Պաղեստինի մէջ ունինք հայ փոքրաթիւ գաղութ մը, որ առաւելաբար համախմբուած է Սրբոց Յակոբեանց դարաւոր վանքին շուրջ։ Իսկ այդ վանքը, ինչպէս գիտեն մեր ընթերցողները, նստավայրն է Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութեան։
Երուսաղէմ համաքրիստոնէական կնիք ու արժէք կրող եզակի քաղաք մըն է, ուր հայոց պատրիարքարանը, Յոյն ուղղափառ եւ Լատին կաթողիկէ պատրիարքութիւններուն հետ միասին, երեք համահաւասար իրաւատէրերէն ու պահապաններէն մին է քրիստոսակոխ սրբավայրերուն…։ Այս տեսակէտով ալ՝ Երուսաղէմ ու իր հայ գաղութը կը ստանան բացառիկ կարեւորութիւն մը ու ակնկալելի է որ վայելեն նիւթական ու բարոյական զօրակցութիւնը ամբո՛ղջ հայութեան, Հայաստանի պետութենէն սկսեալ մինչեւ նուիրապետական միւս աթոռներն ու աշխարհացրիւ մեր թեմերը։
Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութեան եւ անոր զինուորեալ միաբանութեան վրայ պէտք է գուրգուրալ աչքի բիբի պէս…։ Սրբոց Յակոբեանց վանքը, որ Պարոնտէրի, Գրիգոր Շղթայակիրի, Դուրեան եւ Գուշակեան սրբազաններու նման զմայլելի գահակալներ ունեցեր է անցեալին, անվհատ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը մինչեւ այսօր՝ իր Ժառանգաւորաց վարժարանով, տպարանով, ձեռագրատունով, մատենադարանով, թանգարանով, «Սիոն» պաշտօնաթերթով եւ մասամբ նորին…։
Երուսաղէմի մթնոլորտը կը մնայ խնկաբոյր։ Տեղւոյն գաղութային լուրերը ընդհանրապէս կը կրեն կրօնական բնոյթ։ Ահա՛ փունջ մը թարմ լուրեր Պաղեստինի աստուածաշնչական ափերէն.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ Հայոց Պատրիարքութեան տպարանէն լոյս տեսած է «Սիոն» ամսագրի 2025 թուականի վերջին թիւը, որ Օգոստոսէն Դեկտեմբեր երկարող հինգ ամիսներու միացեալ համար մըն է (թիւ 8-12)։ ժողովածուն շուրջ 130 էջ է։ Խմբագրին՝ Ներսեհ վրդ. Ալոյեանի խնամքին տակ, հոն տեղ գտած են գրական, բանասիրական, ազգագրական ու կրօնաշունչ գրութիւններ, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն յարգելի աշխատակիցներու ստորագրութեամբ։

Բացառիկ հետաքրքրութեամբ կ՛ընթերցուի մա՛նաւանդ Պոլսէն նորօծ Տ. Նարեկ քհնյ. Տէյիրմէնճեանի ուսումնասիրութիւնը, որ լուսարձակ կը բանայ 60-ական թուականներու Պոլսոյ եկեղեցական կեանքը խռովող գայթակղալից դէպքի մը վրայ, առնչուած՝ պատրիարքական փոխանորդ Խոսրով եպս. Էմիրզէեանի սիրահարական «արկած»-ին ու ատոր իբրեւ հետեւանք՝ իր կարգալուծութեան եւ անկէ բխած ինչ-ինչ եղելութիւններու վրայ։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ հայոց վանքի մայր տաճարին մէջ, 10 Յունուարին, նշուած է «Որդւոց Որոտման» տօնը։ Այս առթիւ, միաբաններէն Կորիւն եպս. Բաղդասարեան պատարագ մատուցած է տաճարին Ս. Գլխադիրի մատռան մէջ։ Յաւարտ պատարագի, կազմուած է մեծահանդէս թափօր եւ միաբաններն ու ժառանգաւոր դպիրները շարականներու երգեցողութեամբ բարձրացած են պատրիարքարան, ուր նշխար բաժնուած է բոլորին։ Իդէպ, «Որդւոց Որոտման» տօնը մի՛շտ ալ մեծ շուքով կը նշուի Երուսաղէմի մէջ։ Ասիկա յիշատակութեան տօնն է Յակոբոս առաքեալին ու անոր եղբօր Յովհաննէսի (Աւետարանիչ), որոնք «որդիք որոտման» կոչուած են իրենց ըմբոստ նկարագրին պատճառով։ Յակոբոս առաջին նահատակն է առաքեալներու խումբին մէջ ու հայոց կողմէ կը ճանչցուի իբրեւ «Գլխադիր առաքեալ» (գլխատուած է ու գլուխը թաղուած Սրբոց Յակոբեանց տաճարին մէջ…)։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ասորւոց Ս. Մարկոս առաջնորդանիստ վանքին մէջ, 11 Յունուարին, տեղի ունեցած է «Հրաշագործ Մայր Աստուածածին» սրբապատկերին հանդիսաւոր քողազերծումը։ Սրբապատկերը հին է ու վերջին երկու տարիներուն հոգածու դարձեր էր վերականգնողական ծախսալից աշխատանքներու, Մեքսիքոյէն ժամանած մասնագիտական խմբակի մը կողմէ։

Նորոգեալ պատկերին քողազերծման արարողութեան ներկայ գտնուած են հրաւիրեալ հոգեւորականներ՝ տարբեր համայնքներէ։ Վանքին շրջափակին մէջ սարքուած է ընդունելութիւն, մինչ ասորի արիներու խումբ մը հանդէս եկած է երաժշտական կատարումներով։ Այս ձեռնարկին, յանուն Հայոց Պատրիարքութեան, ներկայ եղած է Սրբոց Յակոբեանց վանքի աւագ թարգման Արշակ աբղ. Ղազարեան։
ՌԱՄԼԷ քաղաքի (Երուսաղէմէն դէպի հիւսիս-արեւմուտք) հայոց Ս. Գէորգ եկեղեցի առաջնորդող փողոցը, 12 Յունուարին, քաղաքապետարանին որոշումով կոչուած է «Հայ եկեղեցւոյ փողոց»։ Տեղի ունեցած է կարճ հանդիսութիւն մը եւ արտասանուած են պատշաճ ուղերձներ։

Եռալեզու ցուցանակը (եբրայերէն, անգլերէն ու արաբերէն) անձամբ քողազերծած է քաղաքապետ Միքայէլ Վիտալ, իր կողքին ունենալով հայոց պատրիարքարանէն Կորիւն եպս. Բաղդասարեանն ու Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ Սուրէն քհնյ. Ղազարեանը։
ԴԷՊԻ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐԸ ուխտագնացութիւն մը կատարած են Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի ու ընծայարանի սաները, 22 Յունուարին։ Այցելութիւնը կրած է ճանաչողական բնոյթ։

Խումբը այցելած է Կարմելոս լեռան վրայ գտնուող Եղիա մարգարէի եկեղեցին, ՀայՖայի հայոց եկեղեցին, Բահայի այգիները եւ Նազարէթ քաղաք՝ Աստուածամօր Աւետման տաճար։ Խումբը գլխաւորած են տեսուչ Գէորգ վրդ. Հայրապետեանն ու Ժիրայր ծ. վրդ. Թաշճեանը։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ հայոց վանքին Ս. Թէոդորոս ձեռագրատան նոր յարկին պաշտօնական բացումը կատարուած է 23 Յունուարին։ Բազմաթիւ հրաւիրեալներ խռնուած են ձեռագրատան բակը, ուր նախ խօսք առեր է պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան։ Ան գնահատեր է վերանորոգեալ այս յարկին բարերարները՝ Ճերալտ, Չարլզ եւ Ռիչըրտ Տէմիրճեանները, որոնց անունով սրտի խօսք արտասաներ է Չարլզ Տէմիրճեան։ Ներկաները հետաքրքրութեամբ դիտած են նոր յարկաբաժնին թանկագին հաւաքածոները։ Կը նշուի, որ Ս. Թէոդորոս ձեռագրատունը իր 4000 ձեռագիր մատեաններով ամէնէն ճոխ հայկական հին հաւաքածոներու տէրն է, Երեւանի Մատենադարանէն յետոյ։ Ձեռագրատան այժմու տեսուչն է Արշակ աբղ. Ղազարեան։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ հայոց վանքին «Հելէն եւ Էդ. Մարտիկեան» թանգարանի սրահին մէջ, 23 Յունուարին, կայացած է շնորհահանդէսը «43 սիրուած պատմութիւններ» նորատիպ հատորին։ Ժողովածուն կը պարունակէ օտար գրականութենէ թարգմանութիւններ, զորս կատարած է Սիլվա Կէճէգուշեան։ Գիրքը հրատարակուած է Պաղեստինի Աստուածաշնչական Ընկերութեան նեցուկով։
ԵՐԻՔՈՎ քաղաք (Մեռեալ ծովէն 12 քլմթ. դէպի հիւսիս-արեւմուտք, արաբերէնով՝ Արիհա) այցելած է, 24 Յունուարին, Սրբոց Յակոբեանց միաբանութենէն խումբ մը, գլխաւորութեամբ լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիպեանի։ Ուխտի այս այցելութեան նպատակը եղած է ջրօրհնէք կատարել Յորդանան գետի ափին, ի յիշատակ Քրիստոսի մկրտութեան։

Հայ հոգեւորականներու խումբը ջերմօրէն դիմաւորուած է Երիքովի պաղեստինցի պետական պատասխանատուներուն կողմէ եւ առաջնորդուած կառավարչատուն։ Կառավարիչը շնորհաւորած է հայոց Ս. Ծնունդը։ Այնուհետեւ խումբը ուղղուած է Յորդանան գետ, ուր իրեն միացեր են Ժառանգաւորաց վարժարանի սաներ ու մեծաթիւ ուխտաւորներ։ Բոլորը միասնաբար կանգնած են գետափին, ուր կատարուած է ջրօրհնէքի աւանդական ու խիստ տպաւորիչ արարողութիւնը։ Այս առթիւ, յորդանանեան կողմէ գետափ փութացած են Յորդանանի հայ գաղութէն ուխտաւորներ ալ՝ իրենց առաջնորդ Աւետիս ծ. վրդ. Իփրաճեանի գլխաւորութեամբ։

