Հայաստանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող ուժերու յաջողութեան հաւանականութիւնները ուսումնասիրելով յստակ կը դառնայ, որ ռուսաստանաբնակ միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանի քաղաքական ասպարէզ մուտք գործելով տեղի ունեցաւ հսկայ փոփոխութիւն՝ ընդդիմադիր դաշտին վրայ խաղացողներու դասաւորման մէջ: Մինչեւ անցեալ տարուան կէսերը Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ ՀՅԴ-ն, կը նկատուէր իշխող ուժի գլխաւոր մրցակիցը: Այժմ իրավիճակը արդէն փոխուած է եւ այդ դաշինքը իր տեղը զիջած է Կարապետեանի «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան: Նախապէս Քոչարեանի կողքին կեցած շարք մը երեւելի անձինք արդէն իսկ անցած են Կարապետեանի կողմը: 2021 թուականի ընտրութիւններուն «Հայաստան» դաշինքը ստացած էր 21 տոկոս ձայն, սակայն կը կարծուի, թէ այս ընտրութիւններուն այդ ձայներուն մեծ մասը պիտի անցնի «Ուժեղ Հայաստան»-ի կողմը: Նոյնիսկ կան կասկածներ, որ Քոչարեանի դաշինքը դժուարութիւն պիտի ունենայ յաղթահարելու նուազագոյն՝ 8 տոկոսի շեմը, որ դաշինքներու պարագային անհրաժեշտ է խորհրդարան մուտք գործելու համար:
Ուրուագծուող քաղաքական այս պատկերին առջեւ, Քոչարեանի համար աւելի նպաստաւոր պիտի ըլլայ, եթէ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը որոշում կայացնէ ու մերժէ «Ուժեղ Հայաստան»-ի մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն: Որոշ քաղաքական շրջանակներ արդէն իսկ կը պահանջեն, որ արգիլուի այդ կուսակցութեան մասնակցութիւնը՝ նկատի առնելով այն պարագան, որ Սամուէլ Կարապետեան, ըլլալով միաժամանակ Ռուսաստանի քաղաքացի, գտնուելով այդ երկրի ազդեցութեaան տակ եւ ֆինանսաւորուելով արտասահմանէն, իրաւունք պէտք չէ ունենայ որոշելու Հայաստանի քաղաքական ապագան:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմնակիցները նախորդ ընտրութիւններուն մասնակցեցան «Պատիւ ունեմ» դաշինքով: Թէեւ անոնք չկրցան հասնիլ անհրաժեշտ՝ 5 տոկոսի սահմանը, սակայն կրցան խորհրդարանին մէջ տեղ ապահովել օրէնքի ուժով, որուն համաձայն՝ Ազգային ժողովէն ներս անպայման պէտք է գործեն առնուազն երեք խորհրդարանական խմբակցութիւններ: «Պատիւ ունեմ» դաշինքը այժմ գոյութիւն չունի եւ Սերժ Սարգսեան կը յայտարարէ, որ տակաւին որոշում չունին ընտրութիւններուն մասնակցելու մասին: Հաւանականութիւնը մեծ է, որ 10 տարի Հայաստանը իշխած «Հանրապետական» կուսակցութիւնը չմասնակցի գալիք ընտրութիւններուն:
Որոշ ժամանակ քաղաքականութենէն հեռացած՝ գործարար Գագիկ Ծառուկեանը, որ նախորդ ընտրութիւններուն իր «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնով չէր կրցած մուտք գործել խորհրդարան, որոշած է դարձեալ մասնակցիլ այս ընտրութիւններուն: Ան կը յայտնէ, որ դաշինք կազմելու նպատակ չունի, սակայն պատրաստ է իր կուսակցութեան ցուցակին մէջ առնելու տարբեր կուսակցութիւններու թեկնածուներ՝ կազմելու համար «Նոյեան տապան»: Արդէն իսկ կարգ մը կուսակցութիւններ որոշած են միանալ Ծառուկեանի ցանկին:
Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի կարծիքով, Սամուէլ Կարապետեանն ու Գագիկ Ծառուկեանը պիտի մրցին ընդդիմադիր առաջին ուժը ըլլալու համար: Սակայն յստակ չէ, թէ ի՞նչ տուեալներու վրայ հիմնուած է այդ կանխատեսումը, մանաւանդ որ Կարապետեանի կուսակցութիւնը կը ծախսէ հսկայ գումարներ եւ յառաջ կը տանի շատ աւելի կազմակերպուած, բազմամարդ ու արդիական ոճով ընտրապայքար: Ծառուկեանի մօտ չի նկատուիր այդ ծաւալի գործունէութիւն:
Այս ուժերու կողքին կան նաեւ մեծ թիւով այլ ընդդիմադիր կուսակցութիւններ, որոնք ընտրութիւններուն մասնակցելու յայտ կը ներկայացնեն ու այդպիսով կը նպաստեն, որ իշխանութիւններէն դժգոհներու ձայները տարտղնուին ու փոշիանան:
Ընդդիմադիրները հրապարակաւ կը յայտարարեն, որ ընտրութիւններու արդիւնքներով խորհրդարանէն ներս յայտնուած կուսակցութիւններն ու դաշինքները պիտի միանան եւ կարենան վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը հեռացնել իշխանութենէն, ինչպէս որ ըրին անցեալ տարի Կիւմրիի մէջ տեղի ունեցած տեղական ընտրութիւններէն ետք: Սակայն տեղական ընտրութիւններուն ուժաբանութիւնը կը տարբերի համապետական ընտրութիւններէն, երբ քաղաքական հարցերը կը ստանան աւելի կարեւոր նշանակութիւն, եւ ընտրողները քուէատուփ կը ներկայանան որոշելու համար երկրին ապագան եւ ոչ թէ տեղական խնդիրներ։
Ընտրութիւններէն երեք ամիս առաջ ընդդիմադիր դաշտին վրայ անորոշութիւն կը տիրէ: Բոլորը կը մրցին Փաշինեանի դէմ՝ միաժամանակ մրցելով իրար դէմ: Ընդդիմադիր դաշտի միաւորման հնարաւորութեան բացակայութեան, իշխող ուժին յաղթանակը կը դառնայ անխուսափելի, թէեւ ճշդելի կը մնայ տոկոսներու հարցը:

