Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ապտիւլ Համիտի Մասին Իրանեան Մօտեցում Մը

Յարութիւն Իսկահատեան

March 12, 2026
in Յօդուածներ
0
Ապտիւլ Համիտի Մասին Իրանեան Մօտեցում Մը

Ֆրանսացի անծանօթ հեղինակի մը «Վարք Սուլթան Ապտիւլ Համիտի եւ Օսմանեան կայսրութեան կացութիւնը նրա օրօք» (Biography of Sultan Abdul Hamid and the Situation of the Ottoman Empire During His Reign) խորագրեալ գիրքը քննարկման նիւթ դարձած է իրանցի կիսապաշտօնական անձնաւորութիւններու կողմէ, սոյն գիրքին ֆրանսերէնէ պարսկերէն թարգմանութեան առիթով: Բնագիրը  ֆրանսերէն է եւ անծանօթ ֆրանսացի հեղինակը Ապտիւլ Համիտի ժամանակակիցն է, որ Օսմանեան արքունիքին մօտ եղած է: Այս գիրքին ներկայացումը եւ այլ իրանեան տեսակէտներ Հայոց ցեղասպանութեան մասին կը գտնենք հայրենի իրանագէտ Էմմա Բեգիջանեանի հեղինակած՝ «Իրանական տեսակէտները Հայոց ցեղասպանութեան մասին» գիրքին մէջ, որ խմբագրած է ՀՀ ԳԱԱ-ի թղթակից անդամ դոկտ. Ռուբէն Սաֆրաստեան եւ լոյս տեսած է հեղինակային հրատարակութեամբ Էտիթ Պրինթ տպարանէն, Երեւան, 2011, 163 էջ միջին չափի:

Նախքան այս նիւթին քննարկման անդրադառնալը, յիշենք թէ ուշագրաւ է սուլթան Ապտիւլ Համիտի անհատականութեան մասին ֆրանսացի հեղինակին կարծիքը, որ  Էմմա Բեգիջանեան հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ. «Գրքի նախաբանում ֆրանսացի հեղինակը նշում է, որ նա բնութագրել է սուլթանի անկայուն, հակասական բնաւորութիւնը եւ դրանից քաղաքական երկու կարեւոր հետեւութիւն արել՝ ա. Օսմանեան պետութիւնը հլու հնազանդ է դարձել Գերմանիային, բ. Իսլամական ոյժն ու կարողութիւնը տարրալուծուել են երկրի ներսում եւ մահմետական այլ երկրներում: Նա ընդգծում է նաեւ, որ Ապտիւլ Համիտի սխալներից ու վրիպումներից շահել են երկու երկիր՝ Գերմանիան՝ Եւրոպայում ու Ասիայում, իսկ Անգլիան՝ Աֆրիկայում եւ Արաբիայում» (էջ 6):

«Վարք Սուլթան Ապտիւլ Համիտի եւ Օսմանեան կայսրութեան կացութիւնը նրա օրօք» գիրքը պարսկերէնի թարգմանած է իրանցի Մուհամմէտ Հասան խան Էթիմատ-օլ-Սալթանէն 1895-ին: Մօտաւորապէս հարիւր տարի ետք Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութեան Քաղաքական եւ միջազգային հետազօտութիւններու գրասենեակի փաստաթուղթերու հրատարակման վարչութեան տնօրէն՝ Մուհամմէտ Հասան Քաւուսի այդ թարգմանութիւնը 1998-ին մշակած ու խմբագրած է, Իրանի այդ օրուան արտաքին գործերու նախարար Քամալ Խարազիի հովանաւորութեան տակ: Վերջինս նոր հրատարակութեան յառաջաբանի հեղինակն է, որ կարեւորելով երկրի մը ղեկավարի դերը այդ երկրի ճակատագրի որոշման մէջ, կ՛ըսէ. «Ուսումնասիրելով այսօրինակ կենսագրութիւնները, հասկանալի է դառնում, թէ ինչպէս մի երկրի, հասարակութեան ճակատագիրը տնօրինողների բնաւորութիւնը, խառնուածքը, անհատականութիւնը, նրա ընդունակութեան  եւ ուշիմութեան չափն ու խելամտութիւնը, կարող են որոշիչ դեր ունենալ տուեալ երկրի, ազգի եւ հասարակութեան երջանկութեան կամ դժբախտութեան ու մոլորութեան հարցում» (էջ 6):

Պարսկերէն հրատարակութեան խմբագիր Մուհամմէտ Հասան Քաւուսի ընդարձակ ներածութեամբ հանդէս կու գայ Հայոց պատմութեան եւ կոտորածներուն նկատմամբ կեցուածքներով: Էմմա Բեգիջանեան հետեւեալ ձեւով կ՛արտայայտուի անոր մասին. «Քաւուսի համառօտակի ներկայացնում է Օսմանեան պետութեան պատմութիւնը՝ մինչեւ Մուսթաֆա Աթաթուրքի՝ իշխանութեան «օլիմպոսին» յայտնուելը, որտեղ փաստերի զգալի խեղաթիւրումներ կան ի վնաս հայերի» (էջ 7): Քաւուսի կ՛անդրադառնայ թրքական հանրապետութեան տարածքին վրայ պատմականօրէն եղած քաղաքակրթութիւններուն, յիշելով հիթիթները, ապա՝ ասորիներն ու լիտիացիները, առանց յիշելու հայերը: Այս հարցին մասին Էմմա Բեգիջանեան կ՛ըսէ. «Իրանցի գիտնականը՝ Քաւուսին միայնգամայն անտեսելով պատմական Հայաստանի գոյութիւնն այդ տարածքում, որեւէ ակնարկ չի արել այդ մասին, փաստ, որն այլ կերպ, չես անուանի, քան պատմական ճշմարտութեան խեղաթիւրում: Իսկ այդօրինակ խեղաթիւրումներն առաւել կարեւոր բնոյթ են կրում, երբ դրանք անում է տուեալ երկրի ԱԳ նախարարութեանն առընթեռ հիմնարկութիւնը, իսկ այդ միտումը պայմանաւորուած է Թեհրան-Անգարա փոխառնչութիւններով՝ ի վնաս հայերի» (էջ 7): Սակայն եւ այնպէս Բեգիջանեան իրապաշտօրէն կ՛աւելցնէ. «Այդ փաստի խեղաթիւրման համար մեղքի առիւծի բաժինը մերն է. դրան նպաստել ենք մենք մեր անտարբերութեամբ, մեր լռութեամբ» (էջ 7): Աւելին՝ Բեգիջանեան կ՛ըսէ թէ Քաւուսի իր այս սխալ կարծիքը կը պահպանէ ամբողջ ներածութեան ընթացքին:

(Շարունակելի)

 

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Իրանեան Տեսանկիւնէ (1)

Share66Tweet41
Previous Post

Երբ Մարմարը Կը Շնչէ

Next Post

C-Rouge. Սփիւռքեան Տրոփում, Երեւանեան Բեմ

Next Post
C-Rouge. Սփիւռքեան Տրոփում, Երեւանեան Բեմ

C-Rouge. Սփիւռքեան Տրոփում, Երեւանեան Բեմ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.