Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հայաստանի Նախընտրական Շրջանը Ամբողջական Շարժման Մէջ

Գրիգոր Խոտանեան - «Մասիս»

February 28, 2026
in Յօդուածներ
0
Հայաստանի Նախընտրական Շրջանը Ամբողջական Շարժման Մէջ

7 Յունիսին կայանալիք Հայաստանի ընտրութիւններուն մնացած է կարճ ժամանակ։ Տարբեր կուսակցութիւններ հերթաբար կը յայտարարեն իրենց մասնակցութեան ձեւաչափը, ու կը սպասուի, որ թէժ նախընտրական պայքար ընթանայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան եւ ընդդիմադիր շարք մը կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու միջեւ։ Առայժմ տիրող կարծիքը այն է, որ հիմնական մրցակցութիւնը պիտի սահմանափակուի իշխող ուժին եւ գլխաւոր երեք խմբաւորումներու միջեւ, որոնք յառաջիկայ երեք ամիսներուն պիտի փորձեն արժանանալ ժողովուրդի վստահութեան ու ստանալ քուէարկողներու առաւել մեծ թիւով ձայները։

Փաշինեանի կողմնակիցները աւելի քան վստահ են իրենց յաղթանակէն՝ նկատի ունենալով նախորդ ընտրութիւններէն ասդին երկրէն ներս արձանագրուած յաջողութիւնները, որոնց շարքին՝ խաղաղութեան հաստատումը, տնտեսական յառաջխաղացքը, աշխատավարձերու բարձրացումը, արտաքին ֆինանսական ներդրումները, առողջապահութեան համընդհանուր ապահովագրութիւնը, ժողովրդավարութեան ու ազատութիւններու ամրապնդումը եւ շարք մը այլ նուաճումներ։

Ընդդիմադիր դաշտին վրայ գլխաւոր խաղացողները պիտի հանդիսանան տնային կալանքի տակ գտնուող՝ ռուսահպատակ միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանի գլխաւորած «Մեր ձեւով« շարժումը, որ այժմ վերածուած է կուսակցութեան՝ «Հզօր Հայաստան» անուան տակ, Քոչարեանի գլխաւորած դաշինքը ու գործարար Գագիկ Ծառուկեանի շուրջ տեղի ունեցող համախմբումը։

Սկսելով «Հզօր Հայաստան»-ով, նկատելի է, որ այս կուսակցութիւնը մեծ գումարներ կը ծախսէ՝ ժողովուրդի քուէն ստանալու համար։ Ան կու տայ խոստումներ, որոնք կը թուին ըլլալ դժուար իրագործելի, որոնց շարքին՝ 300 հազար նոր աշխատատեղերու ստեղծում, նոր գործարաններու հաստատում, որոշ եկամտահարկերու վերացումը եւ շարք մը այլ խոստումներ։ Այս նոր կուսակցութեան ներկայացուցիչները հեռու կը մնան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հետ կապուած հարցերուն անդրադառնալէ ու յստակ դիրքորոշում ճշդելէ, շատ լաւ գիտակցելով, որ այդ հարցերուն տրուած պատասխանները կրնան վնասել իրենց վարկանիշին։

«Հզօր Հայաստան»-ը յաջողութեան հասնելու համար պէտք է յաղթահարէ շարք մը օրինական խոչընդոտներ ու իր ղեկավարի անձին շուրջ ձեւաւորուած կարծիքները։ Սամուէլ Կարապետեանը, ունենալով առնուազն երեք երկիրներու՝ Ռուսաստանի, Կիպրոսի եւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն, իրաւունք չունի ստանձնելու վարչապետի պաշտօնը։ Այս հարցը լուծելու համար Կարապետեանի կողմնակիցները կ’ապաւինին նորընտիր Ազգային ժողովին կողմէ կատարուելիք սահմանադրական փոփոխութիւններուն, որոնց համար պէտք է ունենալ 2/3-րդ մեծամասնութիւն։ Թէ ինչպէ՞ս պիտի ապահովուի այդ մեծամասնութիւնը, յստակ չէ։ Թէեւ օրինական արգելքը լուծելու համար կայ աւելի հեշտ ձեւ՝ հրաժարիլ այլ երկիրներու քաղաքացիութենէն ու դառնալ միայն Հայաստանի քաղաքացի, սակայն Կարապետեան չ’ուզեր առայժմ դիմել այդ քայլին՝ խոստանալով այդ հարցին անդրադառնալ ընտրութիւններէն ետք միայն։

Միւս կողմէ, շատերու մօտ կայ տիրապետող կարծիք, որ Սամուէլ Կարապետեան ուղարկուած է Մոսկուայէն՝ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն իրականացնելու համար, գործի դնելով իր եւ ռուսաստանահայ շարք մը այլ օլիկարխներու յատկացուցած միլիոնաւոր տոլարները։

«Մեր ձեւով»-ի դէմ կ’աշխատի նաեւ անոնց անփորձառութիւնը։ Օրինակ «Հզօր Հայաստան» կուսակցութեան համագումարին Սամուէլ Կարապետեան ելոյթ ունեցաւ արհեստական բանականութեամբ ստեղծուած տեսերիզով, ուր կ’օգտագործուէր այլ անձի մը ձայնը։ Ընտրական ցուցակի առաջին համարը հանդիսացող Նարեկ Կարապետեան կը յայտնէ, որ «դպրոցներ բանալու փոխարէն պէտք է բանալ գործարաններ», իսկ ժամանակները փոխուած են ու այսօրուան գործարանները պէտք ունին բարձր գիտելիքներ ունեցողներու։ Սամուէլ Կարապետեանի որդին կը գործէ անընդունելի սխալներ՝ «կաֆեր», հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարելով, որ իրենց իշխանութեան գալու պարագային «Հայաստանի մէջ չեն մնալու չբաւարարուած կանայք», վիրաւորելով ամբողջ հայութեան արժանապատուութիւնը։ Իսկ քանի մը օր առաջ, այլ ներկայացուցիչները ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած տեսագրութեամբ, Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը՝ Կիւմրին կը կոչեն «գիւղ»։ Նման երեւոյթներ ու արտայայտութիւններ կը վնասեն կուսակցութեան հանրային դիմագիծին ու կը վանեն մեծ թիւով ընտրողններ։ Արդեօ՞ք Կարապետեան պիտի կարենայ դրամի զօրութեամբ յաղթահարել այս բոլորը ու հասնիլ իշխանութեան, կը մնայ հարցական։

Յաջորդիւ կ’անդրադառնանք այլ կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու։

Share62Tweet39
Previous Post

Թորոս Թորանեան – Երեւոյթը

Next Post

Շնորհահանդէս Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԽԵ. Հատորի Զոյգ Գիրքերու

Next Post
Շնորհահանդէս Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի  ԽԵ. Հատորի Զոյգ Գիրքերու

Շնորհահանդէս Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԽԵ. Հատորի Զոյգ Գիրքերու

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.