Ան որ գէթ մէկ անգամ հանդիպած էր Թորոս Թորանեանին, անկարելի էր որ մոռնար զինք: Միշտ ոգեւոր, յարաշարժ, խօսելու-պատմելու պատրաստակամ եւ ամէն տեղ ներկայ Թորանեանն է ահա: Յանկուցիչ ոճ մը ունէր զրուցելու, դիմացինը մտագրաւելու, ունկնդիրը հմայելու եւ զարմանալիօրէն լաւատեսութեամբ համակելու զայն:
Երիտասարդական աւիւնը բնաւ չէր նուազեր իր մօտ: Կարծէք դանդաղընթաց կը մեծնար ան: Կարծէք տարիներու թաւալքը իրեն չէր ազդեր: Եւ զուարճալիօրէն կը պատմէր գաղտնիքը այս առեղծուածին: Ուրեմն, երբ տարիքի նիւթ կ’ըլլար, հաստատօրէն քառապատիկ նուազ կը նշէր իր տարիքը: Ահա հանելուկին մեկնաբանութիւնը՝ ըստ Թորոս որդի Խաչերի Թորանեանի.- ան ծնած է 29 Փետրուարին, հետեւաբար տարեդարձը կը նշէր չորս տարին անգամ մը՝ որպէս մէկ տարի եւ այսպիսով կը մնար թարմ, կենսալից եւ յարակայտառ:
Ահա թէ ինչու, ամէն Փետրուարի վերջը բարով կը վերյիշենք Թորոսը, բոլորի՛ն Թորոսը: Գիրի ու գրիչի աննահանջ այս ասպետը, որուն գրած-հրատարակած հատորները կը գլեն կ’անցնին երեք հարիւրը…: Բեղուն, չյոգնող, անձանձիր, մշտահոս գրիչ մը ունեցաւ ան՝ անսպառելի թանաքով:
Ամէնուն Թորանեանը այսօր բացակայ է մարմնապէս, սակայն իր գրական հսկայական ժառանգութիւնը եւ իրմէ մնացած անմոռանալի յուշերը կը յամենան շատերու մօտ: Շատերու ականջին տակաւին կ’արձագանգեն իր խանդավառ ձայնը, խօսքերը, զուարթախօս ակնարկները: Ահա մը քանի գրադարակներ լեցնող իր գրած գիրքերը, իր հրատարակած հատորները, որոնք կը թերթեմ յաճախ՝ իր դիպուկ եւ սիրուն ընծայագիրերով: Եւ կը մնամ այնքա՜ն երախտապարտ, որովհետեւ մնայուն կերպով արձանագրած է հետաքրքրական դրուագներ, ուսանելի դասեր, խորհրդաւոր պատահարներ, ծանօթացուցած է անձերու, նշած է կարեւոր տուեալներ ու քաղած կեանքէն դաստիարակիչ երեւոյթներ: Իր սուր յիշողութիւնը, ծով գիտելիքները, լայն փորձառութիւնը կը մղէին դիմացինը կլանուիլ եւ սորվիլ բազմազան նիւթեր: Եւ երբ կ’արտայայտուէր յորդահոս գետի նման, չէիր ուզեր որ ընդհատուէր իր վարարուն ու առատ հոսքը: Եւ ժպիտ մը կ’ուրուագծուէր իր երեսին.- ես շատախօս չեմ հա, ես առատախօս եմ:
Այսօր, երբ մորմոքուն սրտով կը յիշենք պճլտուն աչքերով տոքթոր Թորոսը, քանի մը բարեմասնութիւններ անկէ կ’արժէ որ գրառենք այստեղ, անգամ մը եւս հաստատելու, որ Թորանեանը երեւոյթ մըն էր, ընդգծելի՛ երեւոյթ:
Ան անպաշտօն կերպով հանդիսացաւ կամուրջ մը հայագաղութներուն միջեւ: Յարաշարժօրէն կ’ըլլար ամէնուր եւ տեղեկութիւններ, նիւթեր, տպաւորութիւններ կը փոխանցէր հոս ու հոն: Երեւանէն Թիֆլիս եւ Մոսկուա, օր մըն ալ Փարիզ եւ ԱՄՆ, Հալէպէն Պէյրութէն Պոլիս, Գահիրէ կամ Պուլկարիա եւ Ռումանիա, լուր մը Հարաւային Ամերիկայէն եւ յանկարծ՝ Կիպրոս կամ Աւստրալիա, Մարոք եւ Իրան, Լոնտոն, Դամասկոս ու Հոնկ Քոնկ: Ինչքա՜ն տեղեկութիւններ կարելի է քաղել իր բազմաթիւ գիրքերէն: Պեղեցէ՛ք եւ կը տեսնէ՛ք: Մեծապէս շահեկան այս առաքելութիւնը պէտք է գնահատել ջերմօրէն:
Գրեց բազմաթիւ գրողներու եւ արուեստագէտներու մասին: Այսօր, իրօք, անոնք բարձրարժէք արխիւներ են պրպտելու համար: Թուե՞նք մի քանին.- Արթօ Չաքմաքճեան, Սիմոն Սիմոնեան, Գէորգ Աճեմեան, Գալուստ Խանենց, Արտակ արք. Մանուկեան, Գառնիկ Ադդարեան, Անդրանիկ Ծառուկեան, Ռոպէր Հատտէճեան, Գառզու եւ ուրիշներ:
Իր գիրքերէն բացի, հրատարակեց եւ տարածեց ուրիշներունը, ծանօթացուց, տարածեց եւ նուիրեց: Ի՜նչ թանկարժէք գիրքեր փրկեց Թորանեանը: Ո՞վ պիտի անդրադառնայ այս մեծ գործին: Օրինակներ թուե՞մ.- Ներսէս աւագ քհնյ. Թաւուքճեանի «Տառապանքի օրագիր»-ը՝ (1991) Այնթապի ինքնապաշտպանութեան օրը-օրին ժամանակագրութիւնը, Եղիա Տոլպաքեանի Այնթապի մասին գրքոյկը, Արամ Պէկ Չոլագեանի մասին Արամ Շորվօղլեանի յուշագրութիւնը, Կարպիս Սուրէնեանի եւ Զաւէն Տոլապճեանի գիրքերը եւ այլն: Թարգմանութիւններ ալ, որոնք կը վերաբերէին հայութեան: Նաեւ խրախոյսներ հայոց մասին արաբերէն գիրքերու հրատարակութեան եւ տարածումին: Գիրքի համար վազեց, հաւաքեց, համոզկեր լեզուով գտաւ համախոհներ եւ հրամցուց մեր ժողովուրդին: Պիտի ըսենք՝ վարձքդ կատա՛ր, ամէնուն Թորոսը:
Եղաւ քաջալերող եւ նեցուկ նոր ուժերու: Եղաւ խանդավառող գրիչ շարժողներու եւ իր դրդումով եւ երբեմն խիստ յանձնարարականներով շատեր դարձան գիրքերու հեղինակներ: Այս կարեւոր նպաստ մըն էր ուժերու թարմացման համար, մասնաւորաբար Սփիւռքի ցաքուցրիւ ափերուն: Բարի սովորութիւն մըն ալ պահպանեց միշտ՝ այցելել գրչեղբայրներու, հարցնել որպիսութիւնը անոնց, մղել որ գրեն, ստեղծագործեն եւ արտադրեն, իսկ եթէ թերացած են՝ քիչ մը խիստ ոճով եւ ժպիտով կը սաստէր, որ չթուլանան եւ չծուլանան անոնք:
Թորանեան Հայրենիքի եւ Սփիւռքի գրական դէմքերու հետ ունէր իւրայատուկ կապեր, եթէ չունէր՝ կը ստեղծէր իր ճկուն լեզուով եւ այդպէս ծնան բազմաթիւ գործեր, որոնք ցայսօր կը կարդացուին մեծ հաճոյքով «Գիրք որդիական», «Ապրող մարդեր», «Բարեւ, հայրիկ», «Յուշապատում», «Թող Հայաստանը խօսի»:
Սակայն, ամենաշեշտակի նկարագրի գիծը լաւատեսութիւնն էր: Իր բառերով՝ «զզուելիօրէն լաւատես»: Մի՛շտ դրական, միշտ պայծառատես: Դեղի պէս կը բաշխէր իր լաւատեսութիւնը: Յոյս եւ լոյս կը տեսնէր ամէն տեղ եւ կ’ուզէր մխիթարուիլ եւ մխիթարել այդպիսով: Օրինակ, 1995-ին, ի՜նչ մռայլ գոյներով կը նկարագրիէն Հայաստանը, ի՜նչ ողբերգակներ սուգ ու շիւան կը սփռէին յուսահատ կքումներով: Եւ ահա Թորանեանն է նորէն՝ «Թող Հայաստանը խօսի» գիրքով, որ լաւատես եւ յուսավառ հանդիպումներու շարան մըն է: Պայծառն ու լաւագոյն ապագան տեսնող մարգարէն է ան: Հիմա, հաստատօրէն կ’ըսենք՝ ապրի՛ք տոքթոր, որ մուգ սեւին ընդմէջէն տեսաք սպիտակը, թուխպ ամպերէն նշմարեցիք լոյսի նշոյլը եւ եղաք արեւին առաջին ջատագովներէն՝ ձեր անկեղծ ներբողներով:
Ուշագրաւ կէտ մըն ալ կայ շեշտելի. Թորանեան կը փորձէր լեզու գտնել ամէն տեսակի մարդոց հետ: Բազմախաւ էր իր յարաբերութեան դաշտը՝ մտաւորական, ակադեմիկոս, նկարիչ, հայ թէ օտար, նորաթուխ երիտասարդ, դեռեւս պատանի, բանուոր, քաղաքական-կուսակցական գործիչ, կղերական, խոնարհ աշխատաւոր, նոյնիսկ նախկին բանտարկեալ… («Բոլորն ալ մարդեր են»): Անոնցմէ դիպուկ նիւթեր քաղելով կը դարձնէր գրականութեան նիւթ: Կը մշակէր անոնցմէ քաղած հոգեբանական-ընկերային թէ ազգային-մարդկային գիծերն ու իւրայատկութիւնները:
Եւ վերջինն ու ամենայուզականը՝ իր կեանքի վերջալոյսին վայելեց հայրենի հողը: Լիուլի ըմբոշխնեց Հայրենիքի սէրն ու կարօտը, ծառուղին եւ խճուղին, ամառն ու ձմեռը, տաքն ու պաղը: «Հայաստան երթալն է ճիշդ» ըսաւ ու գնաց. հանդերձ ընտանեօք՝ իր զաւակներով ու թոռներով եւ հոն եղան հայրենակերտումի մասնակիցներ, հողին բնակիչներ: Սա՛ է իսկական մտաւորականի, գրողի, հայրենասէր եւ հայրենապաշտ մարդու ուղիղ վարքագիծը: Գրեց «Խառնակ օրեր Հալէպի մէջ» եւ վերադարձաւ հողին՝ դառնալով մէկ մասնիկը անոր: Հաւատացած էր՝ որ հայրենիքը իր ժողովուրդով կ’ապրի: Ահա թէ ինչու օրինակելի է ան: Մինչ իրմէ առաջ, իր օրերուն եւ իրմէ ետք միջինարեւելեան եւ հայրենական բազմահարիւր «վաստկաւոր» գրողներ, «հայրենախանձ» մտաւորականներ, «ջղուտ» խմբագիրներ, հայրենասիրական բոցավառ ճառեր արտասանողներ, «հայրենակարօտ» գրիչներ թէ «ազգասէր» ամերկասէրներ շարան-շարան ափ գտան ԱՄՆ, Գանատա եւ այլուր: Թորանեանին ուղին՝ Հայրենիքի ուղին եղաւ:
Տարեդարձդ շնորհաւոր, 29 Փետրուարի բացառիկ ծնունդ՝ բացառիկ Թորոս Թորանեան, որ ընդերկար պիտի ապրիս շնորհիւ բազմահարիւր գիրքերուդ…:

