Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Սպարապետը. Ծննդեան Տարեդարձն Է Այսօր

Աւետիս Ռազմիկ (Նիկոսիա)

March 5, 2026
in Յօդուածներ
0
Սպարապետը. Ծննդեան Տարեդարձն Է Այսօր

Ճիշդ ժամանակին եկաւ, բայց վաղաժամ հեռացաւ: Հեռացուցին դաժա՛նաբար:

Երբ կը նահատակուէր, վարչապետի աթոռին էր նստած, սակայն, ստուգապէս աւելի սպարապետ էր, քան վարչական-պետական գործիչ: Ի բնուստ, անառարկելիօրէն օժտուած էր ռազմական գործիչի բոլոր ստորոգելիներով:

Սպարապետ ՎԱԶԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆն էր ան, որուն ծննդեան տարեդարձն է Մարտ 5-ին:

Արարատեան դաշտի Արարատ քաղաքին մէջ ծնած այս հայորդիին կեանքի ուղին եղաւ ինքնատիպ, քանի կեանքի եւ հայրենիքի պայմանները խլելով զինք գրասենեակէն, գրականութենէն ու գրիչէն՝ առաջնորդեցին ռազմադաշտ, խրամատներ եւ պատերազմի թէժ ճակատներ: Ծնած էր գրչընկերներով շրջապատուելու, բայց ունեցաւ մարտընկերներ. պիտի մշակէր գրական իր ուղին, բայց ահա որպէս պաշտպանութեան նախարար ու վարչապետ՝ վարեց մարտեր, բանակցութիւններ, դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ ունեցաւ քաղաքական ու ռազմական ճակատումներ:

1988-էն հայ կեանքը գլխովին շրջուեցաւ, երբ բորբոքեցաւ ղարաբաղեան շարժումը: Իսկոյնեւեթ փոխուեցան ճակատագրեր, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ էին հայրենիքին լինելիութեան հարցը, Արցախի ապագան եւ հայու բարոյահոգեբանական եւ գոյութենական կռուանները: Ամէն ոք ինքզինք զգաց նոր մարտահրաւէրի դէմ-յանդիման: Արցախեան երկնահուպ լեռները կը կանչէին իրենց զաւակները, վանքերն ու տաճարները կը ղօղանջէին պայքարի ու ազատութեան գոռ արձագանգներով, զօրաշարժ էր ամէնուրեք: Բոցաշունչ խօսքերէ ու կրակոտ հռետորաբանութենէ անդին՝ կար մարտնչելու հրամայականը, լինել-չլինելու հրատապ հարցը:

Այդ յորձանուտի ընթացքին, բազմաթիւ դէմքեր ինքնակամօրէն եւ ինքնաբուխ պատասխանատուութեամբ ուղղուեցան հոն՝ ուր կարիքը կար իրենց, մանաւանդ ռազմական բարձրաստիճան ղեկավարներ: Խորհրդային Միութեան ռազմական դպրոցէն անցած զինուորականներ, որոնք ծառայութիւն ու փորձ ունէին տարբեր վայրեր, հմտօրէն դրսեւորեցին իրենք զիրենք արցախեան ճակատներուն վրայ՝ ապահովելով հայոց փառահեղ յաղթանակը: Զօրավարներ Հրաչեայ Անդրէասեան, Քրիստափոր Իւանեան, Գուրգէն Տալիպալթայեան, Արկադի Տէր Թադէոսեան, Նորատ Տէր Գրիգորեան կրցան գործի մղել աւելի երիտասարդ ուժեր, որոնք նոր աւիւնով եւ արիւնով, հետեւելով երէցներու ցուցմունքներուն, Արցախէն գլխիկոր դուրս շպրտեցին բռնագրաւիչ տարրերը: Այս բոլորը, սակայն, անհրաժեշտաբար պէտք ունէր համակարգող միտքի եւ հայրենասիրական ոգիի: Պէտք ունէր առաջնորդի մը, զորս բանակային տարազի կողքին կարողանար ոգեշնչել եւ հրահրել երիտասարդութեան ազգային անթեղուած զգացումները, ալեկոծել թմբիրի մէջ մրափող սերունդները: Եւ այդ պատմական առաքելութիւնը ինչ-ինչ դէպքերու բերումով ստանձնեց մինչ այդ գրականութեան առաջին սանդխամատերուն վրայ գտնուող Վազգէն Սարգսեան: Երկնային պարգե՞ւ էր այս, պատմութեան բախտանիւին մէկ հրա՞շքը, անակնկալ դիպուա՞ծ մը, կը մնայ առեղծուած: Բայց, ակնյայտ է, որ իր օրին, մարդիկ չգիտցան մեծութիւնը այդ հերոսին, ապրող ու շնչող առասպելատիպ հեղինակութիւնը Սպարապետին:

Հայաստանի համար շատ բարդ եւ զգայուն մէկ պահուն կայծակնահաս կերպով յայտնուեցաւ Սպարապետը: Արցախահայոց ազատամարտը կը բոլորէր ծանրակշիռ օրեր: Մէկ օրակարգ կար դրուած սեղանին՝ բանակ եւ ապա՝ յաղթանակ: Այդ առաքելութիւնը հիմնականօրէն մէկ անձ իր ուսերուն կրնար կրել: Անձ մը՝ որ ըլլար բովանդակ էութեամբ սպարապետ. նորօրեայ Վ. Մամիկոնեան մը, Դաւիթ Բէկ մը գուցէ, Մխիթար Սպարապետ մը թէկուզ, Զօրավար Անդրանիկ մը հաւանաբար. եւ, ի՜նչ բարեբախտութիւն, ունեցանք Վազգէն Սպարապետը:

Լաւ յիշեցէք իր սեղմ, բայց խիստ արդիւնաշատ օրերը. իր կարճատեւ՝ բայց իմաստալից կեանքը.- գրականութիւնը մէկդի դնելէ ետք՝ զօրաշարժի կոչ, երկրապահ ուժեր, պաշտպանութեան առաջին նախարար, վեթերան զօրավարներու համահաւաք, «Հարսանիք Լեռներում» եւ Շուշիի ազատագրում, բանակաշինութիւն, բանակի անմոռանալի զօրահանդէսներ, «Միասնութիւն» դաշինք, վարչապետ, Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներու մեկնարկ: Թռիչքային կեանք մը՝ բեղուն եւ յուսալից:

Գագիկ Յարութիւնեան կը մտորէ՝ «Ասաց… ու զինուոր դարձաւ, զօրավար ու Սպարապետ դարձաւ, պետութեան սիւն ու… նահատակ դարձաւ: Վազգէն Սարգսեանը գիտակցաբար ընտրեց Գողգոթայի իր ճանապարհը, որովհետեւ նա բոլորից մէկը չէր, այլ մէկն էր բոլորի մէջ: Նա կոչում ունէր, ասելիք ու անելիք ունէր, եւ հասցրեց անել այնչափ, որքանի մենք արժանի էինք: Նրան չկարողանալով պաշտպանել, մենք մեզ անպաշտպան դարձրինք: Նրա կորուստը մեր անմիաբան ազգի համար Բարձրեալի պատիժ էր: Ապաշխարանքի այլ ճանապարհ չկայ, քան նրա արածն ու անելիքը ճիշդ իմաստաւորելու եւ ժամանակի խորհուրդը խորութեամբ հասկանալու: Վազգէն Սարգսեանը գործեց՝ դարերի պարտքն ու պատասխանատուութիւնն իր ուսերին առնելով, ազգին մի զինուոր որդի պարգեւելու փոխարէն՝ հզօր մի բանակ պարգեւեց, կորացած մէջքը շտկելու, ինքնուրոյն ապրելու յոյս ու հաւատ պարգեւեց, ու… մնաց չճանաչուած: Պարզապէս մենք դեռ այնքան չենք բարձրացել, որ ունակ լինենք մեր կողքին հերոսներ տեսնել ու հանդուրժել նրանց»:

Պատահական չէ, որ Սպարապետին անունը երբ կու տանք, երկու բառեր կը յաջորդեն անոր՝ բանակաշինութիւն եւ յաղթանակ: Ան էր որ կազմաւորուող եւ աստիճանաբար հզօրացող բանակին իւրաքանչիւր մասնիկը գիտէր ամենայն մանրամասնութեամբ: Ռազմական ամէն նոր սարք կը շօշափէր հարազատի նման: Մտերմիկ կապերով Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Պաւել Կրաչեւի հետ, հայկական զինուժին կ’ապահովէր լաւագոյն եւ նորագոյն զինանոցը: Գիտէր ո՛ւր եւ որո՛ւ դիմել, ի՛նչպէս ձեռք բերել սպառազինութեան արդիական արտադրութիւնները: Բանակը իր տունն էր եւ իր տունը՝ բանակը: Ան զինուորներուն հետ էր խրամներէն մինչեւ նահատակութիւնը անոնց: Սպարապետն էր որ յանձնարարեց կառուցել Եռաբլուրը՝ հայոց նոր ուխտավայրը, որպէսզի ամփոփուին հերոսները արցախեան գօտեմարտին: Ան շինարարներուն խստիւ թելադրեց կառուցել լաւագոյնը, ջանք ու ճիգ, դրամ ու ժամանակ չխնայել կատարեալ ու արժանի յուշադամբանը կանգնեցնելու Եռաբլուրին վրայ: Եւ ճակատագրի ի՜նչ հեգնանք, Սպարապետը հանգրուանեց հոն՝ անժամանակ, դառնօրէն եւ դաւադրաբար: Սպարապետը եկաւ ու գնաց ասուպի նման՝ իր հետքն ու կնիքը պատուով դաջելով մեր նորագոյն պատմութեան էջերուն: Այնքա՜ն բախտաւոր էինք որ ունեցանք Սպարապետը եւ նոյնքան անբախտ՝ որ կորսնցուցինք զինքը: Մի գուցէ արժանի ալ չէինք անոր…:

Մենք պիտի չմոռնանք Վազգէնը, քանզի կարելի չէ մոռնալ յաղթական Սպարապետը: Իսկ առաւել պիտի չմոռնան թշնամիները, որովհետեւ իրենց անփառունակ անցեալին խորհրդանիշն է Սպարապետը: Եւ ի՞նչու Շուշիի մէջ առաջին իսկ առիթով պղծեցին անոր հոյակերտ արձանը, որովհետեւ յետմահու իսկ հզօր է Սպարապետը:

Մերօրեայ յաղթանակներու կերտիչ Սպարապետը ծնաւ 5 Մարտ 1959-ին եւ ինկաւ 27 Հոկտեմբեր 1999-ին:

Share63Tweet39
Previous Post

Լուրեր. 5 Մարտ 2026

Next Post

Մեր Ներկան Բզկտող Աթոռասիրութիւնը

Next Post
Մեր Ներկան Բզկտող Աթոռասիրութիւնը

Մեր Ներկան Բզկտող Աթոռասիրութիւնը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.