Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Անտոնեան Հայ Միաբանութեան Ծոցէն Ծնած` Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի Ծննդեան 185-Ամեակը (1841 Փետրուար 23)

Սօսէ Փիլաւճեան

March 3, 2026
in Յօդուածներ
0
Անտոնեան Հայ Միաբանութեան Ծոցէն Ծնած` Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի Ծննդեան 185-Ամեակը (1841 Փետրուար 23)

Միաբանութիւն Անտոնեան հարց` հիմնեալ ի 25 Մարտ 1707

Հիմնադիրք չորք եղբարք Մուրատեանք Բերիայի վաճառականք` Աբրահամ, Յովհաննէս, Մինաս, Յակոբ :

Ա- Օթեւան նոցին Բերիա 1707-1709

Բ- Օթեւան նոցին Ավքար ի Լիբանան 1709-1715

Գ- Օթեւան նոցին Քիւրքէ ի Լիբանան 1715-1716

Դ- Օթեւան նոցին Քրէյմ ի Լիբանան վանատուն 1716-1721

 

Ա- Վանք շինեալ ի Քրէյմ 1721-անուն` Յիսուս Փրկիչ-Աթոռ ընդհանրական Աբբահարց` 1721-1827

Բ- Վանք շինեալ ի Պէյթ Խաշպօ Լիբանանու 1750-անուն` Սուրբ Անտոն-Աթոռ ընդհանրական Աբբահարց` 1827-1870

Գ- Վանք շինեալ ի Հռոմ Վատիկանու մօտ 1761-անուն` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ

Դ- Վանք շինեալ ի Կ.Պոլիս Օրթաքէոյ 1858-անուն` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-

Աթոռ ընդհանրական Աբբահարց 1870

«Ի վաղուց հետէ ցանկայր կրօնն մեր ունել զվանք ինչ` ի հռոմ առ ի կրթել անդ ողորմածն Աստուած կամելով կատարել ցանկութիւն մեր, այժմ վերջապէս յաջողութեամբ գնեցանք բնակարան եւ կառուցել զեկեղեցի մի` յանուն փառաւորեալ նահատակին սրբոյ Գրիգորի մերոյ Լուսաւորչի, արարաք վանքին անուամբ նրա, եւ արագեցանք ոմանս անձինս չափահասեալս եւ զփոքրերս, զի ուսուցին անդ։ Եւ վասն այսմ անկանք մէջ մեծի չքաւորութեան եւ պարտուց, եւ ոչ եւս վաճարելոյ զպարռս մեր, եւ ոչ հասանի ի թիկունս Աստուածապաշտութեան մերոյ, ուստի մեր բոլոր յոյսը յետ այժմ` ի գթութենէ մեր մնաց» Հ. Կարապետ Հալլաճեան

1769 Հռոմ

 

Հռոմի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ վանքը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն սատար հանդիսացած է հոգեւորի եւ ազգայինի յառաջդիմութեան, որու ծոցէն ծնած են բազմաթիւ ականաւոր հոգեւորականներ, որոնց մէջ ամենահամբաւաւորը` Մաղաքիա Արք. Օրմանեանն է։

«Նշանաւոր անձինք Անտոնեան միաբանութեան» ուսումնասիրութեան մէջ, Անտոնեան ուխտէն Հ. Իսահակ վրդ. Սրապեան մեծ գովասանքով վեր կ’առնէ Մաղաքիա Օրմանեանի աստածատուր շնորհքը, բնածին եւ ձեռքբերովի կարողութիւնները, որ ցուցաբերած է Հռոմի մէջ` Աստուածաբանական աւարտաճառը պաշտպանելու պահուն։ Օրմանեան իր ունեցած ունակութիւններուն շնորհիւ ներկայացուցած ատենախօսութեամբ հիացուցած է իտալացի աստուածաբանները, որոնք զարմանքով արտայայտուած են անոր պաշտպանութեան եղանակին եւ հմտութեան մասին։

Մաղաքիա (Պօղոս) Արք. Օրմանեան

Ծնած 23 Փետրուար 1841-ին, Պոլիս։

1851- Հռոմ ի վանս Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի ուսանելու։

1858- Աստուածաբանութեան մագիստրոսը ստացած։

1858- Հռոմի քարոզչութեան դպրոցի հայերէնի ուսուցիչ։

1866- Պոլիս Անտոնեան միաբանութեան քարտուղար։

1867- Անտոնեան վարժարանի տեսուչ։

1868- Հռոմի Աստուածաբանական ակադեմիայի անդամ։

1870- Պոլիս։

1876- խզած է կապը կաթողիկէներու հետ։

1877- դիմում ներկայացուցած է Պոլսոյ հայոց Պատրիարք Ներսէս արք. Վարժապետեանին` Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ գիրկը դառնալու։

1879- Ծայրագոյն վարդապետ։

1886- Եպիսկոպոս Էջմիածինի։

1896- 1908-Պոլսոյ հայոց պատրիարք։

1918 Նոյեմբեր 19-ին վախճանած է Պոլիս։

Հայ ժողովուրդը ընթացիկ տարուայ ամբողջ տեւողութեան կը նշէ մեծ հայուն, նուիրեալ եկեղեցականին, մտաւորական-պատմաբան` Մաղաքիա արք. Օրմանեանի ծննդեան 185-ամեակը։

Share62Tweet39
Previous Post

Կարդալով Պարոյր Աղպաշեանի՝ «Յակոբ Պարոնեանի Տաղանդի Ու Վաստակի Հետքերով» Գրքոյկը

Next Post

Մարդը, Ընտրութիւնը Եւ Թռիչքը… Անտիգոնէ, Ճիւլիէթ Եւ Նորա

Next Post
Մարդը, Ընտրութիւնը Եւ Թռիչքը… Անտիգոնէ, Ճիւլիէթ Եւ Նորա

Մարդը, Ընտրութիւնը Եւ Թռիչքը... Անտիգոնէ, Ճիւլիէթ Եւ Նորա

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.