«ԱՐԱՐԱՏ», 22-27 Փետրուար 1971
Այս շաբթուան թիւերուն մէջ նկատելի է տեղական գաղութային լուրերու առատ հոսք։ Բայց երբ «գաղութային լուր» կ՛ըսենք՝ պէտք է հասկնալ առաւելաբար «Արարատ»-ը հովանաւորող կուսակցութեան գաղափարակից միութիւններու լուրերը…։ Այսպէ՛ս էր գաղութային մեր կեանքին դրուածքը կէս դար առաջ։ «Ազդակ» բանբերն էր լոկ ի՛ր շրջանակին, «Զարթօնք»՝ իր պուրակին, «Արարատ»-ն ալ՝ իր ածուին։ Գաղութը ամբողջութիւն մը չէ՛ր, այլ՝ մասնատուած բեկորներու խճանկար մը…։ Ու իրապաշտ պէտք է ըլլանք մատնանշելու, որ այսօր, 55 տարի անց, պատնէշները վերցուած են թէեւ, սակայն անոնց հետքերը կը շարունակեն յամենալ…։
Գաղութային ի՞նչ լուրեր կը կարդանք այս շաբաթ։
Հ.Մ.Մ.-ի կանանց բաժինը Բարեկենդանի առիթով հաւաք մը սարքեր է Փետրուար 20-ին, միութեան ակումբին մէջ։ Ներկայ եղեր են շուրջ 150 «յարգելի ու անուանի տիկիններ», ի շարս որոնց՝ տիկ. Եղիշէ Յակոբեան (կողակիցը Խորհրդային դեսպանատան հայկական բաժնի պատասխանատուին), տիկ. Արշաւիր Մեճլումեան (կողակիցը խորհրդային դեսպանատան առեւտրական կցորդին), տիկ. Բաբգէն Տէր Միքայէլեան (կողակիցը խորհրդային դեսպանատան հիւպատոսական կցորդին), արուեստագիտուհի Վավա Սարգիս Խաչատուրեան, գրագիտուհի Սիրան Սեզա, տիկ. Ժիրայր Նայիրի, տիկ. Անժէլ Վեհունի եւ այլք։ Ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը կատարեր է տիկ. Մաքրուհի Խաչատուրեան։ Գլխաւոր բանախօսը եղեր է տիկ. Սեզա, որ շուրջ կէս ժամ պատմեր է հայկական տոհմիկ աւանդութիւններու եւ հնադարեան հաւատալիքներու մասին, որոնք բծախնդրօրէն կը յարգուէին Պոլսոյ ու գաւառներու մէջ, Եղեռնէն առաջ։ Գործադրուեր է գեղարուեստական յայտագիր ալ, որ ընդգրկեր է «Բարեկենդանի անկուտիներ» անունով ծիծաղաշարժ փիես մը։
Պուրճ Համուտի «Մասիս» միութեան կանանց բաժինը Հոլիտէյ Պիչ ծովահայեաց պանդոկին մէջ սարքեր է ճաշկերոյթ-խրախճանք մը, 26 Դեկտեմբեր 1970-ին (թղթակցութիւնը տպուած է յապաղումով, շուրջ 2 ամիս ետք)։ Հիւրերը դիմաւորուած են միութեան նախագահ ընկ. Սարգիս Սարգիսեանի կողմէ։ Բարիգալստեան խօսք արտասաներ է տիկ. Արշալոյս Անմահունի, որուն յաջորդած է օրուան նախագահը՝ ընկ. Գէորգ Երեւանեան։ Ներկաներուն ողջոյնի խօսք ուղղած է Վարդգէս Համազասպեան (Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի նախագահ), որ Պէյրութ կը գտնուէր այդ օրերուն։ Խանդավառ ելոյթ մըն ալ ունեցեր է կուսակցական գործիչ Տիրան Ակինեան (Դամասկոսէն)։ Սրահին մէջ շատ ջերմ մթնոլորտ ստեղծուեր է հայրենի երգիչ Յովհաննէս Պատալեանի երգերով։
Ս.Դ.Հ.Կ.-ի «Շաքէ» մասնաճիւղը, 10 Փետրուարին, Պէյրութի ճաշարաններէն մէկուն մէջ ճաշ-հանդիսութիւն մը սարքեր է իր անդամներուն եւ համակիրներուն համար։ Բարիգալստեան խօսք արտասաներ է միութեան ատենապետուհին՝ Ազատուհի Նազարեան։ Իրեն յաջորդեր է ընկհ. Մարի Չիլինկիրեան։ Օրուան գլխաւոր բանախօսը եղած է Հրանդ Գանգրունի, որ անդրադարձած է Հնչակեան կուսակցութեան շարքերէն ծնած հերոսուհիներու (Շաքէ, Մարօ Նազարբէկ եւ այլք)։ Խօսք տրուած է Գնէլ եպս. Ճէրէճեանին ալ։ Սիրուած երգերով մթնոլորտը ճոխացուցած է Լեւոն Գաթրճեան։
ԿԵՆԱՑ երկրորդական վարժարանին մէջ (Տպայա) նշուած է Վարդանանցը, բանախօս ունենալով Գէորգ ծ. վրդ. Կարպիսեանը։ Նախ խօսք առեր է դպրոցին տնօրէնը՝ Անդրանիկ Նազարեան։ Աշակերտները գործադրեր են գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը։ Օր. Էօժէնի Մաթոսեան երգեր է «Լռեց, ամպերը եկան» երգը։ Մրցում մըն ալ կատարուեր է. բազմաթիւ աշակերտներ գունաւոր կամ սեւ-ճերմակ գծանկարներով (իրենց ձեռքին գործը) փորձեր են պատկերացնել Վարդանանցի խորհուրդը։ Այդ նկարներով զարդարուեր է բեմին ճակատը։ Մասնակիցներուն մէջէն առաջնութիւնը շահեր է Սօսի Գասպարեան։
Դպրոցասէր Կանանց Ընդհանուր Միութեան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցեր է 17 Փետրուարին, Պէյրութի Էնթէրնասիոնալ պանդոկին մէջ։ Այս միութիւնը մէկ մասնաճիւղն է եղեր Ֆրանսայի Դպրոցասէր վարժարանի հովանաւոր մարմինին։ Ձեռնարկը հովանաւորած է ծանօթ բարերար Գէորգ Չաթալպաշեան։ Բացումը կատարած է Սարգիս Նաճարեան։ Իր անեկթոտներով ու հաճոյախօսութեամբ՝ Մանուկ Սաթամեան ստեղծած է զուարճալի մթնոլորտ մը։ Եղած են նուիրատուութիւններ։
Մեծածաւալ գողութեան մը լուրն ալ կայ, որ կարելի է կցել գաղութային միւս լուրերուն։ Արդարեւ, 22 Փետրուարին, Պէյրութի Շնորհօքեան ժամագործատան Սուք էլ-Ժէմիլ թաղը գտնուող պահեստանոցը թիրախ դարձեր է կազմակերպեալ կողոպուտի մը։ Գիշերը, աւազակները պահեստանոցին դուռը խորտակելէ ետք՝ գողցած են սեղանի 150 զարթուցիչ ժամացոյցներ, «Մոթէ» վաճառանիշով…։
Գրական ճակատի վրայ՝ լոյս տեսեր է «Էջեր Գրականութեան եւ Արուեստի» պարբերականին նոր մէկ թիւը, նուիրուած՝ Խ. Հայաստանի յիսնամեակին։ Հոն գրութիւններ ստորագրեր են եղեր Սիրան Սեզա, բանաստեղծ Ժագ Յակոբեան, Սիմոն Սիմոնեան, Գառնիկ Ադդարեան (խմբագիր), Գէորգ Աճեմեան, Մարտիրոս Գուշակճեան, Հրանդ Գանգրունի, Վահէ-Վահեան եւ քանի մը արաբ գրողներ։ Պիտի յիշեն շատեր, թէ այս պարբերաթերթը կը հրատարակուէր Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի տղոց կողմէ, 1965-1972։
Տօնիկեան հրատարակչատունէն լոյս տեսած է աւստրիաբնակ փրոՖ. Հայկ Ա. Արամեանի «Մեծ Եղեռնի պատգամ. հայոց տանթէական» հատորը։
Լուր մըն ալ կայ Հալէպէն։ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի երդիքին տակ տեղի ունեցած է վեթերան միութենականներու վկայականաց բաշխում։ Նախ խօսք առեր են մեթր Նազար Նազարեան (արաբերէն) եւ տոքթ. Ռոպեր Ճէպէճեան (հայերէն)։ Այնուհետեւ, շուրջ 30 անձերու տրուեր է վեթերանի վկայական (քսան տարուան ծառայութեան դիմաց), ձեռամբ միութեան Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Գառնիկ Գարայեանի։ Հինգ անձեր ալ դարձեր են կրկնակի վեթերան։ Խանդավառիչ ելոյթներ ունեցեր են տոքթ. Թորոս Թորանեան եւ Ռուբէն Տիրարեան։
Հրատարակուած են երկու զեկոյցներ.
Հ.Բ.Ը.Միութեան Նիւ Եորքի կեդրոնը զեկոյցով մը յայտներ է, թէ միութեան նախագահ Ալեք Մանուկեան, որ նախապէս ցանկութիւն յայտնած էր քաշուելու իր բարձր պաշտօնէն, այժմ, անսալով բազմաթիւ երեւելի դէմքերու եւ գործակիցներու թախանձանքին, որոշեր է չեղեալ նկատել իր նախկին տրամադրութիւնը եւ շարունակել մնալ նոյն պաշտօնին վրայ։ Միութիւնը իմացուցած է, թէ բարերար Ալեք Մանուկեան այսուհետեւ պիտի նկատուի կեդրոնական վարչական ժողովի ցկեանս անդամ եւ միութեան ցկեանս նախագահ։
Իսկ Հայ Աւետ. Եկեղեցին յայտներ է, թէ 1971-ը յոբելենական տարի մը պիտի ըլլայ իրեն համար, որովհետեւ պիտի նշուի այս եկեղեցիին ծնունդին 125-ամեակը (Պոլիս, 1846, Օսմանեան տէրութիւնը պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայ Աւետ. համայնքը իբրեւ «միլլէթ»)։ Առ այդ, կոչ ուղղուեր է համայնքին՝ հանդիսաւոր պաշտամունքներով, գեղարուեստական հաւաքներով, ասուլիսներով, տօնախմբութիւններով եւ այլ ձեռնարկներով լուսարձակի տակ բերել այս պատմական թուականը։
Յօդուածագիր Ս. Պալաթոն իր «Խորհրդահայ թատերագրութեան ուղին» ակնարկաշարին մէջ կը խոստովանի, որ Հայաստանի թատերագիրները ստիպուած էին իրենց փիեսները պատշաճեցնել «Մարքսի դասակարգային գաղափարախօսութեան՝ մարդկային պատմութիւնը պետական նպատակաբանութեան զէնք դարձնելու համար»…։ Բեմ բարձրացուած որեւէ թատերական երկ, կ՛ըսէ ան, կը միտէր «կրթել, դաստիարակել նորահաս սերունդները՝ դարձնելով զանոնք սոցիալիստական հասարակարգի փողփողուն դրօշակակիրներ»…։
Մնալով թատրոնի դաշտին մէջ, նշենք, որ այս շաբաթ երկու ակնարկներ ստորագրուած են Համազգայինի վերջին զոյգ փիեսներուն մասին, ինչ որ գնահատելի անցում մըն է դէպի… պատնէշին միւս կողմը։ Փիեսներէն մին Էտուըրտ Ալպիի «Ո՞վ է վախցողը Վիրժինիա ՎուլՖէն» թատերախաղն էր (բեմադրիչ՝ Վարուժան Խտըշեան, «Լեւոն Շանթ» թատերախումբ)։ «Ներկայ մը» ստորագրութեամբ թղթակից մը ջանացած է արժեւորել խաղարկութիւնը։ Ան նախ յիշատակած է դերասանները՝ Խտըշեան, Արփի Տատոյեան, Լ. Հրեշտակեան, Ն. Վարդապետեան, ապա գնահատանքի ու դժգոհանքի խառնուրդ եզրակացութեամբ մը աւարտած է իր գրութիւնը։
Նոյն «Ներկայ մը» գրիչը, այլ թիւի մը մէջ, անդրադարձեր է Լ. Շանթի «Ինկած բերդի իշխանուհին» թատերախաղին բեմադրութեան (բեմադրիչ՝ Ժորժ Սարգիսեան, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբ)։ Պիտի յիշենք (տե՛ս մեր յօդուածաշարքին թիւ 42-ը), որ քանի մը շաբաթ առաջ, «Արարատ»-ի մէջ, Ս. Պալաթոն ծանրօրէն քննադատած էր Շանթի այս գործը։ Բայց «Ներկայ մը»-ն, ընդհակառակն, շատ ինքնատիպ ու յաջող երկ մը կը սեպէ այս գործը ու զայն կը գնահատէ բարձրօրէն, իբրեւ «համով-հոտով փիես մը»…։ Հոս ալ թուումը կը կատարուի դերասաններուն (Գարմէն Տէր Կարապետեան, Յ. Թորիկեան, Նելլի Մինասեան, Ս. Արսլանեան, Գ. Ճանսըզեան, Զեփիւռ Շանթ) եւ անոնց բարեմասնութիւններուն, բայց խաղարկութեան մէջ թերութիւններ կը մատնանշուին…։
Ակնարկ մը նետենք ազգային ծանուցումներու սինակներուն ալ։
— Լիբանանահայ Գեղարուեստասիրաց Միութիւնը դասախօսելու հրաւիրեր է Խաչիկ Փիլիկեանը՝ «Օփերան եւ հայերը» նիւթով։ Ձեռնարկը ձօնուած է եղեր հայկական օփերայի 100-ամեակին (Պրիթիշ Քաունսըլի սրահ, Համրա, 22 Փետրուար)։
— ԼԵՒՈՆ ԹՐԵՎԸԼ ճամբորդական հաստատութիւնը «Գրական մրցանակ» մը հաստատած է թատերական երկերու համար։ Հրատարակուած է յայտարարութիւն մը, ուր տեղ գտած են մասնակցութեան պայմանները (նիւթը քաղուած պէտք է ըլլայ արդի ընկերային կամ ազգային երեւոյթներէն, դիմումները պիտի արժեւորուին յատուկ դատակազմի մը կողմէ, մրցանակակիրները պիտի ստանան Պէյրութ-Եւրոպա եւ Պէյրութ-Երեւան օդանաւային երթեւեկի տոմսեր, յաջողագոյն փիեսը պիտի բեմադրուի ի Պէյրութ…)։
— Էվէրէկ-Ֆէնէսէի Հայրենակցական Միութիւնը իր ճաշկերոյթ-պարահանդէսը պիտի սարքէ եղեր 27 Փետրուարին, Ալքազար պանդոկին մէջ։
— Ս.Դ.Հ.Կ.-ի «Աղասի» մասնաճիւղին տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի պիտի ունենայ եղեր Օթէլ Ալեքսանտրի մէջ, նախագահութեամբ տէր եւ տիկ. Նազարէթ Աւագեանի (6 Մարտ)։
— Լիբանանահայ Գրական Շրջանակը իր ակումբին մէջ հերթաբար պիտի ցուցադրէ եղեր խորհրդային սինեմայի գլուխ-գործոցներէն երեք ֆիլմեր (26 Փետրուար-12 Մարտ)։
— Լիբանանահայ Մշակութային Միութիւնը մանկավարժական խնդիրներու մասին բազմաձայն ասուլիս մը պիտի սարքէ եղեր (26 Փետրուար, Կոմիտաս սրահ)։ Ասուլիսին մասնակցութիւն պիտի բերեն եղեր Գառնիկ Բանեան, Յակոբ Պուճիգանեան եւ Երուանդ Ակիշեան։ Զրուցավար-համադրող՝ տոքթ. Յարութիւն Սաղըրեան։
Այս շաբաթ, Ա. էջի վրայ, տրուած է քաղաքական կարեւոր լուր մըն ալ։ Զօր. ՀաՖէզ Ասատ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ ընտրուեր է 22 Փետրուարին։
Այս աթոռակալութիւնը, հետագային, պիտի վերածուէր մշտնջենականութեան եւ Ասատ ինքզինք պաշտօնի վրայ պիտի պահէր լման 30 տարի, ցմահ (2000 Յունիս)։ Իրեն պիտի յաջորդէր որդին՝ ա՛ն եւս 25 տարի (մինչեւ 8 Դեկտեմբեր 2024), ամբողջ երկիրը արեան ծովու վերածելէ ու բնակչութեան գրեթէ կէսը չորս հովերուն ցրուելէ ետք…։

