Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ամեն. եւ Գերերջ. Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին, Հինգշաբթի, 26 Փետրուար 2026-ի երեկոյեան, Զմմառու դպրեվանքի Սուրբ Յովսէփ մատուռին մէջ նշուեցաւ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ` Ս. Գրիգոր Նարեկացիի տօնը։
Ներկայութեամբ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի Մեծաւոր գերպծռ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեանի, Լիբանանի արհիապատիւ գերապայծառներուն եւ կղերաց դասին, Զմմառու վարչական հայրերուն, Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսուչ հօր` գեր. Հ. Կարապետ վրդ. Գլընճեանին եւ ժառանգաւորներուն։
2021-ին, Ֆրանչիսկոս պապին որոշմամբ, Վատիկանի Աստուածային երկրպագութեան միաբանութիւնը` Ընդհանրական Եկեղեցւոյ օրացոյցին մէջ Փետրուար 27-ն հռչակեց 10-րդ դարու հայ մեծագոյն աստուածաբան, «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակութեան օր: Այսպիսով՝ այդ օրը ընդգրկուեցաւ համայն ընդհանրական եկեղեցիներու տօնացոյցին մէջ, պատարագի եւ ժամերգութեան գիրքերուն մէջ, եւ կը մատուցուի յիշատակի կարգ։
Նշենք, որ 2015-ի Փետրուար 23-ին, Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին շնորհեց «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» բարձրագոյն տիտղոսը՝ Doctor Ecclesiae Universalis: Նոյն թուականին, Դաւիթ Երեւանցիի կերտած՝ Նարեկացիի պրոնզաձոյլ արձանը տեղադրուեցաւ վատիկանեան այգիներէն մէկու մէջ։
Նարեկացիին այս տիտղոսի տուչութիւնը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ` 12 Ապրիլ 2015-ին, «Սուրբ Պետրոս»-ի տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս պապի մատուցած քահանայապետական սուրբ Պատարագին ընթացքին, մասնակցութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց հայրապետին։
Ուստի, ուղիղ հինգ տարի առաջ գրանցուած այս պատմական մեծ իրադարձութեան ի տես` Զմմառու Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի մեծ ընտանիքը անտարբեր չէր կրնար մնալ նման մեծղի տօնին նկատմամբ։
Առ այդ, տօնի նախօրէին, ըստ արժանւոյն նշուեցաւ Սուրբին յիշատակը` առ ի յիշեցում համայն հայութեան, որ իրենք եւս յաջորդ օրը յիշատակեն մեծ հոգեւորականին, մեծ հայուն եւ մեծ աստուածաբանին տօնը։
Ան իր տիտղոսով հայ ազգին պարծանքն ու դափնին հանդիսացաւ միջազգային հանրութեան առջեւ։
Սոյն մեծարանքի երեկոն հոգեւոր մթնոլորտ մը ստեղծեց հնադարեան մայրավանքին մէջ համախմբուած հոգեւորականներուն մօտ։
Արդարեւ, դպրեվարքի Ս. Յովսէփ մատուռին մէջ, ժառանգաւորները ներկայացուցին Ս. Գրիգոր Նարեկացիի վանքը բովանդակող զեկոյց մը, ապա կատարուեցաւ «Սուրբի եւ Ընդհանրական եկեղեցւոյ վարդապետի միջեւ եղած համեմատութիւնը», այնուհետեւ՝ «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթամատեանի մեկնութիւնը։
Խորհրդաւոր մթնոլորտի լոյսին տակ ընթերցուեցաւ «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթագիրքէն հատուածներ։ Նարեկացիին նուիրուած տօնը լրումին հասաւ Ամեն. եւ Գերերջ. Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութեամբ։

