Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Պեղելով «Արարատ»-ի Հին Հաւաքածոները – 44

Լեւոն Շառոյեան (Հալէպ)

March 14, 2026
in Default, Յօդուածներ
0
Պեղելով «Արարատ»-ի Հին Հաւաքածոները – 44

 «ԱՐԱՐԱՏ», 8-13 Մարտ 1971

Թերթիս այս շաբթուան թիւերուն մէջ կան սակաւաթիւ յօդուածներ ու անոնց դիմաց՝ ազգային բնոյթի առա՜տ ծանուցումներ։

Շաբթուան խմբագրականը կ՛առնչուի Մարտ 8-ի Կանանց Միջազգային Օրուան։ Կինը, մայրը, առհասարակ՝ իգական սեռը, իրենց իրաւունքները կը փնտռեն այդ օր…։ Ըստ «Արարատ»-ի՝ կանայք աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ չէ՛ որ լիարժէք կը գնահատուին։ Գաղութարար, յետամնաց կամ թերաճ տէրութիւններու մէջ կինը ստրուկ ու հարճ է տակաւին, իսկ «դրամատիրական զարգացած պետութիւններէ ներս անիկա կաշկանդուած էակ մըն է՝ հաւասարութեան ու ազատութեան խաբուսիկ արտաքինին ներքեւ, հաճոյքի առարկայ մը՝ այր մարդուն եւ Դրամին համար»…։ Խմբագրականը (որ ապահովաբար գրի առնուած է խմբագիր Ժիրայր Նայիրիի կողմէ) դեռ կը շարունակէ. «Իգական սեռը իր ընկերային կատարեալ ազատութիւնը  եւ մարդկային իրաւունքը գտած է միայն սոցիալիզմի երկիրներուն մէջ, ուր մրցակից եւ գործակից է մարդուն՝ աշխատանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս, տարրալուծարաններէն  ու գործարաններէն մինչեւ լուսին եւ դեռ հեռուն…»։ Այս առթիւ, խմբագրականը կ՛ոգեկոչէ յիշատակը Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադիրներէն Մարօ Նազարբէկեանի, որ «հայ իրականութենէ ներս առաջին կին սոցիալիստ յեղափոխականը եղած է»։

Հնչակեան կուսակցութեան պաշտօնական պատմագիրը՝ Արսէն Կիտուր, յօդուածով մը անդրադարձեր է «1946-ի Մարտի վերջերը» (իր բառերն են) Նիւ Եորքի մէջ գումարուած Համաշխարհային Հայկական Քոնկրէսին, անոր 25-ամեակին առիթով։

Նախ անմիջապէս ճշդենք, որ Կիտուրի տուած թուականը սխալ է։ Նշեալ քոնկրէսը գումարուած է 30 Ապրիլ-4 Մայիս 1947-ին։ Խորհրդային Հայաստանի ու Ս. Էջմիածնի նեցուկն ալ ունենալով՝ այս քոնկրէսը (որուն մասնակցեր էին շուրջ 20 երկիրներէ 700-է աւելի պատգամաւորներ), յուշագրով մը դիմած էր ՄԱԿ-ի քարտուղարութեան՝ պահանջելով որ բարւոք լուծում մը բերուի Հայկական Հարցին ու Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի հողերը,– Ուիլսընի քարտէսին համաձայն,– ազատագրուին ու կցուին Խորհրդային Հայաստանի…։ Տեսակցութիւն մըն ալ կայացեր էր Ամերիկայի արտաքին փոխնախարարին հետ։ Ապարդի՜ւն ու սի՜ն երազանք…։ «Թուղթէ շերեփ»-ի նո՛յն պատմութիւնը կրկնուած էր անգամ մը եւս…։ Արսէն Կիտուրի եզրայանգումն այն է, թէ անյապաղ պէտք է կեանքի կոչել Ազգային Գերագոյն Մարմին մը՝ Հայ Դատի աշխատանքները նոր թափով յառաջ տանելու նպատակով։

Թերթին աշխատակիցներէն Ս. Պալաթոն իր դժգոհութիւնը յայտներ է հայրենի բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանի «Թոնդրակեցիներ» ողբերգութեան մասին (տպուած՝ Երեւան ու Թեհրան, 1960-ականներու սկիզբը), զայն խիստ անբաւարար, անուժ ու վրիպած գտնելով իբրեւ թատերգութիւն։ «Այս ողբերգութիւը,– կը գրէ ան,– ժամանակի ընթացքին մոռացութեան պիտի մատնուի, ինչպէս թանգարան դրուեցան խորհրդային գրականութեան ՛՛ագիտ-պրոպ՛՛ փիէսները, որպէս ապսպրանքով գրուած գործեր»։ «Վ. Դաւթեան քաղաքացիական գոռ շեշտերու գուսան է, տաղանդաւոր բանաստեղծ, բայց թատերագիր չէ», կ՛եզրակացնէ Պալաթոն։ Որքան որ գիտենք, սակայն, Վ. Դաւթեանի նշեալ երկը թատերգութիւն չէ, այլ՝ պոէմ…։

Հայաստանէն ծանօթ ճարտարապետ փրոֆ. Վարազդատ Յարութիւնեան ջերմ տողերով արտայայտուեր է լիբանանաբնակ իր մէկ արուեստակիցին՝ Փասկալ Փապուճեանի մասին։ Նշեր է որ Փապուճեան Մեծ Եղեռնի արհաւիրքէն փրկուելէ ետք՝ 1920-ին հաստատուեր է Պէյրութ, ստացեր է ֆրանսական կրթութիւն, վկայուեր է որպէս ճարտարապետ ու իր կնիքը դրեր է լիբանանեան մայրաքաղաքի կարեւոր շարք մը կառոյցներուն վրայ (օդակայան, Ռըզք հիւանդանոց, Ֆրանսական համալսարանի հիւանդանոց, լազարիստներու գոլէճ, հայ կաթողիկէ համայնքին պատկանող եկեղեցիներ եւ այլն)։ Շատ ուշ սորվեր է հայերէնը (ծնունդով Անգարայէն էր), բայց հետզհետէ ուսումնասիրեր է հայ մշակոյթն ու արուեստը եւ նոյնիսկ դասախօսութիւններ տուեր է Սէն Ժոզէֆ համալսարանի հայագիտական ամպիոնէն…։

Պէպօ Սիմոնեան գրախօսեր է «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի Ա. թիւը, որ լոյս տեսած էր նախորդ տարի, Երուանդ Քասունիի խմբագրութեամբ։ Այս թիւին Լիբանանէն աշխատակցեր են եղեր Լեւոն Վարդան, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, դրամագէտ Ասպետ Տօնապետեան, երաժշտագէտ փրոֆ. Աշոտ Պատմագրեան, ճարտարապետ Փասկալ Փապուճեան (ֆրանսերէն), Վահէ Օշական, Պարոյր Աղպաշեան, Օննիկ Սարգիսեան, Գրիգոր Շահինեան եւ Երուանդ Քասունի՝ հանդէսին խմբագիրը։

Կը հաղորդուի, որ Ֆրանց ՎերՖէլի «Մուսա լեռան 40 օրերը» վէպը լոյս ընծայուած է ռումաներէնով ալ։ Թարգմանութիւնը կատարուած է գերմաներէն բնագրէն։ Կը հաղորդուի նաեւ, որ Երեւանի «Հայաստան» հրատարակչութիւնը ռուսերէնով ու 50 հազար տպաքանակով հրատարակեր է խորհրդահայ առակագիր ու մանկագիր Մկրտիչ Կորիւնի «Կամօ» վիպակը, որ կը պատմէ եղեր «յեղափոխութեան լեգենդար հերոս Կամոյի՝ Սիմոն Տէր Պետրոսեանի կեանքը»։       

Յիսուսեաններու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի  նախկին սաներէն կազմուած ՆԱՐԵԿ Միութիւնը կազմակերպեր է անհատներու միջեւ ընդհանուր զարգացման մրցում մը (21 Փետրուար), ուր յաղթական հռչակուեր են, կարգաւ, Յակոբ Գարայեան, Հրաչ Շահպազեան, Կիպրիանոս Հապիպեան, Մելքոն Արզումանեան եւ Եփրեմ Նահհաս։

Կիրակոս Տօնիկեան եւ Որդիք հրատարակչատունը, իր հիմնադրութեան 50-ամեակին առիթով, ծանուցեր է գրական մրցանակի մը հաստատումը՝ «հայ գիրի ու դպրութեան սպասարկուները նիւթապէս եւ բարոյապէս քաջալերելու հեռանկարով»։ Առաջին այս փորձով՝ նկատի պիտի առնուին եղեր հայերէն պատմաբանասիրական գործ մը եւ հայ մշակոյթը օտարին ծանօթացնող անգլերէն ուսումնասիրութիւն մը։ Կազմուեր է դատական կազմ՝ դիմումները արժեւորելու համար։ Ա. մրցանակակիրին գործը հրատարակչատան կողմէ պիտի տպուի եղեր ձրիաբար ու անոր պիտի տրամադրուի իր նորատիպ երկէն 300 օրինակ։  Դատական կազմի անդամներն են եղեր փրոֆ. Աշոտ Պատմագրեան, Օննիկ Սարգիսեան, Մարտիրոս Գուշակճեան, Երուանդ Քասունի, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան եւ Փարամազ Կ. Տօնիկեան։

Թերթը կը ծանուցէ, թէ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի օրհնութեամբ կայացեր է նշանախօսութիւնը հնչակեան շրջանակի ընկերներէն Գէորգ Տարօնիի՝ ընդ օրդ. Վարդուհի Փերտէճեանի (6 Մարտ, Ալքազար պանդոկ)։

Բանա՛նք ազգային-միութենական ծանուցումներու դուռը.

— Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Դարուհի Յակոբեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարաններու շրջանաւարտները պիտի հաւաքուին եղեր Պրիսթոլ պանդոկին մէջ, գարնանային պարանցիկ ճաշկերոյթի մը համար (20 Մարտ)։ Ձեռնարկին պիտի նախագահեն տէր եւ տիկ. Անդրանիկ Սաաթճեան։

— Հ.Մ.Մ.-ի համալսարանական թեւը դաախօսութեան մը հրաւիրեր է հանրութիւնը, միութեան ակումբին մէջ (11 Մարտ)։ Պիտի դասախօսէ եղեր պրն. Սիսակ Վարժապետեան՝ «Պատմական ակնարկ լիբանանահայ գաղութի մասին» նիւթով։ Ինչպէս ծանօթ է, Սիսակ Վարժապետեան հեղինակն էր «Հայերը Լիբանանի մէջ» խորագրեալ պատմագրական բազմահատոր շարքի մը։

–– Պաղչէի հայրենակցական միութիւնը (այս փոքր ու հայաշատ քաղաքը կը գտնուէր Կիլիկիա, Ատանայի նահանգին մէջ) իր ճաշկերոյթ-պարահանդէսը պիտի սարքէ եղեր Ինթերնասիոնալ պանդոկին մէջ, նախագահութեամբ տէր եւ տիկ. Արսէն Գարակէօզեանի եւ «մասնակցութեամբ սիրուած երգիչ Վարդիվառ Անթոսեանի եւ իր Լոս Ամորէս նուագախումբին» (13 Մարտ)։

— Ազգ. Ռուբինեան վարժարանի տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի պիտի ունենայ եղեր Քարլթոն պանդոկին մէջ (20 Մարտ)։ Հո՛ս եւս երգիչը Վ. Անթոսեանն է։

— Կիւրինի հայրենակցական միութեան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի պիտի ունենայ եղեր 20 Մարտին, Մարթինէզ պանդոկին մէջ։

— Սահակեան շրջանաւարտից միութեան տարեկան ճաշկերոյթը պիտի կայանայ եղեր Ռաուշէի ծովեզերեայ «Քարիմ» ճաշարանին մէջ, մասնակցութեամբ երգիչ Լեւոն Գաթրճեանի (31 Մարտ)։ Ձեռնարկին պիտի նախագահեն տէր եւ տիկ. Արշամ Վեհունի։

— Ն.Ս.Մ.Մ.-ի գեղարուեստական յանձնախումբը ծանուցեր է, թէ միութեան հովանիին տակ կեանքի կոչուեր է մնայուն երգչախումբ մը, խմբավար-դաշնակահար Կիւրեղ Մանկրեանի մականին տակ (շրջանաւարտ Երեւանի Կոմիտաս երաժշտանոցէն)։ Կոչ կ՛ուղղուի խտացնելու նորակազմ երգչախումբին շարքերը։

— Լիբանանահայ Գրական Շրջանակը երեկոյթ մը պիտի սարքէ եղեր Երեւանի պետական համալսարանի 50-ամեակին առիթով, միութեան սրահին մէջ (11 Մարտ)։ Խօսք պիտի առնեն Շուշանիկ Մոլոյեան, տոքթ. Սօսի Մատէեան, տոքթ. Ժիրայր Թէվէքէլեան, Ժիրայր Թիւթիւնճեան եւ Յարութիւն Երէցեան։ Այս առթիւ, պիտի ցուցադրուի եղեր «Մատենադարան» հայկական վաւերագրական ֆիլմն ալ։

— Հ.Բ.Ը.Մ. ճաշկերոյթ-պարահանդէս մը պիտի սարքէ եղեր ի պատիւ միութեան ցկեանս նախագահ եւ ազգային մեծանուն բարերար Ալեք Մանուկեանի, Ֆենիսիա պանդոկին մէջ (17 Ապրիլ)։ Կը նշուի, որ այս ձեռնարկին ներկայ պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներէն Պէյրութ ժամանած միութենական ղեկավար անձնաւորութիւններ ալ։

— Հայկազեան գոլէճի հայագիտական ամպիոնը շարունակելով «Ժողովրդային լսարան»-ի իր հերթական հանդիպումները՝ ծանուցեր է «Հայագիտական նոր հրատարակութիւններու քննարկման երեկոյ»-ի մը մասին (1970-ի հրատարակութիւններ), ուր պիտի զեկուցեն եղեր փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեան, Զաւէն Մսըրլեան եւ Երուանդ Քասունի (10 Մարտ, գոլէճի հանդիսասրահը, Մեքսիք փողոց)։

— Խաչիկ Արարատեան «ասմունքի երեկո»-ով մը գրասէր հանրութեան պիտի ներկայանայ եղեր 24 Մարտին, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահը։ Պիտի ասմունքէ սիրային քերթուածներ ու առակներ։

— Լեւոն Գաթրճեան իր «Սեւան» նուագախումբով ամէն Շաբաթ ու Կիրակի իրիկունները ելոյթներ պիտի ունենայ եղեր «Գազինօ Նասըր»-ի Բ. յարկի սրահին մէջ (Ռաուշէ)։ Իսկ երգիչ Արա Կիրակոսեանն ալ գիշերները պիտի երգէ եղեր «Սայաթ-Նովա» ճաշարանը (Ժան տ՛Արք փողոց), իր «Գուսան» նուագախումբին ընկերակցութեամբ։

— Եւ վեջապէս՝ ծանուցում մըն ալ հասած է Հալէպէն։ Հ.Ե.Ը.-ի Ադամեան թատերախումբը 14-16 Մարտին բեմ պիտի հանէ եղեր Գ. Ֆիտէյրէտոյի «Եզովբոսը» տրաման, երեք արարով, Գրիգոր Քէլէշեանի բեմադրութեամբ։ Թատերական այս ներկայացումը միասնաբար հովանաւորուած է եղեր Հ.Ե.Ը.-ի, Թէքէեան մշակութային միութեան եւ Գերմանիկ-Վասպուրական ակումբին կողմէ։ Մուտքի գին ճշդուած է 2, 4 եւ 6 սուրիական ոսկի…։

Share63Tweet39
Previous Post

Լուրեր. 14 Մարտ 2026

Next Post

«Որ Երազում Երազեցինք Ու Անցանք…»

Next Post
«Որ Երազում Երազեցինք Ու Անցանք…»

«Որ Երազում Երազեցինք Ու Անցանք...»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.