Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ծառ Ելլելը Մէ՛կ Ամօթ, Իջնե՞լը…

Պերճ Արապեան

March 7, 2026
in Յօդուածներ
0
Ծառ Ելլելը Մէ՛կ Ամօթ, Իջնե՞լը…

– Ես քեզի հետ պիտի կռուիմ:

– Ես պիտի չկռուիմ:

– Ես պիտի կռուի՛մ:

– Ես՝ ոչ:

Կռուիլ ուզողը միւսին՝ «ծառ ելիր»: Կռուիլ չուզողը ծառ կը մագլցի: Կռիւ չելաւ: «Հիմա ե՛տ վար իջիր» (մարդը որոշած է կռուիլ), միւսը կռիւէն խուսափելու համար ցած կ’իջնէ:

– Հիմա դուն ինծի ըսէ՛. «ծառ ելիր»:

– Ծառ ելիր:

Այս անգամ կռուիլ ուզո՛ղը ծառ կը բարձրանայ: Նկատելով որ կռիւ չստեղծուեցաւ, կը հրահանգէ՛. «Հիմա ինծի վար իջիր ըսէ՛»:

– Վար իջի՛ր:

– Չեմ իջներ կոր:

– Է՜հ, մի՛ իջներ, ծառին վրայ մնացիր:

Ամերիկան եւ Իսրայէլը կռիւ ընել ուզողներն էին, ըրին-չըրին պատերազմ ու կռիւ ստեղծեցին ու բոլոր կողմերն ալ ծառ ելան: Թէ ինչպէ՞ս վար պիտի իջնեն, չեմ գիտեր:

Երեքն ալ պատերազմի մէջ են այսօր: Որքան ալ որ Իրան ուզեց խուսափիլ, դիմացի կողմը ՈՐՈՇԱ՛Ծ էր կռուիլ, իսկ այդ որոշումը կայացուած էր 2001-ին, պարզապէս գործադրութեան վերջին հանգրուանն է որ կ’ապրինք այսօր (վկայութիւնն ու փաստը՝ յօդուածի վերջաւորութեան):

Երբ կողմերէն մին որոշած է կռուիլ, ինչ ալ ընես անկարելի է խուսափիլ:

Սատտամ Հուսէյնի իշխանութեան օրերուն, Իրաքը ամբաստանուած էր կորիզային ռումբ ունեցած ըլլալու յանցանքով, ուստի սատտամեան իշխանափոխութիւնը համաշխարհային պահանջք էր: Բանակները ներխուժեցին, քանդուեցաւ Իրաքը: Հետագային, ամերիկեան բանակի բարձրագոյն զինուորականն ու նոյն օրերու արտաքին գործերու նախարարը՝ Քոլին Փաուըլ խոստովանեցաւ, որ Իրաք երբեք ալ կորիզային ռումբ ունեցած չէր, ունենալու ծրագիր ալ չունէր եւ որ ամերիկեան ղեկավարութիւնը «սխալ» (սուտ) տեղեկագրերու հիման վրայ որոշում կայացուցած էր Իրաք ներխուժելու եւ գրաւելու:

Նոյն պատճառաբանութեամբ, այսօր կարգը Իրանինն է: Հակառակ Իրանի պաշտօնական յայտարարութիւններուն, որ երբեք ալ կորիզային ռումբ ունենալու մտադրութիւն չունի, կամ թէ այդ ուղղութեամբ իրենց տարած աշխատանքները բժշկական եւ խաղաղ նպատակներու համար է միայն, այդ բոլորը մնացին «ձայն բարբարոյ յանապատի»: 2001-էն մարդիկը որոշած են որ կռուին, իշխանափոխութիւն բերեն եւ «փրկեն» իրանցիները:

Կռիւէն փախչիլ ուզող Իրանը, 2015-ին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան գլխաւոր հինգ երկիրներուն, Գերմանիոյ եւ Եւրոպական միութեան հետ համաձայնագիր մը ստորագրեց, որ կորիզային ռումբ պիտի չունենայ: Ենթակայ պիտի մնայ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան (IAEA) քննիչ յանձնախումբին:

2018-ին, նախագահ Թրամփ, միակողմանի կերպով չեղեալ համարեց ու դուրս եկաւ այդ համաձայնագրէն, նորանոր արգելքներ դնելով Իրանի վրայ: Մարդը որոշած է կռուիլ, դիմացինը որքան ալ խուսափիլ ուզէ: Վերընտրուելէն ետք, երկրորդ իշխանութեան օրերուն, որպէս թէ նոր համաձայնագիր մը կնքելու ճամբուն, խորհրդակցութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ, կռուիլ ուզող Ամերիկան ու Իսրայէլը 2025-ի Յունիսին յարձակում գործեցին Իրանի վրայ, որ ծանօթ է 12-օրեայ պատերազմ անունով:

2026-ի սկիզբը Ժընեւի մէջ վերանորոգուեցան բանակցութիւնները: Պատմութիւնը կրկնեց ինքզինք: Ժողովներու կիսուն, 28 Փետրուարին, պատերազմ հռչակեցին Իրանի դէմ: Անպայմա՛ն կռուիլ ուզող մեր բարեկամին պէս, «ծառ» բարձրացան: 25 տարի առաջ կայացուած որոշում մըն էր, որ կը գործադրուէր: Խոստովանութիւնը կու գար Փենթակոնի գլխաւոր սպաներէն՝ Ուեսլի Քլարքէն: Այդ օրերուն, Պաշտպանութեան նախարարութիւն կը կոչուէր, իսկ այսօր պաշտօնապէս պիտակուած է որպէս Պատերազմի նախարարութիւն:

2001-ի 9/11-ի աղէտէն ետք, Քլարք կը հանդիպի իր մեծաւորին՝ Սպայակոյտի պետին: (Ամերիկեան բանակը հրամանատար չունի, Սպայակոյտի պետն է բարձրագոյն զինուորականը, նախագահին ենթակայ):

Պետը կ’իմացնէ իրեն, որ քաղաքական որոշում կայացուած է եւ բանակէն պահանջուած է Իրաքը քանդել: Սպան, զարմացած, չի՛ կրնար ըմբռնել թէ ինչո՞ւ, իսկ Սպայակոյտի պետին պատասխանը՝ «Չեմ գիտեր»:

Քանի մը շաբաթ ետք, Քլարք դարձեալ կ’այցելէ իր պետին գրասենեակը, տակաւին շշմած, հարց կու տայ. «Նո՞յն մտքին ենք, Իրաքը քանդելու որոշումը ի զօրո՞ւ է»:

Սպայակոյտի պետը կը պատասխանէ. «Աւելի գէշ լուր մը ունիմ քեզի փոխանցելիք», ու դարակէն թուղթ մը հանելով՝ կ’ըսէ. «Քաղաքական որոշում կայ եւ բանակին հրահանգ, ոչ միայն Իրաքը այլ եօթը երկիր քանդելու: Իրաք, Սուրիա, Լիբանան, Լիպիա, Սուտան, Սոմալիա եւ ԻՐԱ՛Ն»: Եթէ վերաքաղ մը ընենք, վեցը արդէն իսկ քանդուած են ու կը տուայտին քանդուելու ճամբուն վրայ:

Կարգը Իրանինն է: Որքան ալ խուսափիլ ուզէ, որոշումը որոշում է, պէտք է քանդել, ուրեմն պատերազմիլ, կռուի՛լ, այսինքն՝ «ծառ ելլել»:

Բայց արժէ յիշեցնել բոլորին, որ «ծառ ելլելը մէկ ամօթ, իջնելը՝ հազար ամօթ»:

Նայինք թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենան ծառէն վար իջնել կռուող երեք կողմերը՝ Ամերիկան, Իսրայէլը եւ Իրանը: Կ’ապրինք ու կը տեսնենք, եթէ կողմնակի ռմբակոծումներուն կարենանք դիմանալ ու ողջ մնալ անշուշտ:

Share66Tweet41
Previous Post

Մշակութային Ջերմ Երեկոյ Ի Պատիւ Մանուէլ Ադամեանի Ծննդեան 90-Ամեակին

Next Post

Ընտրութիւններէն Երեք Ամիս Առաջ Ընդդիմադիր Դաշտը Անորոշութեան Առջեւ

Next Post
Ընտրութիւններէն Երեք Ամիս Առաջ Ընդդիմադիր Դաշտը Անորոշութեան Առջեւ

Ընտրութիւններէն Երեք Ամիս Առաջ Ընդդիմադիր Դաշտը Անորոշութեան Առջեւ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.