Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 3 Մարտ 2026

March 3, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 3 Մարտ 2026

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ. «ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊՕՐԻՆԻ Է»

Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմի վերաբռնկումին զուգահեռ երէկ վերստին բռնկեցաւ լիբանանեան ճակատը ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս բռնկած էր 8 Հոկտեմբեր 2023-ին, իսրայէլեան դիրքերու ուղղութեամբ Հըզպալլայի հրթիռարձակումի լոյսին տակ: Հըզպալլա հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ որպէս հակադարձութիւն Իրանի մէջ իսլամական յեղափոխութեան հոգեւոր գերագոյն առաջնորդի ահաբեկումին եւ Լիբանանի նկատմամբ շարունակուող ոտնձգութիւններուն, Կիրակի կէս գիշերին դիպուկ հրթիռներով իսրայէլեան զինուորական համալիր մը հարուածած է Հայֆայի մօտ՝ պատճառելով ծանր վնաս: Ապահովական մարմինները շուտով նշեցին, որ հրթիռները արձակուած են Լիթանի գետէն հիւսիս գտնուող Թըպնա շրջանէն, իսկ իսրայէլեան կողմը յայտարարեց, թէ Հըզպալլա ընդհանուր առմամբ արձակած է 15 հրթիռ եւ 8 անօդաչու սարք: Իսրայէլեան հակադարձութիւնը չուշացաւ եւ Պէյրութի ու մերձակայ շրջաններու իրենց բնակարաններուն մէջ քնացած լիբանանցիները արեւածագի ժամը 3-ին զարթնեցան ռմբակոծութեան ծանր ձայներով, որոնք կը յիշեցնէին սեյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սեյիտ Հաշէմ Սաֆիտտինի ահաբեկումներու ռմբակոծումները: Շուտով ի յայտ եկաւ, որ իսրայէլեան օդուժը ծանրօրէն հարուածած է Հըզպալլայի ենթակառոյցները Պէյութի հարաւային արուարձաններուն մէջ, նաեւ Լիբանանի ամբողջ տարածքին: Կարճ ժամանակ ետք տեղեկութիւններ տարածուեցան, որ ահաբեկուած են «Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան» երեսփոխանական խմբակցութեան նախագահ, երեսփոխան Մոհամմատ Ռաատը եւ շարք մը այլ զինուորական պատասխանատուներ, սակայն երեկոյեան Ռաատ տուաւ հարցազրոյց մը, որուն մէջ քննադատուեցան Հըզպալլային դէմ ուղղուած կառավարութեան որոշումները:

Օդային յարձակումներու առաջին ալիքէն ետք, իսրայէլեան բանակի սպայակոյտին պետը յայտնեց, որ ճակատամարտ մը սկսած է Հըզպալլայի դէմ: Ըստ բանակին, Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ թիրախաւորուած են Հըզպալլայի բարձրաստիճան պատասխանատուներ: Աւելի ուշ, սպայակոյտը յայտարարեց, թէ առայժմ ծրագրեր չկան ցամաքային գործողութիւններու, սակայն օդային հարուածները պիտի շարունակուին մինչեւ վտանգի չէզոքացումը:

Արեւածագին սաստկացան իսրայէլեան հարուածները արուարձաններուն, հարաւի եւ Պեքաայի մէջ, փակ յայտարարուեցան վարժարաններն ու համալսարանները, իսկ հարաւի հազարաւոր բնակիչներ սկսան ուղղուիլ հիւսիս՝ ահաւոր խճողումներ յառաջացնելով Սայտա-Պէյրութ մայրուղիին:

Ընկերային հարցերու նախարարութիւնը յայտարարեց շարք մը շրջաններու մէջ 171 հանրային վարժարաններու եւ այլ կեդրոններու դարպասներուն բացումը՝ ժամանակաւորապէս տեղաւորելու համար տեղահանուածները, որոնց թիւը շուտով մօտեցաւ 30 հազարի: Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Կիրակի օր սկսած ծանր հարուածներուն հետեւանքով մինչեւ երէկ երեկոյեան մահացած է 52 մարդ, վիրաւորուած՝ 154 հոգի:

Արդարադատութեան նախարար Աատէլ Նասսար շուտով հաղորդակցեցաւ ընդհանուր դատախազ Ժամալ Հաժժարի եւ Զինուորական ատեանին մէջ կառավարութեան յանձնակատար Քլոտ Ղանէմի հետ, պահանջելով ապահովական ուժերուն միջոցաւ հետապնդել ու ձերբակալել Հայֆայի ուղղութեամբ հրթիռներ արձակողներն ու զանոնք դրդողները:

 

ԱՈՒՆ. «ՉԵՆՔ ԱՐՏՕՆԵՐ ՎԵՐՋԻՆ ԱՌՃԱԿԱՏՈՒՄԻՆ ԿՐԿՆՈՒԹԻՒՆԸ»

Ի տես վտանգաւոր զարգացումներուն, կառավարութիւնը, հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի գլխաւորութեամբ, արտակարգ նիստ մը գումարեց Պաապտայի պալատին մէջ, որուն աւարտին վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ստանձնեց որոշումները ընթերցելու պարտականութիւնը: Ան նշեց, որ կառավարութիւնը դատապարտած է հարաւէն հրթիռարձակումը, զայն համարելով Լիբանանը տարածաշրջանային հրդեհէն զերծ պահելու ջանքերու խափանում, պետութեան եւ քաղաքացիներու վտանգում եւ կառավարութեան որոշումներու խախտում:

«Կառավարութիւնը կտրականապէս կը մերժէ Լիբանանի հողերէն ռազմական որեւէ գործողութեան ձեռնարկում, վերահաստատելով որ պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումը կը պատկանի բացառաբար օրինական հաստատութիւններուն», ըսաւ Սալամ՝ աւելցնելով, որ կառավարութիւնը որոշած է, ապօրինի համարելով, կանխել Հըզպալլայի ապահովական եւ զինուորական գործունէութիւնը, պահանջելով որ կուսակցութիւնը իր զէնքը յանձնէ զինուորական հաստատութեան, գործադրելով զէնքի մենաշնորհի որոշումը: Նախարարները բանակին յանձնարարեցին կանխել նման ապօրինի արարքները եւ անմիջապէս գործադրել զէնքի մենաշնորհի ծրագրին երկրորդ փուլը, որ կը վերաբերի Լիթանի գետէն հիւսիսային շրջաններուն մէջ մնացած ապօրինի զէնքերուն: Միաժամանակ, կառավարութիւնը միջազգային ընտանիքէն պահանջեց ճնշել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի յարգէ զինադադարի համաձայնութիւնը եւ վերջ տայ ամէնօրեայ ոտնձգութիւններուն:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն կառավարութեան նիստին ընթացքին դիտել տուաւ, որ հարաւէն հրթիռարձակումները կը թիրախաւորեն շրջանային պատերազմին Լիբանանի ներգրաւումը կանխող պետութեան ջանքերը: «Շարունակելով Լիբանանը միջամուխ դարձնել իր հետ կապ չունեցող հակամարտութիւններուն, երկիրն ու ժողովուրդը կ’ենթարկէ յաւելեալ վտանգներու, որոնց պատասխանատուն այն կողմերն են, որոնք անտեսեցին մեր յաջորդական կոչերը», ահազանգեց Աուն եւ շեշտեց, որ կառավարութիւնը չի կրնար արտօնել 2023-ին տեղի ունեցածին կրկնութիւնը, լիբանանցիներն ալ կը պահանջեն անվտանգութիւն եւ կայունութիւնը, մանաւանդ որ տակաւին չեն դարմանած վերջին պատերազմին վէրքերը:

Կառավարութեան նիստէն առաջ, վարչապետ Սալամ ժողովի հրաւիրեց ելեւմուտքի եւ տնտետութեան նախարարները, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը, քննարկելու համար անհրաժեշտ քայլերը, որոնք պէտք է գործադրել՝ այս վտանգաւոր օրերուն պահպանելու համար երկրին ելեւմտական կայունութիւնը: Սալամ հաղորդակցեցաւ նաեւ Ծոցի արաբական երկիրներուն մէջ գործող լիբանանեան դեսպանատուներուն հետ ու հետեւեցաւ այդ շրջանին մէջ բնակող լիբանանցիներուն վիճակին ու կարիքներուն: Վարչապետը տեսակցեցաւ նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործերու նախարար Ասաատ Շէյպանիի հետ՝ քննարկելու երկկողմանի համագործակցութեան խորացումը:

Քաղաքական մեկնաբանութիւնները ընդհանուր առմամբ կեդրոնացան իսրայէլեան ոտնձգութիւնները դատապարտելու եւ Լիբանանը շրջանային բախումէն զերծ պահելու կոչերուն վրայ: Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանանի շիիներուն կոչ ուղղեց կայացնելու պատմական որոշում եւ ձայն բարձրացնելու՝ վերջ տալու անիմաստ պատերազմներուն: Ան հարաւէն հրթիռարձակումը համարեց անպատասխանատու արարք, որ կը վտանգէ լիբանանցիներուն կեանքը: Նախկին երեսփոխան Ուալիտ Ճոմպլաթ կոչ ուղղեց զօրակցելու լիբանանեան բանակին, դիտել տալով, որ հարաւէն հրթիռարձակումները Լիբանանին պիտի պատճառեն յաւելեալ կործանում եւ կորուստներ:

Նմանօրինակ կոչով հանդէս եկաւ Ազգային ազատ հոսանքի նախագահ Ժըպրան Պասիլ, որ զօրակցեցաւ նախագահին ու կառավարութեան որոշումներուն, պատրաստակամութիւն յայտնելով ընդունելու տեղահանուածները: Ան զգուշացուց Իրանին աջակցելու նպատակով պատերազմ հրահրելու վտանգներէն, շեշտելով որ այդ պատերազմին Լիբանանի մասնակցութիւնը պիտի պատճառէ յաւելեալ վնասներ, սակայն առանց փրկելու Թեհրանը: «Լիբանանը իր զաւակներուն է, ոչ թէ Իրանին կամ Իսրայէլին», ըսաւ Պասիլ:

 

ԲԱՆԱԿԻՆ ԶՕՐԱԿՑԵԼՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ՅԵՏԱՁԳՈՒՄ

Ի տես տարածաշրջանային վտանգաւոր զարգացումներուն, հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեցին, թէ որոշուած է յետաձգել լիբանանեան բանակին աջակցելու նպատակով կազմակերպուած միջազգային խորհրդաժողովը, որ սկզբունքով պիտի գումարուէր 5 Մարտին: Ըստ յայտարարութեան, ժողովին նոր թուականը պիտի յայտարարուի աւելի ուշ:

 

ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ԵՒ ԽԱՄԻՆԷԻԻ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄ

Գործադրելով ամիսներ շարունակ կրկնուած սպառնալիքները, ամերիկեան բանակը Շաբաթ, 28 Փետրուարին, իսրայէլեան օդուժին ընկերակցութեամբ ծանր հարուածներ հասցուց Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանին եւ բազմաթիւ այլ շրջաններու: Առաջին հարուածը ուղղուած էր իսլամական յեղափոխութեան հոգեւոր գերագոյն առաջնորդ այաթոլա Ալի Խամինէիի գլխաւորութեամբ ապահովական կարեւոր ժողովին, ուր կը գտնուէին առաջին կարգի բազմաթիւ պատասխանատուներ եւ զինուորականներ: Աւելի քան 30 հրթիռներով կործանուած համալիրին մէջ ահաբեկուեցան Խամինէին, նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմետինեժատը, պաշտպանութեան նախարարը, յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարը եւ շարք մը այլ անձեր: Իրանի նախագահը տեղի ունեցածը համարեց պատերազմի յայտարարութիւն, խոստանալով ծանր հակադարձել: Ապա, ամերիկեան ու իսրայէլեան յարձակումները ալիք առ ալիք շարունակուեցան, կեդրոնանալով մանաւանդ Իրանի կեդրոնական ու արեւմտեան շրջաններուն մէջ տեղակայուած հրթիռային կայանքներուն եւ զինուորական կեդրոններուն վրայ:

Իսկ գիշերուայ ժամերուն հաղորդուեցաւ, որ ամերիկեան ուժերը ռմբակոծած են նաեւ հիւլէական կայաններ: Միացեալ Նահանգներու նախագահը աւելի ուշ յայտնեց, որ «Իրանի դէմ ծանրագոյն հարուածները տակաւին չեն սկսած»: Ըստ Թրամփի, Իրանի դէմ յարձակումները անհրաժեշտութեան պարագային կրնան շարունակուիլ 4-5 շաբաթ եւս: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի խորհրդական Անուար Քաշքաշ Թեհրանին տեղեկացուց, որ «ձեր պատերազմը ձեր հարեւաններուն դէմ չէ», իսկ իրանցի պատասխնատու Ալի Լարիժանի նշեց, որ իրենք թշնամութեամբ չեն վերաբերիր շրջանի երկիրներուն հետ, սակայն կը հարուածեն այնտեղ ուր կայ ամերիկեան տեղակայում:

 

ԺԻՀԱՏԻ ԿՈՉ

Խամինէիի ահաբեկումէն ետք, բարձրաստիճան կրօնական Նասէր Մաքարէմ Շիրազի հրապարակեց Իսրայէլին ու Միացեալ Նահանգներուն դէմ ժիհատի կոչ: Ամերիկեան-իսրայէլեան օդային յարձակումներու լոյսին տակ, Իրան անմիջապէս սկսաւ թիրախաւորել Թել Աւիւը, Երուսաղէմի մերձակայ շրջանները եւ իսրայէլեան բազմաթիւ այլ կէտեր, մինչ հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը աշխատեցան զսպել հրթիռներուն մեծ մասը: Այսուհանդերձ, տեղի ունեցաւ նաեւ շարք մը կառոյցներու ուղիղ թիրախաւորում, որուն հետեւանքով մահացան քանի մը անձեր՝ մասնաւորաբար Պէյթ Շիմշ շրջանին մէջ: Յեղափոխական պահակագունդը նշեց, որ ընդամէնը երկու օրուան ընթացքին արձակած հրթիռներուն թիւը գերազանցած է անցեալ տարուայ 12 օր երկարած պատերազմին ընթացքին արձակուածը:

Իրանեան հրթիռներուն ենթարկուեցան նաեւ ամերիկեան զինուորական դիրքեր, դեսպանատուներ եւ այլ կեդրոններ Ծոցի արաբական երկիրներուն մէջ: Անցնող երկու օրերուն, հրթիռային եւ անօդաչու սարքերու ծանր հարուածներ կրեցին Սէուտական Արաբիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Քուէյթը, Քաթարը եւ նոյնիսկ Օմանը, որ կը համարուէր բանակցային կեդրոն: Ամերիկեան բանակը յայտարարեց, որ Քուէյթի մէջ ինկած հրթիռներէն մահացած են ամերիկացի չորս զինուորներ: Քուէյթի մէջ ջախջախուեցաւ ամերիկեան ռազմական երեք օդանաւ, իսկ արաբական երկիրներուն պաշտպանութեան նախարարութիւնները յայտարարեցին իրանեան հարիւրաւոր հրթիռներ եւ սարքեր զսպելու մասին: Յարձակումներու ենթարկուեցան նաեւ Իրաքի ամերիկեան  խարիսխները:

Ծոցի արաբական երկիրներու համագործակցութեան կազմակերպութիւնը գումարեց արտակարգ ժողով եւ պահանջեց անյապաղ վերաջ տալ Իրանի ոտնձգութիւններուն, վերապահելով հակադարձելու իրաւունքը: Իրան փակ յայտարարեց Հորմուզի ջրանցքը եւ թիրախաւորեց քարիւղատար նաւ մը, որ առանց արտօնութեան կը փորձէր նաւարկել այդ հատուածին մէջ: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շարք մը հաղորդակցութիւններ ունեցան Ծոցի արաբական երկիրներու բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ, դատապարտեցին արաբական երկիրներու թիրախաւորումը եւ ամբողջական աջակցութիւն յայտնեցին անոնց:

 

ԱՐԱՂՃԻ. Ի «ՄԵՐ ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒՆ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ ՉԵՆՔ»

Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղճի յստակացուց, որ ամերիկացիները սկսած են պատերազմը, սակայն այն վերջ կրնայ գտնել միայն Թեհրանի որոշումով: Ան ՄԱԿ-ին յղեց պատգամ մը, որուն մէջ Ալի Խամինէին ահաբեկողները պատասխանատու համարեց տարածաշրջանային իրավիճակի բռնկումին: «Այդ յարձակումը պիտի ունենայ շատ վտանգաւոր հետեւանքներ», ըսաւ Արաղճի: Իսկ Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի շեշտեց, որ իրենք պիտի չբանակցին Միացեալ Նահանգներու հետ, կարծիք յայտնելով, որ Տոնըլտ Թրամփ «Նախ Ամերիկան» փոխարինած է «Նախ Իսրայէլը» լոզունգով:

Share65Tweet41
Previous Post

Շնորհահանդէս Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԽԵ. Հատորի Զոյգ Գիրքերու

Next Post

Ձայներ Երուսաղէմէն – 1 (արձագանգ պաղեստինահայ կեանքի)

Next Post
Ձայներ Երուսաղէմէն – 1 (արձագանգ պաղեստինահայ կեանքի)

Ձայներ Երուսաղէմէն - 1 (արձագանգ պաղեստինահայ կեանքի)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.