Լուսաւորող կեռոններ են անոնք՝ դանդաղօրէն հալչող:
Այնպիսի՛ կեռոններ, որոնք կը կրեն ծանր բեռն ու առաքելութիւնը՝ վաղուան մարդը կերտող: Կեանքի ասպարէզը անոնց՝ ապրանքի եւ նիւթի ոլորտը չէ: Գոյութեան իմաստը անոնց՝ կենցաղային պերճանքն ու հեշտանքը չէ: Երջանկութեան գաղտնիքը փառքն ու շքանշանները չեն: Այլեւ՝ անոնք կա՛ն նորերու համար. կը տքնին ուրիշներու սիրոյն. շունչ ու աչքի լոյս կը սպառեն փթթող մանուկին եւ հասակ նետող պատանեակին համար. եւ ի վերջոյ հանգիստ խիղճով կը կքին՝ սերունդներ պատրաստած ըլլալու բարի վարձատրութեամբ. սակայն հալած են կեռոնները. անոնց մազերը աւելի են սպիտակած եւ ձայները յայտնօրէն խռպոտած:
Կեանքի հեւքն ու առօրեան դաժան եղաւ անոնց համար: Սիրեցին ուսումն ու իրենց սանիկներուն աչքերը պսպղուն: Աղապատանքով գուրգուրացին անմեղունակ քայլերը աշակերտներուն. փայփայեցին դողդոջ հարցումները փոքրերուն եւ սէր ու շոյանք բաշխեցին տեւապէս կայտռող իրենց ձագուկներուն: Դասարանին մէջ ան միայն ուսուցիչ չէր, միայն մտատիպար չէր, միայն դաստիարակ չէր. այլեւ՝ հայր էր ու մայր, որ պէտք է ուղղէր ու հունցէր իրեն յանձնուած տղաքը նորածաղկ. ջամբել զանոնք հոգեպէս, մտապէս եւ բարոյապէս: Կեռոնը նման էր ճարտարապետի, որ պիտի կառուցէր վերնաշէնքը վաղուան ընկերութեան. պիտի կոփէր պինդ կառոյցը վաղուան հաւաքականութեան:
Ուսուցիչներու մասին մեր ակնարկը չի կրնար լիարժէք ըլլալ առանց մեր առաջին պատկառելի ուսուցիչին անուան յիշատակութեան եւ Անոր դիմաց խոնարհումին: Անշուշտ Մեսրոպ Մաշտոցն է Ան, որ հայոց տառերով փրկեց լեզուն, դպրոցական ցանցով կրթեց եւ ուղղեց Ոսկեդարեան շքեղ սերունդը փառահեղ եւ իր հրաշակերտ տեսիլքով մեր ժողովուրդին տուաւ ինքնուրոյնութիւն եւ ինքնութիւն՝ դարերու դիմաց չտատանող: Կեռոն մըն էր իր Կորիւն աշակերտով, որ առ այսօր կը լուսաւորէ ցաքուցրիւ հայութիւնը, կը զօդէ հատուած-հատուած հայութիւնը բեկորեալ եւ հայը կ’օժտէ սեփական նկարագիրով: Ուսուցիչ մը՝ որ խոհուն պատգամով պիտի թելադրէր՝ ճանչնալ իմաստութիւնը եւ իմանալ խօսքը հանճարին:
Ուսուցիչներու մեծարման յատկացուած այս օրուան առիթով մի՞թէ պիտի չհարցնենք թէ ընկերութիւնը ինչպիսի՞ վերաբերմունք ունեցած է անոր հանդէպ անցեալին եւ այսօր: Մի՞թէ պահը չէ դատափետելու այն նախապաշարումը որ պարուրուած է ուսուցիչին շուրջ: Մի՞թէ տեղին չէ զայրանալու այն կարծրատիպին ի տես՝ որ կ’արհամարհէր դաստիարակը: Եւ ակամայից կը մտաբերենք գրող Տիգրան Կամսարականի անմահացուցած «Վարժապետին Աղջիկը», որ հեգնանքի եւ նուաստացման էր ենթարկուած համեստ ուսուցիչի մը դուստրը ըլլալուն համար: Սա ընդհանրական երեւոյթ է ցաւօք, որ ցայսօր արմատացած է մարդկանց ուղեղին մէջ անջնջելի կերպով: Ինչ խօսք, ուսուցիչը հաւաքականութեան «աղքատ դրացին» է, որ միշտ կը տռտռայ իր նիւթական անձկութեան շուրջ, նիւթապէս վտանգուած ըլլալու մռայլ իրականութեան մասին եւ կը յոգնեցնէ տեւապէս: Եւ այս բացասական տրամադրուածութիւնը՝ ի տրիտուր իր նուիրումին, որ նման է յուլօրէն հալչող կեռոնի:
Կը հալչին կեռոնները հո՛ն, ուր դարբնոցն է նորեկ քաղաքացիին եւ հայուն. հո՛ն՝ այսինքն վարժարանները, կրթօճախները, հայոց ազգային տուները եւ ինչու չէ՝ փոքր հայրենիքները: Եւ սիրտ բզկտող պատկեր է երբ կը տեսնենք թէ հետզհետէ կը հալին այդ օճախները՝ ինչպէս կեռոնները: Ինչքա՜ն վարժարաններ յաւերժօրէն փակեցին իրենց դարպասները. ինչքա՜ն սգաց Մաշտոցը հերթականօրէն դատարկուող դասարանին եւ դպրոցին համար: Ի՞նչ եղան երէկի եռուն եւ խայտացող դպրոցները: Սգահանդէսի տպաւորութիւն կը ձգէ այս լլկող համայնապատկերը: Ուսուցչաց այս օրը նաեւ շարժառիթ մըն է վերիմաստաւորելու այն վիթխարի ծառայութիւնները, որոնք կատարեցին մեր անցեալի վարժարանները. տուին հունձքեր շարան-շարան, սերունդներ երամ-երամ եւ երիտասարդներ փաղանգ-փաղանգ: Այդ բոլորը շնորհիւ ի սպառ հալած կեռոններու:
Ո՞րն է իրա՛ւ վարձատրութիւնը կեռոնին: Թէեւ յամեցած՝ սակայն վարձատրութիւն մը արժանի: Այն ալ բարոյական սպեղանին է, որ կ’ուռեցնէ կուրծքը դաստիարակին:
Չէ՞ պատահած, երբ դիպուածով կը տեսնէք աշակերտ մը անցեալի: Պատահած է հարկաւ: Եւ երբ ան ապշահար ջերմ ժպիտով մը կ’ըսէ՝ «սիրելի ուսուցիչ, ձեզ տեսայ ես նորից, բայց արդէն ճերմկած աւելի»:
Այո՛, կը ճերմկին անոնք, կը ծռին կամաց-կամաց, դեդեւկոտ քայլերով կը դանդաղին բնականաբար, հայեացքները կը խամրին աստիճանաբար, կը խարխափին ակամայ եւ կը խոնարհին կորաքամակ: Բայց անոնք էին որ լուսաւորեցին իրենց շուրջբոլորը, անոնք էին որ յուզուեցան, դողացին, սիրեցին եւ իրենց քրտինքն ու արցունքը ընծայեցին այն արգասաբեր հողին՝ ուրկէ ուռճացան նոր ու առոյգ մարդերը եւ նոր ու գեղափայլ հայերը:
Այդ բարի եւ ինքնամռռաց կեռոնները…

