Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ձայներ Երուսաղէմէն – 2 (արձագանգ պաղեստինահայ կեանքի)

 Լ. Շ.

March 7, 2026
in Գաղութային
0
Ձայներ Երուսաղէմէն – 2 (արձագանգ պաղեստինահայ կեանքի)

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ մէջ, այս տարի եւս, աւանդական շուքով նշուած է Տիրոջ անուանակոչութեան տօնը («Տօն անուանակոչութեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի»)։ Առ այդ, 26 Յունուարին, նախ առաւօտեան ժամերգութիւն կատարուած է Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարին մէջ, այնուհետեւ միաբանութիւնը, գլխաւորութեամբ հիւրաբար Ս. Աթոռ գտնուող Մեսրոպ եպս. Պարսամեանի (առաջնորդ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի), «Հրաշափառ»-ով մուտք գործած է Ս. Յարութեան տաճար։ Հոս, Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ նախ կատարուած է Ճաշու ժամերգութիւն, այնուհետեւ Ս. Պատարագ մատուցած եւ քարոզած է հիւր սրբազանը։ Դէպի վանք դարձին՝ Հայոց Թաղի մուտքէն սկսեալ միաբաններու թափօրը երգած է «Լոյս ի լուսոյ» շարականը ու բարձրացած պատրիարքարանի դահլիճ։

Այստեղ, կատարուած է տնօրհնէքի արարողութիւն։ Լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիպեան (որ 85 տարեկան է ու միաբանութեան երիցագոյն անդամը, մի՛շտ աշխոյժ) նարինջ բաժնած է ներկաներուն։ Այս տպաւորիչ արարողութեանց աւարտին միաբանները իջած են սեղանատուն եւ բոլորուած աւանդական հարիսայի սեղանին շուրջ։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ յունաց պատրիարքարանին մէջ, 6 Փետրուարին, տեղի ունեցած է խորհրդակցական կարեւոր հանդիպում մը՝ ընդմէջ քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն եւ արեւմտեան պետութեանց հիւպատոսներուն, դեսպաններուն ու դիւանագիտական կցորդներուն։

Հանդիպման գլխաւոր օրակարգը եղած են այն մարտահրաւէրները, զորս կը դիմագրաւեն Ս. Երկրին մէջ քրիստոնեաներն ու անոնց եկեղեցիները։ Քննարկուած են դիւանագիտական այն միջոցառումները, որոնցմով կարելի է նեցուկ կանգնիլ քրիստոնէից իրաւունքներուն ու պաշտպանել անոնց իրավիճակը Երուսաղէմի մէջ (անշուշտ այդ իրաւունքները կապտող կողմը… եբրայական պետութիւնն է)։ Հոգեւոր պետերը ընդգծած են միջազգային համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝ Պաղեստինի մէջ քրիստոնեայ համայնքներու պատմական ու քաղաքացիական դերը շարունակական դարձնելու համար։ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութեան կողմէ այս հանդիպումին մասնակցեր է Ս. Աթոռոյ դիւանապետ Աղան վրդ. Գոգչեան։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ հայոց պատրիարքարան այցելած է, 6 Փետրուարին, Ռամլէի քաղաքապետը՝ Միքայէլ Վիտալ եւ հանդիպում մը ունեցած Նուրհան պատրիարք Մանուկեանի հետ։

Քննարկուած են Ռամլէն Հայաստանի քաղաքներէն մէկուն հետ «քոյր քաղաք» դարձնելու հնարաւորութիւնները։ Պատրիարք սրբազանը շնորհակալութիւն յայտներ է քաղաքապետին՝ Ռամլէի հայոց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ փողոցը «Հայ եկեղեցւոյ փողոց» անունով վերակոչուելուն առթիւ։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ հայոց Ժառանգաւորաց վարժարանի սրահին մէջ, 6 Փետրուարին, դասախօսութիւն մը տուած է Իսրայէլի պետութեան մօտ Հայաստանի դեսպանը՝ Արման Յակոբեան։ Ներկայ եղած են սաներ, միաբաններ ու հետաքրքրասէրներ։ Դեսպանը խօսած է «Ասորական քրիստոնէութեան պատմութեան դրուագներ» թեմային շուրջ։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարին մէջ, 19 Փետրուարին (ըստ հին տոմարի), եկեղեցական արարողութեամբ նշուած է Վարդանանքը։ Մասնակցած են միաբաններն ու ժառանգաւոր բոլոր սաները։

Պատարագած ու քարոզած է Ժառանգաւորաց վարժարանի տեսուչ Գէորգ վրդ. Հայրապետեան։ Երեկոյեան, ըստ աւանդութեան, տեղի ունեցած է միաբանական ընթրիք, ուր արտասանուած են օրուան տօնին առնչուող ուղերձներ, գործադրուած է երգերէ եւ արտասանութիւններէ բաղկացած գեղարուեստական յայտագիր։ Փակման խօսքը արտասանած է Սամուէլ ծ. վրդ. Աղոյեան։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ աւանդութիւններէն մէկը հետեւեալն է. ամէն տարի, Վարդանանց տօնին յաջորդող Ուրբաթ օրը հայածէս Ս. Պատարագ կը մատուցուի ասորւոց Ս. Մարկոս եկեղեցւոյ մէջ։ Այս տարի ալ, 20 Փետրուարին, լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիպեանի գլխաւորութեամբ, հայ միաբանները մեկնած են Ս. Մարկոս եկեղեցի, ուր պատարագ մատուցած է Սերովբէ աբղ. Անտոնեան, քարոզած է Գէորգ վրդ. Հայրապետեան։ Արարողութեան աւարտին՝ հայ միաբանները հիւրասիրուած են Ասորի Ուղղափառ համայնքի Երուսաղէմի առաջնորդ Տ. Անթիմոս Ճաք Եագուպի կողմէ։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ մէջ Մեծ Պահքը ու անոր «կիրակիներու ոսկի շղթան» (ինչպէս պիտի սիրէր ըսել Պոլսոյ երջանկայիշատակ Շնորհք պատրիարքը) իւրայատուկ տեղ մը կը գրաւեն վանական աւանդութիւններուն եւ հաւատացեալներու կրօնական ապրումներուն մէջ։ Ջերմեռանդ քրիստոնեան ծոմապահութեամբ ու եկեղեցական հոգեզմայլ արարողութիւններու մասնակցութեամբ ինքզինք կը նախապատրաստէ Աւագ Շաբթուան ու Զատիկին՝ Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնին։

21 Փետրուարին, ի նշանաւորումն Մեծ Պահքի, վարագուրուած են Ս. Երկրի հայկական եկեղեցիներու խորանները։ Պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան անձամբ վարագուրած է Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարի աւագ խորանը, աջակողմեան ու ձախակողմեան խորանները, Ս. Գլխադիրի մատուռը։ Նմանապէս, վարագուրուած են Ս. Յարութիւն տաճարի հայապատկան Երկրորդ Գողգոթայի, Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ, ԵաՖայի ու Հայֆայի հայոց եկեղեցիներուն խորանները։ Այսպիսով ազդարարուած է մուտքը դէպի Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջան, որ քրիստոնէական ըմբռնումով՝ կը ջրդեղէ հաւատացեալին հոգեկան զօրութիւնը ու միաժամանակ կը նպաստէ անոր մարմնական առողջութեան։

ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ Ս. Ծննդեան քարայր-տաճարը, որուն երեք իրաւատէրերէն մէկը հայերն են, վերջին շրջանին առարկայ դարձած է վերանորոգութեան հոգածու աշխատանքներու, պաղեստինեան իշխանութեան հսկողութեամբ։

Այդ աշխատանքները մօտէն դիտարկելու նպատակով, 25 Փետրուարին, Նուրհան պատրիարք եւ խումբ մը միաբաններ այցելած են Բեթղեհէմ, շրջած են քարայրը եւ լուսաբանութիւններ ստացած յառաջ տարուող վերականգնողական գործերուն մասին։ Նորոգութիւնները կը կատարուին իտալական ընկերութեան մը միջոցաւ, որ աշխատանքներու աւարտը կը նախատեսէ ընթացիկ տարուան վերջերը։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ Ֆրանսական հիւանդանոցին մէջ, 25 Փետրուարին, վախճանած է Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն Բարսեղ ծ. վրդ. Գալէմտէրեան, 72 տարեկանին։ Ողբացեալին կենսագրական տուեալներուն մէջ կը նշուի, թէ ան 46 տարիէ իվեր հայոց վանքի մայր տաճարին աւագ լուսարարն էր։ Հ. Բարսեղ ծնած էր 1954-ին Ճսըր Շղուր (Իտլիպի նահանգ, Սուրիա), նախակրթութիւնը ստացած էր մօտակայ Քեսապի մէջ։ 11 տարեկանին ուսանող ընդունուած էր Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը։ Եղիշէ պատրիարք զինք աբեղայ ձեռնադրած էր 1977-ին։

Այդ թուականէն ասդին՝ ծառայած էր վանքին զանազան պաշտօններով, աւելի քան տասը տարի ալ դասաւանդելով Ժառանգաւորացի ու Ս. Թարգմանչաց վարժարանին մէջ։ Երբեմն աշխատակցած էր «Սիոն»-ին։ Հեղինակն է երկու տպագիր գործերու՝ «Հայոց Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարը» (հայերէն ու անգլերէն, 2007) եւ «Յիշատակարանք սպասուց Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարի» (այսինքն` տաճարին սեփականութիւնը եղող սրբազան անօթներուն եւ գանձարանին մաս կազմող նիւթերուն դասաւորեալ նկարագրութիւնը, 2008(։ Վախճանեալ վարդապետին վերջին օծումն ու թաղման կարգը կատարուած է 3 Մարտին ու մարմինը ամփոփուած Ս. Փրկիչ միաբանական գերեզմանատունը։ Պոլսէն Նարեկ քհնյ. Տէյիրմէնճեան, տեղւոյն հայերէն զոյգ օրաթերթերուն մէջ, սիրով ու յարգանքով ոգեկոչած է Հ. Բարսեղին յիշատակը` պատմելով իր հանդիպումներն ու զրոյցները անոր հետ։ Մահախօսը կը նշէ, որ Հ. Բարսեղ տարիներու ընթացքին համբերութեամբ կազմած էր Հայ Երուսաղէմի ու Սրբոց Յակոբեանց վանքի ժամանակագրութիւնը, որ կը մնայ անտիպ։

Share67Tweet42
Previous Post

Կինը՝ Կեանքի Եւ Խաղաղութեան Անմար Լոյսը

Next Post

Մշակութային Ջերմ Երեկոյ Ի Պատիւ Մանուէլ Ադամեանի Ծննդեան 90-Ամեակին

Next Post
Մշակութային Ջերմ Երեկոյ Ի Պատիւ Մանուէլ Ադամեանի Ծննդեան 90-Ամեակին

Մշակութային Ջերմ Երեկոյ Ի Պատիւ Մանուէլ Ադամեանի Ծննդեան 90-Ամեակին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.