Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Մարդը, Ընտրութիւնը Եւ Թռիչքը… Անտիգոնէ, Ճիւլիէթ Եւ Նորա

Անի Թորանեան (Երեւան)

March 3, 2026
in Յօդուածներ
0
Մարդը, Ընտրութիւնը Եւ Թռիչքը… Անտիգոնէ, Ճիւլիէթ Եւ Նորա

ԱՐԱՐԱՏ-ի սիրելի ընթերցող։ Ինչպէս կը յիշես, անցեալ ակնարկիս վերնագիրն էր՝ «Ճշմարտութիւն, որ միշտ կ’ուշանայ – Սոփոկլէսէն մինչեւ Շէյքսփիր»։

Բարեկամներէս մէկը՝ ազնիւ մտաւորական, հետաքրքրական գրառում մը ըրած էր այդ ակնարկին վերաբերեալ, որ ստորեւ կը բաժնեկցիմ.

«…Թէ’ Սոփոկլէսի ժամանակ եւ թէ միջին դարերուն, կային նաեւ տարբեր խաւեր, ստրուկներ եւ ճորտեր, որոնք այդ հեղինակներու տեսադաշտին մէջ գոյութիւն իսկ չունէին»։

Իրապէս ճիշդ մատնանշում, սիրելի Կարօ Աբրահամեան, որ հիմք հանդիսացար այսօրուան գրառումիս։

Յիշենք, որ մեր ճաբան սկսանք Սոփոկլէսէն, հասանք Շէյքսփիրին, այնուհետեւ «Անտիգոնէ»-էն անցանք «Ռոմէօ եւ Ճիւլիէթ»-ին եւ փորձեցինք սեղմ վերլուծութիւն մը հրամցնել…։

Թէ՛ հին աշխարհի մեծ տոհմերու ողբերգութիւնները, թէ՛ միջնադարեան եւ վերածնունդի դարաշրջանի ողբերգական պատմութիւնները, միչեւ իսկ ԺԹ. դարու վերջին քառորդին գրուած Իպսէնեան «Պուպրիկի տունը» եւ անոր հերոսուհի Նորայի պատմութիւնը, բոլոր-բոլորը, իրենց կեդրոնին մէջ ունին ՄԱՐԴԸ։

Հին յունական ողբերգութեան մէջ կար ստրուկներու, ճորտերու, սովորական մարդոց խաւ մը, որ գրեթէ դուրս կը մնար տեսադաշտէն։ Ինչո՞ւ։  Այն պարզ պատճառով, որ պատմութիւն կերտող անհատներ չէին։ Այդ էր ժամանակի տրամաբանութիւնը․ ողբերգութիւնը մեծ էր միայն անոնց համար, որոնք  պետութիւն կամ հասարակական կարգ կը խորհրդանշէին։

Այլ եղաւ Շէյքսփիրի մօտեցումը։ Երբեմն անոր «վարի» խաւի ներկայացուցիչները խոհեմ, կամ բարոյապէս մաքուր են, բայց դարձեալ գլխաւոր ողբերգութիւնը կը կառուցուի մեծ տոհմերու, ազնուական դասի եւ անոնց ճակատագրին շուրջ։

Մարդը ստեղծողը տուեալ ժամանակի սահմաններն էին (են)։ Ազատ չէր անհատը, եւ ողբերգութեան կորիզը կը կազմէր սահմաններու մէջ կատարած անոր ընտրութիւնն ու սեփական արժէքներուն տէր կանգնիլը։

Ողբերգութիւնը ոչ միայն ճակատագրին դէմ-յանդիման կանգնելու մասին է, այլ աւելիին՝ ընտրութեան, սեփական հաւատքի եւ արժէքներու հանդէպ պատասխանատուութեան։

Մարդը սահմանները կը սկսի տեսնել այն ատեն, երբ ստիպուած է ընտրութիւն կատարելու։ Ընտրութիւնը մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ, միաժամանակ կը մղէ գտնելու անհրաժեշտ ներքին ուժը։ Երբ այդ ուժը բացայայտուի, կը ծնի ողբերգութեան եւ ազատութեան հիւսուածքը՝  վտանգաւոր եւ յուզիչ, միաժամանակ։

Հասուն տարիքիս մէջ չէի, երբ բեմի վրայ մարմնաւորեցի Իպսէնի Նորան։ Ես ապրեցայ անոր դուռը գոցելու եւ ոսկէ վանդակէն դուրս թռչելու պահը։ Կործանող մարդը կը հաւատայ, որ իր յաջորդ քայլը ոչ թէ անկում, այլ թռիչք է…։

Նորա Նորվեկիոյ ապագայի կերտիչն էր, գիտակցեցաւ, որ պուպրիկի դերը ոչ միայն բանտած էր զինք, այլեւ զրկած էր սերունդ դաստիարակելու կոչումէն։ Իպսէնի Նորան քալեց հերոսական ուղիով, կոտրեց սահմանները եւ ձգտեցաւ դէպի այն արժէքները, որոնք դեռեւս ընդունուած չէին ժամանակի եւ հասարակութեան կողմէ։

Ինչո՞ւ այս մանրամասները։ Որպէսզի շօշափելիօրէն տեսնենք, որ ողբերգութեան մէջ ներհիւսուած են մարդը, ընտրութիւնը, ժամանակը եւ միջավայրը։ Սահմանները մարտահրաւէրներ կը ստեղծեն, իսկ իրական ուժը երեւան կու գայ յիշեալ մարտահրաւէրները յաղթահարելու հաստատակամութեամբ։ Մարդը մշտապէս լարուած կը մնայ իր սահմաններուն եւ իր ազատութեան միջեւ. պայքար, որ ողբերգութեան կենսական թրթիռն է։

Բեմի պայմանական պատերուն մէջ Նորան զգաց, թէ ինչպէս վախը եւ կասկածը կը վերածուին թռիչքի։ Այն պահը, երբ Նորա բացաւ դուռը եւ յենեցաւ անապահով, անկանխատեսելի ճակատագրի վրայ, կը խորհրդանշէ ոչ միայն անոր անձնական ազատութիւնը, այլ նաեւ ապագայի հանդէպ պատասխանատուութիւնը։

Հերոսութիւնը երբեմն ընտրութեան մէջ է, երբ գիտակից ես հետեւանքին, եւ արժէք ներկայացնողը այդ ընտրութիւնն է, ոչ թէ ընդունուած հասարակական կանոններուն պահպանումը։

Սոփոկլէս, Շէյքսփիր. երկու հսկաներու թատրերգերն ալ գլխաւորաբար կեդրոնացած են «բարձր» խաւի՝ թագաւորներու, իշխաններու, ազնուականներու վրայ։
«Անտիգոնէ»-ի մէջ բախումը թագաւորի եւ  արքայադուստրի միջեւ է:
Նոյնն է «Ռոմէօ եւ Ճիւլիէթ»-ի մէջ՝  հոն ազնուական տոհմերու հակամարտութիւն է։ Բայց արդեօ՞ք այդ կը նշանակէ, որ ստրուկներն ու ճորտերը չկային այդ աշխարհին մէջ։ Անշուշտ ոչ։ Անոնք, պարզապէս, հեռու էին գործողութիւններու կեդրոնէն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կար, գոյութիւն ունէր թատերական աւանդոյթ։ Հին յունական ողբերգութիւնը կառուցուած էր «մեծ» ճակատագրերու շուրջ։ Թագաւորներուն անկումը աւելի տպաւորիչ էր, որովհետեւ անոնց ճակատագիրը  քաղաք-պետութեան մը ճակատագիրը կը խորհրդանշէր։

Շերտաւորուած էին թէ՛ անթիք, թէ՛ միջնադարեան հասարակութիւնները։ Գրականութիւնը յաճախ վերարտադրած է այդ կարգը, առանց, սակայն, կասկածի տակ առնելու զայն։ Ներկայ եղած են բոլորը։

Օրինակ՝ Շէյքսփիր ունի «վարի» խաւի կերպարներ՝ դայակ, ծառաներ, զաւեշտական  կերպարներ։ Սակայն անոնց դերերը կատակերգական են կամ գործառոյթային, ոչ ողբերգական։

Այս փաստը ցոյց կու տայ, թէ ժամանակի ընթացքին ինչպէս փոխուեր է գրականութեան ուշադրութեան կեդրոնը։

Շատ աւելի ուշ, ԺԹ. դարուն է, որ կեդրոնական դարձաւ սովորական մարդու ողբերգութիւնը, որուն հիմքը, բնականաբար, ժամանակի տրամաբանութիւնն էր։

Սոփոկլէսեան Աթէնքի բեմ կը բարձրանային անոնք, որոնք կը խորհրդանշէին պետութիւնը՝ թագաւորներ, առաջնորդներ, տոհմեր։ «Վարի» խաւի մարդը չէր ընկալուած որպէս «պատմութիւն կերտող» անհատ։

Նոյնը, որոշ չափով, կրնանք ըսել Շէյքսփիրի մասին։ Եղիսաբէթեան թատրոնը, բազմաշերտ ըլլալով հանդերձ, կը կեդրոնանար իշխանութեան, ժառանգութեան, պատիւի, տոհմի ճակատագրերուն վրայ։ Բայց Շէյքսփիր երբեմն «բացաւ» այդ շերտը։ Անոր «վարի» խաւի կերպարները իրենց պարզութեամբ հակադրուեցան ազնուական դասի ցաւալի մոլորութիւններուն։

Այսինքն՝ անթիք ողբերգութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ կը վերարտադրէ նուիրապետութիւնը, իսկ Վերածնունդի թատրերգութիւը երբեմն կը սկսի զայն «ճեղքել»։ Ի վերջոյ, գրականութիւնը ոչ միայն յաւերժական, այլ նաեւ պատմական է։

Եթէ «Անտիգոնէ» ողբերգութիւնը կը ներկայացնէ իշխանութեան եւ աստուածային օրէնքներու բախումը, ապա ժամանակի հոլովոյթին հետ ուշադրութիւնը սեւեռուեցաւ մարդու ներաշխարհին վրայ։

Շրջադարձային կրնանք սեպել ԺԹ. դարը, մեծապէս շրջադարձային։
Օրինակ՝ Իպսէնեան թատրերկերուն կեդրոնը եղաւ «սովորական» ընտանիքը։ «Պուպրիկներու տուն»-ին մէջ Նորան թագուհի չէ, բայց անոր ներքին ապստամբութիւնը նոյնքան ուժգին է, որքան Անտիգոնէի ըմբոստութիւնը։ Անտիգոնէ կը պայքարէր իշխանութեան դէմ, Նորան՝ ընտանիքի կառուցուածքի, իսկ եթէ գանք Չեխովին, ապա անոր հերոսները յաճախ կը պայքարին իրենց իսկ անկարողութեան դէմ։

Դարերու ընթացքին գրականութիւնը բարձունքէն «իջաւ» դէպի մարդուն ներաշխարհը։

Թէ’ ճակատագրերու, թէ՛ լուռ ու առօրեական կորուստներուն կեդրոնը մարդն է միշտ եւ ի վերջոյ՝ ե’ւ Անտիգոնէի բախումին եւ՛ Նորայի ընտանեկան դրուածքին մէջ նոյն մարդը կը գտնենք իր սահմաններուն եւ իր խիղճին առջեւ։

Տարբերութիւնը այն է, որ «բարձր» ողբերգութեան պարագային մարդը կանգնած է օրէնքի, աստուածներու, պետութեան դիմաց, իսկ «առօրեական» ողբերգութեան պարագային՝ հասարակութեան, ընտանիքի կամ ներքին՝ սեփական դատաստանի։ Բոլոր պարագաներուն ողբերգականութեան էութիւնը կը մնայ անփոփոխ՝ մարդը ընտրութիւն կը կատարէ, եւ այդ ընտրութեան գինը մեծ է…։

Հետաքրքրականը այն է, սակայն, թէ որքան ալ դարերը փոխուին, բան մը կայ, որ կը մնայ նոյնը՝ մարդը կը շարունակէ բախիլ իր սահմաններուն։ Անտիգոնէին «ոչ»-ը եւ Նորային «դուռը գոցելու» պահը նոյն ներքին համարձակութեան տարբեր դարերու արտայայտութիւններ են։

Գուցէ այդ է գրականութեան հրաշքը՝ ձեւերը կը փոխուին, մարդը՝ ոչ։

Իսկ ողբերգութեան ամէնէն խոր կնճիռը իր ընտրութիւնն է։ Եթէ ողբերգութիւնը միայն ճակատագիր ըլլար, մարդը զոհ կ’ըլլար միայն։ Բայց երբ կայ ընտրութիւն, մարդը կը դառնայ պատասխանատու, եւ հոն է, որ կը տեսնենք իրական տռամը։

«Անտիգոնէ»-ի մէջ հերոսուհին քաջ կը գիտակցի, թէ ինչ կը սպասէ իրեն, բայց չ’երերար եւ կ’ընէ իր ընտրութիւնը։ Իպսէնեան Նորան նոյնպես կ’ընտրէ հեռանալ ապահով, բայց կեղծ աշխարհէն։

Այդ ընտրութիւնը զանոնք կը դարձնէ ողբերգական, ոչ թէ որովհետեւ անոնք կը պարտուին, այլ որովհետեւ իրենց արժէքները վեր կը դասեն անվտանգութեան երաշխիքէն։

Ողբերգութիւնը, փաստօրէն, ազատութեան գինն է։ Երբ մարդը կրնայ լռել, բայց չի լռեր։ Կրնայ յարմարիլ, բայց չի յարմարիր։

Ժամանակն ու միջավայրը այն «շրջանակն» են, որու սահմաններէն ներս կը ծնի ընտրութիւնը։ Մարդը չի կրնար ընտրութիւն ընել պարապ տարածքի մէջ։ Անոր լեզուն, արժէքները, վախերը, նոյնիսկ քաջութիւնը կը ձեւաւորուին պատմական պայմաններու բերումով։

Օրինակ՝ Սոփոկլէսեան աշխարհի անհատին ինքնութիւնը անքակտելիօրէն կապուած է պետութեան եւ աստուածներու օրէնքներուն, եւ Անտիգոնէին ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ այդ սրբազան համակարգէն ներս, մինչդեռ Իպսէնի օրերուն անհատի ներքին ինքնագիտակցութիւնը արդէն իսկ ձեւաւորուած էր եւ Նորային ընտրութիւնը հնարաւոր դարձաւ այն պատճառով, որ ԺԹ. դարը սկսած էր հարցականի տակ դնել ընտանեկան եւ ընկերային կաղապարները։ Այսինքն՝ ժամանակը սահմաններ կը ստեղծէ, բայց  այդ սահմաններէն ներս կը ծնի դիմադրութիւնը։ Մարդը չի կրնար ամբողջովին ազատ ըլլալ եւ ողբերգութիւնը ծայր կ’առնէ այն պահուն, երբ մարդը կը գիտակցի սահմաններուն գոյութիւնը եւ կը փորձէ անցնիլ… անդին։

Համարե՞նք, որ սահմանը հատել յառաջընթաց կը նշանակէ, թէ՞ երբեմն կրնայ նաեւ կործանարար ըլլալ։  Խախտում՝ ռիսք կը նշանակէ, նաեւ դէմ երթալ ընդհանուր կանոններուն, իսկ հասարակութիւնը չի ներեր այդ։ Հասարակութիւնը համակարգ է, որ առաջին հերթին կը ձգտի պահպանելու իր կայունութիւնը։

Ահա թէ ինչու ողբերգական հերոսը գրեթէ միշտ մինակ է։ Անտիգոնէ դէմ կ’երթայ պետութեան օրէնքին։ Ան վստահ է, որ իրաւացի է, բայց հասարակական կարգը դէմ է։ Նոյնը, որոշ տարբերութեամբ, կը տեսնենք նաեւ  «Պուպրիկի տուն»-ին մէջ։ Նորային հեռանալը սոսկ անձնական քայլ չէ, այլ ընկերային կարգ-կանոնի խախտում, որ իր հետ կը բերէ…  խայտառակութիւն։

Հոս, սակայն, հետաքրքրական հակասութիւն մը կայ. հասարակութիւնը չի ներեր խախտողին, բայց պատմութիւնը շատ անգամ կ’արդարացնէ զայն, պայմանաւ որ ընտրութիւնը ըլլայ արժէքային, ոչ նեղ անձնական։

Ժամանակակիցներուն համար՝ վտանգ, գալիք սերունդներուն համար՝ ռահվիրայ։ Ասիկա, հաւանաբար, ողբերգութեան ամէնէն փարատոքսալ ճշմարտութիւններէն է։

Հասարակութիւնը կ’ապրի ներկայի վախերով, կը ձգտի կանխատեսելիութեան, կայունութեան։ Մինչդեռ խախտողը կը խաթարէ այդ  հաւասարակշռութիւնը, հետեւաբար կ’ընկալուի որպէս վտանգ։

Անտիգոնէն դէմ էր իր ժամանակի օրէնքին, բայց այսօր ան դարձած է խիղճի խորհրդանիշ։

Նոյնը եւ Նորան՝ իր ժամանակի մէջ խայտառակութիւն էր, իսկ հիմա՝ ինքնութեան ազատագրման խորհրդանիշ։

Սա կը նշանակէ, որ հասարակութիւնը կը պաշտպանէ կարգը, իսկ պատմութիւնը կը գնահատէ արժէքը։ Եւ ըստ երեւոյթին հո’ս պէտք է փնտռել ողբերգական հերոսին մեծութիւնը. ան պատրաստ է կրել ներկայի դատաստանը՝ ապագայի հնարաւոր արդարացման համար։

Ես ոչ միայն մտածած եմ Նորայի մասին, սիրելի ընթերցող, այլ այդ կերպարը մարմնաւորած, ու ապրա’ծ եմ բեմին վրայ։ Ուրեմն վերը ըսուածը կրնանք համարել ոչ թէ տեսութիւն, այլ… ապրուած ճշմարտութիւն։

Իպսէնեան Նորան զուտ գրական կերպար չէ։ Ան մարմինով, շունչով ու ձայնով կ’անցնի զինք մարմնաւորող դերասանին մէջէն։ Երբ նշեցի, թէ  ընտրութիւնն է ողբերգութեան կեդրոնը, ես ատոր հետեւանքը ապրած եմ բեմի վրայ՝ դուռը ետեւէս գոցուելու պահին։ Այդ պահը կը բնորոշուի վճռակամութեամբ։ Եւ այդ է իրական ողբերգութիւնը, ոչ թէ տառապանքը կամ պարտութիւնը, այլ բոլոր սահմանափակումներով հանդերձ պատասխանատուութեամբ կատարուած ընտրութիւնը։

Նորան, գուցէ ինք ալ զարմացաւ իր որոշումէն, զարմացաւ որ իր մէջ ուժ գտաւ «պուպրիկի» դերէն անցում կատարելու դէպի հասուն ու ապագայի հեռանկար ունեցող կնոջ կերպարը։ Այդ ուժը իրմէ վեր է եւ հոս է ողբերգութեան գեղեցկութիւնը․ ան կանգնած է ոչ միայն դուրսի օրէնքներուն ու սահմաններուն, այլ իր իսկ ներքին փոփոխութեան ու ազատութեան առջեւ։

Այդ պահուն բեմը կը վերածուի հոգեբանական տարածքի, ուր դերէն անցում կը կատարես դէպի իրական ինքնութիւն։ Կը յիշեմ մարմինս պատած թրթիռը, այդ պահուն ես իրական Նորան էի, որ ընտրեց ոչ թէ անկումը, այլ՝ թռիչքը։

Կը խորհիմ, թէ այսպիսին ըլլալու է ողբերգութիւնը՝ վախի, վճռակամութեան եւ ազատութեան զգացումներու եռամիասնութեամբ։ Եւ ընդհանրապէս, երբ կը զգաս թռիչքի կարելիութիւնը, նոյնիսկ վախը կը վերածուի ուժի աղբիւրի։

Նորան պիտի դառնար Նորվեկիոյ ապագայի կերտիչը, ան գիտակցեցաւ, որ իր պուպրիկ տեսակը չի կրնար սերունդ դաստիարակել եւ դիմեց հերոսական քայլի։

Շատ երիտասարդ էի, երբ հագայ անոր «հագուստը», այդ օրերուն ես այս օրերու գիտակցութիւնը չունէի…

Երբեմն, երբ յիշեմ բեմին վրայ դուռը գոցելու պահը, զայն այլեւս  չեմ դիտարկեր որպէս խզում կամ փախուստ. կ’ընկալեմ որպէս լուսաւոր բացայայտում։

Այդ պահուն մարդը մինակ է իր սահմաններուն եւ խիղճին առջեւ, բայց այդ մինակութենէն կը ծնի ներքին լոյսը։

Ողբերգութիւնը, ըստ էութեան, ոչ թէ կործանումի, այլ զարթօնքի պատմութիւն է, որ կը ստիպէ մարդը տեսնելու իր իսկ կարողութիւնը՝ ընտրելու, պատասխանատու ըլլալու եւ յաղթելու վախին։

Անտիգոնէին «ոչ»-ը, Նորային դուռը գոցելը, տարբեր դարերու մէջ հնչող նոյն համարձակ շշուկն են՝ մարդը կրնայ աւելի մեծ ըլլալ, քան իր սահմանները։

Եւ երբ մարդը համարձակի արժէքը վեր դասել ապահովութենէն, այդ պահուն ողբերգութիւնը կը փոխակերպուի թռիչքի։

Թերեւս այս է ամենախոր համոզումը՝ մթութեան մէջ իսկ կարելի է տեսնել լոյսը։ Իսկ ընտրութեան պահուն մարդը ոչ թէ կը կորսուի, այլ կը գտնէ իր իրական ինքնութիւնը։

Share62Tweet39
Previous Post

Անտոնեան Հայ Միաբանութեան Ծոցէն Ծնած` Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի Ծննդեան 185-Ամեակը (1841 Փետրուար 23)

Next Post

Խապրիկներ Նոր Հաճըն Աւանէն. «Hachn Technology» – Ռոպոթներ, Ծրագրաւորում Եւ Ստեղծագործ Միտք

Next Post
Խապրիկներ Նոր Հաճըն Աւանէն. «Hachn Technology» – Ռոպոթներ, Ծրագրաւորում Եւ Ստեղծագործ Միտք

Խապրիկներ Նոր Հաճըն Աւանէն. «Hachn Technology» - Ռոպոթներ, Ծրագրաւորում Եւ Ստեղծագործ Միտք

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.