Ժամանակին երբ երեխայ մը կը ծնէր անոր ընտանիքը անմիջապէս գեղեցիկ ու գունաւոր երազներ կը կապէր անոր աշխարհ գալուն հետ: Տղայ զաւակին հետ երազները աւելի յստակ, խիստ եւ իրականութեան մօտ կ’ըլլային, սակայն աղջիկ զաւակին ճակատագիրը շատ անգամ կը կապուէր բախտին: Այսօր այս կարծիքը, այո՛, փոխուած է, սակայն տակաւին մեր ենթագիտակցութեան մէջ տեղ կը գրաւէ: Ես ալ այդ սերունդի զաւակներէն մէկն էի, որ դարձայ ուսուցիչ: Օրին ինչ մեծ պարծանք էր ուսուցիչ ըլլալը, որովհետեւ մերինները մեր ուսուցիչները մեծ յարգանքով կը դիմաւորէին եւ վարժապետ կը կոչէին: Արդեօք այսօր ինչպէ՞ս կը դիտենք մեր ուսուցիչները:
Կ’արժէ մէյ մը ակնարկ դարձնել այսօրուայ ուսուցիչին առօրեային վրայ:
Առաւօտեան ժամը 5։30-ին, երբ առաջին լոյսը տակաւին չթափանցած խոհանոցի պատուհանէն, անոր օրը արդէն սկսած է։ Սուրճը կը սառի սեղանին վրայ, մինչ ան կը ստուգէ գիշերուան ընթացքին ստացած նամակները՝ ծնողի մը մտահոգութիւնը գնահատականի մը մասին, տնօրէնութեան յիշեցումը գնահատանքին տուեալներու մասին, եւ դպրոցական հարթակէն արհեստական բանականութեամբ (AI) ստեղծած դասի առաջարկները։ Տունէն դուրս գալէ առաջ ան նաեւ պէտք է օգնէ իր զաւակներուն դպրոցական կամ այլ պատրաստութիւններուն, ինչպէս՝ ուտելիք, խմելիք, դեղորայք եւ երթեւեկ։
Այս ուսուցիչը բացառութիւն մը չէ, այլ ան 21-րդ դարու ուսուցիչին խորհրդանիշն է՝ մանկավարժ մը, որ կը գործէ մասնագիտութեան մը մէջ, որ արմատապէս փոխուած է թուայնացումով, կրթական բարեփոխումներով, նոր մեթոտաբանութեամբ եւ արհեստական բանականութեան արագ վերելքով։
20-րդ դարու ընթացքին եւ 21 դարու սկիզբը ուսուցիչը կը նկատուէր իբրեւ գիտելիքի հիմնական աղբիւրը։ Տեղեկութիւնը կը գտնուէր դասագիրքերու մէջ, իսկ հեղինակութիւնը՝ դասարանին մէջ կեանքի կու գար ուսուցիչին ներդրումով։ Այսօր այդ մօտեցումը արմատապէս փոխուած է։
Միջազգային կազմակերպութիւններ, ինչպէս՝ UNESCO եւ OECD, կը շեշտեն 21-րդ դարու հմտութիւններու զարգացումը՝ քննական մտածողութիւն, համագործակցութիւն, ստեղծագործութիւն եւ թուային գրագիտութիւն։ Գիտելիքը այլեւս սակաւ չէ, այլ առատ է եւ դիւրին ու արագ հասանելի ոչ միայն աշակերտին համար, հապա՝ բոլորին։ Ուսուցիչին առաքելութիւնը այլեւս միայն տեղեկութիւն փոխանցել չէ, այլ՝ սորվեցնել ինչպէս գտնել տեղեկութիւնը, առաւել վստահ ըլլալ տեղեկութեան աղբիւրին ճիշդ ըլլալը, նաեւ վերլուծել ու պատասխանատու հարցումներ տալ։ Այս նոր իրականութեան մէջ ուսուցիչը աւելի քիչ կը դասախօսէ քան առաջ, այլ կ’ուղղէ աւելի շատ։ Ան կը դառնայ մենթորը, խորհրդատուն եւ կը դառնայ ուսումնական առողջ միջավայրի ճարտարապետը:
Առտուան ժամը 8։00-ն է. ուսուցիչը հոն է, պատրաստ կը դիմաւորէ իր առաջին դասարանը, արդէն քանի մը անգամ ան մտածած է իր դասարանին մասին: Իսկ անոր դասարանը կարծես ժամանակակից եւ սովորական հասարակութեան մը մանրապատկերն է: Օրինակ, հոն կը գտնենք տաղանդաւոր աշակերտ մը, որ արագ կ’աւարտէ առաջադրանքները, նաեւ դժուարութիւն ունեցող ընթերցող մը, որ միշտ աջակցութեան կարիքը ունի, ապա ուշադրութեան կամ կեդրոնացումի պակաս կամ խանգարում ունեցող աշակերտ մը, ինչպէս նաեւ նոր ներգաղթած աշակերտ մը, որ տակաւին կը սորվի որոշ լեզուներ: Հոն կայ նաեւ լուռ աշակերտ մը, որուն ներքին աշխարհը անհանգստութիւն մը կը դիմագրաւէ։ Ամենակարող ուսուցիչը այդ 50 վայրկեաններու ընթացքին կը տարբերակէ իր ուսուցումի կերպը, կը կառավարէ դասարանին վարքը, կը ներառէ արհեստագիտութիւն եւ կ’արձանագրէ աշակերտներուն յառաջընթացը։ Ան կը կիրարկէ համընդհանուր ձեւաւորման (UDL) սկզբունքները՝ ապահովելու համար դասանիւթին հասանելիութիւնը տարբեր սորվողներուն համար։ Ուսուցումը այս պայմաններուն մէջ կը դառնայ մտային բազմակողմանի գործողութիւն։
Կը հասնի ժամը 11։30-ը. կէսօրին արհեստագիտութիւնը կը դառնայ առաջնահերթութիւն։ Աշակերտները կը միանան առցանց հարթակին։ AI-ով վարող գործիքը կ’առաջարկէ անհատականացուած վարժութիւններ, որոնք հիմնուած են իւրաքանչիւր աշակերտի արդիւնքին վրայ։ Ուսուցիչը կը տեսնէ բոլոր հնարաւորութիւնները՝ անհատականացուած ուսուցում, անմիջական արձագանգ, լեզուական աջակցութիւն։ Բայց ան նաեւ մտահոգ է։
Արդեօք աշակերտները կը զարգացնե՞ն իրենց քննական մտածողութիւնը, թէ՞ անոնք մտածելու գործը կը յանձնեն սարքին։
Ինչպէ՞ս սորվեցնել արհեստական բանականութեան բարոյական օգտագործումը, երբ արհեստագիտութիւնը աւելի արագ կը փոխուի, քան կանոնագրերը։ Արդեօք այս յառաջացումը կը պակսեցնէ՞ ուսուցիչին բեռը կամ հակառակը, կ’աւելցնէ՞ անոր պարտականութիւներն ու ակնկալութիւնները:
AI-ը կրնայ բացատրութիւններ եւ պատասխաններ ստեղծել վայրկեաններու մէջ, բայց ան չի կրնար զգալ այն պահը, ուր աշակերտի մը լռութիւնը շփոթութիւն կը նշանակէ. ինչպէս նաեւ չի կրնար վստահութիւն ստեղծել կամ յոյս ներշնչել։ Այստեղ ուսուցիչը կը դառնայ կամուրջ մը ալկորիթմներու եւ մարդկային զարգացումին միջեւ։
Ապա կը հասնի ժամը 3։30-ը. դասաւանդութիւնը աւարտելէն ետք ալ մեր ուսուցիչին աշխատանքը չի դադրիր։ Ան կը մասնակցի ժողովի մը՝ քննարկելու ուսանողական տուեալները։ Արդիւնքները կը համեմատուին միջազգային չափանիշերու հետ, ինչպէս Programme for International Student Assessment, նորութիւններ բերելու, եւ այսպէս նոր նպատակներ կը սահմանուին։ Տուեալները կրնան օգտակար ըլլալ, բայց անոնք նաեւ կրնան սահմանափակել ուսուցիչին ուսուցման եղանակը եւ դասարանի ու աշակերտի պահանջքին ազատութիւնը։ Ուսուցիչները յաճախ կը զգան, որ պէտք է հաւասարակշռեն իսկական դասարանի ուսուցումը եւ չափելի արդիւնքները։ Մէկ կողմէ ե-նամակները կը շարունակուին. հոն ծնող մը կը հարցաքննէ գնահատական մը, տնօրէնութիւնը կը պահանջէ նոր զեկոյց, իսկ միւս կողմէ մասնագիտական վերապատրաստման պարտադիր դասընթացք մը կը յիշեցուի։ Իւրաքանչիւր պահանջք աւելի երկար աշխատանքի օր մը կը նշանակէ։
Վերջապէս կը հասնի ժամը 9։00, որ կրնանք կոչել անտեսանելի փուլը: Ընթրիքէն եւ իր երեխաներուն օգնելէ ետք, այս աննկուն ուսուցիչը դարձեալ կը բանայ իր համակարգիչը։ Ան կը գնահատէ շարադրութիւնները, կը ճշդէ վաղուան դասը. այս բոլորին վրայ կ’աւելնայ գրանցուիլ առցանց սեմինարի մը՝ կրթութեան մէջ AI-ի ներառումի մասին, ինչպէս նաեւ ան կը պատասխանէ ծնողներու նամակներուն, զգուշութեամբ ընտրելով բառերը։ Այս է անտեսանելի աշխատանքը, զգացական եւ մտային ծանրաբեռնուածութիւն մը, որ հազուադէպ կը նշուի պաշտօնական նկարագրութիւններուն մէջ։
Հետազօտութիւնները կը մատնանշեն թէ ուսուցիչներու ծանր հեւքէն (burnout) աճող վտանգը՝ զգացական յոգնածութիւն, մասնագիտական արժէքի նուազումի եւ հոգեբանական ճնշումի կ’ենթարկեն զայն։ Սակայն վիճակագրութիւնները (statistical data) չեն կրնար ամբողջութեամբ պատկերացնել այդ ապրուած իրականութիւնը։
Եւ այնուամենայնիւ, ուսուցիչը ամէն առաւօտ կը վերադառնայ նոր կորովով։ Ինչո՞ւ կը կարծէք։
Քանի որ դժուարութիւն ունեցող ընթերցողը վերջապէս կրցաւ պարբերութիւն մը գրել։ Քանի որ լուռ աշակերտը կամաւոր պատասխաներով սկսաւ մասնակցիլ դասարանային աշխատանքներուն։ Քանի որ նախկին աշակերտ մը գրեց, որ դասարանի քննարկումները իրեն ներշնչած էին։ Հետազօտութիւնները կը հաստատեն, որ առողջ յարաբերութիւնները ուսուցման կեդրոնը կը դառնան, իսկ վստահութեան եւ պատկանելիութեան զգացումը խորապէս կապուած են մտային զարգացման հետ։ Այո՛, AI-ը կրնայ անհատականացնել բովանդակութիւնը, սակայն չի կրնար փոխարինել մարդկային ներկայութիւնը։
Արդէն գիշերը ժամը 10։45 է, աննահանջ ուսուցիչը վերջապէս կը փակէ իր համակարգիչը։ Վաղուան դասը պատրաստ է՝ թուային գործիքներու եւ կենդանի քննարկումներու համադրութեամբ։
Ուրեմն 21-րդ դարու ուսուցիչը միայն փոփոխութիւններու չի յարմարիր․ ան լաւ ձեւով կ’իւրացնէ զանոնք, ապա կը թարգմանէ եւ կը մարդկայնացնէ այդ բոլորը նոր սերունդին համար։ Երբ սարքերը պատասխաններ կը ստեղծեն վայրկեաններու մէջ, ուսուցիչը կը սորվեցնէ, թէ ինչպէս հարցնել՝ այդ պատասխանները ստանալու համար։ Եւ այդ աշխատանքը որ լուռ, բարդ եւ խորապէս մարդկային է, երբեք այսքան կարեւոր չէ եղած որքան այսօր եւ գալիք սերունդներուն:
Այո՛, ես դարձայ ուսուցիչ եւ մանկավարժ. արդեօք որքա՜ն երազներ կապած էին մերինները օրին իմ ապագայիս հետ: Բայց ես լաւ գիտեմ, որ ասպարէզներէն ամէնէն ազնիւ եւ համեստ, բայց միեւնոյն ատեն ամենաքաջը ընտրած եմ, շարունակելու մեր վարժապետներուն կտակը:

