ԱՈՒՆԷՆ ԶԻՆԱԴԱԴԱԴԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն շեշտեց, որ իսրայէլեան շարունակական յարձակումները պիտի չհաստնին իրենց նպատակին: Եւրոխորհուրրդին հետ առցանց ժողովի ընթացքին ահազանգելով, որ Լիբանան դարձած է կռուախնձոր՝ մէկ կողմէ միջազգային բոլոր օրէնքներն ու մարդասիրական կարգերը արհամարհող թշնամիի, միւս կողմէ՝ պետութեան չենթարկուող զինեալ խմբաւորումի մը, որ որեւէ կարեւորութիւն չի տար Լիբանանի շահերուն եւ ժողովուրդին կեանքին:
Աուն յայտարարեց ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ զինադադար յայտարարելու նախաձեռնութիւն մը, որ կը ներառէ հետեւեալ կէտերը. առաջին՝ յայտարարել զինադադար եւ անյապաղ դադրեցնել իսրայէլեան բոլոր ոտնձգութիւնները: Երկրորդ՝ միջազգային ընտանիքին կողմէ անհրաժեշտ միջոցները տրամադրել լիբանանեան բանակին: Երրորդ՝ բանակին միջոցաւ Հըզպալլայի ապազինում եւ երկրի ամբողջ տարածքին վրայ տիրապետութեան հաստատում: Չորրորդ՝ զուգահեռաբար Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ միջազգային միջնորդուած բանակցութիւններ՝ համաձայնելու համար մանրամասնութիւններուն շուրջ: Աուն աջակցեցաւ արաբական բոլոր երկիրներուն, որոնք կ’ենթարկուին Իրանի ոտնձգութիւններուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ, Կիպրոսին ու Ատրպէյճանին:
ՄԻԱԿ ԵՐԱՇԽԻՔԸ
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ, իր կարգին, Լիբանանի պատրաստակամութիւնը յայտնեց քննարկելու զինադադար յայտարարելու եւ հակամարտութեան վերջ տալու բոլոր առաջարկները, միաժամանակ յանձնառու մնալով զէնքի մենաշնորհի որոշումին: Վերահաստատելով, որ կառավարութիւնը ի սկզբանէ կ’ընդդիմանար հարաւի ճակատը վերաբանալու գաղափարին եւ նոյնիսկ այդ առնչութեամբ տեղեկացած էր Հըզպալլայի յանձնառութեան մասին, Սալամ շեշտեց, որ այս օրերուն տեղի ունեցածը չի ծառայեր պետութեան եւ լիբանանցիներու շահերուն: Վարչապետը ահազանգեց, թէ միջազգային կողմերու միջոցաւ ստացած իսրայէլեան միակ երաշխիքը կը վերաբերի Պէյրութի օդակայանին ու այնտեղ առաջնորդող ճամբան ռազմական գործողութիւններէն զերծ պահելու պատրաստակամութեան, սակայն ցարդ չկան զինադադարի մասին երաշխիքներ:

Նշենք, որ Սալամ վարչապետարանին մէջ տեսակցեցաւ բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալի հետ ու քննարկեց ապահովական զարգացումները, մանաւանդ Նապի Շիթի մէջ տեղի ունեցած միջադէպը:
ՀԻՒՍԻՍԷՆ ՀԱՐԱՒ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ
Իսրայէլեան օդուժը շարունակեց ոտնձգութիւններու շարքը եւ քանի մը տասնեակ հարուածներ ուղղեց լիբանանեան զանազան շրջաններու՝ հարաւի սահմանային գօտիէն մինչեւ հիւսիսարեւելեան Հըրմէլն ու Աքքարը, ուր ջախջախուեցաւ իսրայէլեան անօդաչու սարք մը: Հարաւային Թէյրտըպպայի մէջ մահացաւ 9 հոգի եւ ինկան 17 վիրաւորներ, իսկ Ժուէյայի մէջ՝ 7 մահ եւ 23 վիրաւոր: Հարաւի մէջ ինկած զոհերուն շարքին է նաեւ Քլէյաա գիւղին հոգեւոր հովիւը: Իսկ երէկ, իսրայէլեան օդուժին հարուածները կեդրոնացան Հըզպալլայի դրամատունը համարուող «Քարտ էլ-Հասան» հաստատութեան մասնաճիղերուն վրայ: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մասնաճիւղեր թիրախաւորուեցան առնուազն 12 անգամ՝ մեծ մասամբ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ:

Շաբաթավերջին, արտակարգ պատահար մը տեղի ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ հետ սահմանային Նապի Շիթ գիւղին մէջ: Լիբանանեան բանակը յայտարարեց, թէ ուղղաթիռներով ժամանած իսրայէլեան յատուկ ուժեր ներխուժած են գիւղ, ուր լիբանանցի գիւղացիներու հետ տեղի ունեցած է հրաձգութեան փոխանակում: Միաժամանակ, իսրայէլեան օդուժը ծանրօրէն ռմբակոծած է գիւղն ու շրջակայքը՝ ապահովելու համար ներթափանցող ուժերուն եւ ուղղաթիռներուն ապահով նահանջը: Ռմբակոծումին հետեւանքով զոհուեցան երեք լիբանանցի զինուորներ եւ քանի մը քաղաքացիներ: Աւելի ուշ ի յայտ եկաւ, որ իսրայէլացի զինուորները աշխատանքներ կատարած են Շուքր ընտանիքին գերեզմանատան մէջ, մինչ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ Նեպի Շիթի մէջ կատարուած գործողութիւնը կը նպատակադրէր գտնել 1986-ին Լիբանանի մէջ գերեվարուած իսրայէլացի զինուոր Ռոն Արատին աճիւնները, սակայն ապարդիւն: Շաբաթավերջին, իսրայէլեան անօդաչուներ սենեակ մը թիրախաւորեցին Պէյրութի Ռաուշէ շրջանի Ռամատա պանդոկին մէջ, ուր ահաբեկուեցան Իրանի յեղափոխական պահակագունդի չորս անդամներ, մինչ Իսրայէլ յայտարարեց հին հոգիի մասին եւ սպառնաց հետագային բազմացնել իրանցի զինուորականներու հետապնդումը, ուր որ ալ ըլլան անոնք: ԵՈՒՆԻՍԷՖ յայտարարեց, որ ռազմական գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր, Լիբանանի մէջ զոհուած է 80 երեխայ, վիրաւորուած են 254 ուրիշներ: Ըստ գործակալութեան, անցնող 28 ամիսներուն ընթացքին Լիբանանի մէջ զոհուած է 412 երեխայ, իսկ անցնող 7 օրերուն տեղահանուած 700 հազար քաղաքացիներուն մէջ կայ 200 հազար երեխայ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱ ԿԸ ՀԱԿԱԴԱՐՁԷ
Անցնող երեք օրերուն, Հըզպալլա շարք մը հաղորդագրութիւններով յայտարարեց հարաւի մէջ իսրայէլեան ներթափանցումի փորձեր զսպելու եւ ծանր վնասներ պատճառելու մասին: Կուսակցութիւնը նաեւ յայտարարեց, թէ հրթիռներով եւ անօդաչու սարքերով իսրայէլեան թիրախներ հարուածած է ինչպէս սահմանային բնակավայրերուն, այնպէս ալ Հայֆայի, Սաֆատի, Նահարէայի, Թել Աւիւի եւ այլ քաղաքներու մէջ:
ՔՍԱՆ ՏՈԼԱՐԻ ՏՈՒԳԱՆՔ
LBCI հեռատեսիլի կայանը երէկ առաւօտեան հաղորդեց, որ Զինուորական մնայուն ատեանը ապօրինի զէնք կրելու յանցանքով ձերբակալուած Հըզպալլայի երեք անդամները ազատ արձակած է հինգ վայրկեան տեւած հարցաքննութենէ ետք՝ իւրաքանչիւրին նկատմամբ սահմանելով մէկ միլիոն 900 հազար լիրայի տուգանք եւ զէնքերու առգրաւում:

Իսկ աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ արդարադատութեան նախարար Ատէլ Նասսար վերոյիշեալ «վճիռը» արձակած դատաւոր Ապպաս Ժահան փոխանցած է դատաքննութեան:
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՒՃԱՊ
Պատերազմին վերաբռնկումը ժխտական հետեւանքներ ձգած է ընկերային ու տնտեսական շարք մը ոլորտներու վրայ՝ ներառեալ ուսումնական տարեշրջանը: Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսումի նախարար Ռիմա Քարամի երէկ դպրոցներուն ազատութիւն տուաւ որոշումներ կայացնելու ուսումնական տարեշրջանը շարունակելու միջոցներուն վերաբերեալ: Իսկ այսօր «ապահով» շրջաններու մէջ գործող բազմաթիւ վարժարաններ վերաբացին իրենց դռները, իսկ վտանգաւոր գօտիներուն մերձական կրթական հաստատութիւնները անցած են առցանց ուսումի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒՄ
Խորհրդարանական ընտրութիւններուն յետաձգումը պաշտօնական է: Օրէնսդիր մարմինը երէկ գումարեց լիագումար նիստ մը, որուն ընթացքին 76 քուէներու մեծամասնութեամբ երկու տարիով երկարաձգեց գործող խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը: 41 երեսփոխաններ ընդդիմացան, իսկ 4 հոգի մնաց ձեռնպահ:
ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹ ՉԿԱՅ
Իսրայէլեան օդուժը յաւելեալ հարուածներ ուղղեց իրանեան բազմաթիւ թիրախներու, հարուածելով նաեւ քաղաքացիական ենթակառոյցներ՝ ներառեալ ջրամատակարարումի եւ ուժանիւթային կեդրոններ: Իրան, իր կարգին, քանի մը տասնեակ հրթիռներ եւ անօդաչու սարքեր արձակեց իսրայէլեան թիրախներու վրայ, պատճառելով նիւթական ծանր վնաս, քանի մը մահ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ: Իրան թիրախաւորեց նաեւ Ծոցի արաբական երկիրները, իսկ նշեալ երկիրներուն պաշտպանութեան նախարարութիւնները յայտարարեցին Իրանի հրթիռներուն եւ անօդաչուներուն մեծամասնութիւնը խոչընդոտելու մասին, սպառնալով թէ լուռ պիտի չմնան եթէ շարունակուին Թեհրանի ոտնձգութիւնները:
Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի յայտնեց, որ Հորմուզի նեղուցի շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան վերականգնումը այս փուլին բացառուած է, նկատի առնելով պատերազմին շարունակութիւնը: Իսկ գերագոյն առաջնորդի գրասենեակին մէջ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդականը շեշտեց, որ Իրան կարողութիւն ունի պատերազմը երկար ժամանակ շարունակելու, աւելցնելով որ այժմ հնարաւոդրութիւն չկայ դիւանագիտութեան:
ՄՈՒԺԹԱՊԱ ԽԱՄԻՆԷԻ՝ ԻՐԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
Իրանի իսլամական յեղափոխութեան հոգեւոր գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամինէիի ահաբեկումէն շաբաթ մը ետք, անոր որդին՝ Մուժթապա Խամինէին պաշտօնապէս ընտրուեցաւ այդ նոյն պաշտօնին: Մինչ Իրանի զինուած ուժերն ու յեղափոխական պահակագունդը իրենց հպատակութիւնը յայտնեցին գերագոյն առաջնորդին եւ վստահեցուցին, որ Խամինէի կարողութիւն ունի Իրանը լաւապէս կառավարելու այս զգայուն փուլին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ շեշտեց, որ Խամինէի շատ երկար պիտի չկառավարէ, աւելցնելով որ գոհ չէ անոր ընտրութենէն: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, միւս կողմէ, ողջունեց Մուժթապա Խամինէիի գերագոյն առաջնորդի պաշտօնին ընտրութիւնը, համոզում յայտնելով, որ «ան պատուով պիտի շարունակէ հօր առաքելութիւնը եւ Իրանի ժողովուրդը պիտի միաւորէ ընդդէմ վտանգներուն»:

Փետրուար 28-ի ամերիկա-իսրայէլեան հարուածներուն ժամանակ Մուժթապան փրկուած էր, քանի որ ան, ի տարբերութիւն իր հօր՝ Իրանի առաջնորդ Ալի Խամինէիի եւ ընտանիքի այլ անդամներուն, կը գտնուէր այլ վայրի մէջ։
Մուժթապա Խամինէին 56 տարեկան է, ծնած է Իրանի Մաշհատ քաղաքը, երիտասարդ տարիքին դարձած է հոգեւորական՝ աւարտելով Իրանի հոգեւոր ճեմարանը։ Ան երբեւէ հանրային դէմք չէ եղած։ Վերջին տարիներուն միայն անոր անունը կը շրջանառուէր հոգեւոր նոր առաջնորդի յաւակնորդներու շարքին՝ Իրանի հանգուցեալ նախագահ՝ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ միասին։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ սեյիտ Մուժթապա Խամինէիին՝ գերագոյն առաջնորդի պաշտօնին ընտրուելու առիթով:
«Շնորհաւորում եմ Ձեզ Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդի պաշտօնում ընտրուելու առիթով:
Վստահ եմ, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ամուր կապերը կը շարունակեն զարգանալ՝ գրանցելով նոր յաջողութիւններ:
Առիթը պատեհ համարելով՝ Իրանի բարեկամ ժողովրդին մաղթում եմ բարօրութիւն եւ յարատեւ խաղաղութիւն»։
ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՊԱՏՄԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ»
Յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու բերումով պիտի ըլլայ «Յեղափոխութիւն 3»։ Այս մասին յայնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Կիւմրիի մէջ ներկուսակցական քարոզարշաւի հաւաքի ընթացքին իր ելոյթին ժամանակ։

«Մենք 2018 թուականին ընտրութիւններով արել ենք ներքաղաքական յեղափոխութիւն, 2021 թուականի ընտրութիւններում ժողովուրդը մեզ առաջնորդել է դէպի ընկերա-հոգեբանական եւ մտածողութեան յեղափոխութիւն, 2026 թուականի Յունիսի 7-ի ընտրութիւններում մենք հասնելու ենք պատմաքաղաքական յեղափոխութեան, որը մեզ՝ Հայաստանի ժողովրդին, եոլա գնալու, գոյատեւման քաղաքականութեան շրջանակից դուրս է բերելու եւ դնի զարգացման յարատեւ պետութեան օրակարգի գծերի վրայ»,- նշեց Հայաստանի վարչապետը։
Վարչապետը արձանագրեց, որ Յունիս 7-ի ընտրութիւններուն Հայաստանին եւ Հայաստանի ժողովուրդին պէտք է ոչ թէ պարզապէս յաղթանակ, այլ, որ խաղաղութեան խումբը ստանայ բացարձակ սահմանադրական մեծամասնութիւն։

