Կասկածէ վեր է, որ Էջմիածինի գահակալ Գարեգին Բ.-ը որեւէ ձեւով արժանի չէ այդ պաշտօնին ու կոչումին: Տարիներու վրայ երկարող իր անվայել ընթացքը, որպէս առեւտուրի մարդ եւ գործակից նախկին՝ գող ու աւազակ ճանչցուած նախագահներ Քոչարեանի եւ Սարգսեանի, զինք դարձուցած են խիստ ատելի հայաստանցի ժողովուրդի մեծամասնութեան կողմէ: Անոր շրջանակին մէջ տակաւին կը մնան մարդիկ, որոնք, գիտնալով հանդերձ անոր թերութիւնները, թիկունք կը կանգնին անոր՝ ոչ թէ եկեղեցւոյ պետի իր պաշտօնին համար, այլ իրենց իշխանափոխութիւն փորձող քաղաքական գործին մէջ դաշնակից մը ըլլալուն համար:
Վերոյիշեալ ակնարկութիւնը ընելէ ետք, կարելի չէ հոս ցաւով չարձանագրել, թէ Պետութիւն-Եկեղեցի կամ Փաշինեան-Ներսիսեան ազգային ամօթալի սուր առճակատումը ամէն չափ ու սահման անցնելով՝ դարձած է ամէն սրտցաւ հայու մտահոգութեան առարկան: Ճիշդ է, որ Ներսիսեանը Փաշինեանի դէմ դիրք բռնելով եւ անոր հրաժարականը պահանջելով քաղաքականութիւն խաղցաւ, բան մը, որ իր պաշտօնին եւ կոչումին գործը չէր, սակայն եւ այնպէս պէտք էր, որ Փաշինեան իր սեփական եւ անձնական վրիժակռիւը (vendetta) պետական մակարդակի վրայ եւ պետութեան բոլոր միջոցները գործածելով չտանէր եւ պատճառ չդառնար մեր ազգային եկեղեցին այսքան պախարակուած վիճակի մէջ յայտնուելուն: Բարենորոգումներ կատարելու քօղին տակ տարուող ցաւալի այս պայքարը Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ անոր հետեւորդ կուսակցականած եկեղեցականներուն դէմ՝ այդ մեղադրեալներուն տուաւ մարտիրոսացումի պէս վիճակ մը, որուն շուրջ հաւաքուեցան բոլոր հակափաշինեանական խմբակներն ու անձնաւորութիւնները մեր ժողովուրդին՝ Հայաստանի մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհի:
Մեր Եկեղեցւոյ բարենորոգումը բարդ հարց է, որ ներսէն եթէ չբարենորոգուի, այն չ’իրականանար լաւ կղերականը վատ կղերականին դէմ դնելով:
Եթէ բաղդատական մը ընենք Փաշինեանի եւ Ներսիսեանի ուժերուն միջեւ, գուցէ կը յանգինք եզրակացութեան մը, որ Փաշինեանը կը դնէ աւելի զօրաւոր աստիճանի վրայ Հայաստանի մէջ, եւ Ներսիսեանն ալ աւելի զօրաւոր դիրքի վրայ Սփիւռքի մէջ: Վերջերս հրատարակուած յայտարարութիւնը սփիւռքահայ անուանի հայորդիներու կողմէ (Նուպար Աֆէեան եւ հինգ ուրիշներ) թէեւ չէր կրնար խօսիլ սփիւռքահայութեան անունով, սակայն ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս դիրքորոշուած է Սփիւռքը իր «ծանր հրետանիով» Փաշինեանի դէմ եւ Ներսիսեանի կողքին:
Այդ յայտարարութիւնը տրուեցաւ վերջերս Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք՝ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ ՀԲԸՄ-ի պատուոյ նախագահ Պերճ Սեդրակեանի միջեւ: Երկուքն ալ փութացին օգնութեան հասնելու իրենց վիրաւոր հոգեւոր եղբօր եւ բարեկամին, բայց ոչ՝ անոր կողմէ վիրաւոր դարձած մեր Եկեղեցիին:
Սփիւռքահայ ականաւոր անձնաւորութիւններու յայտարարութենէն ետք պէտք չկար պայքարը աւելի սրելու Փաշինեանի կողմէ՝ արգիլելով Գարեգին Բ.-ի մեկնումը դէպի Աւստրիա, հոն գումարուող Եպիսկոպոսական ժողովին անոր բացակայութիւնը իրականացնելու համար: Փաշինեանի յայտարարութիւնը, թէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը Աւստրիոյ մէջ գումարելու նպատակը կաթողիկոսութիւնը եւ Էջմիածնի գանձերը Հայաստանէն դուրս փոխադրել է, սխալ յայտարարութիւն է, որ կը նմանի այն յայտարարութեան, որ ատենօք Փաշինեան ունեցաւ Զուիցերիոյ հայ համայնքին հետ իր հանդիպումին ընթացքին, ուր ան «ձաբռտեց»՝ որոշ անհաւասարակշիռ կարծիքներ յայտնելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Սխալական ըլլալը մարդկային է, եւ Փաշինեան իր դրական գործերու կողքին գործեց նաեւ «փտած» եկեղեցականները հալածելու սխալը: Ունենալով մեր հայրենի ժողովուրդին մեծամասնութեան թիկունքը՝ ան պէտք չունէր պայքարելու եկեղեցականներու դէմ, որոնք միայն աղմուկ հանելով՝ դատապարտուած էին վերջիվերջոյ ձախողելու իրենց քաղաքական աշխատանքին մէջ:
Սխալ մը եւս գործեց Փաշինեան՝ Հայաստանի քաղաքական ուղղութիւնը դնելով անհաւասարակշիռ նկատուող Տանըլտ Թրամփի նման նախագահի մը ձեռքին մէջ: Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան հետ իր մերձեցումը ողջունելի էր: Փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսի գրառումէն genocide բառի ջնջումը Ծիծեռնակաբերդ այցելութենէն ետք, եղաւ Թուրքիոյ պահանջքին գոհացում տալու համար, բան մը, որ ցոյց կու տայ այդ վարչակարգին վերաբերմունքը, երբ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ընտրութիւն կատարելու հարց ծագի:
Թաւշեայ յեղափոխութեամբ իշխանութեան գլուխ հասած Նիկոլ Փաշինեանին եւ անոր որդեգրած խաղաղութիւն հաստատող քաղաքականութեան հետ պէտք է ըլլալ:
Հայաստանը շինող ու զարգացնող եւ զայն գիտական կեդրոն դարձնող անոր արշաւին ու օլիկարգութեան վերջ դնող պայքարին հետ պէտք է ըլլալ:
Որպէս ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ, սակայն, չենք կրնար իր կողմն ըլլալ պատմական Հայաստանի եւ իրական Հայաստանի միջեւ ճեղք բացող քաղաքականութեան, որ կը վիրաւորէ տարագիր սփիւռքահայ եօթը միլիոն հայերու զգացումները, որոնք կը պատկանին պատմական Հայաստանին: Որպէս Հայաստանի վարչապետ՝ հասկնալի է անոր գուրգուրանքը իր ժողովուրդին խաղաղութիւն տալու քաղաքականութեան վրայ, սակայն ընդունելի չի կրնար ըլլալ մոռնալը այն ինչին, որ դարերէ ի վեր հայ պահած է մեզ Սփիւռքի մէջ:
Չենք կրնար ընդունիլ, որ մեր սրբութեան սրբոց Արարատը եւ չքնաղ Կիլիկիան ու արմատախիլ եղած Արցախը յաւիտեան ուրիշին պատկանին՝ վառ պահելով մեր իրաւունքներուն վերատիրանալու ՅՈՅՍԸ, թէկուզ հազար տարի ետք՝ ուրիշներու օրինակով:
Եւ վերջապէս պէտք է հոս արձանագրել, որ մեր սուրբ Եկեղեցւոյ նկատմամբ աւերիչ եւ կործանարար այս ընթացքը պէտք չէ սկիզբ առնէր երկու հակադիր կողմերու միջեւ մղուող պայքարով: Կա՛մ Գարեգին Բ. պէտք է հրաժարէր, կա՛մ ալ Փաշինեան իր ինքնագնահատականը (amour propre) կուլ տար՝ փրկելու համար մեր Եկեղեցւոյ սրբութիւնն ու նուիրականութիւնը:
Եթէ աթոռասիրութիւն չէ սա, հապա ի՞նչ է, որ կը բզկտէ մեր ներկան:

