Մանուէլ Ադամեանի 90-ամեակին նուիրուած յուշ-երեկոն տեղի ունեցաւ Մարտի 1-ին, Լոնտոնի մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդարանի գեղաշուք սրահին մէջ։ Տօնական եւ միաժամանակ զգացական մթնոլորտի մէջ համախմբուած էին բարեկամներ, մշակութային գործիչներ եւ համայնքային ներկայացուցիչներ՝ մեծարելու սիրուած բանաստեղծն ու հասարակական գործիչը։
Բացման խօսքը արտասանելէ ետք, յոբելեարի այրին՝ տիկին Լիլի Ադամեան բեմ հրաւիրեց Անգլիոյ եւ Իրլանտայի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Յովակիմ Սրբազան Մանուկեանը՝ աղօթքով երեկոն օրհնելու համար։ Սրբազան Հայրը իր հակիրճ եւ բովանդակալից խօսքին մէջ ներկայացուց Մանուէլ Ադամեանը որպէս հայ համայնքի սիրուած ու յարգուած դէմք, բանաստեղծ եւ Լոնտոնի մէջ լոյս տեսնող «Նոր Սերունդի Ձայն» երկլեզու ամսագրի խմբագիր։
Ելոյթ ունեցաւ Հայաստանէն ժամանած մշակոյթի բարերար եւ «Ռոսլին» ամսագրի հովանաւոր Գրիգոր Մովսիսեան, որ իր տիկնոջ՝ Նաիրա Մովսիսեանի, եւ որդւոյն՝ Նարեկի հետ յատուկ ներկայ գտնուած էր յոբելեանին։ Անոնք իրենց հետ բերած էին յուշանուէրներ՝ Ադամեանի գիրքերու շապիկներով տպագրուած վերնաշապիկներ, որոնք նուիրուեցան երիտասարդներու։
Երեկոն զարդարուեցաւ գեղարուեստական ելոյթներով։ Հայաստանի վաստակաւոր դերասան-ասմունքող Արթուր Կարապետեան հիացուց ներկաները իր արտայայտիչ եւ ներշնչուած ասմունքով։ Օրուան բանախօսը՝ գրող եւ «Ռոսլին» արուեստի եւ մշակոյթի ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Մարտին Հուրիխանեան, մասնագիտական խորութեամբ ներկայացուց Մանուէլ Ադամեանի գրական ու հասարակական վաստակը։
Երաժշտական բաժինը եւս բարձր մակարդակի էր։ Հայաստանէն ժամանած երգչուհի Լիւսի Մովսիսեան եւ լոնտոնահայ տաղանդաւոր տուտուկահար Տիգրան Ալեքսանեան կատարեցին Կոմիտասի «Կռունկ»-ը։ Այնուհետեւ հնչեց Մանուէլ Ադամեանի խօսքերով, թոռնիկին՝ Ադամ Ադամեանի երաժշտութեամբ, իր որդի Յակոբին նուիրուած «Իմ շունչն ես, բանաստեղծի» երգը։ Լոնտոնահայ «Քլինգն» երգչախումբի խմբավար եւ մեներգիչ Սիփան Օլահի մեկնաբանութեամբ ունկնդրուեցաւ Գեղունի Չըչեանի երաժշտութեամբ «Հայ պատանի» երգը։ Երեւանէն ժամանած երգիչ Արմէն Խուբլարեան եւս հայկական ժողովրդական երգերով ջերմացուց մթնոլորտը։
Յատուկ անդրադարձ եղաւ Ադամեանի բանաստեղծութիւններու անգլերէն թարգմանիչ երիտասարդ Մովսէս (Մաթէոս)-ին, որ բացառիկ գեղեցիկ արեւմտահայերէնով պատմեց, թէ ինչպէս բանաստեղծին գործերը ընթերցելով ներշնչուած է եւ ձեռնամուխ եղած՝ զանոնք անգլերէնի թարգմանելու։ Ան նաեւ ընթերցեց իր թարգմանութիւններէն։
Տոքթ. Վազգէն Գասեմճեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Ադամեանի՝ Լիբանանի մէջ ծաւալած կուսակցական եւ հասարակական գործունէութիւնը։ Լոնտոնահայ նկարիչ Արթուր Օշականցի իր սրտի խօսքը յայտնելով՝ իւղաներկ նկար մը նուիրեց տիկին Ադամեանին։ Հայաստանի Երաժշտական Միութեան նախագահ, Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի դոկտոր-փրոֆեսոր Դաւիթ Ղազարեան յղած էր իր ջերմ ուղերձը։
Երեկոն աւարտեցաւ մտերմիկ զրոյցով եւ հիւրասիրութեամբ։
Այս առիթով, տիկին Լիլի Ադամեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց գերաշնորհ Տ. Յովակիմ Սրբազան Մանուկեանին՝ սրահը սիրով տրամադրելու համար, ինչպէս նաեւ Զորիկ Գասպարեանին՝ երեկոն իր տեսանկարահանմամբ անմահացնելու համար։
Յոբելենական այս յիշարժան երեկոն դարձաւ արժանապատիւ խոնարհում մը՝ նուիրուած բանաստեղծի հարուստ կեանքին եւ անսպառ ստեղծագործ ոգիին։

