Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 14 Մարտ 2026

March 14, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 14 Մարտ 2026

ՔԱՑ. «ԱՅՍ ՏԱԿԱՒԻՆ ՍԿԻԶԲՆ Է ՄԻԱՅՆ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց պնդեց, որ ցարդ տեղի ունեցածը սկիզբն է միայն եւ Իսրայէլ պիտի շարունակէ Լիբանանի մէջ թիրախաւորել ենթակառոյցներ: Լիբանանի կառավարութիւնը ամբաստանելով Հըզպալլան ապազինելու վերաբերող խոստումները չյարգելու մէջ, Քաց շեշտեց, որ «Լիբանան սուղ գին պիտի վճարէ եւ պիտի կորսնցնէ հողեր, մինչեւ որ գործադրուի Հըզպալլան զինաթափելու որոշումը: «Զգուշացուցի Աունը, որ եթէ Լիբանանի կառավարութիւնը չդադրեցնէ Հըզպալլայի գործողութիւնները, ապա այդ մենք պիտի կատարենք», սպառնաց Քաց: Այս ծիրին մէջ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին Լիբանանի սահմանին մօտ բազմաթիւ հրասայլեր կուտակելու մասին, ինչ որ կրնայ նշել ցամաքային գործողութիւնները ընդարձակելու հաւանականութիւնը: Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարարն ալ պատրաստակամութիւն յայտնեց բանակցելու Պէյրութի հետ, սակայն ահազանգեց, որ այդ չի  դադրեցներ Լիբանանէն հրթիռարձակումները:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ բանակը լիբանանեան հողերուն վրայ գրաւած դիրքերուն թիւը հինգէն բարձրացուցած է 18-ի: Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ պատերազմին 11-րդ եւ 12-րդ օրերը յատկանշուեցան իսրայէլեան թիրախաւորումի ենթակայ շրջաններուն աշխարհագրական տարածքի ընդարձակումով, մարդկային եւ նիւթական յաւելեալ կորուստով եւ լիբանանեան ներքին քաղաքական բանավէճերով: Հըզպալլայի ու անոր դաշնակից շարժումներու պատասխանատուներ հետապնդելու խորագրին տակ, իսրայէլեան օդուժը Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ թիրախային հարուածներու ձեռնարկեց պատերազմի սովորական հրապարակներէն դուրս եւ վերստին ռմբակոծեց մայրաքաղաք Պէյրութի վարչական տարածքը՝ ներառեալ Ռամլէթ Պայտայի ծովեզերքը, ուր ռմբակոծուեցան հարաւէն տեղահանուած քաղաքացիներու ինքնաշարժներ, պատճառելով առնուազն 8 զոհ եւ 31 վիրաւոր: Ժամեր անց իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը Համասի պատասխանատու մը եւ Հըզպալլայի «Քարտ էլ-Հասան» դրամատան մասնաճիւղ մը թիրախաւորեցին Պաշուրա եւ Զոքաք Պլաթ թաղամասերուն մէջ:

Օդանաւ մըն ալ երէկ երկու տեսակի բացիկներ նետեց Համրայի, Վերտանի եւ մայրաքաղաքի այլ շրջաններու վրայ, որոնցմով քաղաքացիները դրդեց հաղորդակցելու իսրայէլեան կողմին հետ՝ տրամադրելով QR Code եւ վստահեցուց, որ Կազայի մէջ յաջողած «Նոր Իրավիճակ» թերթը կը հասնի նաեւ Լիբանան: Լիբանանեան բանակը անմիջապէս զգուշացուց նշեալ QR Code-ը գործածելու վտանգներէն:

 

ՆԱՊԱԱՅԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՐՈՒԱԾ

Երէկ արեւածագին, իսրայէլեան գործողութիւնները հատեցին Պէյրութի սահմանը ու հասան Մեթն, ուր Պուրճ Համուտի մերձակայ Նապաա թաղամասին մէջ բնակարան մը ենթարկուեցաւ թիրախային հարուածի: Առնչակից մարմինները չյայտարարեցին կորուստներու մասին, թէեւ իսրայէլեան կողմը խօսեցաւ Հըզպալլայէն անդամ մը թիրախաւորելու մասին: Նախանցեալ օր ուժգին հարուած մը հասաւ Սայտայի Միէ ու Միէ գաղթակայանին մէջ գտնուող բնակարանի մը, ուր մահացաւ 12 հոգի, վիրաւորուեցան 12 ուրիշներ:

Նախնական տեղեկութիւններ նշեցին, որ հարուածին թիրախը պաղեստինցի մըն էր: Պէյրութի եւ Մեթնի գործողութիւններուն զուգահեռ, անցնող երկու օրերուն չդադրեցան իսրայէլեան գրոհները հարաւային բազմաթիւ շրջաններու, կեդրոնական Պեքաայի եւ Պաալպաքի գիւղերուն վրայ՝ հասնելով մինչեւ հիւսիսարեւելեան սահմանային Հըրմէլ: Նախանցեալ օր, իսրայէլեան օդուժը Հատասի մէջ հարուածեց նաեւ Լիբանանեան համալսարանի գիտութիւններու բաժանմունքը, ուր մահացաւ բաժանմունքի ղեկավար Հըսէյն Պազզին եւ դասախօս Մուրթատա Սրուրը, որոնք ամբաստանուեցան «ցերեկը դասախօսութիւն տալու, իսկ գիշերը Հըզպալլային ի նպաստ աշխատելու մէջ»: Երէկ մէկ այլ ժխտական զարգացում էր Զրարիէ շրջանին մէջ Լիթանի գետի կամուրջին կործանումը, որովհետեւ կը գործածուէր Հըզպալլային կողմէ, ըստ իսրայէլեան բանակին:

Հըզպալլա, իր կարգին, յայտարարեց իսրայէլեան բազմաթիւ թիրախներ հրթիռակոծելու մասին: Ըստ հրապարակած յայտարարութիւններուն, Հըզպալլա հրթիռներով եւ անօդաչու սարքերով հարուածած է օդային դիտարկումի կարեւոր կեդրոններէն Մէյրունը, ինչպէս նաեւ սահմանակից քանի մը բնակավայրեր, այդ շրջաններէն հեռանալու մասին՝ քաղաքացիներուն ուղղուած կոչերէն օր մը ետք: Իսրայէլի Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ պատերազմի սկիզբէն ի վեր վիրաւորուած է 2975 մարդ, որոնցմէ 85-ը տակաւին կը բուժուին հիւանդանոցներուն մէջ:

 

ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ՍՂԱՃ

Ի տես Միջին Արեւելքին տիրապետող ռազմական դրութեան եւ անոր հետեւանքով քարիւղային կարեւոր անցք համարուող Հորմուզի նեղուցին փակումին, ուժանիւթի համաշխարհային սակագիները կը շարունակեն օրըստօրէ բարձրանալ: Լիբանանի մէջ եւս կը նկատուի վառելանիւթի սակագիներու շարունակական աճ: Երէկուայ դրութեամբ, 95 օքթան պենզինի թիթեղին գինը ունեցաւ 127 հազար լիրայի աճ, 98 օքթանը՝ 125 հազար, մազութը՝ 133 հազարի, իսկ կազը՝ 78 հազար լիրայի աճ: Այսպիսով, 95 օքթան պենզինի թիթեղին գինը երէկ հասաւ երկու միլիոն 131 հազարի, մազութինը՝ երկու միլիոն երկու հազարի, իսկ կազին շիշը՝ մէկ միլիոն 680 հազար լիրայի:

 

ՍԱԼԱՄ. «ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԷՏՔ ՉԷ ԿՌՈՒԱԽՆՁՈՐ ԸԼԼԱՅ»

2 Մարտին սկսած պատերազմին ընթացքին մահացած է 772 հոգի, իսկ վիրաւորներուն թիւը մօտեցած է երկու հազարի: Զոհուած է 103 երեխայ, վիրաւորուած՝ 326 ուրիշներ: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ նախագահեց տեղահանուածներուն աջակցելու նպատակով կազմուած նախարարական խումբի ժողովին, որուն ընթացքին կարեւորեց տեղահանուածներուն անհրաժեշտ օգնութիւններու տրամադրումը, աւելցնելով որ դիւանագիտական մեծ աշխատանք կը տարուի՝ վերջ դնելու համար պատերազմին: Սալամ կոչ ուղղեց խոհեմութեան եւ զգօնութեան: «Կը մերժենք, որ Լիբանան վերստին դառնայ ուրիշներու պատերազմներուն կռուախնձորը», ըսաւ վարչապետը: Ընկերային հարցերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ցարդ տեղահանուած է շուրջ մէկ միլիոն մարդ, որոնց կէսէն աւելին կիներ ու երեխաներ են: Նախարար Հանին էլ-Սայետ նշեց, որ պիտի սկսին օրական հարիւր հազար տաք ճաշ բաժնել տեղահանուածներուն եւ անդամալոյծ երեխաներ ունեցող վեց հազար ընտանիքի մէկ անգամ տրամադրել հարիւրական տոլար: Անոր խօսքով, նախարարութիւնը Լեռնալիբանանի գաւառներուն մէջ բացած է 18 յաւելեալ ապաստարան: Լիբանանեան բանակը նախանցեալ օր հաղորդագրութեամբ մը մեկնաբանեց «Ազգային սպաներ» ստորագրութեան տակ օր մը առաջ տարածուած յայտարարութիւնը, որուն մէջ կը զգուշացուի բանակը քաղաքացիներուն դէմ-յանդիման դնելու վտանգներէն: Բանակը յստակացուց, թէ նշեալ հաղորդագրութիւնը որեւէ կապ չունի իր հետ, զգուշացնելով այս փուլին ազգային միասնականութիւնը խաթարող նման դաւադրութիւններէ:

Արտաքին գործերու նախարար Եուսէֆ Ռաժժի երէկ նախարարութիւն կանչեց Պէյրութի մէջ Իրանի դեսպանութեան գործակատարը եւ անոր միջոցաւ Թեհրանին փոխանցեց բողոք՝ Լիբանանի գերիշխանութիւնը ոտնակոխող Իրանէն հնչած կարգ մը յայտարարութիւններուն առնչութեամբ: Իսկ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Ահմատ Արաֆա դատապարտեց լիբանանեան հողերէն կատարուած հրթիռարձակումները, որոնց պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Հըզպալլան: «Լիբանան ինքզինք կը գտնէ պատերազմի մը մէջ, որուն մասնակից դառնալ չէ որոշած»:

Նշենք, որ քսան պետութիւն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեցին միջամտել եւ վերջ տալ Իսրայէլ-Հըզպալլա մագլցումին: Իսկ Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաա իր աջակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան՝ վերականգնելու պետութեան գերիշխանութիւնը երկրի ամբողջ տարածքին եւ զինաթափելու Հըզպալլան:  Հռոմի Լեւոն ԺԴ. պապը, իր կարգին, կարեւորեց Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան պահպանումը, կոչ ուղղելով անյապաղ դադրեցնելու Միջին Արեւելքի պատերազմը:

 

ԲԱՆԱԿՑԵԼՈՒ ԱՌԱՋԱՐԿԻՆ ՑԱՐԴ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՉԿԱՅ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ երէկ ժամանեց Պէյրութ եւ տեսակցեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ: Քննարկելէ ետք ռազմական եւ քաղաքական զարգացումները, Կութերեշ Իսրայէլին եւ Հըզպալլային յորդորեց անյապաղ վերջ տալ ռազմական գործողութիւններուն եւ յայտարարել զինադադար: ՄԱԿ-ի առաջնորդը ցաւ յայտնեց, որ Լիբանան ակամայ մխրճուած է պատերազմի մէջ:

«Զինեալ կազմակերպութիւններու ժամանակաշրջանը աւարտած է», պնդեց Կութերեշ՝ շեշտելով, որ Լիբանան պէտք է դառնայ իրապէս անկախ պետութիւն մը, ուր պետական հաստատութիւններուն կը վերապահուի պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը: Ան նաեւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց 235 միլիոն տոլարով աջակցելու Լիբանանին: Նախագահ Աուն իր կարգին դիտել տուաւ, որ Լիբանան պատրաստակամութիւն յայտնած է բանակցելու Իսրայէլի հետ, սակայն տակաւին պատասխան չէ ստացած:

 

ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ ՀՐԹԻՌԱԿՈԾՈՒՄԻ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ  յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն աննախադէպ ուժով պիտի ռմբակոծեն Իրանը: Խօսելով Ծոցի շրջանին մէջ նաւարկութեան ընկերակցող վտանգներուն մասին, Թրամփ բեռնափոխադրող նաւերու անձնակազմերուն կոչ ուղղեց յանդգնութիւն ունենալու հատելու Իրանի կողմէ փակ յայտարարուած Հորմուզի նեղուցը, պնդելով որ «մտավախութեան պատճառ չկայ, որովհետեւ Իրանի ծովուժին բոլոր նաւերը կործանուած են»: Ան նաեւ անհրաժեշտութեան պարագային խոստացաւ մարտանաւերով ընկերակցիլ նեղուցէն անցնող նաւերուն: Իսկ ամերիկացի պաշտպանութեան նախարարը շեշտեց, որ Իրանի դէմ պատերազմին հարցով որոշումները վերապահուած են նախագահ Թրամփին: «Իրանի գերագոյն առաջնորդը վիրաւորուած է եւ շուտով պիտի կործանենք Իրանի պաշտպանական ոլորտի բոլոր ընկերութիւնները», ըսաւ նախարարը: Իրանի յեղափոխական պահակագունդը, միւս կողմէ, սպառնաց կրակի տալ տարածաշրջանի քարիւղային ենթակառոյցները, եթէ վնասուին Իրանի կառոյցները: Հակառակ ամերիկեան ու իսրայէլեան ռումբերու տեղատարափին, Իրանի նախագահը, արտաքին գործերու նախարարն ու բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ Թեհրանի մէջ մասնակցեցան «Երուսաղէմի օր» խորագրին տակ կազմակերպուող ամէնամեայ երթերուն: Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Ալի Լարիժանի պնդեց, որ «Թրամփ տակաւին չէ կրցած ըմբռնել Իրանի ժողովուրդին ուժը: Մեր հարուածները պիտի չդադրին, մինչեւ որ Թրամփ ներողութիւն խնդրէ», պահանջեց ան:

ԻՐԱՆԷՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Իրանի յեղափոխական պահակագունդն ու զինուած ուժերը յայտարարեցին հրթիռային 45-րդ ալիքը իսրայէլեան թիրախներու ուղղութեամբ արձակելու մասին: Հրթիռներէն մէկը ինկաւ Իսրայէլի հիւսիսային բնակավայրերուն մօտ եւ վնասեց 300 բնակարան, վիրաւորելով շուրջ 80 մարդ: Իրանեան անօդաչու սարքեր հարուածեցին նաեւ արաբական երկիրները՝ ներառեալ Օմանը, ուր զոհուեցաւ երկու հոգի:

Share63Tweet39
Previous Post

Կեանքի Մայրամուտի Խոհեր. Լեւոն Արտազեանի «Ուղի»ն

Next Post

Պեղելով «Արարատ»-ի Հին Հաւաքածոները – 44

Next Post
Պեղելով «Արարատ»-ի Հին Հաւաքածոները – 44

Պեղելով «Արարատ»-ի Հին Հաւաքածոները – 44

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.