խօսքերէն, բռնութիւններէն եւ խռովութիւններէն, որովհետեւ յաճախ խօսքը կ’ունենայ վտանգաւոր հետեւանքներ», ըսաւ Մարքոս: Շեշտուեցաւ, որ արդարադատութեան նախարար Ատէլ Նասսար պիտի սկսի հետապնդել անոնք, որոնք կը հատեն խօսքի ազատութեան իրաւունքին սահմանը:
Նախագահը Պաապտայի մէջ ընդունեց նաեւ մարոնիներու պատրիարք Պըշարա Ռահի կարտինալը: Վերջինս ժողովէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ հանգստացնող խօսքեր լսած է Աունէն եւ կը զօրակցի անոր դիրքորոշումներուն, ինչպէս նաեւ բանակին ու անոր հրամանատարին քայլերուն:
Արտաքին գործերու նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց անծանօթ զինեալներու ձեռամբ հարաւային երեք շրջաններու մէջ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ին թիրախաւորումը: Տեղի ունեցածը համարելով վտանգաւոր եւ անընդունելի միջադէպ մը, նախարարութիւնը յիշեցուց, որ խաղաղապահները, ըստ ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւին, իրաւունք ունին ինքնապաշտպանութեան դիմելու: Լիբանանի կառավարութեան զօրակցութիւնը յայտնելով ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ին, նախարարութիւնը յիշեցուց, որ նախարարաց խորհուրդը իր 2 Մարտի նիստին ընթացքին արգիլած էր Հըզպալլայի զինեալ գործունէութիւնը, զայն համարելով ապօրինի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԱՅԻՆ ՃԳՆԱԺԱՄԻ ԽՈՐԱՑՈՒՄ
Իրանի զինուած ուժերու բարձրաստիճան պատասխանատու մը շեշտեց, որ ռազմական իրավիճակը այժմ կը գտնուի Թեհրանի հակակշիռին տակ, իսկ թշնամիները ունին միայն անձնատուր ըլլալու ընտրանք: Խորհրդարանի նախագահն ալ ծիծաղելի համարեց այն, որ Թրամփ մէկ շաբթուայ ընթացքին 9 անգամ յաղթանակ յայտարարած է: Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, թէ իսրայէլեան թիրախներու եւ տարածաշրջանի ամերիկեան դիրքերուն ուղղութեամբ արձակած է հրթիռներու 55-րդ ալիքը: Արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղճի շեշտեց, որ իրենք զինադադար չեն խնդրեր, այլ կը պահանջեն, որ պատերազմը կանխէ անոր կրկնութիւնը: Ան հաւաստիացուց, որ գերագոյն առաջնորդ Մուճթապա Խամինէի առողջ է ու լաւապէս կը տնօրինէ կացութիւնը: Պահակագունդը յայտարարեց երկրին Արեւմտեան Ատրպէյճան նահանգին մէջ ըմբստութեան եւ ապօրինի սահմանահատումի փորձեր կանխելու մասին: Նշենք, որ ամերիկացի նախագահը վերջերս քրտական կազմակերպութիւններուն յորդորած էր յարձակումներ գործել Իրանի դէմ:

Քաթարի արտաքին գործերու նախարարութեան բանբեր Մաժէտ Անսարի յայտնեց, որ իրանեան հարուածները ուժանիւթային արտադրութեան դադրեցում կը պատճառեն: Իրանի յարձակումներուն հետեւանքով անցնող երեք օրերուն ժամանակաւորապէս առկախուեցաւ Տուպայի միջազգային օդակայանին եւ Ֆուճէյրայի նաւահանգիստին աշխատանքը եւ հրդեհներ բռնկեցան վառելանիւթի պահեստանոցներուն մէջ: Իսկ Ապու Տապիի մէջ զոհուեցաւ մարդ մը՝ ինքնաշարժին վրայ ինկած հրթիռի պայթումին հետեւանքով: Պահրէյնի իշխանութիւններն ալ ձերբակալեցին Իրանի հետ համագործակցող եւ անոնց տեղեկութիւններ փոխանցող հինգ անձեր:
ԹՐԱՄՓԻ ՀԱԿԱՍԱԿԱՆ ԽՕՍՔԵՐԸ
Իրանէն Իսրայէլի եւ Ծոցի արաբական երկիրներուն ուղղութեամբ շարունակուող հրթիռարձակումներուն եւ Հորմուզի նեղուցի փակումի լոյսին տակ, աշխարհի մէջ կը բազմանան վառելանիւթի անբաւարարութեան վերաբերող մտավախութիւնները: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ այս ծիրին մէջ շեշտեց նեղուցը բաց պահելու անհրաժեշտութիւնը, ամերիկացիներու դաշնակիցներէն եւ Հորմուզի նեղուցէն օգտուողներէն պահանջելով մասնակից դառնալ նաւարկութեան անվտանգութիւնը պահպանելու եւ նեղուցը բաց պահելու ջանքերուն: Այսուհանդերձ, բազմաթիւ երկիրներ իսկոյն մերժեցին Թրամփի կոչերը, նախընտրելով դիւանագիտական միջոցներու գործածութիւնը: Թրամփ դժգոհեցաւ դաշնակիցներու կեցուածքէն եւ ահազանգեց, թէ «ՆԱԹՕ-ն վատ ապագայ պիտի դիմագրաւէ, եթէ ձախողի օգնել Հորմուզի նեղուցը վերաբանալու ջանքերուն: Միաժամանակ, Թրամփ շեշտեց, որ չի պատրաստուիր յայտարարելու պատերազմին աւարտը, թէեւ ընդամէնը քանի մը օր առաջ յայտարարած էր Իրանի զինանոցին հարիւր առ հարիւր կործանումը: «Մենք կրնանք մէկ ժամուայ ընթացքին կործանել Իրանի ելեկտրակայանները, սակայն անոնց վերակառուցումը պիտի տեւէ տարիներ», պնդեց նախագահը: Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարը մերժեց աջակցիլ Իրանի դէմ ձեռնարկուած ռազմական գործողութիւններուն: Աւստրալիոյ փոխադրութեան նախարար Քէթրին Քինկ մերժեց Թրամփի առաջարկը, հաւաստիացնելով որ իրենք ռազմանաւ պիտի չառաքեն Ծոցի շրջան՝ Հորմուզի նեղուցը բանալու նպատակով: Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Քայա Քլաս յայտնեց, որ եւրոպացիները պիտի քննարկեն Հորմուզի նեղուցը բաց պահելու միջոցները՝ ի տես տարածաշրջանային հակամարտութեան եւ բազմացող սպառնալիքներուն:

