Երկուշաբթի, 9 Մարտ 2026-ի երեկոյեան, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու՝ ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներու արտակարգ ժողով։
Ռազմական վերջին իրադարձութիւնները քննարկելէ ետք, ժողովականները դատապարտեցին միջազգային հանրութեան կեցուածքը Լիբանանի եւ լիբանանցիներու դէմ գործադրուող ահաւոր ոճիրներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ քննադատեցին այդ հանրութեան կրաւորական դիրքը, որ Լիբանանի պետութիւնը եւ ժողովուրդը մինակ ձգած է իսրայէլեան ցեղապաշտական ռազմական մեքենային դիմաց, որ կը քանդէ քարը եւ կը սպաննէ մարդը։
Ժողովականները խոր ցաւակցութիւն յայտնեցին յարձակումներու զոհերու հարազատներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեցին վիրաւորներուն։
Ներկաները ծանօթացան այն միջոցառումներուն, որոնք կը ձեռնարկուին իշխանութիւններուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններուն կողմէ՝ տեղահանուածներու կարիքները հոգալու համար։ Անոնք կոչ ուղղեցին հայկական բարեսիրական միութիւններուն՝ ներկայ պայմաններուն մէջ միաւորելու իրենց ճիգերը եւ մշակելու նախազգուշական ծրագրեր՝ ճգնաժամի սրութիւնը մեղմացնելու նպատակով։
Ժողովականները քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ հեղինակութիւններուն յորդորեցին ներկայ պայմաններուն մէջ հանդարտեցնել եւ նուազեցնել ներքին կեանքին մէջ բանավէճերու սրութիւնը՝ խուսափելու այն բազմաթիւ հետեւանքներէն, որոնք կրնան աւելի բարդացնել այն աղէտը, որուն պատճառ դարձած է Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը։
Միջկուսակցական ժողովը իր զօրակցութիւնը յայտնեց այն ճիգերուն, որոնք պաշտօնական Լիբանանը ի գործ կը դնէ քաղաքական եւ դիւանագիտական ոլորտներուն մէջ՝ դադրեցնելու համար Լիբանանի հողին, ժողովուրդին եւ գերիշխանութեան դէմ հետզհետէ աւելի սաստկացող յարձակողապաշտութիւնը։
Աստուած պահէ Լիբանանն ու լիբանանցի ժողովուրդը։

