Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 5 Մարտ 2026

March 5, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 5 Մարտ 2026

ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ ՄԱՐՏԵՐ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

Իսրայէլեան դիրքերու Հըզպալլայի հրթիռարձակումով վերստին բռնկած առճակատումը ընդամէնը երկու օրուան ընթացքին հատեց միայն հրթիռային հարուածներ փոխանակելու փուլը եւ արագօրէն մուտք գործեց ցամաքային մարտերու փուլ: Իսրայէլեան կառավարութեան ցուցմունքներով, բանակը նախանցեալ օր սկսաւ ներխուժել Լիբանան՝ սահմանային ապահով գօտի մը պարտադրելու խորագրին տակ: Կառավարութեան վերջին նիստին ընթացքին բանակի հրամանատարին հետ կատարուած քննարկումներու լոյսին տակ, հարաւի սահմանային դիրքերէն լիբանանեան բանակի ուժերը վերադասաւորեցին իրենց տեղակայումը եւ հաւաքուեցան մէկ վայրի մէջ: Կարճ ժամանակ ետք, մարտեր սկսան ներխուժող ուժերուն եւ Հըզպալլային միջեւ Հաուլա, Քֆարքիլա, Խիամ, Քֆարշուպա, Եունին եւ սահմանային այլ շրջաններու մէջ: Կուսակցութիւնը յայտարարեց իսրայէլեան հրասայլեր թիրախաւորելու եւ Հայֆայի, Թել Աւիւի ու այլ շրջաններու մէջ գործող ռազմական կարեւոր կէտերու ուղղութեամբ հրթիռներ արձակելու մասին:

Իսրայէլեան օդուժը անցնող երկու օրերուն չդադրեցուց շարունակական յարձակումները հարաւային շրջաններուն, Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն եւ Պեքաայի ուղղութեամբ: Ծանրագոյն հարուածները ուղղուեցան նախանցեալ օր Արամունի եւ Սաատիէթի մէջ տան մը եւ բնակարանային համալիրի ուղղութեամբ, ուր մահացաւ առնուազն 6 հոգի: Պաալպէքի մէջ հարուածի մը պատճառով մահացաւ չորս մարդ, իսկ երէկ արեւածագին, իսրայէլեան օդուժը պանդոկ մը ռմբակոծեց Հազմիէի մէջ, առանց յայտարարելու թիրախին մասին: Շուտով լիբանանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ թիրախաւորուած մարդը գուցէ իրանցի բարձրաստիճան դիւանագէտ մըն է: Նախապէս, իսրայէլեան բանակին բանբերը Լիբանան գտնուող Իրանի վարչակարգի ներկայացուցիչներէն պահանջած էր երկրէն հեռանալ 24 ժամուան ընթացքին, այլապէս դիմագրաւել իսրայէլեան հարուած: Թեհրան, միւս կողմէ, զգուշացուց Լիբանանի մէջ իր դիւանագէտները թիրախաւորելէ, սպառնալով իսրայէլացիներու դէմ նոյն միջոցներուն ձեռնարկել այլ երկիրներու մէջ: Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան յայտարարեց, թէ պատերազմի վերաբռնկումէն ի վեր Լիբանանի մէջ մահացած է 72 մարդ, վիրաւորուած՝ 437 ուրիշներ: Ընկերային հարցերու նախարարութիւնը յայտնեց, թէ պատերազմի առաջին երկու օրուան ընթացքին 12.500 ընտանիք ապաստանած է նախարարութեան բացած ապաստարանները, աւելցնելով որ Սայտայի եւ Պէյրութի բոլոր ապաստարանները ամբողջութեամբ լեցուած են:

 

ԶԻՆԵԱԼՆԵՐՈՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը դատապարտեց իսրայէլեան ոտնձգութիւնները եւ շեշտեց, որ կը շարունակէ գործադրել կառավարութեան վերջին նիստին որոշումները՝ հետապնդելով հարաւէն իսրայէլեան թիրախներու ուղղութեամբ հրթիռարձակումներուն պատասխանատուները: Ըստ հաղորդագրութեան, անցնող երկու օրերուն բանակի անցարգելներուն վրայ ձերբակալուած է ապօրինի զէնք կրող 26 լիբանանցի եւ պաղեստինցի մը: Երեկոյեան հաղորդուեցաւ, որ բանակը հարաւային շրջաններու մէջ յայտնաբերած է հրթիռային քանի մը կայանք: Բանակը իր դիրքերը ամրացուցած է նաեւ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ՝ Դամասկոսի համապատասխան իշխանութիւններուն հետ համագործակցաբար: Իսկ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական ուժերը ամրապնդած են իրենց սահմանային դիրքերը, անոնց մատակարարելով հրթիռային սարքեր: Ըստ «Ռոյթըրզ»-ին, մտավախութիւն կայ, որ այդ ուժերը ներխուժեն Լիբանան:

Արդարադատութեան նախարար Ատէլ Նասսար յայտնեց, որ ընդհանուր դատախազ Ժամալ Հաժժարին հետ որոշած է իսկոյն ձերբալելել ապօրինի զէնք կրող ոեւէ անձ եւ զայն փոխանցել Զինուորական ատեանին:

 

ԿՈՉ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ

Կառավարութիւնը այսօր կէսօրին վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ նիստ մը՝ քննարկելու համար պատերազմական վիճակը եւ տեղահանուածներուն օգնելու միջոցները: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Հարաւային իրադարձութիւնները քննարկեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալի հետ: Աուն տեսակցութիւններ եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ արաբական եւ միջազգային կողմերու հետ՝ ներկայացնելու նորագոյն զարգացումները եւ կառավարութեան որոշումները գործադրելու կարեւորութիւնը:

Եւրոպական շարք մը երկիրներու դեսպաններ իրենց ամբողջական աջակցութիւնը յայտնեցին խաղաղութեան եւ պատերազմի որոշումին տիրանալու կառավարութեան մտադրութեան: Աուն Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն եւ Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսայէն պահանջեց, որ Փարիզ եւ Ուաշինկթըն անյապաղ միջամտեն՝ վերջ տալու իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն: Ան նոյն կոչը ուղղեց Եւրոմիութեան եւ միջազգային հնգեակին:

 

ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԸ ՀՐԹԻՌՆԵՐՈՒ ՏԱԿ

Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարը յայտնեց Իրանի օդային տարածքին ամբողջական տիրապետութիւն հաստատելու մասին: Ամերիկեան եւ իսրայէլեան ուժերը անցնող երկու օրերուն բազմաթիւ թիրախներ հարուածեցին մայրաքաղաք Թեհրանի եւ Իրանի այլ շրջաններու մէջ՝ թիրախաւորելով զինուորական կեդրոններ, հրթիռային կայանքներ եւ կառավարական դիրքեր: Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը յայտարարեց, թէ Իրանի մէջ տակաւին չկայ հիւլէակայաններէն վտանգաւոր նիւթերու ճառագայթում: Ամերիկեան-իրանեան մարտերը հասան նոյնիսկ Հնդկական ովկիանոս, ուր ամերիկեան սուզանաւի մը արձակած հրթիռներով կործանուեցաւ Իրանին պատկանող մարտանաւ մը՝ պատճառելով աւելի քան 80 մահ, մինչ Սրի Լանքա յայտարարեց վերապրողները փրկելու եւ հիւրանոց փոխադրելու մասին: Իրան, միւս կողմէ, հակադարձեց ու շարունակեց իսրայէլեան թիրախներու ուղղութեամբ հրթիռարձակումները: Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Ալի Լարիժանի շեշտեց, որ աւելի քան հինգ հարիւր ամերիկացի զինուոր մահացած է Իրանի յարձակումներէն: Իսրայէլի Ելեւմուտքի նախարարութիւնն ալ ահազանգեց, թէ Իրանի դէմ հրթիռային պատերազմին ելեւմտական հետեւանքները կրնան հասնիլ շաբաթական երեք միլիառ տոլարի: Իրանեան հրթիռներ եւ անօդաչու սարքեր թիրախներ հարուածեցին նաեւ շրջանի արաբական երկիրներուն մէջ՝ պատճառելով նիւթական վնաս:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ պատերազմի բռնկումէն ի վեր Իրան Էմիրութիւններուն ուղղութեամբ արձրակած է 189 հրթիռ եւ 941 անօդաչու սարք, որոնց մեծամասնութիւնը խոչընդոտուած է, իսկ մնացեալին պատճառած պայթումներէն մահացած է օտարազգի երեք պաշտօնեայ, 78 վիրաւորներու կողքին, որոնց շարքին կան լիբանանցիներ: Քաթարի իշխանութիւններն ալ յայտարարեցին Իրանի յեղափոխական պահակագունդի երկու բջիջ ձերբակալելու մասին: Ապու Տապի եւ Տոհա իրանցի դիւանագէտներուն տեղեկացուցին, թէ մաս չեն կազմած Իրանի դէմ յարձակումներուն, իրենց երկիրներուն դէմ իրանեան գրոհները համարելով գերիշխանութեան բացայայտ խախտում, եւ շեշտելով, որ այդ ոտնձգութիւնները անպատասխան պիտի չմնան: Սէուտական Արաբիա եւս վերապահեց հակադարձելու իրաւունքը եւ ահազանգեց, որ Իրան փորձած է յարձակում գործել թագաւորութեան քարիւղային ենթակառոյցներուն վրայ: Իսկ Իրաքի հիւսիսային Քիւրտիստան գաւառին մէջ, իրանցի քիւրտ զինեալ մը սպաննուեցաւ «Քիւրտիստանի ազատութիւն» ընդդիմադիր կուսակցութեան կեդրոնի թիրախաւորումին հետեւանքով: Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւս յայտարարեց, թէ ՆԱԹՕ-ի ուժերը խոչընդոտած են Իրանէն Թուրքիոյ ուղղութեամբ արձակուած հրթիռներ: Աւելի ուշ, Թուրքիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւն կանչուեցաւ Իրանի դեսպանը եւ անոր փոխանցուեցաւ խիստ բողոք եւ մտավախութիւն՝ հրթիռարձակումներու կրկնութեան առնչութեամբ:

 

ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՑԱՐԴ ՉԿԱՅ

Պատերազմին զուգահեռ, ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իրանի հետախուզական ծառայութեան ներկայացուցիչներ կապ հաստատած են ամերիկեան հետախուզութեան հետ՝ բանակցելու պատրաստակամութիւն յայտնելով, թէեւ ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի դեսպանը աւելի ուշ հերքեց բանակցելու պատարաստակամութիւնը: Օմանի արտաքին գործերու նախարարն ալ երէկ վստահութիւն յայտնեց, որ պատերազմին վերջ տալու բանակցային խաղաղ հնարաւորութիւններ տակաւին առկայ են:

ՄԱԿ-ի հետաքննիչ անկախ յանձնախումբ մը Իրանի դէմ իսրայէլեան-ամերիկեան յարձակումը համարեց միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտում, աւելցնելով որ ցնցուած է Թեհրանի մէջ աղջկանց դպրոցի ռմբակոծումէն: Իսկ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու գործակալութիւնը պահանջեց միջազգային հետաքննութիւն՝ դպրոցի սպանդին շուրջ:

 

ՀԱՅԵՐԸ ՏՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՋԱՆՔԵՐ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յայտարարեց, որ Իրանէն Արամ Ա. կաթողիկոսին տեղեկացուցած են, որ իրանահայ համայնքին մէջ մարդկային կորուստ չկայ, սակայն մարդիկ կրած են նիւթական վնասներ: Թեմական եւ համայնքային պատասխանատուներ կը հետեւին իրավիճակի զարգացումներուն եւ կը շրջին հայկական թաղամասերուն մէջ՝ մարդոց անհրաժեշտ օգնութիւնը տրամադրելու համար:

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ռազմական գործողութիւններու սրումէն ետք, առնչակից երկիրներուն մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնները անցած են աշխատանքային արտակարգ դրութեան, կապ հաստատած են այդ երկիրներուն մէջ գտնուող Հայաստանի քաղաքացիներուն հետ եւ ուղիներ որոնած՝ զանոնք հայրենիք վերադարձնելու ուղղութեամբ: Ազգային ժողովին մէջ երեսփոխաններու հարցումներուն պատասխանելով, Միրզոյեան տեղեկացուց, որ նախարարութիւնը կազմակերպած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ գտնուող քաղաքացիներու ցամաքային ճամբով ապահով տեղափոխումը հարեւան Օման, ուրկէ անոնք մայրաքաղաք Մասքաթի օդակայանէն խումբ առ խումբ կը վերադառնան Երեւան:

Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանի եւ դիւանագէտներուն ջանքերով, ապահով կերպով Պէյրութի օդակայան հասաւ, ապա MEA օդանաւային ընկերութեան յատուկ թռիչքով Հայաստան վերադարձաւ Երեւանի քաղաքապետութեան «Երեւան» երիտասարդական նուագախումբ-համոյթը (ուղեկիցներով՝ 87 անձ): Նոյն ծիրին մէջ, Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Մոսկուա երախտապարտ է Երեւանին՝ Իրանէն ռուս քաղաքացիներու անվտանգ ելքը ապահովելու հարցով ցուցաբերուած աջակցութեան համար:

 

ԹԻՖԼԻՍ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ

Վրաստանի Սիղնաղի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովին 15-րդ նիստը, գլխաւորութեամբ երկու երկիրներու վարչապետներուն: Իրաքլի Քոպախիձէ ընդգծեց երկկողմանի բարեկամական կապերն ու զարգացող համագործակցութիւնը: «Շատ կարեւոր է տարածաշրջանի խաղաղութեան պահպանումը եւ մենք ուրախ ենք վերջին շրջանին ձեւաւորուած խաղաղութեան միտումներով», ըսաւ Վրաստանի վարչապետը, ընդգծելով տարածաշրջանը զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Փաշինեան, իր կարգին, կարեւորեց յարաբերութիւններու խթանումը զանազան ոլորտներու մէջ: Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային Հայաստանէն արտահանումները կը կատարուին երկաթուղիով: Ան դիտել տուաւ, որ Վրաստանը հայ զբօսաշրջիկներուն սիրելի ուղղութիւններէն է, նաեւ սկսած է աճիլ Վրաստանէն Հայաստան ժամանողներուն թիւը: Սիղնաղիի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ հայ եւ վրացի արտաքին գործերու նախարարներուն տեսակցութիւնը՝ քննարկելու երկրողմանի համագործակցութիւնն ու Միջին Արեւելքի վիճակը:

 

ԱՖՂԱՆՆԵՐ ՓՈՐՁԱԾ ԵՆ ՄՏՆԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Հայաստանի Քննչական կոմիտէն հաղորդեց, որ Աֆղանիստանի քաղաքացիներու երկու խումբ 20 Փետրուարին փորձած էր Իրանէն ապօրինի միջոցներով մտնել Հայաստան: Անոնց փորձը եղած է սահմանային Արաքս գետը լողալով հատելու միջոցաւ: Կոմիտէն նշեց, որ միջադէպը տեղի ունեցած է Իսրայէլ-Իրան պատերազմի բռնկումէն առաջ:

Share63Tweet40
Previous Post

Նախագահական Հրամանագիրով, Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանին Կարգավիճակը Բարձրացաւ «Բարձրագոյն Արուեստից Վարժարան»-ի

Next Post

Սպարապետը. Ծննդեան Տարեդարձն Է Այսօր

Next Post
Սպարապետը. Ծննդեան Տարեդարձն Է Այսօր

Սպարապետը. Ծննդեան Տարեդարձն Է Այսօր

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.