Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

C-Rouge. Սփիւռքեան Տրոփում, Երեւանեան Բեմ

March 12, 2026
in Հարցազրոյց
0
C-Rouge. Սփիւռքեան Տրոփում, Երեւանեան Բեմ

Երբ հայկական աւանդական մեղեդին կը հանդիպի ժամանակակից հնչիւնին, կը ծնին նոր երանգներ, նոր շունչ եւ նոր ստեղծագործութիւն։ Այս միաձուլման ամէնէն ճանաչելի անուններէն մէկը այսօր Սէրուժ Պաղտասարեանն է՝ հանրութեան ծանօթ նաեւ որպէս C-Rouge։ Երաժշտական ընտանիքի զաւակ, արուեստով սնուած եւ ինքնուրոյն ոճով կոփուած, ան վերջին տարիներուն յատկապէս Հայաստանի մէջ դարձած է փնտռուած անուն մը։

Անցեալ տարուան յաջողութեամբ լեցուն համերգէն ետք, Սէրուժ Պաղտասարեան քանի մը օր ետք կրկին պիտի կանգնի հայրենի բեմին վրայ՝ նոր ծրագիրով եւ նոր խոստումներով։ Ի՞նչ կը պատրաստէ այս անգամ երիտասարդ երաժշտագէտը, ինչպէ՞ս կը ձեւաւորէ իր ստեղծագործական ուղին աւանդութեան ու նորարարութեան հատման կէտին վրայ, եւ ի՞նչ պատգամ ունի իր հանդիսատեսին։

Այս եւ այլ հարցումներու շուրջ զրուցեցինք Սէրուժ Պաղտասարեանի հետ:

(Ա.)

 

Հ.- Երաժշտական ընտանիքի զաւակ էք․ հայրդ՝ Սեդօ Պաղտասարեան, մայրդ՝ Շաքէ, ճանչցուած երգչուհի, քոյրդ՝ նոյնպէս բեմի վրայ։ Այս միջավայրը ինչպէ՞ս ձեւաւորեց ձեր երաժշտական մտածողութիւնը եւ ինքնութիւնը։

Պ.- Երաժշտութիւնը մեր տան առօրեան էր։ Հայրս՝ Սեդօ Պաղտասարեան, իր լուրջ եւ արհեստավարժ մօտեցումով, մայրս՝ Շաքէ Պաղտասարեան, իր զգացական եւ բեմական ներկայութեամբ, մեծ ազդեցութիւն ունեցան վրաս։ Այդ միջավայրը ինծի սորվեցուց, որ երաժշտութիւնը ոչ միայն արուեստ է, այլ նաեւ կարգապահութիւն եւ առաքելութիւն։

 

Հ.- Երաժշտութիւնը միայն ժառանգութի՞ւն է, թէ՞ անձնական կոչում, կա՞մ երկուքը միասին։

Պ.- Կը կարծեմ՝ երկուքը միասին են։ Ժառանգութիւնը ինծի տուաւ ուղղութիւն եւ հիմք, բայց եթէ անձնական կոչում չըլլար, ես չէի շարունակեր այս ճամբան եւ իմ իւրայատուկ ոճը։

 

Հ.- Յայտնի էք որպէս C-Rouge՝ հայկական աւանդական մեղեդիները ելեկտրոնային եւ ժամանակակից մշակումներով նոր շունչ տալու մէջ։ Ինչպէ՞ս կը գտնէք այն նուրբ սահմանը, ուր աւանդութիւնը կը պահպանուի, բայց նաեւ կը վերանորոգուի։

Պ.- Ամէն անգամ նախ կը մօտենամ մեղեդիին մեծ յարգանքով։ Կը փորձեմ հասկնալ անոր պատմական եւ զգացական բեռը, եւ միայն անկէ ետք կը մտածեմ ժամանակակից հնչողութեան մասին։ Նպատակս փոփոխել չէ, այլ նոր շունչ տալ՝ առանց ինքնութիւնը կորսնցնելու։

 

Հ.- 2025 Յուլիսին, «Ֆորում»-ի 30-ամեակին առիթով, համերգ տուիք Hamazkayin Armenian Educational and Cultural Society-ի նախաձեռնութեամբ, համագործակցելով Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբ-ին հետ։ Ի՞նչ նշանակութիւն ունեցաւ այդ համադրութիւնը ձեր արուեստական ուղիին մէջ եւ Ի՞նչ դասեր քաղեցիք այդ փորձառութենէն, որոնք պիտի օգտակար ըլլան Մարտի այս նոր համերգին։

Պ.- Այդ համերգը իմ արուեստական ուղիիս մէջ յատուկ փուլ մըն էր, որովհետեւ իրականացաւ Համազգայինի հետ համագործակցութեամբ եւ Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբին մասնակցութեամբ։ Այդ համադրութիւնը միայն երաժշտական չէր, այլ նաեւ մշակութային միասնութեան գեղեցիկ արտայայտութիւն։ Այդ փորձառութիւնը ինծի սորվեցուց աւելի մեծ ծաւալով մտածել, աւելի խոր պատրաստուիլ եւ իմ երաժշտական գաղափարներս աւելի յստակ փոխանցել։ Իսկ Մարտի համերգին բեմ պիտի բարձրանամ շատ աւելի մեծ վստահութեամբ։

 

Հ.- Այդ երեկոն նուիրուած էր նաեւ 44-օրեայ պատերազմի նահատակներու յիշատակին։ Երբ այդ գիտակցութեամբ բեմին վրայ կը կանգնէիք, երաժշտական ձեր ապրումը ինչպէ՞ս կը փոխուէր։

Պ.- Երբ կը գիտակցէի, որ այդ երեկոն նուիրուած է նահատակներուն յիշատակին, բեմին վրայ ապրումս աւելի ծանր ու խոր էր։ Բայց ինծի համար անիկա նաեւ նուիրուած էր մեր նախահայրերուն՝ որպէս յարգանքի եւ խոնարհումի երեկոյ։ Երաժշտութիւնը դարձած էր ոչ միայն կատարում, այլ ներքին խօսք, աղօթքի նման զգացում եւ յիշատակի արժանապատիւ արտայայտութիւն։

 

Հ.- Այս նոր նուագահանդէսը ինչո՞վ պիտի տարբերի նախորդէն՝ թէ՛ բեմադրական, թէ՛ երաժշտական լուծումներու առումով։

Պ.- Այս համերգը կը կրկնենք հանդիսատեսի մեծ պահանջով։ Ծրագիրը հիմնականօրէն նոյնն է, սակայն պիտի ունենանք մէկ անակնկալ նոր ստեղծագործութիւն։ Մնացեալ մասը գրեթէ անփոփոխ է, բայց ընդհանուր առմամբ ես նաեւ բարելաւած եմ որոշ մշակումներ՝ աւելի յստակ հնչողութեան եւ աւելի հասուն երաժշտական լուծումներու համար։

Հ.- Դուք բազմիցս մասնակցած էք համահայկական ձեռնարկներու, ներառեալ «Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութիւնները։ Ի՞նչ կը նշանակէ Ձեզի Երեւանի բեմին վրայ հազարաւոր հանդիսատեսներու հետ կապ հաստատելը։

Պ.- Անկեղծ ըսած՝ այս իմ հիմնական եւ ամենամեծ ձեռնարկս է Հայաստանի մէջ։ Նախորդները իրենց արժէքը ունէին, բայց ծաւալով համեմատելի չեն։ Սակայն զգացումի առումով ամէն անգամ աւելի կը խորանայ։ Երբ բեմին վրայ կը կանգնիմ հոս, կը զգաս թէ տունն ես, կապուած ես քու ժողովուրդիդ։ Այն ջերմ սէրն ու արձագանգը, որ կը ստանամ համերգէն առաջ, ընթացքին եւ յետոյ, բառերով բացատրելը դժուար է։

 

Հ.- Սփիւռքէն եկած երիտասարդ արուեստագէտ մը ըլլալով՝ ինչպէ՞ս կը տեսնէք այսօր Սփիւռք-Հայաստան մշակութային կամուրջը։

Պ.- Սփիւռքէն ըլլալով եւ Լիբանանի մէջ ապրելով՝ միշտ շատ մօտ եղած եմ իմ հայկական արմատներուս։ Մանկութենէս ի վեր լսած եմ հայկական երգեր, որոնցմէ ոմանք Հայաստանի մէջ այնքան ալ ծանօթ չեն, կամ երբեմն ընդհանրապէս չեն հնչած, բայց Սփիւռքի մէջ շատ սիրուած են։ Այդ հարուստ երաժշտական «պաշարը», որ տարիներու ընթացքին կուտակուած է իմ մէջս, եւ իմ հայրենասիրական զգացումը, օգնեցին ինծի ստեղծելու երգերու նոր շունչ եւ նոր ներկայացում։

 

Հ.- Ձեր ստեղծագործութիւններուն մէջ կը միաձուլուին ազգային շունչն ու համաշխարհային հնչողութիւնը։ Ո՞ւր կը տեսնէք հայկական նորագոյն երաժշտութեան ապագան յառաջիկայ տարիներուն։

Պ.- Կը կարծեմ՝ հայկական նորագոյն երաժշտութեան ապագան կախուած է համարձակութենէն։ Մենք պէտք չէ վախնանք նոր ձայներ փորձելէ, բայց նաեւ չկտրուինք մեր արմատներէն։ Երբ ազգային ինքնութիւնը բնական ձեւով կը միաձուլուի ժամանակակից մտածողութեան հետ, այն ժամանակ կը ծնին գործեր, որոնք թէ՛ հայկական են, թէ՛ միջազգային մակարդակով մրցունակ։ Ես այդ ուղղութեան է որ կը հաւատամ։

 

Հ.- Որպէս երիտասարդ եւ արդէն պահանջուած երաժշտագէտ՝ ինչպիսի՞ պատասխանատուութիւն կը զգաք նոր սերունդին առջեւ։

Պ.- Այսօր մեծ պատասխանատուութիւն կը զգամ։ Պէտք է շարունակեմ ստեղծել բարձր որակի գործեր, կազմակերպել նոր համերգներ, եւ ինչո՞ւ ոչ՝ ներկայանալ նաեւ այլ երկիրներու մէջ։ Մարդիկ այսօր մեծ ակնկալութիւններ ունին ինձմէ։ Վստահ եմ, որ պիտի կարենամ լաւ արդիւնքներ տալ իրենց, բայց անկեղծօրէն ըսած՝ անիկա մեծ եւ երբեմն դժուար պատասխանատուութիւն է։

 

Հ.- Մարտի համերգէն առաջ ի՞նչ կ’ուզէք, որ հանդիսատեսը զգայ կամ իր հետը տուն տանի, երաժշտութենէն բացի։

Պ.- Կ’ուզեմ, որ հանդիսատեսը համերգէն դուրս գայ ոչ միայն երաժշտական տպաւորութեամբ, այլ նաեւ հպարտութեան եւ ներշնչման զգացումով։ Զգայ որ մենք ունինք հարուստ ժառանգութիւն եւ կենսունակ ներկայ։

 

Հ.- Եթէ մէկ նախադասութեամբ պէտք ըլլար բնորոշել Սէրուժ Պաղտասարեանի այս փուլը՝ ի՞նչ կ’ըսէիք ձեր մասին այսօր։

Պ.- Այս փուլը ինծի համար վերելքի եւ պատասխանատուութեան շրջան մըն է․ աւելի լայն լսարան, աւելի մեծ բեմեր, բայց նաեւ աւելի խոր գիտակցութիւն թէ ինչ կը ներկայացնեմ եւ որուն համար։

Share62Tweet39
Previous Post

Ապտիւլ Համիտի Մասին Իրանեան Մօտեցում Մը

Next Post

Շնորհակալութեամբ Ստացանք

Next Post
Շնորհակալութեամբ Ստացանք

Շնորհակալութեամբ Ստացանք

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.