Հայ գիրքը կը շարունակէ իր ապահով ընթացքը շնորհիւ այն հեղինակներուն, խմբագիրներուն եւ հրատարակիչներուն, որոնք անխոնջ աշխատանքով կը հարստացնեն մեր մշակութային դաշտը եւ նոր ստեղծագործութիւններ կը դնեն ընթերցողին սեղանին վրայ։
Մեր խմբագրատան գրադարանը վերջին շրջանին՝ Յունուար-Փետրուար ամիսներուն, դարձեալ համալրուեցաւ շարք մը նոր հրատարակութիւններով՝ գիրքերով եւ պարբերաթերթերով:
Ստորեւ կը ներկայացնենք անոնց ցանկը՝ իբրեւ երախտագիտութեան փոքր արտայայտութիւն բոլոր այն մշակներուն հանդէպ, որոնք իրենց գրական եւ մտաւոր վաստակով կը շարունակեն ծառայել հայ գիրքին եւ մշակոյթին։

1) «ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍ», 45/2 – Haigazian University Press – Պէյրութ 2025: 516 էջ: Պատասխանատու խմբագիր՝ Անդրանիկ Տագէսեան: Խմբագրական կազմ՝ Արմէն Իւրնէշլեան, Սիլվա Փափազեան: Խորհրդատու մարմին՝ Կարօ Աբրահամեան, Սիլվիա Աճէմեան, Նանօր Գարակէօզեան, Երուանդ Երկանեան, Արտա Էքմէքճի, Հրանուշ Խառատեան, Մուրատ Հասրաթեան, Հրաչ Չիլինկիրեան, Մկրտիչ Պուլտուքեան, Սեդա Տատոյեան, Սուզըն Փեթի:
2) Armenian Diaspora IX, «THE ARMENIAN DIASPORA AND MODERN POLITICAL SYSTEMS», Jon Armajani: Haigazian University Press – Պէյրութ 2026: 307 էջ:
3) «ՀՈԳԵՒՈՐ ՔԱՐՈԶՆԵՐ», Մեծն Սուրբ Մակար, հայացուց՝ Մակար Եպս. Աշգարեան: Անթիլիաս – 2021, 358 էջ:
4) «ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆՈՎ ՆՈՐՈԳՈՒԻՆՔ», պատրաստեցին՝ Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Մակար Եպս. Աշգարեան, Անթիլիաս – 2022, 110 էջ:
5) «ՍԵՌԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԻՄԱՍՏԸ», բժկ. Ադել Հալիմ, հայացուց՝ Մակար Արք. Աշգարեան: Հալէպ – 2025, 208 էջ:
6) «ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ ՏԱՂԱՆԴԻ ՈՒ ՎԱՍՏԱԿԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ (ՀԱՄԱՌՕՏ ԱԿՆԱՐԿ), ՊՏՈՅՏ ՄԸ ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ ՆԵՐԱՇԽԱՐՀԷՆ ՆԵՐՍ», Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ – 2025, 32 էջ:
7) «ՈՒՂԻ» (Երեւանի տաղեր), Լեւոն Արտազեան, Պէյրութ – 2026, 56 էջ:
8) «Հասկ», Պաշտօնական ամսագիր Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Թիւ 9-10, Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր, ՂԴ. Տարի 2025:
9) «ԽՕՍՆԱԿ», պաշտօնաթերթ Հ.Բ.Ը.Միութեան Հ.Ե.Ընկերակցութեան Լիբանանի Շրջանակի, 68-րդ տարի, թիւ 11-12 Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 2025: Խմբագիր՝ Համբիկ Մարտիրոսեան: Խմբագրական կազմ՝ Անժէլ Միսիսեան, Տք. Յովիկ Առաքելեան, Աւետիս Տիպան եւ Թագուհի Լեփեճեան: Պատկերազարդ, 96 էջ:
10) «AGBU – Spheres of Influence», Volume-34/ Number 2, December 2025, 98 էջ:
11) «AGBU – IMPACT», Issue 4/ December 2025, 47 էջ:

