ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ գտնուած է, քառօրեայ պաշտօնական այցով, Հայաստանի նախագահը՝ Վահագն Խաչատրեան, 17-20 Փետրուարին։ Աթէնքի նախագահական պալատին մէջ զինք հիւրընկալած է Յունաստանի նախագահ Գոնսթանթինոս Թասուլաս։ Կայացած է ընդլայնուած նիստ մըն ալ՝ երկու երկիրներու պատուիրակութեանց միջեւ։ Քննարկումներ կատարուած են անվտանգութեան, տնտեսութեան, առեւտուրի, գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտներուն շուրջ։

Յուշագիր ստորագրուած է արհեստագիտական զարգացման մարզէն ներս երկու երկիրներու գործակցութեան մասին։ Նախագահ Խաչատրեան առանձնաբար տեսակցած է նաեւ Յունաստանի Խորհրդարանի նախագահ Նիքիթաս Գագլամանիսի հետ, այցելած է Աթէնքի առեւտրաարդիւնաբերական պալատ։ Տակաւին, ան ելոյթ ունեցած է «Դելփեան տնտեսական ֆորում»-ի երդիքին տակ, ներկայ եղած է նաեւ լուսանկարչուհի Տաթեւ Մնացականեանի «Աղօթք՝ խաղաղութեան համար» ցուցահանդէսին բացման, Աթէնքի Բիւզանդական թանգարանին մէջ։ Նախագահին այցելութիւնը դա՛րձեալ զգալի դարձուցեր է յունահայ գաղութին պառակտեալ իրավիճակն ու իրերամերժ կեցուածքները։ Այսպէս, մինչ Հայաստանի նախագահին այցելութեան նախօրեակին Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակած էր յայտարարութիւն մը, ուր կ՛ըսէր թէ «պատշաճ չենք նկատեր մասնակցութիւն բերել նախագահին հետ նախատեսուող հանդիպումներուն եւ ձեռնարկներուն, որովհետեւ անոր ներկայ կեցուածքը կը համընկնի գործող իշխանութեան (իմա՛՝ Փաշինեանի) քաղաքական ուղեգիծին՝ առանց ապահովելու անհրաժեշտ հաւասարակշռութիւն եւ համերաշխութիւն», անդին՝ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Յունաստանի կազմը ջերմօրէն ողջունած է հիւր նախագահը։ Կուսակցութեան անունով՝ Յովհաննէս Շահինեան, Մանուկ Գրգեաշարեան եւ Ռաֆֆի Թելվիզեան հանդիպած են նախագահին ու վերահաստատած իրենց «պետականակեդրոն եւ պետականամէտ քաղաքական դիրքորոշումը»։
ԳՈՔԻՆԻՈՅ (Աթէնք) Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, 10 Փետրուարին, Ղեւոնդեանց տօնին առիթով, Յունահայ թեմի հոգեւորականները մէկտեղուեր են միօրեայ համագումարի մը ծիրէն ներս։ Սահակ եպս. Եմիշեանի գլխաւորութեամբ՝ ներկայ եղած են Եղիա վրդ. Մալխասեան (Թեսաղոնիկէէն), Եզրաս վրդ. Թէնէքէճեան, Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, Նարեկ քհնյ. Շահինեան եւ Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեան (Թրակիոյ շրջանէն)։ Այս հոգեւորականները կը ծառայեն Յունաստանի տարածքին (Կիլիկեան թեմ)։

Նախ, իւրաքանչիւր մասնակից ամփոփ զեկոյց մը տուած է իր շրջանի ծուխին ու եկեղեցական կեանքին մասին։ Յետոյ, յաջորդաբար ներկայացուած են երեք դասախօսութիւններ. այսպէս՝ Սահակ սրբազան խօսած է «Վերլուծական մտածողութիւն» (յարափոփոխ իրավիճակներու մէջ ճիշդ եւ արագ կողմնորոշում) նիւթին մասին։ Եղիա վրդ. լուսարձակի տակ առած է Արամ Ա. կաթողիկոսին 2026-ի հռչակագիրը՝ «Հոգեւոր վերանորոգութեան տարի»։ Վերջապէս, առցանց կապով՝ ներկաներուն միացած է Նիւ Եորքէն Նարեկ քհնյ. Թրթռեան, որ խօսած է «Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ծրագրումի կարեւորութիւնը» նիւթին շուրջ։ Կէսօրուան ճաշին հիւրաբար մասնակցած է Հայ Կաթողիկէ համայնքին հոգեւոր պետը՝ Միքայէլ ծ. վրդ. Պասալէ։ Համագումարը իր աւարտին հասած է երեկոյեան ժամերգութեամբ։
ՖԻՔՍԻ (Նէոս Գոզմոս, Աթէնք) Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, 11 Փետրուարին, բանախօսական ու գեղարուեստական յայտագրով մը նշուած է Վարդանանքը, նախաձեռնութեամբ Յունահայոց թեմին։
Բացման խօսք արտասանած է Պարէտ քհնյ. Խաչերեան։ Բանախօսած է թեմին առաջնորդը՝ Սահակ եպս. Եմիշեան, թէ՛ պատմական ակնարկով մը ուրուագծելով Ե. դարու հայ-պարսկական ճ

ակատումը, թէ՛ ալ մեկնաբանելով Աւարայրի հերոսամարտէն քաղուած դասերը։ Սրբազանը շեշտեր է. «Հարկ է չհրապուրուիլ միայն անցեալի հերոսական դրուագներով ու քաջարի մարդոց սխրագործութիւններով, այլ հերոսութիւնը դարձնել ամէնօրեայ ապրում հայրենիքին համար, մեր օճախներէն ներս, հայերէն լեզուի ու ինքնութեան, հայ մշակոյթի ու աւանդութեանց պահպանումով, հաւատքի հզօրացումով եւ հաւաքական գիտակցութեան ամրապնդումով»։ Գործադրուած է գեղարուեստական յայտագիր մը՝ Լ. եւ Ս. Յակոբեան ազգ. վարժարանի աշակերտներուն մասնակցութեամբ։
ԱԹԷՆՔԻ յունալեզու «Քաթիմերինի» օրաթերթը 15 Փետրուարի իր կիրակնօրեայ թիւով լայն անդրադարձ մը կատարած է Յունաստանի մէջ հրատարակուող օտարալեզու թերթերու մասին, լրագրող Իլիանա Մաղրայի ստորագրութեամբ։ Յօդուածը լուսարձակ բացեր է, ի միջի այլոց, «Ազատ Օր» հայկական օրաթերթին վրայ, ներկայացնելով զայն որպէս 103 տարուան հայատառ մամուլ («Ազատ Օր», որ կեանքի կոչուած է 1945-ին, շարունակութիւնը կը նկատուի 1923-1944 հրատարակուած «Նոր Օր» թերթին)։

Տնօրէն Մայք Չիլինկիրեան բացատրութիւններ տուած է «Ազատ Օր»-ի մասին, նշելով որ անիկա ներկայիս համացանցային տարբերակով լոյս կ՛ընծայուի ամէն օր, իսկ Ուրբաթ օրերը կը հրատարակուի դասական տպագիր ձեւով։ Կը դիմագրաւեն նիւթական դժուարութիւններ, սակայն կը շարունակեն տոկալ…։ Ան կ՛ափսոսայ, որ «Յունաստանի մէջ ապրող հայերը յունախօս են», ինչ որ մայրենի լեզուի պահպանումի մարտահրաւէրին առջեւ կը դնէ զիրենք՝ մամլոյ սպասաւորները։
ՖԻՔՍԻ (Նէոս Գոզմոս) Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, համայնքին ժողովրդապետութիւնը, 16 Փետրուարին, հրապարակային ձեռնարկով ու մասնաւոր յայտագրով մը տօնախմբած է Վարդանանքը։ Բացման խօսք արտասանած է Սարին Մանոյեան։ Օրուան գլխաւոր բանախօսը եղած է Արտա Ճէլալեան (դուստրը՝ գաղութին ծանօթ դէմքերէն ողբացեալ Յակոբ Ճէլալեանի)։

Այս վերջնոյն մասին իր անձնական վկայութիւնները տուած է Կրէտէի հոգեւոր տեսուչ Եզնիկ արք. Պետրոսեան, շեշտը դնելով անոր մտաւորականի դիմագծութեան վրայ։ Գեղարուեստական յայտագիրը լեցուցեր են Վահան Գալստեան (տուտուկ) եւ Լեւթերիս Խաւուծաս (կիթառ)՝ հրամցնելով հայկական ժողովրդային եւ աշուղական երաժշտութիւն, Կոմիտասէն ու Սայաթ-Նովայէն։
ԳՈՔԻՆԻՈՅ (Աթէնք) Զաւարեան կեդրոնին մէջ, 28 Փետրուարին, տեղի ունեցած է Լիբանանէն ժամանած Շահան Գանտահարեանի հետ («Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր) հրապարակային զրոյց մը՝ որպէս Հ.Յ.Դ. 135-ամեակի գաղութային նշում։ Զրոյցին իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ կուսակցութեան Յունաստանի կազմէն Սերգօ Գույումճեան, որ ի միջի այլոց ուրուագծած է գաղութին պատմական դիմագիծը աղարտող մտահոգիչ երեւոյթները, ինչպէս՝ աւանդական հին գաղութին նօսրացումը ու անոր փոխարէն՝ Հայաստանէն եկուորներով բազմացող նոր գաղութը, այս եկուորները համայնքային կեանքին մէջ ներգրաւելու դժուարութիւնները, երիտասարդ սերունդին օտարացումը, հայ վարժարաններու աշակերտութեան թիւին նուազումը, հայախօսութեան նահանջը, նիւթական միջոցներու անբաւարարութիւնը, նաեւ՝ «բացակայութիւնը նոր տեսլականի մը, որ պիտի միացնէ սերունդները եւ ուղղութիւն մը գծէ մեր ապագային համար»։
ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ քաղաքապետարանի սրահին մէջ, Փետրուար ամսուն, բացումը կատարուած է «Յունական եւ հայկական դիցաբանութիւնը երեխաներու աչքերով» տիտղոսը կրող ցուցահանդէսի մը։ Հոս ներկայացուած են հայաստանեան արուեստի դպրոցներէն 5-18 տարեկան սաներու շուրջ հարիւր ստեղծագործութիւններ։

Ձեռնարկը հովանաւորած են Թեսաղոնիկէի քաղաքապետարանն ու Աթէնքի Հայաստանի դեսպանութիւնը։ Առ այդ, բացման օրը ուղերձներ արտասանած են դեսպան Տիգրան Մկրտչեան եւ փոխքաղաքապետ Սփիրոս Ցելեփիս։
ԱԹԷՆՔ գտնուած է (Փետրուարի վերջին շաբաթը), պաշտօնական այցով մը, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նախագահ Սէմ Սիմոնեան, միութեան ղեկավար պատասխանատու այլ դէմքերու ընկերակցութեամբ։ Լուրին արձագանգ կը հանդիսանայ ՌԱԿ-ի տեղւոյն «Նոր Աշխարհ» շաբաթաթերթը (իդէպ, «միւս կողմ»-ի «Ազատ Օր» օրաթերթը ո՛չ մէկ նշում կատարած է այս մասին…)։ Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Յունաստանի վարիչներուն հետ, արծարծած է գաղութը յուզող խնդիրներ, շրջած է միութեան սեփականութիւնն եղող Արթաքի Գալփաքեան վարժարանը։

Յետոյ, Սէմ Սիմոնեան այցելած է Յունահայ թեմի (էջմիածնական) առաջնորդարանը եւ հանդիպած առաջնորդ Խորէն եպս. Առաքելեանի հետ։ «Ռոյեալ Օլիմփիք» հիւրանոցին մէջ սարքուած է հաւաք, որուն ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի դեսպանը։ Այստեղ, խօսք առած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Յունաստանի Յանձնաժողովի ատենապետը՝ Արիս Խաչատուրեան։ Սէմ Սիմոնեան իր խօսքին մէջ բացատրած է որ պիտի շրջագայի գաղութէ-գաղութ եւ մօտէն ծանօթանայ անոնց կարիքներուն։ Ան ակնարկութիւն մըն ալ կատարած է Կիպրոսի Մելգոնեան փակեալ վարժարանին, ըսելով թէ անոր մասին «կան միտքեր ու ծրագրեր, որոնք անկասկած պիտի գոհացնեն մելգոնեանցիներու մեծ ընտանիքը»։

