Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Պարոն Աւօ Չաքմաքեանի Վերջին «Անեկդոտ»ը (Մահուան Քառասունքին առիթով)

Նազօ Ճ.

March 7, 2026
in Այլազան
0
Պարոն Աւօ Չաքմաքեանի Վերջին «Անեկդոտ»ը (Մահուան Քառասունքին առիթով)

Լիբանանահայ կրթական աշխարհը այսօր ծանր ու խոր կորուստ մը կը սգայ։ Պարոն Աւետիս (Աւօ) Չաքմաքեանի անակնկալ մահը մեր կրթական աշխարհէն խլեց այն հազուագիւտ ուսուցիչ-մշակներէն մէկը, որոնց ներկայութիւնը օրհնութիւն է, իսկ բացակայութիւնը՝ անդարմանելի բաց։

Պատահական ուսուցիչ մը չէր ան, այլ տարիներու փորձառութեամբ կերտուած մանկավարժ, որ իր գործին մէջ ձեւաւորած էր սեփական դիմագիծ ու ուսուցանման ոճ։

Դեռ երէկ էր՝ Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան գոլէճին մէջ, ընդառաջելով տնօրէնութեան բուռն ցանկութեան, երկու տարի պաշտօնավարեց ամենայն բծախնդրութեամբ:

Տակաւին բջջայինիս մէջ թարմ կը պահուի՝ «պարոն Աւօ, անունովդ ապրիս, երկար տարիներ կը մաղթեմ», 2026 Յունուար 6-ի ձայնային նամակս՝ իր անուանակոչութիւնը շնորհաւորող։

Ողբացեալ Աւօ Չաքմաքեանը նախ եւ առաջ սիրուած ուսուցիչ էր։ Սիրուած՝ աշակերտներէն, ծնողներէն, պաշտօնակիցներէն։ Իր դասապահերը սպասուած էին, որովհետեւ դասարանին մէջ ստեղծած էր վստահութեան ու փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտ։ Իր յատուկ հումորը, հարուստ յիշողութիւնը եւ անեկդոտներով համեմուած խօսքը դասը կը դարձնէին ե՛ւ հետաքրքրական, ե՛ւ դաստիարակիչ։ Աշակերտները կը ծիծաղէին, բայց նաեւ կը խորհրդածէին։ Իր հումորը թեթեւամիտ չէր, խոհեմ էր, կշռադատուած եւ միշտ կրթական առաքելութեան ծառայող։ Եւ աշակերտը անգիտակցաբար կը սորվէր այդ պատմութիւններէն, որոնք աւելի կ’արմատանային անոնց միտքին մէջ քան գիրքին մէջ արձանագրուած «գոց սորվելիք»ները: Ուսանողները հաճոյքով կը սպասէին այդ պահերը։ Ո՞վ կրնար խորհիլ, թէ այդ հիւմորը այսքան կանուխ պիտի աւարտէր։

Տասնամեակներ շարունակ Աւօ Չաքմաքեան դասաւանդեց տարբեր հայկական վարժարաններու մէջ, յատկապէս Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) կրթական հաստատութիւններուն մէջ՝ որպէս անգլերէնի, ընկերաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան ուսուցիչ։ Իր դասաւանդած նիւթերուն մէջ ուսումնական արդիւնքները բարձր էին, պետական քննութիւններուն յաջողութիւնները՝ վստահելի։ Այս բոլորը կը վկայեն իր մանկավարժական հմտութեան եւ գիտակցական նուիրումին։ Դպրոցի պատասխանատուները կը գնահատէին իր գործելաոճը, որովհետեւ ան մշակած էր իր սեփական մեթոտաբանութիւնը՝ հաւասարակշռուած, կենդանի եւ արդիւնաւէտ։

Ճակատագրի դառն հեգնանքով, իր վերջին պահերն ալ անցան այն վայրին մէջ, որ իր կեանքին իմաստն էր՝ դասարանին մէջ։ Աշակերտներու վկայութեամբ՝ նոյնիսկ այդ պահուն իր աւանդական հումըրը բաժնած էր, կարծէք վերջին անգամ փորձելով թեթեւցնել պահը։ Ապա առողջական անակնկալ վատթարացում, դասարանին մէջ, ճակատամարտի դաշտին վրայ, «զէն ի ձեռին»։

Քառասուն օր առաջ, պարոն Աւոյին վերջին «կատակ»ն էր ասիկա, որ ժպիտ ու քրքիջ պարգեւելու փոխարէն բերաւ տխրութիւն եւ արտասուք։ Այն, որ միշտ լոյս կը սփռէր դասարանին մէջ, այս անգամ ստուեր ձգեց մատղաշ սրտերուն մէջ։

Այս կորուստը խոր հարուած մըն է իր բազմահազար աշակերտներուն, պաշտօնակիցներուն եւ ծնողներուն համար։ Թէեւ իր տարիքը պետական սահմանուած չափէն քանի մը տարիով անցած էր, սակայն իր փորձառութիւնը, ներկայութիւնը եւ խորհուրդը տակաւին կենսական էին մեր դպրոցներուն ու մեր երիտասարդներուն համար։ Իրենց ուսուցիչին անակնկալ մեկնումով անոնք կորսնցուցին ուղեցոյց մը, մտերմիկ խորհրդատու մը, բարեկամ մը։

Վստահ ենք, որ Աւօ Չաքմաքեանի անունը եւ իր ազնիւ կրթական ծառայութիւնը պիտի շարունակեն ապրիլ յիշողութեան, մտածողութեան, խօսքերուն, ժպիտներուն մէջ բոլոր անոնց, որոնք զինք ճանչցան, լսեցին եւ սորվեցան իրմէ։

Իսկ այդ թիւը մեծ է… շա՜տ մեծ։

Share74Tweet47
Previous Post

Ընտրութիւններէն Երեք Ամիս Առաջ Ընդդիմադիր Դաշտը Անորոշութեան Առջեւ

Next Post

Լուրեր. 10 Մարտ 2026

Next Post
Լուրեր. 10 Մարտ 2026

Լուրեր. 10 Մարտ 2026

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.