Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 12 Մարտ 2026

March 12, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 12 Մարտ 2026

ՀՈՐԻԶՈՆԻՆ ՎՐԱՅ ԼՈՒԾՈՒՄ ՉԿԱՅ

Միջին Արեւելքի մէջ իրավիճակը տակաւին չէ հանդարտած եւ հորիզոնին վրայ տակաւին չկան հանդարտութեան նշաններ թէ՛ լիբանանեան, թէ՛ Ծոցի ճակատներուն վրայ: Իսրայէլեան կործանիչ մեքենան երէկ շարունակեց լիբանանեան հարաւային շրջաններու եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններու համատարած եւ կազմակերպուած քանդումը: Առաւօտեան ժամերուն արձակուած զգուշացումներէ ետք, ռազմական օդանաւերն ու անօդաչու սարքերը իրերայաջորդ հարուածներ ուղղեցին Շիյյահ, Հատաս, Պըրժ էլ Պարաժնէ, Հարէթ Հրէյք, Ղոպէյրի եւ այլ թաղամասերու: Հարաւի մէջ, ամէնէն արիւնալի յարձակումը գործուեցաւ Թըպնինի վրայ, ուր մահացաւ 7 հոգի եւ վիրաւորուեցան 11 ուրիշներ, ըստ քաղաքացիական անվտանգութեան յայտարարութեան: Գործադրելով օր մը առաջ արձակած սպառնալիքը, իսրայէլեան բանակը վերստին թիրախաւորեց մայրաքաղաք Պէյրութը՝ շէնք մը ռմբակոծելով Այիշա Պաքքար թաղամասին մէջ, ուրկէ Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց չորս վիրաւորներու մասին:

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ գլխաւոր թիրախը Համաս շարժումի պատասխանատու մըն էր: Երէկ շարունակուեցաւ նաեւ Հըզպալլայի դրամատան՝ «Քարտ էլ-Հասանի» մասնաճիւղերուն կործանումը: Իսրայէլեան բանակի բանբերը յայտնեց, որ նշեալ հաստատութեան միջոցաւ «Իրան կը ֆինանսաւորէ Հըզպալլան եւ ահաբեկչական այլ կազմակերպութիւններ»: Հարաւային արուարձաններուն քաղաքապետութիւնները երէկ շարունակեցին շարք մը ճամբաներ բանալու փորձերը, ի տես համատարած կործանումին: Կարմիր Խաչի լիբանանեան կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ անցնող օրերուն շտապ օգնութեան խումբերը երկու անգամ յարձակումի ենթարկուած են հարաւային Արնուն եւ Մաժտալզուն շրջաններուն մէջ, ուր զոհուած է փրկարար Եուսէֆ Ասսաֆը եւ վիրաւորուած է այլ փրկարար մը:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ սպայակոյտի պետը հրահանգած է յատուկ ուժերու Կոլանի զօրախումբը ուղարկել Լիբանանի հետ սահմանային գօտի:

 

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԷՆ ՄԻԱԺԱՄԱՆԱԿ ՀԱՐԻՒՐ ՀՐԹԻՌ

Իսրայէլեան յարձակումներուն զուգահեռ, երէկ շարունակուեցաւ նաեւ Լիբանանի հարաւային զանազան շրջաններէն իսրայէլեան դիրքերուն ուղղութեամբ Հըզպալլայի հրթիռարձակումները եւ անօդաչու սարքերու հարուածները: Իսրայէլեան բանակին ռատիոկայանը հաղորդեց, որ պատերազմի սկիզբէն ի վեր մեծագոյն հարուածով, Հըզպալլա միաժամանակ հարիւր հրթիռ արձակած է շարք մը շրջաններու ուղղութեամբ՝ հասնելով մինչեւ Սաֆատ եւ Հայֆա:

 

ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԸ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալ երէկ ուղղաթիռով ուղղուեցաւ հարաւային գօտի, ուր տեսակցեցաւ Մարժաայունի շրջանին մէջ տեղակայուած բանակային ուժերուն հետ:

Դիտել տալով, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ խիստ վտանգաւոր փուլ մը, Հայքալ բանակին առաքելութիւնը սուրբ համարեց եւ կոչ ուղղեց յանձնառու մնալու զինուորական սկզբունքներուն, անտեսելով բոլոր քննադատութիւններն ու ցեխարձակումը: Իսկ հարաւի սահմանային Քլէյաա գիւղին մէջ Աուն ցաւակցեցաւ հոգեւոր հովիւ հայր Փիէռ Ռահիի հարազատներուն եւ կղերականներուն: Հայր Ռահիի մահը գուժեց նաեւ Հռոմի Լեւոն ԺԴ. պապը եւ իր աջակցութիւնը յայտնեց լիբանանցիներուն, շեշտելով որ անոնց կողքին է:

 

ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԸ… ԲԱՅՑ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, որ իրենք կը սիրեն Լիբանանը, սակայն պէտք է ձերբազատուիլ Հըզպալլայէն, որովհետեւ կուսակցութիւնը երկար տարիներ դարձած է աղէտ մը:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Հըզպալլային կոչ ուղղեց դադրեցնելու յարձրակումները Իսրայէլի ուղղութեամբ իր իր զէնքերը անյապաղ յանձնելու լիբանանեան բանակին: Իսկ Եւրոմիութեան յանձնակատարը յայտնեց, թէ որոշած են հարիւր միլիոն եւրօ յատկացնել Լիբանանին՝ հոգալու համար տեղահանուածներուն պէտքերը:

 

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՏՈՒԺԷ

Լիբանանի մէջ զբօսաշրջային եւ ճամբորդական գրասենեակներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Ժան Ապպուտ յայտնեց, որ զբօսաշրջային ոլորտը ականատես կը դառնայ զգալի նահանջի՝ նկատի առնելով երկրին մէջ ստեղծուած պատերազմական վիճակը: Անոր համաձայն, զբօսաշրջային աշխուժութիւնը վերջին շրջանին գրանցած է շուրջ 80 առ հարիւրի անկում:

 

ԹԻՐԱԽ ՉԷ ՄՆԱՑԱԾ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրանի դէմ պատերազմը շուտով պիտի աւարտի, որովհետեւ թիրախ չէ մնացած հարուածելու Իրանի մէջ: Այսուհանդերձ, ամերիկեան եւ իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը երէկ յաւելեալ թիրախներ ռմբակոծեցին Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի եւ բազմաթիւ այլ՝ մանաւանդ երկրի արեւմտեան եւ արեւելեան շրջաններուն մէջ:

Իսկ Ռումանիոյ նախագահ Նիկոսոր Տան յայտնեց, որ ամերիկեան օդուժը այսուհետեւ կրնայ ռումանական օդային խարիսխները գործածել Իրանի դէմ յարձակումներուն ընթացքին: Իրանի բանակը, միւս կողմէ, սպառնաց հարուածել տարածաշրջանի նաւահանգիստները, եթէ Իրանի նաւահանգիստները ենթարկուին յարձակումի:

 

ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Հակառակ Ծոցի արաբական երկիրները չհարուածելու մասին Իրանի նախագահին նախանցեալ օրուայ յայտարարութեան, Իրանի յեղափոխական պահակագունդը երէկ աւելի սաստկացուց հարուածները, արաբները ամբաստանելով ամերիկեան յարձակումներուն մեկնակէտ տրամադրելու մէջ: «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցած են չորս պայթումներ, մինչ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի խորհրդականներէն Անուար Քըրքաշ յայտնեց, որ «թշնամի Իրան կը ստէ եւ ամերիկեան խարիսխներուն փոխարէն կը փորձէ հարուածել Ծոցի արաբական երկիրներուն քաղաքացիական ենթակառոյցները»: Իսկ Օմանի իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ անօդաչու սարքերը ինկած են քարիւղային ենթակառոյցներու վրայ:

Իրանի զինուած ուժերն ու յեղափոխական պահակագունդը երէկ քանի մը հեռահար հրթիռ արձակեցին իսրայէլեան թիրախներու վրայ եւ պայթումներ լսուեցան Թել Աւիւի արուարձանային շրջաններէն:

 

ՈՒԺԱՆԻՒԹԱՅԻՆ ՀՐԱՏԱՊ ՔԱՅԼԵՐ

Ի տես աշխարհի քարիւղային կեդրոն համարուող Ծոցի մէջ բռնկուող վիճակին, քարիւղի տակառին համաշխարհային սակագինը երէկ բարձրացաւ 5 առ հարիւրի չափով եւ հասաւ 92,5 տոլարի: Իրանցի զինուորական պատասխանատուներ նշեցին, որ եթէ պատերազմը շարունակուի, քարիւղի սակագինը կրնայ հատել երկու հարիւր տոլարի սահմանը:

Ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին նաեւ, թէ պատերազմի սկիզբէն ի վեր Իրան արտահանած է շուրջ 11 միլիոն տակառ քարիւղը՝ բոլորը դէպի Չինաստան: Վառելանիւթի սակագիներուն աճը զսպելու նպատակով, շարք մը երկիրներ յայտարարեցին, թէ պիտի սկսին գործածել իրենց ռազմավարական պահեստները: Ճափոնի վարչապետը նշեց, որ պահեստը պիտի սկսին գործածել յառաջիկայ Երկուշաբթիէն սկսեալ: Ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնն ալ յայտարարեց, թէ 32 երկիր որոշած են օրական 400 միլիոն տակառ գործածել ռազմավարական պահեստներէն՝ կայուն պահելու քարիւղին սակագինը:

 

ԲՈՂՈՔ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵԼՈՒ ԴԷՄ

Լիբանանի խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկու տարի երկարաձգելու մասին խորհրդարանէն հրապարակուած որոշումէն երկու օր ետք, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան «Ուժեղ Հանրապետութիւն» խմբակցութենէն անդամներ, երեսփոխաններ Ֆուատ Մախզումիի, Աշրաֆ Ռիֆիի եւ Միշէլ Մուաուատի ընկերակցութեամբ բողոք ներկայացուցին Սահմանադրական խորհուրդին՝ պահանջելով հակասահմանադրական համարել օրէնսդիր մարմինին որոշումը, որովհետեւ այդ կը խախտէ խորհրդարանական յաջորդականութեան սկզբունքը եւ երեք իշխանութիւններու հաւասարակշիռ գործունէութիւնը:

«Բացառիկ պայմանները չեն արդարացներ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկու տարի երկարաձգումը», նշուեցաւ բողոքին մէջ, աւելցնելով որ ընտրական օրէնքին շուրջ համաձայնիլը ընտրութիւնները կայացնելու նախապայման մը չէ:

 

ՍԱԼԱՄ-ՊԸՐՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող պատերազմական վիճակը եւ իսրայէլեան բռնարարքներուն վերջ տալու միջոցները:

Ժողովականները արծարծեցին նաեւ տեղահանուած լիբանանցիներուն դիմագրաւած խնդիրները եւ անոնց օգնելու միջոցները, ինչպէս նաեւ քաղաքական նորագոյն զարգացումները:

 

 

 

 

 

 

 

Share64Tweet40
Previous Post

Նուիրեալ Ընկեր Յարութիւն Կիւտէշեան Հանգչեցաւ

Next Post

Երբ Մարմարը Կը Շնչէ

Next Post
Երբ Մարմարը Կը Շնչէ

Երբ Մարմարը Կը Շնչէ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.