Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Երբ Մեծցայ՝ Ուսուցչուհի Եղայ

Զարմինէ Կանաչեան Ասմինեան

March 10, 2026
in Յօդուածներ
0
Երբ Մեծցայ՝ Ուսուցչուհի Եղայ

Մանուկ հասակէս դպրոցը ինծի համար սոսկ դասարան մը չէր, այլ՝ ջերմ անկիւն մը, ուր կը ստանայի ոչ միայն գիտելիք, այլ նաեւ կեանքի արժէքներ։

Դպրոցը մեր երկրորդ տունն էր։ Մեր ուսուցիչները այն մարդիկն էին, որոնք իրենց համբերութեամբ, ժպիտով եւ խրատներով կը լուսաւորէին մեր օրերը։ Անոնք մեզի կը սորվեցնէին սիրել գիրքը, ըլլալ հայրենասէր, յարգել մարդը, պահպանել բնութիւնն ու միջավայրը եւ երբեք չյուսահատիլ դժուարութիւններուն առջեւ։

Դպրոցս երբ աւարտեցի, տնօրէնս` Պէպօ Սիմոնեան զիս քաջալերեց, որ մեկնիմ հայրենիք բարձրագոյն ուսում ստանալու։ Համալսարանը աւարտելէս ետք վերադարձայ Լիբանան եւ իբրեւ հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցչուհի պաշտօնավարեցի զանազան հայ վարժարաններու մէջ։

Գիտակից էի, որ մեր ասպարէզը նուիրում կը պահանջէ։ Մենք գործ ունինք հայ փոքրիկներու եւ պատանիներու հետ, որոնք պիտի դառնան մեր վաղուան սերունդը։ Ուստի մեր պարտականութիւնն է, իբրեւ հայրենասէր ուսուցիչներ, անոնց լաւ ուսում ջամբել, ազգային շունչով դաստիարակել, ու կրթել։

Ջանալ հայ աշակերտը կապել իր հարուստ մշակոյթին, զարգացնել անոր քննադատական մտածողութիւնը, որպէսզի լաւ իւրացնէ իր մայրենի լեզուն, ուսումնասիրէ իր դարաւոր պատմութիւնը եւ տէր կանգնի իր ազգային արժէքներուն։

Ընթերցանութեան հանդէպ սէրս դպրոցական օրերէս եղած է։ Համալսարանի տարիներուն եւս բազում գիրքեր կարդացած եմ։

Տարիներ առաջ կարդացի փոքրիկ պատմութիւն մը, որ մինչ օրս մտքիս մէջ արձանագրուած է եւ շատերուն պատմած եմ։

Պատմութեան հերոսը իր ուսուցիչէն ներշնչուելով՝ որպէս ասպարէզ ընտրած էր ուսուցչութիւնը։

Օր մը դասարանին մէջ աշակերտներէն մէկուն նոր ժամացոյցը կը

կորսուի։ Աշակերտը շատ կը տխրի, որովհետեւ իր տարեդարձին առթիւ

նուէր ստացած էր։

Բոլոր աշակերտները ամէն կողմ կը ստուգեն, պայուսակներուն մէջ, դարակներուն մէջ, բայց չեն գտներ։ Լուրը կը հասնի իրենց դաստիարակ ուսուցիչին։

Ան հանդարտ ձայնով կ’ըսէ, որ պէտք է փնտռեն առանց աղմուկի ու խայտառակութեան։ Աշակերտներէն կը խնդրէ որ շրջանակ կազմեն, իրենց աչքերը փակեն եւ մնան իրենց տեղերը։ Ապա մութին մէջ բոլորին գրպանները կը փնտռէ։

Վերջապէս ժամացոյցը կը գտնուի։ Սակայն ուսուցիչը անուն չի տար եւ չի յայտներ, թէ ո՛վ էր վերցնողը։ Ան չի խայտառակեր աշակերտը, չի յայտարարեր բոլորին առջեւ եւ թոյլ չի տար, որ ան ընկերներուն աչքէն իյնայ։ Ամէն ինչ լուռ ու խաղաղ կ’անցնի։

Ժամացոյցը պահող աշակերտը կը շեշտէ․ «Այս պատահած դէպքը իմ կեանքիս վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ։ Տարիներ ետք ես իմացայ, որ նոյնիսկ ուսուցիչս չէր գիտեր, թէ ո՛վ էր ժամացոյցը պահող աշակերտը, որովհետեւ ինք ալ իր աչքերը փակած էր, երբ կը փնտռէր գրպանները։ Այդ օրը ես մեծ դաս մը սորվեցայ գթութեան եւ արժանապատուութեան մասին։ Ուսուցիչը մեզի ցոյց տուաւ, թէ ճշմարիտ դաստիարակը ոչ թէ կը պատժէ ու կը խայտառակէ, այլ կը փրկէ եւ կը բարձրացնէ։ Ան պահեց իմ պատիւս եւ կեանքիս մէջ նոր էջ մը բացաւ՝ առանց խարանի։

Տարիները անցան, եւ ես մեծցայ։ Երբ մտածեցի ապագայիս մասին, այդ դէպքը յաճախ կը յիշէի։ Որոշեցի ուսուցիչ դառնալ ոչ միայն գիտութիւն փոխանցելու, այլ նաեւ սիրտեր պաշտպանելու համար։ Այսօր, երբ դասարան կը մտնեմ, միշտ կը փորձեմ յիշել իմ ուսուցիչիս այդ մեծ մարդասիրութիւնը։                                                                                                                                    

Երբ մեծցայ, ուսուցիչ եղայ՝ իմ ուսուցիչէս ներշնչուելով։ Կը ջանամ ըլլալ այնպիսի ուսուցիչ մը, որ կը սորվեցնէ ոչ միայն դասագիրքի դասեր, այլ նաեւ կեանքի։ Կը հաւատամ, որ իսկական ուսուցիչը այն է, որ լուռ կերպով բարիք կ’ընէ եւ աշակերտներուն պատիւը կը պահէ, ինչ ալ ըլլայ պարագան»։

ՁԵՐ ՏՕՆԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՍԻՐԵԼԻ ԵՒ ՅԱՐԳԵԼԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉ-ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻՆԵՐ։

Share63Tweet39
Previous Post

21-րդ Դարու Ուսուցիչը Ալկորիթմներու Եւ Մարդկայնութեան Միջեւ

Next Post

Նուիրեալ Ընկեր Յարութիւն Կիւտէշեան Հանգչեցաւ

Next Post
Նուիրեալ Ընկեր Յարութիւն Կիւտէշեան Հանգչեցաւ

Նուիրեալ Ընկեր Յարութիւն Կիւտէշեան Հանգչեցաւ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.