Սրտի խոր ցաւով իմացանք գաղափարական եւ հաւատաւոր հնչակեան ընկեր Յարութիւն Կիւտէշեանի մահը, որ տեղի ունեցած է Լոս Անճելըսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ)։
Հանգուցեալը երիտասարդ տարիքէն անդամակցած էր Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան շարքերուն Պէյրութի մէջ, մնալով նուիրեալ եւ հաւատարիմ կուսակցական գործիչ։ Իր հասարակական եւ կազմակերպական գործունէութիւնը կեդրոնացած էր մասնաւորաբար կուսակցութեան «Տխրունի» ուսանողական երիտասարդական կառոյցին, ինչպէս նաեւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան եւ Հայ Մարմնակրթական Միութեան շրջանակներուն մէջ։
Ընկեր Կիւտէշեան երկար տարիներ եղած է Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան պարախումբի հիմնական անդամներէն։ Մարզական ասպարէզին մէջ ալ ցուցաբերած է աչքի զարնող կարողութիւններ՝ իբրեւ Հ.Մ.Մ. «Փարամազ» ֆութպոլի կազմի արագավազ յառաջապահ, որուն համար համակիրները զինք կը կոչէին «Թիյարա»։ 1970-ական տարիներուն մաս կազմած է նաեւ Հ.Մ.Մ.-ի Ա. կազմին։
Ֆութպոլէն անդին, ան գործուն մասնակցութիւն ունեցած է նաեւ Հ.Մ.Մ.-ի պասքէթպոլի առաջին կազմին, իսկ հետագային ստանձնած է աղջկանց պասքէթպոլի կազմի մարզիչի պատասխանատուութիւնը՝ իր փորձառութիւնը եւ նուիրումը փոխանցելով նոր սերունդին։
Կազմակերպչական կեանքին մէջ եւս ան ցուցաբերած է պատասխանատու եւ աշխոյժ մասնակցութիւն՝ ծառայելով որպէս Ս.Դ.Հ.Կ. «Աղասի» մասնաճիւղի ատենապետ եւ երկար տարիներ մնալով անոր ժրաջան անդամներէն մէկը։
Հետագային հանգրուանած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ցաւօք, 2018 թուականէն ի վեր առողջական դժուարութիւններու հետեւանքով անկողնային վիճակի մէջ կը գտնուէր։ Կիրակի, 8 Մարտին, լռեց անոր սիրտը, փակելով հայրենասիրութեամբ, ընկերական նուիրումով եւ հնչակեան գաղափարներով լեցուն կեանքի մը էջը։
Խոնարհում եւ խունկ՝ ընկեր Յարութիւն Կիւտէշեանի անմոռանալի յիշատակին։

